ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Զօհրապ ազդարարած է Թալէաթին.- Օր մը, ապահով եղէք, որ հաշիւ պիտի պահանջուի ձեզմէ եւ դուք չպիտի կարենաք արդարացնել ձեր արարքները
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
Զօհրապ ազդարարած է Թալէաթին.- «Օր մը, ապահով եղէք, որ հաշիւ պիտի պահանջուի ձեզմէ եւ դուք չպիտի կարենաք արդարացնել ձեր արարքները»:
Թալէաթ Պէյ հեգնանքով հարց տուած է.- «Ո՞վ պիտի պահանջէ այդ հաշիւը:
«Ե՛ս,- պատասխանած է Զօհրապ,- Խորհրդարանի մէջ իբր հայ մեպհուս ձենէ հաշիւ պիտի պահանջեմ»:
26 Յունիս 2020
Ն․ Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ «ՓՈՔՐ ԱԾՈՒ» Հայ ժողովուրդի ՄԵԾ ՍՐՏԻՆ, որ հազարամեակներու իր պատմութեան ընթացքին միշտ ալ, մինչեւ վերջին շունչ, փարած մնացած է իր ՄԱՐԴԿԱՅՆՈՒԹԵԱՆ եւ ամէնէն ահաւոր արհաւիրքէն իսկ կարողացած է վերականգնիլ իր ՈԳԵՂԷՆ ՆԵՐՈՒԺՈՎ։
Բարի լոյս՝ ԱԶԱՏԱՏԵՆՉ եւ ԱՐԴԱՐԱՄԻՏ մեր ժողովուրդի ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք, ՔԱՂԱՔԱԿՐԹԱԿԱՆ եւ ԱԶԳԱՄԻՋԵԱՆ ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ու ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ բոլոր ելքերն ու եղանակները փորձելէ եւ սպառելէ ետք միայն, ամբողջ հասակով եւ ցասումով ԾԱՌԱՑԱԾ են Հայաստանի ու Հայութեան կործանումը սադրող ոսոխներու դէմ՝ բոլորին հասկցնելով եւ սորվեցնելով, որ՝ – ԵԹԷ ՀԱՐՈՒԱԾԸ ԻՄՍ Է՝ Չ՚ԱՊՐԻՐ։
Բարի լոյս՝ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ նախօրէին իսկ հայ ժողովուրդին դէմ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ձեռնարկած թրքական պետութեան պատասխանատուները զգաստութեան ու հաշուետուութեան ԿԱՆՉԵԼՈՒ ազգային մեր ՀԱՍՏԱՏԱԿԱՄ ՄՏԱԾԵԼԱԿԵՐՊԻՆ, որուն խօսուն վկաներէն է Յունիս 26ի այս օրը ծնած ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ՝ հայ գրականութեան «Նորավէպի Իշխանը», որ սեփական գլուխը վրայ տալու գնով իր վերջին ճիգն ալ ըրաւ՝ ԹՈՒՐՔ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԻՏՔԸ ԶԳԱՍՏԱՑՆԵԼՈՒ համար։
Ինչպէս որ Յուշատետրի այսօրուան փոստով եզրափակուած է՝ թէեւ հայ քաղաքական մտքի ամբողջ սերուցքին գլուխը կերան թուրք ցեղասպանները, թէեւ Գրիգոր Զօհրապները գանկափշուր նահատակուեցան ու չկրցան հաշիւ պահանջել Թալէաթներէն, բայց հայ ժողովուրդը ոչ միայն ԱՐԴԱՐ ԴԱՏԱՍՏԱՆի ենթարկեց Թալէաթ Փաշան ու հայոց ցեղասպանութեան մնացեալ պատասխանատուները, այլեւ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔի նահատակութեամբ վերանորոգեց ԻՐԱՒԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒ ԱՆԺԱՄԱՆՑԵԼԻ ՊԱՀԱՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐՈՒԺԸ, որուն արձագանգը մեր սերունդները կը լսեն ու կը վերանորոգուին ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆՆԵՐՈՎ։
Բարի լոյս՝ կախաղան բարձրացուելու կամ կիզիչ անապատներու մէջ անթաղ կորսուելու գնով ՆԱՀԱՏԱԿ ՄԵՐ ՑԵՂԻՆ պահպանած ԱՐԴԱՐԱՀԱՏՈՅՑԻ ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ, որ մարդեղութեան անփոխարինելի երաշխիքն է նոյնիսկ անտառի օրէնքին տակ գալարուող մեր երկրագունտի ողջ բնակչութեան համար։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ