ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Մինաս Չերազ (1852-1928). Հայկական Հարցի իրաւապաշտպան զինուորագրեալներուն մեծավաստակ նախակարապետը

Մինաս Չերազ (1852-1928). Հայկական Հարցի իրաւապաշտպան զինուորագրեալներուն մեծավաստակ նախակարապետը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Մինաս Չերազ (1852-1928). Հայկական Հարցի իրաւապաշտպան զինուորագրեալներուն մեծավաստակ նախակարապետը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

Մինաս Չերազ (1852-1928).
Հայկական Հարցի իրաւապաշտպան զինուորագրեալներուն մեծավաստակ նախակարապետը

15 ՅՈՒԼԻՍ 2020

Ն. Պէրպէրեան

«Տեղահանութիւնն ու ջարդը անապատի ու գերեզմանատան փոխեցին Տաճկահայաստանը, սակայն հայութեան մոխիրներուն մէջէն Ռուսահայաստանը ծնաւ իբր փիւնիկ: Այժմ ալ հոն է մեր մխիթարութեան աղբիւրը, մեր յոյսերուն խարիսխը: Օգնենք այդ երկրին, ի՛նչ վարչաձեւի տակ ալ ըլլայ: Վարչաձեւը առօրեայ է, հայրենիքը՝ յաւիտեան»:

1926ին, Փարիզի մէջ, իր ազգային-քաղաքական բեղուն ծառայութեան 50ամեակին նուիրուած յոբելինական հանդիսութեան աւարտին արտասանուած այս խօսքը վերջին պատգամն ու քաղաքական կտակը եղաւ Հայկական Հարցի անձնուէր պաշտպաններէն Մինաս Չերազի, որուն ծնունդը կը նշենք Յուլիս 15ի այս օրը։

Մինաս Չերազի անունը առաջին անգամ հռչակուեցաւ 1878ին, երբ իբրեւ քարտուղար ու թարգման՝ ան 26 տարեկանին մաս կազմեց Պերլինի Վեհաժողովին ներկայացած Հայկական Պատուիրակութեան, որ կը գլխաւորուէր Խրիմեան Հայրիկի կողմէ։

Մինչեւ Պերլինի Վեհաժողովը, 1876ին արդէն, Մինաս Չերազ ընտրուած էր օրուան Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանի կողմէ, որպէսզի Հայաստանի եւ հայութեան պահանջատիրական ձայնը լսելի դարձնէ եւրոպական մեծ տէրութեանց դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն մօտ։

Քաղաքական եւ մտաւորական լայն պատրաստութեան տէր, հայերէնի եւ օսմաներէնի կողքին՝ անգլերէնի ու ֆրանսերէնի քաջատեղեակ երիտասարդ գործիչը այնուհետեւ իր ամբողջ կեանքն ու գործունէութիւնը նուիրաբերեց Հայկական Հարցի հետեւողական արծարծումին, այլեւ Հայ Դատի միջազգային ճանաչումին եւ պաշտպանութեան։

Իր այդ հարուստ կենսափորձին վրայ հիմնուելով էր, որ 1926ին, Փարիզի մէջ, իր ազգային-քաղաքական ծառայութեան յիսնամեակին նուիրուած յոբելինական հանդիսութեան ընթացքին, երբ արդէն ցմրուր ըմպած էր մեծապետական դիւանագիտութեան խարդաւանքին դառնագոյն բաժակը՝ մանաւանդ Լօզանի Դաշնագրին թունաւոր վերջին կաթիլը, Մինաս Չերազ տարագիր հայութեան պատգամեց Հայրենիքին անշեղօրէն կառչելու եւ կառչած մնալու հանգանակը։

*
* *

Թրքական պետութեան ձեռամբ Արեւմտահայաստանի կործանումէն եւ Կիլիկիոյ հայաթափումէն ետք, ի տես հայ ժողովուրդի արդար դատին կռնակ դարձնելու ատենի մեծապետական աշխարհի Դաշնակից Ուժերու պիղատոսեան ձեռնթափութեան եւ ուրացումին, Հայ Դատի պաշտպան զինուորագրեալներու Նախակարապետը եղաւ առաջիններէն, որոնք մազապուրծ փրկուած Արեւելահայաստանին կառչելու եւ անոր մէջ վաղուան Միացեալ Հայաստանի նուաճման անփոխարինելի կռուանը տեսնելու ազգային իմաստութիւնը կտակեցին վերապրող հայութեան։

1927ին, Գահիրէի մէջ տպագրուած «Մինաս Չերազ. իր կեանքը եւ գործը» 368 էջնոց գիրքի հեղինակ Արշակ Ալպոյաճեան գրեց իր յառաջաբանին մէջ, թէ Պերլինի Վեհաժողովին հայ ժողովուրդի ապրած առաջին մեծ յուսախաբութենէն ետք՝
«Չերազ, սակայն, անվհատ շարունակեց իր սկսած գործը՝ Եւրոպային ծանօթացնելով հայը եւ իր պահանջները, յուսալով, որ Եւրոպա յանուն գթութեան կամ քրիստոնէական մարդասիրութեան պիտի հաճի օգնութեան հասնիլ եւ փրկել հայ ազգը թրքական լուծէն: Այս պատրանքը ունեցեր էին Ներսէս Վարժապետեան (Պոլսոյ պատրիարք) եւ իր շուրջինները, որոնցմէ մէկն ալ Մինաս Չերազն էր, որ առաջին օրէն գործակից գտնուած էր Հայկական Խնդիրը արծարծող խմբակին եւ գործօն դեր կատարեր էր նուիրաբերելով իր ջանքերը եւ աշխատութիւնները «սուրբ գործին»:

«Չերազ պահեց այդ միամիտ հաւատքը, թերեւս մինչեւ Լօզանի դաշնագիրը, որ վերջ կու տար մեր բոլոր միամտութեանց եւ քար ու քանդ կ՚ընէր ամէն բան, բայց մանաւանդ օտար աջակցութեամբ հայ անկախ հայրենիք մը ունենալու հաւատքը»:

Յանուն ամբողջական ճշմարտութեան պէտք է աւելցնել, որ հայ ազգային-ազատագրական պայքարը նախապատրաստած սերունդը նման պատրանքներ չէր սնուցաներ Եւրոպայէն։ Այլ՝ խորապէս ունէր թրքական պետութեան կողմէ ստոյգ կործանման դատապարտուած Հայաստանի բողոքը աշխարհով մէկ լսելի դարձնելու յանձնառութիւնը, որպէսզի յեղափոխական իր զարթօնքը ապրող Հայութեան մղած իրաւատիրական պայքարը չխեղդուէր ահաւասար ուժերով կռուի աւազուտքին մէջ… եւ շարժման մէջ դնէր Իրաւունքի եւ Արդարութեան համար պայքարող տարբեր ազգերու յառաջդիմական ուժերը եւս։

Այդուհանդերձ՝ նման թիւր ընկալման ու անարդար արժեւորման ենթարկուեցաւ Մինաս Չերազ երկար տասնամեակներ, Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին պարտադրուած խորհրդային տիրապետութեան ամբողջ ժամանակաշրջանին։

Հայկական Հարցը միջազգայնացնելու ամբողջ սերունդի մը քաղաքական վարքագիծը այդպէս՝ խորհրդային պաշտօնական քարոզչութեան պարտադրանքով, մեր ժողովուրդին ներկայացուեցաւ իբրեւ Եւրոպայէն ու Արեւմուտքէն «Հայ անկախ հայրենիք մը»… մուրալու դիւրահաւատութիւն ու միամտութիւն։

Հայ քաղաքական մտքի միայն դաշնակցականամիտ թեւն էր, որ ծառացաւ Հայկական Հարցը «խորհրդային մեծ քաղաքականութեան» խաղալիքը դարձնելու այդօրինակ սադրանքներուն դէմ։

Եւ միայն 1970ականներուն էր, որ Սփիւռքի տարածքին աստիճանաբար լսելի դարձան համարձակ ձայներ, յատկապէս այսպէս կոչուած «Հայաստանասէր»՝ իմա՛ ոչ-դաշնակցական ճակատի մտածողներուն կողմէ, որոնք Հայ Դատի միջազգայնացման ու հետապնդման հարիւրամեայ պայքարը փորձեցին դուրս բերել խորհրդային գաղափարախօսութեան ու պատմական նենգափոխումի պրիսմակէն՝ ընդգծելու համար, որ բուն դիւրահաւատութիւնն ու միամտութիւնը կը կայանային նոյնինքն այն մտայնութեան մէջ, թէ «Խորհրդային Հայրենիք»ի հաստատումով իր «արդար» եւ «վերջնական» լուծումը գտած էր Հայկական Հարցը։

Դժբախտաբար միեւնոյն դիւրահաւատութիւնն ու միամտութիւնը տարբեր եզրերով շարունակուեցան նաեւ Խորհրդային Դարաշրջանի վախճանէն ետք, երբ վերանկախացեալ Հայաստանի ազգային զարթօնքին անունով հրապարակ իջան նորայայտ գաղափարախօսներ, որոնք Մինաս Չերազին մէջ չուզեցին տեսնել հայոց ազգային-ազատագրական պայքարին յանձնառու գործիչը՝ Հայաստանին կառչելու անոր գաղափարական կտակը համարելով վերանորոգ… միամտութիւն մը, օտարէն անկախ հայրենիք աղերսելու «լացակումած» վարքագիծ մը։

Արդէն ուշացած ենք, ազգովին, արժանին մատուցելու 15 Յուլիս 1852ին Պոլիս ծնած Մինաս Չերազ անուն հայ գրողին, խմբագրին, թարգմանիչին, հասարական գործիչին եւ հայրենասէրին, որ իր քաղաքական կենսափորձը ժառանգ ձգած է մեր ժողովուրդին՝ հայերէն, ֆրանսերէն թէ անգլերէն լեզուներով իր հրատարակած հինգ գիրքերով, ինչպէս նաեւ մամուլի էջերուն լոյս տեսած զեկոյցներով, առաջնորդող յօդուածներով եւ ուսումնասիրութիւններով։

*
* *

Մինաս Չերազի ծնողքը Ակնի Չերազ գիւղէն էին, որոնք ժամանակի պանդխտութեան հոսանքին հետ եկած ու հաստատուած էին Պոլիս։ Մինասի պատանութեան մասին շատ բան չունին կենսագիրները։ Իր անունին առաջին յիշատակութեան կը հանդիպինք Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքի նախաձեռնած Հայկական Գաւառներուն մէջ Բարենորոգումներ իրագործելու դիւանագիտական արշաւին առիթով։

Յատկապէս Պերլինի Վեհաժողովէն ետք, երբ Խրիմեան Հայրիկ մեր ժողովուրդին յորդորեց «Երկաթէ Շերեփ» ձեռք ձգելու քաղաքական իմաստութիւնը, Մինաս Չերազ իր վրայ վերցուց Հայկական Հարցին շուրջ զօրակցութեան մթնոլորտը ընդարձակելու առաքելութիւնը։

Սոսկ Քրիստոնեայ Եւրոպայի գութը շարժելու ուղղութիւն չունէր Չերազ։ Ան գործօն մասնակիցներէն եղաւ 1880ականներուն հայ յեղափոխական շարժումներու խմորման աշխատանքին։

Ազատախոհ մտածողութեան դրօշակիր մը չէր իր դաւանած գաղափարաբանական սկզբունքներով, բայց թէ՛ Արմենական եւ թէ Հնչակեան կուսակցութեանց հիմնադիրներուն հետ սերտ գործակցութիւն ունեցաւ։ Գաղափարական առումով մտերիմն էր յատկապէս Արփիար Արփիարեանի, որուն հետ 1880ին հիմնեց եւ ղեկավարեց Կ. Պոլսոյ «Միացեալ ընկերութիւնք հայոց» բարեգործական՝ դպրոցաշինական կազմակերպութիւնը:

Մինաս Չերազի կեանքին մէջ դարձակէտ հանդիսացաւ 1889 թուականը, երբ 37 տարեկանին, համիտեան հետապնդումներէն խոյս տալով, ան մեկնեցաւ Լոնտոն, ուր հիմնեց միաժամանակ անգլերէնով ու ֆրանսերէնով լոյս տեսնող «Լ՚Արմէնի» թերթը: 1890ականներուն հաստատուեցաւ Ֆրանսա, ուր եւ ապրեցաւ ու գործեց մինչեւ մահ։

Չերազ Խրիմեան Հայրիկի հետ այցելած էր եւրոպական շարք մը երկիրներ՝ դիւանագիտական ճանապարհով Հայկական Հարցի լուծման ի նպաստ ենթահող ստեղծելու նպատակով: Այդ ճամբով իր հաստատած ծանօթութեանց վրայ հիմնուելով, իր «Լ՚Արմէնի» գրական-քաղաքական թերթի հրատարակութիւնը ան ծառայեցուց հայ մշակոյթը օտարներուն ներկայացնելու եւ Հայոց Դատի պաշտպանութեան համար Եւրոպայի տարածքին բարենպաստ հանրային կարծիք ստեղծելու նպատակին:

Որոշակի իմաստով՝ արդիական հասկացողութեամբ Հայկական Լոպիինկի նախակարապետներէն հանդիսացաւ Չերազ։

1890ին, Լոնտոնի Քինկզ Քոլէճին մէջ յաջողեցաւ հիմնել ու ղեկավարել Հայկական Ամպիոն մը։ Փարիզ հաստատուելէ ետք, շարունակելով «Լ՚Արմէնի» թերթին հրատարակութիւնը, Չերազ ընդարձակեց Հայկական Հարցի դատապաշտպանութեան իր հայրենանուէր գործունէութիւնը:

Ուշագրաւ է այդ շրջանին անոր հրատարակած «Թէ ի՞նչ շահեցանք Պերլինի Վեհաժողովին» աշխատութիւնը, որ թարգմանուեցաւ նաեւ ֆրանսերէնի եւ, ապա, լոյս տեսաւ անգլիական կառավարութեան կողմէ հրապարակուած «Կապոյտ Գիրք»ին մէջ»:

Մինաս Չերազ նուիրուեցաւ նաեւ թարգմանական գրականութեան։ Ֆրանսերէնի թարգմանեց Պետրոս Դուրեանի, Ռափայէլ Պատկանեանի, Խորէն Նարպէյի (Գալֆայեան) եւ այլ բանաստեղծներու ընտիր երկերը՝ «Հայ Բանաստեղծները» խորագրով:

Ինչպէս հանրագիտական աղբիւրները կը վկայեն, Մինաս Չերազ հռչակաւոր դարձաւ նաեւ հայ ժողովուրդի ճակատագրակից այլ ժողովուրդներու ազատագրական պայքարին իր մատուցած ծառայութիւններով, որոնց համար ատենին՝ Վենեզուելայի կառավարութեան կողմէ պարգեւատրուեցաւ «Ազատարար Պոլիվիարի Խաչով»: Նոյնպէս պարգեւատրուեցաւ պարսկական «Առիւծի եւ Արեւի Սպայութեան Աստիճան» շքանշանով:

Մինաս Չերազ (1852-1928). Հայկական Հարցի իրաւապաշտպան զինուորագրեալներուն մեծավաստակ նախակարապետը

*
* *

1926ին, ազգային-քաղաքական իր ծառայութեան 50ամեակին նուիրուած յոբելեանին առիթով հաւաքուած 200 հազար ֆրանքը Չերազ յանձնեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան՝ պայմանաւ, որ գումարի տոկոսը ինք ստանայ մինչեւ իր կեանքի վերջը, իսկ մահէն ետք ամբողջ գումարը նուիրաբերուի Հայաստանին` «Չերազեան» անունով վարժարան կառուցելու համար:

Չերազ վախճանեցաւ 1928ին Փարիզ ու թաղուեցաւ այն գերեզմանատունը, ուր 1935ին՝ Չերազի շիրմաթումբին հարեւանութեամբ թաղուեցաւ նաեւ Մեծն Կոմիտասը:

1936ին, Կոմիտասի աճիւնին հետ, գաղտնաբար շինուած երկյարկ դագաղով, Փարիզէն Երեւան տարուեցաւ նաեւ Մինաս Չերազի աճիւնը:

Չերազի թաղումը մեծ շուքով կատարուեցաւ Նուպարաշէնի՝ իր կտակով կառուցուած դպրոցի բակին մէջ: Բայց խորհրդային դառն ու դաժան ամբողջատիրութեան հետեւանքով, մէկ թէ երկու տարի անց, ինչպէս որ կը վկայեն Չերազի հարազատները, անոր աճիւնը դպրոցի բակէն հանեցին…

Ըստ իր եղբօրորդու աղջկան վկայութեան՝ «ինչ-որ կուսակցական պաշտօնեայ ասել էր, թէ էս դաշնակի գերեզմանն ի՞նչ գործ ունի էստեղ»:

Ցարդ Մինաս Չերազի աճիւնին հանգստեան վայրը անյայտ է․․․

Հայ Դատի իրաւապաշտպան նուիրեալներու ՄԵԾԱՎԱՍՏԱԿ ՆԱԽԱԿԱՐԱՊԵՏԻՆ յետ-մահու վիճակուած ոդիսականին մասին հայոց սերունդները հնարաւորութիւնը ունին լրացուցիչ լուսաբանութիւններ ստանալու, այլեւ «ուղիղ աղբիւր»էն ջուր խմելու՝ Մինաս Չերազի ուղղակի հարազատներուն, շառաւիղներուն վկայութեանց ծանօթանալով։

Այդ առումով շահեկան է ու մեծապէս խօսուն վկայութիւնը ծանօթ մտաւորական ու հասարակական գործիչ ՎԱՀԱՆ ԻՇԽԱՆԵԱՆի, որուն մայրը՝ ԲԻՒՐԱԿՆ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆը եղած է դուստրը Մինաս Չերազի հարազատ եղբօրորդուն՝ ՎԱՀԱՆ ՉԵՐԱԶի։

«Կորցուած աճիւն. Կը վերականգնուի՞ Մինաս Չերազի յիշատակը» վերնագրով, «Երեւան Ժամանակ»ի 24 Ապրիլ 2007 թուակիր համարով հրապարակուած Վահան Իշխանեանի յուշ-վկայութիւնը կարելի է գտնել հետեւեալ հասցէին՝

vahanishkhanyan.wordpress.com

Մինաս Չերազ (1852-1928)

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail