ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – 10 Յուլիս 2020 – Ես հաւատում եմ այն իշխանութեանը, որը վաղն է գալու
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
«Ես հաւատում եմ այն իշխանութեանը,
որը վաղն է գալու»։
10 Յուլիս 2020
Ն․ Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ աւելի ազատ, աւելի արդար եւ աւելի կատարեալ կեանքի ու հասարակարգի ԱՐԺԱՆԻ ԸԼԼԱԼՈՒ, այլեւ ՊԱՅԾԱՌ ԳԱԼԻՔԻՆ համար ոգի ի բռին պայքարող եւ ՆՊԱՏԱԿԻՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ՀԱՒԱՏՔՈՎ իրենց օրը իմաստաւորող ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ։
Բարի լոյս՝ համացանցի վրայ իրարու հետ զրուցող ԳԱՐԵԳԻՆ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆին եւ ՎԱՆԻԿ ՉԱԼՈՅԵԱՆին, որոնց գրառումէն հանուած է այսօրուան ԽՈԿՈՒՄԻ ԿԻԶԱԿԷՏը․-
«Հիմա վատ չի, բայց վաղը աւելի լաւ ա լինելու, վաղը աւելի պարկեշտ մարդիկ են լինելու, քան երէկ եւ այսօր, ես հաւատում եմ այն իշխանութեանը, որը վաղն է գալու»…
Բարի լոյս՝ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՊԱՅԾԱՌԱՏԵՍՈՒԹԵԱՄԲ գալիքին սեւեռող հայ քաղաքական մտքի մերօրեայ ջահակիրներուն, որոնք ամենայն ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՄԲ ձայն կուտան իրարու եւ կը խրախուսեն բոլորիս, որ «վաղը աւելի լաւ ա լինելու», որովհետեւ աջէն թէ ձախէն մոլեգնած ամէն կարգի սուտ ու կեղծ հրապարակումներով կամ գրառումներով ողողուած Հայ Քաղաքական Միտքը անտէր լքուած չէ, ՊԱՀԱԿՆԵՐԸ ԱՐԹՈՒՆ ԵՆ եւ մեր ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՁԱՅՆԻՆ ընդառաջ՝ ընտրած են ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ անշեղ ՈՒՂԻՆ, որպէսզի «վաղը աւելի պարկեշտ մարդիկ․․․ լինեն»։
Բարի լոյս՝ հայոց ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ սեւեռող ՄԵՐ ՈՒՂԻԻՆ, որ կը հունաւորէ ՎՃՌԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆը Ազգի ու Հայրենիքի վաղուան օրուան ՄԵԾ ՏԵՍԼԱԿԱՆՈՎ վերաթարմացած ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ՝ դիմագրաւելով թունաւոր մակաբուծութիւնը ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԵՐ ՈՒԺԸ ջլատել փորձող ՎԱՐՁԿԱՆՆԵՐՈՒՆ։
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ կը ծառայէ համաժողովրդային ո՛չ-բռնի յեղափոխութեան շղթայազերծած ազգային-քաղաքական ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ, դէպի լուսանցք հրած է երէկուան ԻՇԽԱՆԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՎԱՇԽԱՌՈՒՆԵՐը, հետեւողական է ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ ուղղութեամբ ներկայ իշխանութեանց ընթացքը հաշուետուութեան տակ պահելու իր ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ մէջ եւ, աւելի՛ն, պայքարունակ մեր երիտասարդութեան հետ կ՚ազդարարէ բոլորին՝
«Ես հաւատում եմ այն իշխանութեանը, որը վաղն է գալու»։
*
* *
Բարի լոյս՝ ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆի հետ Ռ․ ՔԻՓԼԻՆԿի «ԵԹԷ»էն ներշնչուող ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ․
ԵԹԷ
Ռ․ ՔԻՓԼԻՆԿ
Եթէ կրնաս պահել գլուխդ առանձին,
Երբ խուճապի մէջ է չորս դիդ ամէն մարդ,
Եթէ կրնաս վստահ ըլլալ քու անձին,
Երբ ուրիշներ կը կասկածին քու վրադ,
Եթէ կրնաս միշտ սպասել անձանձիր,
Կամ չստել՝ շրջապատուած սուտերով,
Ատողներու միջեւ մնալ սիրալիր,
Եթէ կրնաս ըլլալ բարի, բայց ուժո՛վ.
Եթէ կրնաս դուն երազել եւ սակայն
Չըլլալ գերին երազներուդ գերիշխող,
Յաղթանակէն ետք հանդիպիլ պարտութեան
Եւ նո՛յն ձեւով ընդունիլ զոյգն այս խաբող.
Եթէ կրնաս լսել քու խօսքդ վճիտ
Չարափոխուած յիմարներու ծուղակի
Ու խորտակուած տեսնել մեծ երկը կեանքիդ,
Բայց վերստին զայն շինելու գաս ծունկի.
Եթէ կրնաս շահը հազար ճիգերու
Մէկ հարուածով յանձնել բախտի սեղանին
Եւ անտրտունջ, առանց երբեք ողբալու
Վերսկսիլ ծայրէն ամէն ինչ կրկին,
Եթէ կրնաս սիրտ ու ջիղեր ու մկան
Մաշումէն ետք նորէն լարել անդադար
Եւ դիմանալ, երբ կորած է ամէն բան,
Բացի կամքէն, որ կը մնայ մէջդ վառ.
Եթէ կրաս արքաներու հետ պարզուկ,
Ամբոխին մէջ՝ առաքինի ըլլալ միշտ,
Եթէ մարդիկ անզօր են քեզ առթել վիշտ
Եւ ամէնուն կու տաս արժէքն իր արդար,
Եթէ սիրես, բայց սիրոյ խենթ չդառնաս.
Քո՛ւկդ է երկիրն ու իր գանձերն անհամար
Եւ աւելին՝ այն ատեն Մա՛րդ ես, տղաս:
Թարգմ.՝ Մուշեղ Իշխան
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ