ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հիմա ունենք ամէն ինչ՝ իշխանութիւն, ժողովուրդ, զինուոր, զէնք, նոյնիսկ ձեզ ունենք

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հիմա ունենք ամէն ինչ՝ իշխանութիւն, ժողովուրդ, զինուոր, զէնք, նոյնիսկ ձեզ ունենք

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հիմա ունենք ամէն ինչ՝ իշխանութիւն, ժողովուրդ, զինուոր, զէնք, նոյնիսկ ձեզ ունենք

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

«Հիմա ունենք ամէն ինչ՝ իշխանութիւն,
ժողովուրդ, զինուոր, զէնք, նոյնիսկ ձեզ ունենք»։

13 Յուլիս 2020

Ն․ Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ անգամ մը եւս հայրենի ՀՈՂԻՆ ու ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ հերոսաբար ՊԱՇՏՊԱՆ ու ՊԱՀԱՊԱՆ կանգնող ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ, որ ատրպէյճանական անարգ ներխուժման դէմ յաղթահասակ ցցուելով՝ վերանորոգեց Ազգի ու Հայրենիքի սահմաններուն ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԵՐԱՇԽԻՔը ըլլալու եւ ԱՄՈՒՐ ՄՆԱԼՈՒ իր ՄԱՐՏՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆը։
Բարի լոյս՝ ի մի գալու եւ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՃԱԿԱՏՈՎ ատրպէյճանական թշնամին ետ շպրտելու մեր ժողովուրդի ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔին այսօրուան շղթայազերծումին, որ հայաշխարհի ողջ տարածքին թունդ-թունդ հանեց ՍՐՏԵՐՆ ՀԱՅՈՑ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ իշխանութեան դիրքէն ընդդիմութեան ուղղուած ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՂՋՈՅՆԻՆ, որ բառերը առանց ծամծմելու ամբողջ հայութեան անունով ԱՐԴԱՐՕՐԷՆ ԿԸ ՀՊԱՐՏԱՆԱՅ՝
«Հիմա մենք սոսկ բանակ չունենք։ Հիմա ինքնին բանակ չունենք։ Հիմա ունենք ամէն ինչ՝ իշխանութիւն, ժողովուրդ, զինուոր, զէնք, նոյնիսկ ձեզ ունենք»։

Բարի լոյս՝ միշտ ՍԹԱՓ ու ԶԳՕՆ կանգնած Հայ Քաղաքական Մտքի արթուն պահակներուն, որոնք չեն բաւարարուիր միայն ՎՏԱՆԳԻ ՊԱՀՈՒՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԵԼՈՎ, այլ – ինչպէս որ Հ․Հ․ Ազգային Ժողովի նախագահը կը յորդորէր համացանցի վրայ իր այսօրուան գրառումով – մեր ժողովուրդին հետեւողականօրէն կը ներշնչեն ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ՝ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ ՀԱՐԹԵԼՈՒ ՇԻՐԱԶԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄՈՎ․

Մենք խաղաղ Էինք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս խուժեցիք վայրագ:
Մենք ձեր դէմ ելանք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս ոռնացիք վայրագ:
Բայց մենք յաւերժ ենք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս կը կորչէք վայրագ:

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հիմա ունենք ամէն ինչ՝ իշխանութիւն, ժողովուրդ, զինուոր, զէնք, նոյնիսկ ձեզ ունենք

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail