ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Մեր երկրին հարկաւոր է նոր Սահմանադրութիւն, որը քաղաքացիների կամքի վրայ յենուած՝ քաղաքացիների կամքից բխող պետական կարգ կը հաստատի Հայաստանում
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
«Մեր երկրին հարկաւոր է նոր Սահմանադրութիւն,
որը քաղաքացիների կամքի վրայ յենուած՝
քաղաքացիների կամքից բխող
պետական կարգ կը հաստատի Հայաստանում»:
08 Յուլիս 2020
Ն․ Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ քաղաքական աշխարհի իրականութեան հետ քայլ պահելու գաղափարական ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ, որուն յաջողութեան գրաւականը ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԱՄՔԻՆ համահունչ գործելու ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ զգացողութիւնն է։
Բարի լոյս՝ փանջունիական ԻՆՔՆԱՍՔԱՆՉԱՑՄԱՆ որոգայթներուն դէմ Ազգն ու Հայրենիքը ՍԹԱՓ եւ ԶԳԱՍՏ պահող, այլեւ ամէն կարգի հատուածականութենէ վեր կանգնած ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՏԵՍԼԱԿԱՆՈՎ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ առաջնորդող հայ քաղաքական մտքի ԱՆԿԵՂԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ։
Հայաստանի Հանրապետութեան ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ առիթով՝ տօնական ուղերձներով մեր ժողովուրդին դիմեցին Հ․Հ․ նախագահը, Հ․Հ․ վարչապետը եւ Հայաստանի այսօրուան վարկաբեկ ԸՆԴԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆը ներկայացնելու անբացատրելի յաւակնութեամբ բեմ նետուած Հ․Յ․Դ․ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆը։
Բարի լոյս՝ ցորենը յարդէն զանազանող բոլոր ընթերցողներուն, որոնք մեկնաբանութեան կարիքը չեն տեսներ՝ երբ կողք-կողքի լուսարձակի տակ կ՚առնեն ստորեւ ամփոփուած պատգամները մատնանշուած երեք ուղերձներուն՝
– ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
«Պատմութիւնը ոչ միայն լաւ ուսուցիչ է, այլեւ՝ ակամայ յուշարար։ Այն անընդհատ յիշեցնում եւ յուշում է մեզ չմոռանալ,
«որ որպէս պետութիւն ու հասարակութիւն յաջողութեան հասնելու գրաւականը ձեռք ձեռքի տուած, միասնաբար երկիրը կառուցելն է,
«որ մենք ունենք նախ՝ պետական եւ ազգային ընդհանուր շահեր, նոր միայն՝ անձնական կամ մասնաւոր,
«որ բարձրագոյն արժէքը մարդն է,
«որ Սահմանադրութիւնը ոչ միայն իրաւունք ու պարտականութիւն է, այլեւ՝ մտածողութեան ու գործունէութեան մշակոյթ, արժէհամակարգ, փիլիսոփայութիւն»:
– ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ
«Մեր երկրին հարկաւոր է նոր Սահմանադրութիւն, որը քաղաքացիների կամքի վրայ յենուած՝ քաղաքացիների կամքից բխող պետական կարգ կը հաստատի Հայաստանում:
«Նոր Սահմանադրութիւնը, ըստ այդմ, պէտք է ստեղծուի ոչ թէ կոնկրետ անձի, անձանց, քաղաքական ուժի կամ խմբի ճաշակով ու «հագով», ոչ թէ որեւէ իշխանութեան վերարտադրութիւնն ապահովելու նպատակ պէտք է ունենայ, այլ ժողովրդի իշխանութիւնը ամրացնելու, ժողովրդի կամքից բխող պետական կարգ ունենալու եւ պետութիւն ունենալու քաղաքացիների կամքը արտայայտելու ռազմավարական հարցը պէտք է լուծի»:
– Հ․Յ․Դ․ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆ
«Սահմանադրութեան առկայութիւնն ինքնին չի կարող երաշխիք լինել, երբ այն չի արժեւորւում, երբ, շահարկելով ժողովրդի անունը, Սահմանադրութիւնը մեկնաբանւում եւ կիրառւում է նեղ անձնական ու քաղաքական շահախնդրութեամբ՝ անտեսելով հանրային եւ ազգային-պետական շահը:
«Ցաւօք, տեւական ժամանակ է, օրուայ քաղաքական իշխանութիւնը ցուցաբերում է հէնց այս վարքագիծը․․․
«Տօնական այս օրով, վճռականօրէն հաստատում ենք Դաշնակցութեան յանձնառութիւնը՝ համազգային համախմբումով երկիրը վերադարձնելու սահմանադրականութեան եւ բնականոն զարգացման ազգային-պետական ուղեգծի»:
Բարի լոյս՝ Սահմանադրութեան վերամշակման ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳը թափանցիկ քննարկման իր հարթութեան վրայ պահող, այլեւ ու մանաւանդ՝ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ճամբով ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿԱՄՔին նուիրագործումը առաջնահերթ դաւանող յետ-յեղափոխական Հայաստանի ՊԵՏԱԿԱՆԱԿԵՐՏՄԱՆ ՈՒՂԻԻՆ։
Բարի լոյս՝ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ իրենց ՑԵՆԶով նորահաս սերունդներուն ՍԹԱՓԵԼՈՒ կոչ ուղղող ՆՈՐԱՅՐ ՄԵԼՔՈՄԵԱՆՆԵՐՈՒՆ, որոնք բառերը առանց ծամծմելու ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՏԱՃԱՐԸ ՄԱՔՐԵԼՈՒ հրամայականը կը շեշտեն՝ ահազանգելով․-
«Ցաւալի է, որ կուսակցութեան Հայաստանի կազմակերպութիւնը, յանձինս կուսակցութեան ղեկավար մարմինների, երկար շարք կազմող իր սխալ կողմնորոշումներով ու արարքներով, այսպիսի անփառունակ վիճակի հասցրեց ազգին ու հայրենիքին նուիրուած բիւրաւորների այս կուսակցութեանը։ Իսկ ուրախալին այն է, որ Հայաստանի ժողովրդական իշխանութիւններին «օր առաջ տուն ուղարկողներին» ինքը ժողովուրդը տուն ուղարկեց։
«Աւելի արդար ի՞նչ էր կարելի սպասել ժողովրդից, երբ յեղափոխական կուսակցութիւնը յայտնւում էր հակայեղափոխութեան դիրքերում»։
Բարի լոյս՝ ընդհանրապէս հայ քաղաքական մտքի եւ որոշապէս Հ․Յ․Դ․ ԻՆՔՆԱՍՐԲԱԳՐՄԱՆ ՆԵՐՈՒԺԻՆ նկատմամբ իրենց ՀԱՒԱՏՔԸ ԱՆԽԱԽՏ ՊԱՀՈՂ Գաղափարի Ջահակիրներուն։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ