ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – «Երկաթէ Շերեփ»ը՝ 2020 թուականին – «Երկաթէ Շերեփ»ը՝ 2020 թուականին

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – «Երկաթէ Շերեփ»ը՝ 2020 թուականին – «Երկաթէ Շերեփ»ը՝ 2020 թուականին

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

«Երկաթէ Շերեփ»ը՝ 2020 թուականին

25 Յունիս 2020

Ն․ Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ Հայաստանի եւ Հայութեան ԱԶԳԱՅԻՆ-ՊԵՏԱԿԱՆ վերականգնումի ու ինքնահաստատման ՈՒՂԻՆ առաջնորդող ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿԻ «Երկաթէ Շերեփ»ի ՊԱՏԳԱՄԻՆ, որ 142 տարի առաջ այս օրերուն գումարուած ՊԵՐԼԻՆԻ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԷՆ քաղուած ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԴԱՍը եղաւ հայ ժողովուրդին համար։

Բարի լոյս՝ «Երկաթէ Շերեփ»ի մերօրեայ նշանակութիւնը եւ կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ առնող հայ քաղաքական մտքի բոլոր ջահակիրներուն, որոնք ԿՈՉՈՒԱԾ ԵՆ 2020 թուականի տուեալներով վերասահմանելու Հայաստանի ու Հայութեան ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻՆ նոր ժամանակներու ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ, այլեւ ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ ԿՌՈՒԱՆը։

Սեփական ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՏԷՐ ԿԱՆԳՆՈՂ հայոց ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄՆ է 2020 թուականի «Երկաթէ Շերեփ»ը, որուն խստապահանջ ու նախանձախնդիր գործածութեամբ մենք ի վիճակի ենք մօտենալու աշխարհը ուժի դիրքերէ կառավարողներու «Հերիսայի Կաթսային»՝ մեր արդար պահանջներուն ԻՐԱՒԱՏԷՐ ներկայանալով։

Բարի լոյս՝ դէպի Հռոմ տանող բոլոր ճամբաները ծով արեան ու քրտինքի գնով կտրած-անցած եւ մեր օրերուն հասած ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ, որ ՇԱՐԺԻՉ ՈՒԺը եղաւ մեր ժողովուրդին՝ կենաց-մահու իր բոլոր ճակատումներու ընթացքին, որոնց արգասիքն է ազատ ու անկախ Հայաստանի ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ շուրջ բոլորուելու եւ հայ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԱՄՔՈՎ առաջնորդուող իշխանութիւններով հզօրանալու ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ։

ՓՈՔՐ ԱԾՈՒ Հայաստանն ու Հայութիւնը ԱՐԺԱՆԻ են մեր հաւաքական ուժն ու կամքը ամէն կարգի՝ արտաքին թէ ներքին կապանքներէ սանձազերծող նորօրեայ «Երկաթէ Շերեփ»ին։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – «Երկաթէ Շերեփ»ը՝ 2020 թուականին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail