ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ․- Դեռ չէ՞ք հասկցած, որ ձեր ցեղապաշտական արտաքին քաղաքականութիւնը «կրակի վրայ իւղ լեցնել» կը նշանակէ եւ միայն կը խորացնէ հարցերը»։
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ․- Դեռ չէ՞ք հասկցած, որ ձեր ցեղապաշտական արտաքին քաղաքականութիւնը
«կրակի վրայ իւղ լեցնել» կը նշանակէ եւ
միայն կը խորացնէ հարցերը»։
21 Յուլիս 2020
Ն․ Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ Թուրքիոյ մէջէն բարձրացող պահանջատէր հայութեան ԲՈՂՈՔԻ ՁԱՅՆին, որ ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆի խորհրդարանական իրաւասութեամբ հաշուետուութիւն կը պահանջէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար ՄԵՒԼՈՒՏ ՉԱՒՈՒՇՕՂԼՈՒէն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդին դէմ Ադրբեջանի գործած նախայարձակումին ԲԱՑԱՅԱՅՏՕՐԷՆ ԶՕՐԱԿՑԵԼՈՒ թրքական կառավարութեան ՀԱԿԱՀԱՅ ԿԵՑՈՒԱԾՔԻՆ վերաբերեալ։
Ինչպէս որ «Արմէնպրես» նշած է Յուլիս 20ի իր հաղորդումով՝ Փայլան Թուրքիոյ արտաքին նախարարին հարց տուած է․-
«Հայաստանի ու Ադրբեջանի միջեւ վերջին օրերին արձանագրուած հակամարտութիւնների արդիւնքում մահացան բազմաթիւ զինուորներ եւ քաղաքացիներ։ Երբ կողմերն իրար մեղադրում էին հակամարտութիւնը սկսելու մէջ, որպէս արտաքին գործերի նախարար յայտարարեցիք, թէ՝ «անընդունելի է Հայաստանի արածը։ Ադրբեջանը մենակ չէ։ Մենք, որպէս Թուրքիայի Հանրապետութիւն եւ թուրք ժողովուրդ, մեր բոլոր կարողութիւններով կանգնած ենք Ադրբեջանի կողքին»։
«Նման յայտարարութիւններով հանդէս եկան նաեւ Ա․Զ․Կ․ կուսակցութեան եւ հանրապետութեան նախագահ Ռեջեփ Թայիփ Էրդողանը եւ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը։
«Թուրքիան, որպէս Ադրբեջանի ու Հայաստանի միջեւ ծագած հակամարտութիւնների լուծմանը նպաստող Ե․Ա․Հ․Կ․ Մինսկի Խմբի անդամ, պէտք է աշխատէր լուծման ուղղութեամբ կամք արտայայտել, մինչդեռ այս լարուածութեան ժամանակ էլ ցեղային պատճառներով անկողմնակալ չեղաւ ու կատարեց լարուածութիւնը սաստկացնող յայտարարութիւններ։
«Ուստի՝
«- Հայաստանի ու Ադրբեջանի միջեւ ծագած հակամարտութեան մէջ ցեղայի՞ն պատճառներով է, որ կողմնակալութիւն էք ցուցաբերում։
«- Տակաւին չէ՞ք հասկացել, որ ցեղապաշտական արտաքին քաղաքականութիւնը «կրակի վրայ իւղ լցնել» է նշանակում եւ միայն ընդարձակում է հարցերը:
«- Թուրքիայի ռազմական արդիւնաբերութիւնը ցանկանում է աւելի շատ ռազմամթերք վաճառել Ադրբեջանին։ Լարուածութիւնն այս պատճառո՞վ է, որ սաստկացնում էք։
«- Մտածո՞ւմ էք Ադրբեջան զօրք ուղարկելու ուղղութեամբ:
«- Թուրքիան, եթէ ցեղ չէ՝ ինչո՞ւ է արտաքին քաղաքականութիւնը վարում ցեղապաշտական նկրտումներով։
«- Երբեմն յիշո՞ւմ էք արդեօք, որ Ե․Ա․Հ․Կ․ Մինսկի Խմբի անդամ էք, որը հիմնադրուել է Հայաստան-Ադրբեջան լարուածութիւնը նուազեցնելու նպատակով։
«- Դեռ չէ՞ք հասկացել, որ Կովկասի ապակայունացումը շահաբեր է միայն Ռուսաստանին։
«- Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Ադրբեջանի պաշտպանութեան նախարարութեան այն սպառնալիքը, ըստ որի՝ նրանք պատրաստ են հարուածելու Թուրքիա-Հայաստան սահմանին գտնուող ատոմակայանը»:
Բարի լոյս՝ ընդհանրապէս ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ վերանորոգման եւ վերաշխուժացման ծառայող ԻՐԱՒԱՏԷՐ ՁԱՅՆԵՐուն եւ նոյնինքն Թուրքիոյ ներսէն լսելի դարձող ՅԱՆԴՈՒԳՆ ԲՈՂՈՔին, որոնք յատկապէս ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ՅՈՐՁԱՆՔԻ ՀԱԿԱՀԱՅ ԲՈՐԲՈՔՄԱՆ այս ճգնաժամային օրերուն՝ կը փութան ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ԹԻԿՈՒՆՔը հայրենի հողը ՀԵՐՈՍԱԲԱՐ ՊԱՇՏՊԱՆՈՂ հայոց բանակին ու ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի։
Բարի լոյս՝ Ադրբեջանի նախայարձակման ետին ՆՈՅՆԻՆՔՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՍԱԴՐԱՆՔը մերկացնող եւ ՄԱՅՐ ՉԱՐԻՔին դէմ ԱՀԱԶԱՆԳ հնչեցնող Հայաստանի ԱԶԳԸՆՏԻՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ, որ ԱՆԱՌԻԿ ԿԸ ՊԱՀԷ ԱՄՐՈՑը՝ իր շուրջ համախմբելով ոչ միայն ՀԱՅՐԵՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆը, այլեւ Ազգի ու Հայրենիքի ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ գլխաւոր երաշխիքին՝ ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ մէջ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ գտած աշխարհասփիւռ հայութեան ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐը։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ