ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Ամբողջականօրէն թիկունք կը կանգնինք Հայաստանի հերոսական բանակին, որ մեր հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործը յառաջ կը տանի ամենայն արհեստավարժութեամբ
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
Ամբողջականօրէն թիկունք կը կանգնինք Հայաստանի հերոսական բանակին, որ մեր հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործը յառաջ կը տանի ամենայն արհեստավարժութեամբ (Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւն):
16 Յուլիս 2020
Ն․ Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ աշխարհի չորս ծագերուն ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ձայնը բոլորին լսելի ու հասկնալի դարձնող ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՊԱՅՔԱՐի բոլոր ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ։
Բարի լոյս՝ Հայ Քաղաքական Մտքի ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԶԻՆՈՒՐԱԳՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ, որոնք աշխարհով մէկ ԱՀԱԶԱՆԳ կը հնչեցնեն՝ Հայաստանի եւ Հայ Ժողովուրդին դէմ ԹՈՒՐՔԻԱ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ միացեալ ճամբարի կողմէ նիւթուող ՍԱԴՐԱՆՔԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ԿՈՉՈՎ։
Բարի լոյս՝ ընդհանրապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ եւ որոշապէս Հ․Յ․Դ․ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ Մ․ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ Կ․ ԿՈՄԻՏԷԻՆ, որոնք ԱՏՐՊԷՅՃԱՆին տրամադրուող ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐը սահմանափակելու եւ հակակշռի տակ պահելու ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԱՐՇԱՒի ձեռնարկած են։
Հայաստանի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի գործած ռազմական վերջին ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐը եւ անոնց անմիջապէս զօրակցող ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՀԱԿԱՀԱՅ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔը բաւարար ԱԶԴԱՆՇԱՆ են, որպէսզի ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՇԻՒ ՊԱՀԱՆՋԷ՝ համաթրքական ՉԱՐԻՔԻ հակահայ նախայարձակման նորովի ՀՐԱՀՐՄԱՆ վերաբերեալ։
Բարի լոյս՝ ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ անարգ ներխուժումը ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԴԻՄԱԳՐԱՒՈՂ Հայոց Բանակի ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ քաղաքական զօրակցութեան հասնող ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ բոլոր ՄԱՐՏՈՒՆԱԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք ոչ միայն Միացեալ Նահանգներուն, այլեւ քաղաքական աշխարհի բոլոր ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ կը հնչեցնեն հատու ահազանգը, թէ՝
«Բնաւ զուգադիպութիւն չէ, որ անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի քրիստոնէական մեծագոյն եւ հնագոյն եկեղեցին՝ Այա Սոֆիան, մզկիթի վերածելու քայլին անմիջապէս յաջորդեց Պաքուի յարձակումը Հայաստանի վրայ եւ, այս յարձակումին առիթով, Ատրպէյճանի իր ցեղակից եղբայրներուն զօրակցելու յայտարարութիւն մը կատարեց Թուրքիա, միաժամանակ զգուշացնելով Հայաստանը՝ չհակադարձելու, նոյնիսկ ինքնապաշտպանութեան նպատակով»:
Բարի լոյս՝ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ եւ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ի խնդիր մղուող Հայ Ժողովուրդի ԻՐԱՒԱՏԻՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐի բոլոր ԶՕՐԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ, որոնք նաեւ այս առիթով կ՚ազդարարեն աջին թէ ձախին, որ՝
«Դեռ կը յիշենք եւ աշխարհը չի կրնար մոռնալ, որ Թուրքիա ցարդ չէ մեղանչած յաչս հայութեան ցեղասպանական իր անցեալին համար»:
Հայ ժողովուրդը աշխարհով մէկ ԿԸ ՅԻՇԷ ու ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ