ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – Հայրենիք, պատիւ, նուիրուածութիւն. մեր կամաւորի, զինուորի, սպայի, հրամանատարի նշանաբանը՝ բոլոր ժամանակներում

Հայրենիք, պատիւ, նուիրուածութիւն. մեր կամաւորի, զինուորի, սպայի, հրամանատարի նշանաբանը՝ բոլոր ժամանակներում

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ․- «Հայրենիք, պատիւ, նուիրուածութիւն. մեր կամաւորի, զինուորի, սպայի, հրամանատարի նշանաբանը՝ բոլոր ժամանակներում»:

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ․- «Հայրենիք, պատիւ, նուիրուածութիւն.
մեր կամաւորի, զինուորի, սպայի, հրամանատարի նշանաբանը՝ բոլոր ժամանակներում»:

15 Յուլիս 2020

Ն․ Պէրպէրեան

Բարի լոյս իջնէ շիրիմին՝ հայրենի հողն ու հայ ժողովուրդի պաշտպանութիւնը իրենց ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԵԱՄԲ նուաճած Հայոց Բանակի նորագոյն ՄԱՐՏԻՐՈՍՆԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ պարտականութեան ճանապարհին ինկած ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐը ՀԵՐՈՍԻ ՓԱՌՔով մայր հողին յանձնող ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, որ աշխարհի բոլոր ազգերէն աւելի ԾԱՐԱՒն ունի ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ, բայց որ միաժամանակ աւելի քան ՎՃՌԱԿԱՄ Է, իր լաւագոյն զաւակներու կեանքին գնով, ՄԱՍԻՍԻ ՊԷՍ յաղթահասակ ու փառապանծ պահելու ԱՇԽԱՐՀՆ ՀԱՅՈՑ։

Բարի լոյս եւ հոգու խաղաղութիւն՝ հարազատի անփոխարինելի կորուստը իրենց արցունքին մէջ պարուրելով՝ Ազգի ու Հայրենիքի ՎԱՂՈՒԱՆ ՕՐՈՒԱՆ համար ՄՈՄ ՎԱՌՈՂ եւ ԱՂՕԹՈՂ հայ մայրերուն, կիներուն եւ քոյրերուն, այլեւ ու մանաւանդ՝ զաւկի ու եղբօր ՎՐԷԺը լուծելու համար, Հայաստանի ու Հայութեան ՊԵՏԱԿԱՆ ՏՈՒՆը աւելիով հզօրացնելու եւ անպարտելի դարձնելու ՈՒՂԻՆ ընտրող հայոց Արի Այրերուն։

Այսօր սուգի մէջ է ողջ Հայաշխարհը, որովհետեւ մեր հետ չեն հազարապետ Գարուշ Համբարձումեանը, քափիթէն Սօս Էլբակեանը, զինուորական ծառայողներ՝ տասնապետներ Սմբատ Գաբրիէլեանն ու Գրիշա Մաթեւոսեանը:

Բարի լոյս՝ մեր սուգին մէջ անգամ անարգ ոսոխին մեր սահմաններէն հեռու պահելու հայոց ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՐԵՐՈՒՆ, որոնք Հ․Հ․ վարչապետի բառերով կը վստահեցնեն․

– «Որեւէ սադրիչ գործողութիւն անպատասխան չի մնում: Նաեւ կոչ եմ անում մեր բոլոր հայրենակիցներին՝ իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնել մեր զինուած ուժերին՝ զինուորներին, հրամանատարներին, ովքեր այս պահին ամուր կանգնած են հայրենիքի պաշտպանութեան դիրքերում»։

Բարի լոյս՝ Հայ Ժողովուրդի ԵՐԹը անվեհեր շարունակելու հայութեան ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔին եւ ՈՒԺին։

ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ․- «Հայրենիք, պատիւ, նուիրուածութիւն. մեր կամաւորի, զինուորի, սպայի, հրամանատարի նշանաբանը՝ բոլոր ժամանակներում»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail