ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Աւետիք Եւդոկիացի (Թոխաթցի, 1657-1711). Կ. Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի Հայոց աքսորեալ Պատրիարքը, որ վախճանեցաւ իբրեւ Լատին եկեղեցւոյ յետին քահանայ Փարիզի մէջ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
Աւետիք Եւդոկիացի (Թոխաթցի, 1657-1711).
Կ. Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի Հայոց աքսորեալ Պատրիարքը,
որ վախճանեցաւ իբրեւ Լատին եկեղեցւոյ յետին քահանայ Փարիզի մէջ
10 ՅՈՒԼԻՍ 2020
Ն. Պէրպէրեան
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ջերմեռանդ առաջնորդներէն է Աւետիք Եւդոկիացի (Թոխաթցի) Պատրիարք, որ Յուլիս 10ի այս օրը վախճանեցաւ 309 տարի առաջ։
Գրիչ եւ տաղերգու էր 7 Ապրիլ 1657ին Եւդոկիա ծնած հայ եկեղեցական մեծահամբաւ այս գործիչը, որ 35 տարեկանին Կարնոյ Առաջնորդ կարգուեցաւ, իսկ 1702էն մինչեւ Ֆրանսա իր աքսորումը 1706ին՝ ստանձնեց գահակալութիւնը միաժամանակ Կ. Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեանց։
«Հայադաւանութեան» հաւատաւոր ու մարտունակ պաշտպաններէն եղաւ Աւետիք Եւդոկիացի՝ յատկապէս լատինականութեան եւ կաթոլիկութեան դէմ իր մղած բուռն ու հետեւողական պայքարով։
Միաժամանակ՝ ան հեռու մնաց մոլեռանդութենէ եւ առաջին գնահատողներէն մէկը եղաւ Մխիթար Սեբաստացիի սկզբնական շրջանի ծառայութեան ու գաղափարներուն՝ անոնց մէջ արժեւորելով հայոց հոգեմտաւոր ժառանգութեան հոգեհարազատ ու թարմ շունչը։
Բայց որովհետեւ ապրեցաւ դաւանաբանական բուռն պայքարներու ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Լատին եւ Հայ Առաքելական եկեղեցիներու միջեւ հակադրութիւնը քաղաքական սուր առճակատման յանգած էր, Աւետիք Եւդոկիացի իր եկեղեցական ծառայութեան ընթացքին երկու անգամ քաղաքական աքսորի ենթարկուեցաւ, երկրորդին եւ վերջինին՝ դէպի Ֆրանսա, ուր ամբողջ չորս տարի բանտային ծանրագոյն չարչարանքներու ենթարկուեցաւ, որպէսզի դաւանափոխ դառնայ եւ ընդունի ծառայել Հռոմի Պապին։
Աւետիք Պատրիարք մինչեւ իր առողջութեան ամբողջական քայքայումը դիմադրեց ամէն կարգի՝ ֆիզիքական թէ հոգեկան չարչարանքի եւ կառչած մնաց Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ իր հաւատարմութեան, կոչումին եւ նուիրումին։
Դաւանափոխ դարձաւ միայն այն ատեն, երբ մահուան սեմին կանգնած էր՝ լրիւ խորտակուած մարմնով ու հոգեպէս ուժասպառ։
1710ի Դեկտեմբերին ընդունեց լատինականութիւնը եւ նշանակուեցաւ Փարիզի լքեալ մէկ անկիւնը գտնուող եկեղեցիի մը քահանան։
Հազիւ ամիսներու կեանք ունեցաւ իբրեւ այդպիսին եւ աչքերը առյաւէտ փակեց 1711ի Յուլիս 10ին…
*
* *
Աւետիք Եւդոկիացի սերած էր քահանաներու ընտանիքէ։
Մինչեւ 15 տարեկանը, հօրենական յարկի տակ, աշակերտած էր հարիւրամեայ իր մեծ հօր՝ Սարգիս Քահանային, ինչպէս եւ զինք մկրտած Պօղոս Քահանային, որոնք երկուքն ալ կը նկատուէին իրենց ժամանակի ուսեալ մարդիկ։
1672ին, Եւդոկիոյ մէջ Յակոբ Պէլէնկցի Եպիսկոպոսի նուիրակութեան շրջանին, պատանի Աւետիքին մէջ կը զարթնի «կուսակրօն եկեղեցականութեան փափաքը»,- ինչպէս որ կը պատմէ Օրմանեան իր «Ազգապատում»ին մէջ։
Աւետիք երեք տարի կ՚աշակերտէ Պէլէնկցի Եպիսկոպոսին եւ կ՚ընկերանայ անոր նուիրակական շրջագայութեանց ընթացքին։
1675ին սարկաւագ կը ձեռնադրուի եւ անբաժան ուղեկիցն ու գործակիցը կը դառնայ Պէլէնկցի Եպիսկոպոսին, անոր հետ շրջելով հայկական գաւառները։
1689ին, իր վարժապետին հետ Սեբաստիա գտնուած միջոցին, հոնկէ անցք կ՚ունենայ Ամենայն Հայոց Յակոբ Կաթողիկոսը, որ իր հետ Կ. Պոլիս կը տանի Պէլէնկցի Եպիսկոպոսին, իսկ Աւետիք սարկաւագ – Կաթողիկոսի ընկերակիցներէն երուսաղիմացի Սահակ Եպիսկոպոսին հետ – կ՚երթայ Ս. Էջմիածին։
Սահակ Եպիսկոպոսին ընկերակից դառնալով՝ անոր հետ կը վերադառնայ Երզնկա, ուր Կապոսու կամ Կայիփոսի Ս. Յակոբայ վանքին մէջ Աբեղայ եւ, ապա, Վարդապետ կը ձեռնադրուի։ Նաեւ կը նշանակուի նոյն վանքին առաջնորդը եւ կը ձեռնարկէ շրջանէն ներս եկեղեցաշինութեան եւ դպրոցաշինութեան եռուն գործունէութեան։
Օրմանեան Պատրիարք լայնօրէն կը ներկայացնէ կեանքն ու գործունէութիւնը Աւետիք Եւդոկիացիի՝ իբրեւ իր ժամանակի հայոց քաջարի հովիւներէն մէկը, որ իր հօտի կեանքին ու ինչքին պաշտպանութեան համար ծառացաւ մինչեւ անգամ Ենիչէրիներու դէմ, որոնք քրիստոնեաներու հանդէպ ամէն կարգի խժդժութիւններ կը գործադրէին։
Աւետիք Եւդոկիացի կը խոշտանգուի Ենիչէրիներու ձեռամբ, քառասուն օր անկողնոյ կը ծառայէ, բայց հազիւ ապաքինած կ՚երթայ մինչեւ Կ. Պոլիս, որպէսզի արքունի իշխանութիւններէն անհրաժեշտ հովանաւորութիւնը ձեռք ձգէ եւ Երզնկա վերադառնալով շարունակէ իր հօտին պաշտպանութիւնը։
Այս անգամ իր դէմ կը գտնէ Կարնոյ կուսակալը, որ զինք բանտարկել կու տայ եւ երեք օր կոճղի կը կապէ՝ անսնունդ ձգելով։ Բայց այս հարուածէն ալ կը յաջողի վերականգնիլ եւ յատուկ ատեանի առջեւ արդարանալ իբրեւ իր հօտին նուիրեալ հովիւը։
*
* *
Ծառայական նուիրուածութեան իր այդ վարքին համար՝ Աւետիք Եւդոկիացի Ծայրագոյն Վարդապետի Գաւազան կրելու իրաւունք կը ստանայ Երզնկայի Սահակ Կիւմիշխանացի Եպիսկոպոսին կողմէ, իսկ Ս. Էջմիածին երթալով՝ Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի 35 տարեկանին։
Բայց Երզնկա վերադարձին ուղղակի իր կեանքին կը սպառնան։ Կը ստիպուի ապաստանիլ Էջմիածին, ուր չորս ամիս մնալէ ետք՝ 1691ին, Ամենայն Հայոց Նահապետ Կաթողիկոսի կողմէ կը նշանակուի Կարնոյ հայոց Առաջնորդ եւ կը ղրկուի Կարին։
Այս շրջանին կը զուգադիպի Մխիթար Սեբաստացիի Բասէնի Վանքին մէջ հաստատուելու գործունէութիւնը, որուն մօտենալու եւ ներգրաւելու յիշատակելի ճիգ կը թափէ Աւետիք Եպիսկոպոս։
Կարնոյ Առաջնորդութեան շրջանը տասը տարի տեւեց, որմէ ետք Աւետիք Եւդոկիացի ընտրուեցաւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարք, 1702ին։
Պատրիարք ընտրուեցաւ ճիշդ այն ժամանակ, երբ Սուլթանին եւ Ֆրանսայի թագաւորին միջեւ Երուսաղէմի սրբավայրներուն վրայ հակակշռի հարցով լարուածութիւնը հասած էր իր գագաթնակէտին։
Հռոմի Պապը իր ազդեցութեան տարածման լծակի վերածած էր Ֆրանսայի դեսպանը, որ ի սպաս լատինականութեան ձեռնարկած էր հայ թէ յոյն եկեղեցականներու դաւանափոխութեան արշաւին։
Հետեւանքը եղաւ Երուսաղէմի միաբանութենէն շարք մը եկեղեցականներու ըմբոստացումը օրուան Երուսաղէմի Մատթէոս Պատրիարքին դէմ։
Այդ ծանրագոյն պահուն Կ. Պոլսոյ Պատրիարք ընտրուելով եւ իբրեւ նստավայր նախընտրելով հաստատուիլ ու գործել Եւրոպայի մերձաւոր Ատրիանուպոլսոյ (Էտիրնէ) մէջ, Աւետիք Եւդոկիացի օսմանեան արքունիքէն ձեռք ձգեց սուլթանական հրովարտակ մը (Օրմանեանի համաձայն՝ 13 Յուլիս 1702ի թուակիր), որուն վրայ հիմնուելով պաշտօնապէս հռչակուեցաւ նաեւ Երուսաղէմի հայոց Պատրիարք։
Երկար ժամանակ, այնուհետեւ, Կ. Պոլսոյ հայոց իրերայաջորդ Պատրիարքները նշուեցան իբրեւ միաժամանակ Երուսաղէմի հայոց Պատրիարք։
Արտաքին-քաղաքական պատճառներով առաջացած այդ իրաւախախտումին սրբագրումը երկար ճիգ ու մաշումի պայքար պահանջեց…
*
* *
Թուրքեւֆրանսական այդ մրցակցութեան համար ծանր գին վճարեց անձնապէս նաեւ ինք՝ Աւետիք Պատրիարք, որ Օսմանեան Կայսրութեան մօտ Ֆրանսայի դեսպանին հետեւողական պահանջներուն եւ ճնշումներուն հետեւանքով՝ ի վերջոյ շնորհազուրկ դարձաւ յաչս Սուլթանին, պաշտօնանկ եղաւ եւ 1706ին աքսորուեցաւ Ֆրանսա։
Իսկ Ֆրանսայի մէջ Լուդովիկոս ԺԴ. թագաւորը հայոց Պատրիարքին շղթայակապ բանտարկել տուաւ նախ Ս. Միքայէլի Վանքէն ներս, ապա՝ նոյնինքն Պասթիյի մէջ։
Պապական Աթոռը Աւետիք Պատրիարքին բանադրեց իբրեւ հերետիկոս եւ հերձուածող ու Ֆրանսայի թագաւորին վրայ ամէն ճնշում գործադրեց, որպէսզի Աւետիք Եւդոկիացի «դարձ»ի բերուի՝ ի հարկին ֆիզիքական ծեծի, բանտային չարչարանքի եւ հաւատաքննչական ճնշումի տակ։
Դեկտեմբեր 1706էն մինչեւ 1710ի տարեվերջը, Աւետիք Պատրիարք բանտային կալանքի տակ ապրեցաւ իր կեանքին վերջին տարիները։ Պատրիարքարանի շրջապատը եւ Ադրիանուպոլսոյ թէ Կ. Պոլսոյ ազդեցիկ հայերը եւ զինք սիրողները նիւթական եւ քաղաքական մեծ զոհողութեանց դիմեցին, որպէսզի կարենան իր կալանաւորման տեղը գտնել եւ օգնութեան ձեռք երկարել Եւդոկիացիին, բայց այդ բոլոր ճիգերը ապարդիւն… մնացին։
Աւետիք Պատրիարք Պասթիյէն ազատ արձակուեցաւ միայն դաւանափոխ դառնալէ ետք, 1711ի Յունուարին, երբ արդէն խորտակուած էր ֆիզիքապէս թէ հոգեպէս, ինչպէս որ Օրմանեան կը վկայէ։
Բայց դաւանափոխութիւնն ալ բաւարար չնկատուեցաւ, որպէսզի Եւդոկիացի կարենար պահպանել Եպիսկոպոսական իր աստիճանն ու համապատասխան եկեղեցական ծառայութեան իրաւասութիւնը։
Ան նկատուեցաւ պարզ քահանայ մը, որ միայն պատարագելու իրաւունք ունէր։ Այդպէս ալ հիւծած ապրեցաւ իր կեանքի վերջին վեց ամիսները, բուսաբանական այգիներու մնայուն այցելուն դարձաւ, մինչեւ որ վախճանեցաւ Յուլիս 10ին, 1711ին։
*
* *
Աւետիք Եւդոկիացի Պատրիարք հայ ժողովուրդին կտակեց բանտային կալանքի պայմաններուն մէջ գրուած ու 1709ին աւարտած իր «Ինքնակենսագրութիւն»ը, որ այդ ժամանակաշրջանին վերաբերեալ պատմական հարուստ սկզբնաղբիւր մըն է՝ գրուած գրաբարի եւ խօսակցական աշխարհաբարի խառնուրդ հայերէնով մը։
Աւելի քան 170 տարի ձեռագրի վիճակով պահուելէ ետք, «Ինքնակենսագրութիւն»ը առաջին անգամ լոյս տեսաւ 1874ին, Պոլիս հրատարակուող «Մասիս» թերթի էջերուն։
«Ինքնակենսագրութիւն»ը նաեւ սրտաճմլիկ վկայութիւնն է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ իր պատկանելութեան համար Հայոց Պատրիարքի մը կրած ահաւոր չարչարանքներուն եւ ապրած հոգեկան անհուն տառապանքին։
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ջերմեռանդ Հոգեւորականին նուիրուած այս ամփոփ անդրադարձը եզրափակենք «Քրիստոնեայ Հայաստան» հանրագիտարանէն առնուած հետագայ վկայութեամբ․
«Հակակաթոլիկ գործունէութեան համար 1703ին աքսորուել է Ասորիք, 1704ին ազատուել է եւ վերականգնուել Կ. Պոլսի Պատրիարքի պաշտօնում: Նոյն թուականի Նոյեմբերին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Մինաս Ամդեցու մահից յետոյ, կրկին միաւորել է Կ. Պոլսի եւ Երուսաղէմի պատրիարքութեանց աթոռները:
«Ա. Ե․ու պատրիարքութեան շրջանում Կ. Պոլսում պայքար է ծաւալուել հայ առաքելական եւ կաթոլիկ համայնքների միջեւ: Ա. Ե. այդ պայքարի յայտնի դէմքերից է: Յիսուսեան կրօնաւոր Մոնիէն իր «Ուղեգրութեան» մէջ նրան անուանել է «ամենամեծ հալածիչ», որ երբեւէ ունեցել են կաթոլիկները Արեւելքում, իսկ Կ. Պոլսում Ֆրանսիայի դեսպան դը Ֆերիոլը՝ «հռոմէական եկեղեցու երդուեալ թշնամի», «կաթոլիկութեան անդրդուելի եւ անողոք հալածիչ»:
«Ա. Ե. խիստ միջոցների է դիմել լատինադաւան հայերի նկատմամբ եւ զոհ դարձել խռովարարների ու իր հակառակորդների մեքենայութիւններին:
«1706ին Պատրիարքը կրկին աթոռազուրկ է արուել եւ աքսորուել Թենետոս կղզի: Աքսորից վերադառնալիս դեսպան դը Ֆերիոլը, լատին կրօնաւոր Հակինթոսի թելադրանքով, առեւանգել է նրան, նետել Սիցիլիայի, Մարսէյլի բանտերը, Բենեդիկտեանների Ս. Միքայէլի վանքը, ի վերջոյ՝ Փարիզի Բաստիլ բանտը, բռնագրաւել գրքերն ու գրութիւնները:
«1710ին Փարիզի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Նոայլի առաջ հաւատոյ խոստովանութիւն կորզելուց յետոյ միայն՝ Ա. Ե․ուն ազատել են բանտից՝ հսկողութիւն սահմանելով վրան: Ինն ամիս անց նա վախճանուել է:
«Ա. Ե. եւրոպական պատմագիտութեանը յայտնի անձնաւորութիւն է եղել: Նրա անունը կապուել է նշանաւոր «Երկաթեայ դիմակով մարդու» առեղծուածին: «Երկաթեայ դիմակով մարդ» անունը կրող բանտարկեալի ինքնութիւնը բացայայտելու համար աւելի քան 50 հեղինակներ իրենց ուսումնասիրութիւններում զարգացրել են տասնչորս վարկածներ, որոնք առնչուել են նաեւ Ա. Ե․ու անձին:
«Ա. Ե. գրել է տաղեր՝ «Տաղ ի վերայ գարնան…», «Տաղ Աւետիքէ ասացեալ» (Մատենադարան, ձեռ. դդ 6517, 10167), «Տաղ Աստուածածնի» (Զմմառի մատենադարան, ձեռ դ 142), «Տաղ Սուրբ Աստուածածնայ…» (Վիեննայի Մխիթարեանների մատենադարան, ձեռ. դ 156) եւն, զբաղուել գրչագրութեամբ, ընդօրինակել 6 ձեռագիր, 5ը՝ Բաստիլի բանտում, վերջինը 1711ին՝ ազատուելուց յետոյ, Փարիզում (Փարիզի Ազգ. Մատենադարան, ձեռ. դդ 28, 89, 155, 156, 197, 139): Պատմագիտական արժէքաւոր սկզբնաղբիւր է նրա «Կենսագրութիւնը» (1709, «Մասիս», 1874, դ 1490–1496, 1498–1500)»:
Յղում՝ https://hycatholic.ru/
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ