ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 14 Յուլիս 1789. Պասթիյի առումն ու խորտակումը․ Յեղափոխութեան տիեզերական ՈՅԺին գաղափարական հնչեղութիւնը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Յուշատետր
14 Յուլիս 1789.
Պասթիյի առումն ու խորտակումը․
Յեղափոխութեան տիեզերական ՈՅԺին գաղափարական հնչեղութիւնը
14 ՅՈՒԼԻՍ 2020
Ն. Պէրպէրեան
14 ՅՈՒԼԻՍը կը հանդիսանայ ֆրանսացիներուն ազգային կարեւորագոյն տօնը։
14 Յուլիս 1789ին, ֆրանսացիք գրաւեցին եւ քարուքանդ խորտակեցին իրենց պետականութեան բռնակալական էութեան խորհրդանիշը՝ Պասթիյի տխրահռչակ բերդ-բանտը։
Բայց սոսկ բռնատիրութեան մը տապալումը խորհրդանշելէ եւ զուտ ֆրանսական տօն մը ըլլալէ շատ անդին անցաւ եւ միջազգային խոր ու արմատական խմորումներ առաջացնող դարադարձային նշանակութիւն ունեցաւ Պասթիյի անկումը։
Խորհրդանշեց շղթայազերծումը Ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութեան, որ աւելի քան տասը տարի տեւեց եւ հիմնովին յեղաշրջեց պատմութեան զարգացման ընթացքը ոչ միայն Ֆրանսայի եւ ամբողջ Եւրոպայի մէջ, այլեւ ընդհանրապէս հին աշխարհի տարածքին։
Եւ ա՛յդ է պատճառը, որ ֆրանսացիներուն հետ ողջ մարդկութիւնը, տօնական ցնծութեամբ, ամէն Յուլիս 14ի կ՚ոգեկոչէ բռնատիրութեանց ԽՈՐՏԱԿՄԱՆ ՕՐՈՒԱՆ յեղափոխական խորհուրդը։
Բայց ինչպէս 18րդ դարավերջին եւ ամբողջ 19րդ ու 20րդ դարերու տեւողութեան, նոյնպէս եւ մեր օրերուն Յուլիս 14ը, տօնական տրամադրութեանց կողքին, կը շարունակէ քաղաքական մտքի քննարկման օրակարգին վրայ բերել համաշխարհային քաղաքակրթութեան շարժիչ ուժերուն՝ յատկապէս յեղափոխութեանց դերին ու նպաստին արժեւորման վիճայարոյց բանավէճը։
Եւ այսօր ալ, Պասթիյի վրայ ժողովրդային խուժումէն 231 տարի ետք անգամ, այդ բանավէճը կը պահպանէ իր սուր եւ հրատապ նշանակութիւնը՝ տարբեր եզրերով ու գաղափարաբանական թէ քաղաքակրթական հակադիր երանգներով արծարծուելով շարունակաբար։
*
* *
Այդպէ՛ս է, որովհետեւ քաղաքական մտքի գլխաւոր բոլոր հոսանքները, ծայրայեղ աջէն մինչեւ հակադիր՝ ծայրայեղ ձախի բեւեռին կանգնած մտածողները, դեռ չեն կրցած համաձայնիլ մեծագոյն նոյն հարցականին շուրջ.
– Բռնութեամբ կատարուած յեղափոխութիւնը կրնա՞յ համարուիլ ողջ աշխարհի քաղաքակրթական զարգացման բնական, այլեւ անխուսափելի ուղին, թէ՞ բացառապէս եղափոխութեան եւ բարեշրջման մէջ պէտք է փնտռել մարդկային յառաջդիմութեան շարժիչը։
Ինքնանպատակ չէ 231ամեայ այդ բանավէճը։ Նմանապէս՝ յատուկ չէ միայն վերջին երկու եւ քառորդ դարերու մարդկութեան։
Որոշ մտածողներ մինչեւ Քրիստոնէութեան արշալոյսը կը տանին յեղափոխութեան գաղափարը՝ Յիսուս Քրիստոսի քարոզած վարդապետութեան մէջ գտնելով հին կարգերու կործանման եւ նոր արժէքներու վրայ խարսխուած աւելի կատարեալ համակարգի մը ստեղծման առաջին, տիեզերակա՛ն յեղափոխութեան գաղափարաբանական սաղմերը։
Աւելի՛ն. շեշտելով Քրիստոնէութեան կրօնական առաջին մեծ յեղափոխութիւնը ըլլալու հանգամանքը, մտածողներու այդ դպրոցը կը փորձէ հիմնաւորումն ու բացատրութիւնը գտնել մեր ժամանակները յուզող կրօնական արմատականութեան եւ վարդապետամոլական ծայրայեղ դրսեւորումներուն։
Պասթիյի կործանման եւ ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան մարտաշունչ, այլեւ արիւնալի մակընթացութեան հետ ծաւալած Յեղափոխութեան դերին ու արժէքին շուրջ բանավէճը, յատկապէս այսօր, ինքնանպատակ չէ նաեւ այն առումով, որ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը տակաւին նոր դուրս կու գայ, հազիւ կը ձերբազատուի 1917ի Պոլշեւիկեան մեծ յեղափոխութեան մղձաւանջէն, որ գաղափարական իր ներշնչումն ու բրտութեան ահագնութիւնը ստացաւ 1789ի ֆրանսական նախադէպէն։
Ատենին Լենին կը յաւակնէր ու կը յոխորտար, որ իր շղթայազերծածը՝ Պոլշեւիկեանը յեղափոխութեանց մեծագոյնն էր, որ միաժամանակ պիտի ըլլար իր տեսակին վերջինը եւ մէկանգամընդմիշտ վերջ պիտի տար… յեղափոխութեանց։
Բայց ինչպէս որ Երկաթեայ Վարագոյրով աշխարհէն մեկուսացած խորհրդային ամբողջատիրութեան օրերուն, այնպէս եւ անոր անփառունակ վախճանէն ու կործանումէն ետք, շատեր Պոլշեւիկեան յեղափոխութեան մէջ տեսան նոյնինքն Յեղափոխութեան գաղափարին եւ արժէքին այլանդակ, այլեւ՝ խեղուած մէկ ծնունդը միայն, որուն նմանութեան եզրերը, Ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութեան հետ, կը սկսէին ու վերջ կը գտնէին… իր գործադրած բրտութեանց ահաւորութեամբ եւ խլած միլիոնաւոր զոհերով։
Ամէն պարագայի բանավէճը տակաւին կը շարունակուի եւ, մեղմացման փոխարէն, նորովի կը բորբոքի ու կիրքերու սանձազերծման առիթ կու տայ։
Բայց նաեւ որոշ հարցականներու տուած է անվիճելի պատասխաններ, որոնք ժամանակին հետ աւելիով կը հիմնաւորուին՝ իրենց հերթին յարակից նոր հարցականներու տեղիք տալով։
*
* *
Դարձեալ Յուլիս 14 է եւ կ՚արժէ, պատմական հակիրճ ակնարկով, անդրադառնալ եւ արժեւորումը կատարել Պասթիյիի առումին ու կործանումին։
Փարիզի ծայրամասին գտնուող ամրոց էր Պասթիյի բերդը, որ վերածուած էր բանտի եւ դարձած էր բրտագոյն խորհրդանիշը ֆրանսական միապետութեան դաժան իշխանութեան։
14 Յուլիս 1789ի նախօրէին, Ֆրանսա կ՚ապրէր Լուդովիկոս ԺԶ. թագաւորի եւ Մարի Անթուանէթ թագուհիի բռնատիրութեան տակ։
Մինչ երկիրն ու ժողովուրդը կը տուայտէին չքաւորութեան եւ սովի, անհաւասարութեան եւ անարդարութեան ծանրագոյն պայմաններու մէջ, արքունիքը եւ ընդհանրապէս աւատապետ ազնուականութիւնը անձնատուր դարձած էին զեխութեան ու յղփանքի։
Լուդովիկոս ԺԶ. եւ Մարի Անթուանէթ պարպած էին պետութեան գանձարկղը ոչ միայն իրենց պալատական շռայլութեանց հետեւանքով, այլեւ՝ Անգլիոյ դէմ ամերիկեան յեղափոխութեան նիւթապէս առատ օժանդութիւն ընծայելով։
Արքունիքի ծախսերուն հասնելու հոգն ու բեռը դարձեալ ծանրացած էին պարզ ժողովուրդին վրայ՝ անկէ գանձուող տուրքերը բազմապատկելով, որովհետեւ ֆրանսական միապետութեան առանձնայատկութիւնն էր ազնուականութիւնը տուրքէ զերծ պահել, որպէսզի այս վերջիններն ալ, իրենց հերթին, ազատ կացուցանեն թագաւորին ձեռքերը՝ երկիրը իր նախընտրած ձեւով կառավարելու մէջ…
Այդ բոլորը կարծէք բաւարար չէին եւ բնութիւնն ալ, այդ տարի, արտակարգօրէն դաժան գտնուեցաւ ֆրանսացի գիւղացիին նկատմամբ՝ տարուան բերքը երաշտի ու փճացման մատնելով։
Եւ անխուսափելին պատահեցաւ ու ֆրանսացիներու համբերատարութեան բաժակը յորդեցաւ, երբ արքունիքը դիմեց տուրքերու գանձումը յաւելեալ բրտութեամբ իրականացնելու ծայրայեղութեան։
Փարիզը թատերաբեմ դարձաւ ամէնօրեայ բողոքի ցոյցերու։ Եւ որքան թագաւորին հաւատարիմները բրտութեամբ հակադարձեցին, այնքան ուռճացան շարքերը ըմբոստացողներուն։
Անշուշտ համաժողովրդական ըմբոստացման հոգեմտաւոր ենթահողը եւս պատրաստ էր։
Ամբողջ 18րդ դարու երկայնքին ազատախոհ մտաւորականներ իրենց ներդրումը ունեցած էին աւատապետութեան եւ միապետութեան չարիքը մերկացնելու եւ ազատութեան, արդարութեան ու հաւասարութեան գաղափարները տարածելու եւ հիմնաւորելու գործին մէջ։
Յատկապէս Ժան-Ժագ Ռուսօ, ընդհանրապէս մարդկային հասարակութեանց ընկերային հիւսուածքի անարդար հիմերուն ուղղուած իր բուռն քննադատութիւններով, քաղաքացիական զարթօնքի ալիք բարձրացուցած էր։
Միապետութիւնը մատնուած էր լուրջ դժուարութեանց՝ դիմագրաւելու այն ճնշումները, որոնք օրէնսդրական յաւելեալ իրաւունքներ եւ մասնակցութիւն կը պահանջէին ի նպաստ նորակազմ միջին դասակարգի քաղաքական ուժերուն։
Ահա այս բոլորին՝ ենթակայական եւ առարկայական պայմաններու այսօրինակ հասունացման բերումով, 14 Յուլիս 1789ին պատահեցաւ Պասթիյի վրայ ցուցարարներու գրոհը։
*
* *
Բանտապահները արհամարհեցին ցուցարարներուն ուժը եւ բաւարարուեցան ընթացիկ պաշտպանութեան միջոցառումներով, հակառակ որ պալատական լրտեսներու միջոցաւ տեղեակ էին Պասթիյի բանտը խուժելու ցուցարարներու մտադրութեան մասին։
Բանտի պատասխանատուները քանի մը հարիւր անզէն խուժան կը սպասէին, բայց միայն դասալիք թագաւորական զօրքէն իրենց զէնքերով դասալիք եղած երիտասարդները քանի մը հարիւրը գերազանցած էին, որոնք հազարաւոր ցուցարարներ առաջնորդեցին դէպի Պասթիյի բանտը, պարտութեան մատնեցին բերդի պաշտպանները եւ գրաւեցին ամրոցը։
Բանտաբերդը գրաւողները անմիջապէս ազատ արձակեցին բանտարկեալները, իսկ բանտապետին գլխատելով՝ գլուխը ցիցի մը վրայ դրած, ցուցադրաբար շրջեցան Փարիզի փողոցները։
Միապետական բռնատիրութեան խորհրդանիշ ամրոցը՝ Պասթիյը քանի մը օրուան մէջ կործանեցաւ։
Թագաւորական ուժը վարկաբեկուեցաւ, ժողովուրդը սիրտ առաւ եւ Փարիզը արագօրէն ինկաւ ցուցարարներու իշխանութեան տակ։
Գաւառներու ըմբոստ ժողովուրդը իր կարգին խուժեց Փարիզ եւ հզօրացուց համաժողովրդային ապստամբութիւնը։
Եւ այդպէս սկսաւ Ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութիւնը, որ Ազատութեան, Հաւասարութեան եւ Եղբայրութեան նշանաբանով՝ քայլ առ քայլ կործանեց միապետութեան բոլոր կռուանները։
Լուդովիկոս ԺԶ. եւ ողջ արքունիքը, սարսափահար, Վերսայլի պալատը ապաստանեցան։ Բայց միայն ժամանակաւոր կրնար ըլլալ անոնց ապահովութիւնը, որովհետեւ յեղափոխութեան սրընթաց յաղթարշաւը հիմնայատակ կործանեց Հին Կարգերը, հաստատեց Ազգային Ժողովի խորհրդարանական իշխանութիւնը, որ իր ներքին բոլոր վէճերով ու անխնայ մրցապայքարներով, իշխանափոխութիւններու եւ փոխադարձ մաքրագործումներու վերիվայրումներով հանդերձ՝ միակամ եւ անհաշտ պայքար մղեց ի խնդիր միապետութեան ամբողջական տապալումին։
27 Օգոստոս 1789ին, նորակազմ Ազգային Ժողովը պաշտօնապէս վերջ տուաւ Ֆրանսայի մէջ Աւատապետութեան՝ որդեգրելով եւ հաստատելով Մարդու եւ Քաղաքացիի Իրաւունքներուն Յայտարարագիրը, որ ժամանակի ընթացքին պիտի դառնար Արդի Դարաշրջանի Տիեզերական Սկզբունքներու անդրանիկ հռչակագիրը։
Միապետութեան վերջնական կործանումը իրականացաւ 1792ի վերջերուն, երբ Ռոպեսփիեռեան յեղափոխական ատեանը դատեց թագաւորն ու թագուհին, ծանրագոյն դաւաճանութեան համար յանցագործ նկատեց զանոնք եւ մահավճիռ արձակեց։
Այդպէ՛ս, Հին Ֆրանսայի վերջին խորհրդանիշները՝ Լուդովիկոս ԺԶ. թագաւորն ու Մարի Անթուանէթ թագուհին գլխատուեցան։
Նոր Ֆրանսան աշխարհին պարզեց իր երեք գոյն՝ կապոյտ, ճերմակ եւ կարմիր դրօշը, որոնք խորհրդանշեցին յեղափոխութեան հռչակած Ազատութիւնը, Հաւասարութիւնը եւ Եղբայրութիւնը։
Իսկ փարիզեան ցոյցերուն մասնակցելու համար Մարսէյլի ապստամբներուն երթի ազդանշան տուող Մարսէյէզ քայլերգը հաստատուեցաւ իբրեւ Նոր Ֆրանսայի ազգային օրհներգը։
*
* *
Տասնամեակներ ամբողջ, ֆրանսացիք ինքնաբուխ կերպով տօնեցին Յուլիս 14ը՝ հրավառութիւններով եւ հրապարակային ճոխ հանդիսութիւններով ու երթերով։ Միայն 1880ին է, որ Ազգային Ժողովի որոշումով պետական տօն հռչակուեցաւ Յուլիս 14ը՝ իբրեւ Պասթիյի կործանման եւ Յեղափոխութեան սկզբնաւորման Օրը։
Եւ ամէն Յուլիս 14ի, մերօրեայ Ֆրանսայի հիմնադրութեան տօնը խորհրդանշելով հանդերձ՝ Պասթիյի խորտակումին տարեդարձը, աշխարհով մէկ, աւելի ազատ, արդար ու իրաւահաւասար աշխարհի մը կերտման տիեզերական ձգտումը կ՚արթնցնէ ու կը վերանորոգէ ամէն սեռի, գոյնի, ազգի եւ դաւանանքի տէր բոլոր մարդոց եւ ժողովուրդներու հոգեկան աշխարհին մէջ։
Որոշապէս հայ ժողովուրդի Նոր Ժամանակներ թեւակոխումին մէջ հիմնարար եղաւ ներգործութիւնը 14 Յուլիս 1789ի Պասթիյի խորտակումին եւ Ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութեան բոցավառած ամբողջական Ազատագրումի գաղափարական խարոյկին։
Յատկապէս Փարիզ ուսանած եւ Հայաստան վերադարձած ազատատենչ հայ երիտասարդներու աննկուն պայքարով՝ մեր ժողովուրդը ներշնչման աղբիւրի վերածեց Ֆրանսական Յեղափոխութեան գաղափարական աւանդները՝ նուաճելով ոչ միայն 19րդ դարակէսի իր Ազգային Զարթօնքը, այլեւ 19րդ դարավերջի իր ազգային-ազատագրական պայքարը, որ 20րդ դարու երկրորդ տասնամեակի վերջերուն պսակուեցաւ Հայաստանի անկախութեան ու հայոց ազգային պետականութեան վերականգնումով։
14 Յուլիսի Ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութեան տիեզերական աւանդներուն վրայ հայ ժողովուրդը մեր օրերուն գումարեց նաեւ թաւշեայ՝ ոչ-բռնի համաժողովրդային յեղափոխութեան ինքնուրոյն աւանդը, պետական-քաղաքական կառավարման խաթարուած համակարգին դէմ ազգովին ըմբոստանալով, ազգային իր պետականութեան ղեկէն հեռացնելով մեր երկիրն ու ժողովուրդը հարստահարող տարրերը, այլեւ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ հարթելով դէպի լիարժէք ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ու լիիրաւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ վրայ խասխուած Ազգի ու Հայրենիքի պայծառ գալիքը։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ