ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Բռնաւորներու․․․ ձեռքին մէջ ամէն ազնիւ ներշնչում, ուշ կամ կանուխ, մարդախողխող դաշոյնի կը փոխարկուի եւ պատուհաս կը դառնայ
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
«Բռնաւորներու․․․ ձեռքին մէջ ամէն ազնիւ ներշնչում,
ուշ կամ կանուխ, մարդախողխող դաշոյնի կը փոխարկուի
եւ պատուհաս կը դառնայ»։
14 Օգոստոս 2020
Ն․ Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ Պանք Օթոմանի գրաւման 124րդ տարեդարձը նշող հայ քաղաքական մտքի բոլոր գաղափարապաշտներուն, որոնք 14 Օգոստոս 1896ին Հ․Յ․Դ․ Պոլսոյ Կ․ Կոմիտէի նախաձեռնած եւ իրագործած Օսմանեան Դրամատունը գրաւելու գործողութեան մէջ կը գտնեն գաղափարական վերաթարմացման անկորնչելի ԱՒԱՆԴ։
Բարի լոյս՝ հայ յեղափոխական շարժման յառաջընթացին մէջ իր գերագոյն ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԵԱՄԲ բացառիկ ՆԵՐԴՐՈՒՄ կատարած ԲԱԲԳԷՆ ՍԻՒՆԻի հերոսական յանդգնութեան, որուն անդրադարձ կատարուած է Պանք Օթոմանի գործողութեան նուիրուած Յուշատետրի այսօրուան գրառումով։
Բարի լոյս՝ նաեւ մեր սերունդներու կտրած ՈՒՂԻի հունաւորման մէջ Բաբգէն Սիւնիի բացած գաղափարական լայն հորիզոնին, որուն խտացումը կը հանդիսանայ մինչեւ այսօր իր այժմէական նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը պահած Բ․ Սիւնիի ՊԱՏԳԱՄը՝
«Կառավարութիւն մը հանրային իղձերու մարմնացումը եւ անոնց արդար գործադիրը պիտի ըլլայ. բայց այդպէս չեն ըլլար բռնաւորները. ուրեմն հարկ է, որ հասարակութիւնը իր բարի ցանկութիւնները չվստահի այդ տեսակ ապիկարներու, որոնց ձեռքին մէջ ամէն ազնիւ ներշնչում, ուշ կամ կանուխ, մարդախողխող դաշոյնի կը փոխարկուի եւ պատուհաս կը դառնայ խաղաղ ժողովուրդներու»։
Բարի լոյս՝ մեր ժամանակներուն վրայ եւս լոյս սփռող Հայկական Յեղափոխութեան ԱՆՁՆԴԻՐ ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒ գաղափարական ԿՏԱԿԻՆ, որ սերունդէ սերունդ կը շարունակէ ազդարարել մեր ժողովուրդին եւ բոլոր ժողովուրդներուն, թէ ամէնուր ՉԱՐԵԱՑ ԱՂԲԻՒՐը մէկ ու միակ է՝ նոյնինքն ԲՌՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՏԻՐԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆ է։
Բարի լոյս՝ 23 տարեկանին Ազգի եւ Հայրենիքի ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ու ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ համար իր գերագոյնը ընծայաբերած Բաբգէն Սիւնիի ԿՏԱԿԱԾ պայքարի ՈՒՂԻԻՆ՝
– Բռնաւորներուն հարկ է չվստահիլ որեւէ «ազնիւ ներշնչում», որովհետեւ ամէնէն ՍՈՒՐԲ ԳԱՂԱՓԱՐն իսկ ԲՌՆԱՒՈՐՆԵՐԸ ուշ կամ կանուխ կը պարպեն ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ իր իմաստէն եւ ԿԸ ՓՈԽԱԿԵՐՊԵՆ «մարդախողխող դաշոյնի»՝ դամոկլեան սուրի պէս պատուհաս դառնալով ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԾԱՐԱՒ ԽԱՂԱՂ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ