Նաճարեան Մովսէս – Սեռերու խնդիրը՝ – էակներու, բնագիտութեան, քիմիայի եւ լեզուաբանութեան մէջ

ԲԱՐԻ ԳԱԼՈՒՍՏ ԽՈՅԻ(ՀԱՅԻ) ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԻՆ, ՈՐԸ ՊԻՏԻ ՋՆՋԻ ՁԿԱՆ ԹՈՂԱԾ ԱՐՀԱՎԻՐՔԸ, ՈՐԸ ԳԼԽԻՑ ԱՐԴԵՆ ՀՈՏԱԾ ԷՐ...

Նաճարեան Մովսէս – Սեռերու խնդիրը՝ – էակներու, բնագիտութեան, քիմիայի եւ լեզուաբանութեան մէջ

17 Յուլիս, 2020 – ՄՇԱԿՈՅԹ – ԳԻՏԱԿԱՆ:

Սեռերու խնդիրը՝

էակներու, բնագիտութեան, քիմիայի եւ լեզուաբանութեան մէջ

Նաճարեան Մովսէս Անդրանիկի

Հայ դպրոցականը երբ կը ծանօթանայ որեւէ օտար լեզուի քերականութեան՝ զարմանքով կը նկատէ, որ այդ լեզուին մէջ, օրինակ ռուսերէնի, ֆրանսերէնի կամ արաբերէրնի մէջ իւրաքանչիւր գոյական անուն (իր) ունի իր սեռը, իսկ հայերէնը չունի այդպիսի երեւոյթ։ Եւ բնականաբար, հայ երեխան հարց կուտայ, թէ ինչպէ՞ս կրնայ դուռը կամ պատուհանը արական (արու) կամ իգական (էգ) կամ ալ նոյնիսկ չէզոք ըլլալ։

Մի՞թէ անոնք ապրող էակներ են։ Իսկ չէզոքը ո՞րն է։ Այդպիսի մարդիկ ալ կա՞ն, որոնք ոչ արու են, ոչ ալ էգ, կամ երկսեռ են։

Քիմիայէն գիտենք, որ բնութեան մէջ իսկապէս առկայ են նիւթեր, որոնք ունին դրական կամ բացասական բեւեռայնութիւն, ինչպէս մետաղներու պարագային։

Առհասարակ այդ հակառակ բեւեռի նիւթերը երբ կը միախառնուին՝ կը տարբաղադրուին եւ կ՛ունենանք երկուքէն բաղադրուած նոր նիւթ մը։ Իսկ նոյնաբեւեռ նիւթերը իրարու հետ չեն տարբաղադրուիր, կը մնան ինչպէս որ կան։

Խօսինք մագնիսի օրինակով, որն ունի երկու բեւեռ, եւ երբ մէկ այլ մագնիս հակառակ բեւեռով կը մօտեցնենք՝ իրարու կը միանան։ Իսկ նոյն բեւեռները զիրար կը վանեն։

Բնութեան մէջ աշխարհը չունի չէզոք սեռով նիւթեր։

Կան աննիւթական չէզոք սեռ ունեցող գազեր, որոնք միացութիւններ չեն ունենար, այլ կրնան խառնուիլ իրարու, առանց կորսնցնելու իրենց բնոյթը։

Կենդանական աշխարհը նոյնպէս ունի երկբեւեռայնութիւն, արու եւ էգ բնութագիրներով։ Ասոնք ալ կրնան իրարու միանալ եւ ծնունդ պարգեւել իրենց տեսակին պէս, ինչպէս տղամարդու եւ կնոջ միացումէն ծնուող մանուկը։

Նոյնաբեւեռ միասնութիւնը անբնական է, եւ միայն մարդկային հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունեցող հիւանդագին երեւոյթ մըն է, որն անպտուղ է, միեւնոյն ժամանակ աղբիւրն է անբուժելի հիւանդութիւններու, ինչպիսին սպիդն է։

Սակայն ուրկէ՞ յառաջացած է չէզոք սեռ եզրը եւ ի՞նչ կը ներկայացնէ։

Քիմիայի մէջ որոշ հակոտնեայ բեւեռներով նիւթեր իրարու հետ շփման պարագային կրնան անտարբեր մնալ իրարու հանդէպ, այսինքն՝ չեն տարբաղադրուիր իրարու հետ։ Քիմիկոսը գիտէ զանոնք բորբոքելու ձեւը։

Ան մոմ մը կը վառէ այն ամանին տակ, որուն մէջ իրարու խառնուած տուեալ նիւթերը ջերմութեան առկայութեամբ՝ իրարու հանդէպ կ՛աշխուժանան ու կը տարբաղադրուին, վերածուելով նոր նիւթի մը։ Ուրեմն “ջերմութիւն”-ը օժանդակ պայման մըն է, սխալ խօսքով՝ “չէզոք սեռ” է։

Այս պատկերը առկայ է նաեւ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ։ Անծանօթ տղայ մը եւ աղջիկ մը կրնան յաճախ գտնուիլ նոյն միջավայրին մէջ, բայց անտարբեր կ՛անցնին։

Երրորդ անձ մը ուշադրութիւն կը դարձնէ եւ հրապարակայնօրէն իր հիացմունքը կ՛արտայայտէ, ըսենք աղջկան նկատմամբ, որուն հետեւանքով տղու հետաքրքրութիւնը կ՛առաջացնէ անոր հանդէպ, որ եւ կրնայ փոխադարձ սիրոյ վերածուիլ։

Երրորդ անձը պատճառ կը հանդիսանայ անոնց սիրոյն, բայց ֆիզիկական ներկայութիւն չ՛ունենար երկուքի սիրոյն մէջ։
Ան կրնայ տղամարդ կամ կին ըլլալ, բայց չէզոք դիրք կ՛ունենայ։

Առակս ցոյց կուտայ, որ չէզոք սեռ ըսլելով պէտք չէ իյնալ թիւրիմացութեան մէջ, ու հասկնալ այդպիսի սեռի մը գոյութիւնը իրականութեան մէջ։ Աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ “չէզոք սեռ” եզրի փոխարէն օգտագործել “օժանդակ անձ” կամ “օժանդակ պայման” եզրը։

Սակայն մենք գիտենք, որ կան մարդիկ, որոնք ի ծնէ կ՛ունենան հորմոնային խախտումներ։ Մարդիկ անոնց կուտան ածականներ, զանոնք “տղամարդ-կին”, կամ “կնավարի տղամարդ” կոչելով։

Սա երբէք չի նշանակեր, որ անոնք իրենց բնատուր սեռին հակառակ՝ ունին այլ բնոյթ։ Անոնք պարզապէս բուժման կարիք ունին։

Բնութիւնը մեզի տուած է միջոցներ, որոնցմով կարելի է այդ տեսակ մարդկանց հորմոնները կարգաւորել եւ ամրապնդել անոնց սեռի յատկանիշները։

Կան ուտելիքներ, որոնք ունին արական կամ իգական բնոյթի յատկանիշներ։ Տղամարդու արական հորմոնները զօրացնելու համար՝ ան պիտի սնուի արական բնոյթ ունեցող ուտելիքներով, իսկ կնոջ իգական հորմոնները զօրացնելու համար՝ ան պիտի սնուի իգական բնոյթ ունեցող ուտելիքներով։

Ինչպէ՞ս զանազանել այդ երկու ուտելիքներու տեսակները։

Մարդ արարածին թելադրուած նախնական եւ հիմնական ուտելիքներն են ընդեղէններն ու պտուղները։

Ընդեղէններու շարքին են հացահատիկն իր տարբեր տեսակներով, ցորեն, գարի, հաճար, եգիպտացորէն, հնդկացորեն, լոբի, սիսեռ, ոլոռ, ոսպ, եւայլն, որոնք ունին արական բնոյթ։

Պտուղներէն անոնք՝ որոնց կեղեւին եւ կորիզին միջեւ կայ “մսային” մաս, այսինքն բուն ուտելիքը, իգական բնոյթ ունին, ինչպէս խնձորը, տանձը, սալորը, եւայլն։

Կան պտուղներ՝ որոնց կեղեւին ու միջուկին միջեւ չկայ մսային մաս, ինչպէս ընկոյզը, պնդուկը, նուշը, շագանակը, եւայլն, որոնք ունին արական բնոյթ։

Եկէք այս սնունդներով օգնենք խախտուած հորմոններով մարդկանց, որ զօրացնեն ի ծնէ իրենց պարգեւուած սեռի յատկանիշները, ու դառնան լիարժէք անհատներ։

Առողջ եղէք։

Կարեւոր լրացում մը ընենք։

Բոլորս ալ գիտենք, որ երկաթը ջուրի մէջ կը ժանգոտի, բայց ատոր համար ժամանակ պէտք է։ Ուրեմն այդ ընթացքին նպաստող ժամանակը՝ “օժանդակ պայման” է։

Ելեկտրական հոսանքն ունի երկու լար, դրական լիցքով ու բացասական լիցքով։ Առանց մէկուն՝ միւսը լոյս չի տար։

Շօշափելի նիւթերու եւ շնչաւոր էակներու ֆիզիկական միացութիւններուն հիմքը բեւեռային-սեռային տարբերութիւնն է։

Իսկ Էլեկտրոնիկայի մէջ բեւեռացուած երկու ծայրերուն կողքին՝ կայ նաեւ երրորդ ելուստ մը։

Ի՞նչ է անոր գործառոյթը։

Ամփոփ ձեւով սերտենք էլեկտորնիկայի աշխատանքային սկզբունքը՝ անոր գիւտի օրերուն, երբ տրանզիստորներ դեռ չկային, ու առաջին ռադիօ սարքներն ու հեռուստացոյցները կ՛աշխատէին լամպերով։

Այդ լամպերու գլխաւոր բաղադրիչներն էին երեք ոտքերը, մէկը դրական լիցքով, միւսը՝ բացասական, որոնց միջեւ կար էկրան կոչուող մետաղաթերթիկ մը։

Այդ թերթիկի պարտականութիւնն էր մէկ բեւեռէն միւսին փոխանցուող ելեկտրական հոսանքի հոսքը արագացնել կամ դանդաղցնել, ըստ պահանջի։

Այսինքն թերթիկը երկու բեւեռներու յարաբերութիւնը կարգաւորելու դերն ունէր, ինչպիսին էր վերը նկարագրուած տղու եւ աղջկայ յարաբերութեան օժանդակող երրորդ անձը։

Այսքանը “չէզոք սեռ” ճանչցուած “օժանդակ պայման”-ի մասին։

Բնութեան եւ հասարակական կեանքի մէջ կան այլ որակի միացութիւններ եւս, որոնց հիմքը սեռայնականութիւնը կամ բեւեռայնականութիւն չէ։

Յայտնի է ածխային միացութիւններու պարագան։ Բոլորս ալ գիտենք, որ ածուխ-կարբոնը կենդանական ծագում ունի, որմէ ալ ադամանդը։

Ածխային միացութիւնները չունին դրական-բացասական բեւեռայնական հիմք։ Անոնք նման են մեր մարմնի բջիջներու միացութիւններուն, նաեւ մարդկային հասարակական միաւորումներուն, երբ նոյն սեռն ունեցող մարդիկ կ՛ընկերանան համախոհ ըլլալով նոյն ուսմունքին, նոյն իդեալին՝ միասնաբար ծառայելու համար նոյն նպատակին։

Այստեղ գործող միաւորը միտքն է, գիտակցութիւնն ու գաղափարական ներդաշնակութիւնը, սէրը, հաւատքն ու վստահութիւնը իրարու հանդէպ։

Եթէ այդ ընկերական կապն ունենայ կուռ համակարգային հիմքեր՝ ան կը դառնայ անքակտելի, եւ կ՛ունենայ արդիւնաւետութիւն։

Սա լեզուի մէջ կ՛արտայայտուի նախադասութիւններու կուռ կառուցուածքով, մտքի բովանդակութեան յստակ
շարադասութեամբ։

Այսքանէն ետք կը կարծենք, որ աւելի դիւրին է անդրադառնալ լեզուի սեռայնականութեան խնդիրներուն։

Քանի որ բնութեան մէջ առկայ են երկու սեռերն ու չէզոք կամ օժանդակ պայմանները՝ ապա անոնք պիտի արտայայտուին լեզուի մէջ ալ։

Այն լեզուները, որոնք ունին միայն արական ու իգական բնոյթի բառեր՝ կը նշանակէ, որ այդ ժողովուրդներու լեզուամտածողութիւնը ելեկտրականութեան մակարդակի վրայ է, այսինքն դրական եւ բացասական բեւեռներու հարթութեան վրայ է։

Երկրաչափութեան եւ հանրահաշուի մէջ սա կը կոչուի X եւ Y-ի երկչափ համակարգ։ Նկարչութեան մէջ ալ երկչափ հարթութեան դաշտն է։

Իսկ այն լեզուները, որոնք ունին նաեւ բառերու չէզոք կամ օժանդակ տեսակը՝ ապա զանոնք օգտագործողներու մտածողութիւնը հասած է էլեկտրոնային մակարդակի, այսինքն X, Y, Z եռաչափ հարթութեան համակարգի։

Ի հարկէ լեզուի մէջ եւ առհասարակ կայ նաեւ քառաչափ հարթութեան համակարգ, որուն այստեղ չենք անդրադառնար։

Ներկայացնենք հանելուկ մը։

Հայերէնի քերականութիւնն այսօր չունի՛ բառերու սեռային տարբերակիչներ։ Այդպիսին է նաեւ անգլերէնը՝ բացի he, she, it տարբերակիչներէն։

Միամիտ չըլլաք, մեր լեզուն բացառութիւն չէ, ոչ ալ շինծու կամ արհեստական լեզու է, ինչպէս էսպերանտօ կոչուածը, որ չունենայ բառերու սեռեր, եւ զանոնք զանազանող միջոցներ։
Խօսինք օրինակով մը եւ համեմատութեամբ։

Հայերէնի մէջ ունինք “Ծաւ” արմատ բառը, որու հոլովուած “Ծաւի” ձեւը կը նշանակէ երկնագոյն։

Հարց։

Եթէ “Ծաւի”-ն երկնագոյն է, ապա եթէ կրնաք, անոր մէջ ինծի ցոյց տուէք “երկինք”-ը։

Պիտի մտածէք, որ այս մարդը ցնդաբանութիւն կ՛ընէ։
Հազար անգամ ոչ։

“Ծաւ”-ի մէջ “ա”-ն ցոյց կուտայ բառիս արական բնոյթը։
“Ա”-ի հակադիր իգական բնոյթը ներկայացնող այբուբենի տառը “Ո”-ն է։ Փոխարինենք “Ծաւ”-ի “ա”-ն “ո”-ով, կ՛ունենանք “Ծու”, որն աշխարհաբարի մէջ դարձած է “Ծով”։

Առակս ցոյց կուտայ, որ ծովը երկրային է (ստորինը կամ իգականը), իսկ ծաւը երկնային կամ արական բնոյթի ծովն է, երկնային ովկիանոսն է, որուն մասին գրուած է Աստուածաշունչի մէջ, թէ Աստուած ջուրերը բաժնեց վերին եւ ստորին ջուրերու։

Այստեղ այսքանով բաւարարուինք։

Երբ ռուսերէն լեզուի բարձրակարգ մասնագէտին հարցուցի, թէ ինչու “վեդրօ”-“դոյլ” բառը չէզոք է, ան բերաւ բառի վերջաւորութեան դրուած “օ” տառի առկայութեան փաստը։

Ըսի, թէ ի՞նչ տրամաբանութեամբ ան կ՛աւարտուի “օ”-ով՝ այսինքն չէզոք սեռը ներկայացնող տառով, եւ ոչ թէ այլ սեռ ներկայացնող տառով։

Ան արդարացաւ, որ այդպէս է աւանդուած։ Այլ պատասխան չունէր։

Այստեղ պարզուեցաւ, որ ակադեմիական լեզուաբանները լեզուները չեն քններ իմաստասիրական տեսանկիւնէ։

Մեր բացատրութիւնը։

Երբ ձեւաւորուեցաւ դոյլը՝ ան դատարկ էր եւ ունէր իգական բնոյթ։ Երբ անոր մէջ ջուր լեցուցինք՝ ան ձեռք բերաւ ուրիշ ամաններ լեցնելու ունակութիւն, այսինքն՝ արական բնոյթ։ Բայց երբ պարպուեցաւ՝ կրկին ձեռք բերաւ իգական բնոյթ։

Ահա այդ ժամանակաւոր փոփոխութիւններուն պատճառով ալ՝ ան “չէզոք սեռ”-ին կը պատկանի։

Ռուսերէնի բարձր որակեալ այդ մասնագէտը լսելով իմ բացատրութիւնս՝ յայտարարեց, որ սա իր գործը չէ։

Հապա որո՞ւն գործն է։

Մարդիկ չե՛ն ուզեր մտածել։

Սա գիտէ՞ք ինչ կարեւոր նշանակութիւն ունի ճանաչողութեան համար։

Մեծ մտածողները, հին եւ նոր փիլիսոփաները կ՛ըսեն, որ կինը առեղծուածային էակ է։

Այդ առեղծուածի բանալին դոյլի երեւոյթին մէջն է։

Դոյլի հետ համեմատելով կը պարզուի, որ առհասարակ էգ կենդանիներն ի սկզբանէ իգական բնոյթ ունին, լեցուելու ունակութիւն ունին։ Բայց երբ կը լեցուին՝ այսինքն կը բեղմնաւորուին, արականի յատկանիշներ ձեռք կը բերեն, քանի որ պիտի պտուղ տան։

Պտղաբերելէ ետք ի հարկէ անոնք կը վերադառնան իրենց սկզբնական բնոյթին։

Սակայն կարելի է նկատել, որ մայրանալէ ետք՝ անոնք արուներէն աւելի առնականութիւն կը ցուցաբերեն, ամեն գնով կը պաշտպանեն իրենց ստեղծագործութիւնը, նաեւ բնազդով կերակրելով ու խնամելով զանոնք։

Մինչդեռ արուները այդքան ալ չեն մտահոգուիր իրենց սերունդով, անոնց խնամքով, քանի որ իրենց սերմատւութիւնը մշտական է։ Տղամարդկանց պարագան ի հարկէ կը տարբերի կենդանիներէն, սակայն միեւնոյն է, անոնց գլխաւոր գործառոյթը աւելի շատ մտաւոր ստեղծագործութիւնն է, քան սերնդատւութիւնը։

Վերջին հաշուով, այն կանայք որոնք չեն պտղաբերած՝ իգական բնոյթ ունին, կանացի են, նուրբ ու նազուկ են, իսկ պտղաբերածներն իրենց փոփոխուող բնոյթով՝ ” չէզոք սեռ”-ի յատկանիշներ ունին, ուստի եւ “առեղծուածային” են, բայց եւ այնպէս, երբէք արու չե՛ն կրնար դառնալ։

Նոյն սկզբունքով ստեղծուած է էլեկտորնիկայի մէջ յայտնի n-p-n (negative-positive-negative) ապա եւ p-n-p (positive-negative-positive) տրանզիստորներու կառուցուածն ու գործառոյթը։

Պարզաբանենք, որ կենդանական աշխարհի երկու հակոտնեայ սեռերն ալ ունին ընդհանրութիւններ, որոնց հետ պէտք չէ շփօթել սեռային տարբերութիւնները։ Ըսենք, տղամարդն ալ կը ճաշէ, կինն ալ։ Այսինքն երկուքն ալ կը լեցուին ու կը պարպուին։

Սակայն անոնց տարբերութիւնը իրենց հիմնական գործառոյթին մէջ է։ Սա գրեցինք, որպէսի էլեկտրոնիկայի p-n-p երեւոյթը ձեզ չապակողմնորոշէ։ Արական էութիւնն իր սեռը չի փոխեր, բայց գիտենք, որ հիւանդութեան պատճառով կրնայ կորսնցնել իր ֆիզիկական ունակութիւնը, սակայն անոր բուն էութիւնը մտաւոր ստեղծագործ աշխատանքն է, ինչը մինչ ի մահ կրնայ բանեցնել։
Ըմբռնողին՝ խոնարհումս։

Առողջ եղէք։

17 Յուլիս, 2020 թ․

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail