Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – ՈՏՔԻ, ՀԱՅԵ՛Ր, ՄԵՆՔ ԲՈԼՈՐՍ ԶԻՆՈՒՈՐ ԵՆՔ – ՍԱ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ԿՌԻՒՆ Է

The Mountain Lions, the Artsakh Defense Army

Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – ՈՏՔԻ, ՀԱՅԵ՛Ր, ՄԵՆՔ ԲՈԼՈՐՍ ԶԻՆՈՒՈՐ ԵՆՔ – ՍԱ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ԿՌԻՒՆ Է

05 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Նամակ երկրէն

ՈՏՔԻ, ՀԱՅԵ՛Ր, ՄԵՆՔ ԲՈԼՈՐՍ ԶԻՆՈՒՈՐ ԵՆՔ

Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի ռազմաքաղաքական իշխանութիւնները կատղած են, մոլեգնած: Կատղած են, որովհետեւ տարիներ շարունակ ռուսական, իսրայէլեան, թրքական եւ այլ գերժամանակակից զէնքերով զինուող Ադրբեջանը ոչ մէկ յատկանշական յաղթանակ արձանագրած է Արցախի, իմա՝ հայ ժողովուրդի դէմ շղթայազերծած այս պատերազմի ընթացքին:

Կատղած են, որովհետեւ հակառակ անհամեմատելիօրէն մեծաթիւ գրոհայիններով շարունակական յարձակումներուն, հայկական քաղաքներու եւ գիւղերու հրետանակոծումներուն, հակառակ թրքական բանակի յատուկ ջոկատայիններուն, ճիհատիսթական ահաբեկիչներուն՝ Արցախն ու հայութիւնը 8 օր շարունակ կը մնան կանգուն, եւ ուժեղ հակահարուածներով ոչ միայն կը դիմադրեն թշնամիի գրոհներուն, այլեւ մահացու, մեծ վնասներ կը պատճառեն անոր եւ հակայարձակումներով յօդս կը ցնդեցնեն անոնց ռազմական, ու նաեւ քաղաքական ծրագիրները:

Թուրքիան եւ Ադրբեջանը կատղած են, որովհետեւ հակառակ Արցախի ճակատները ճեղքելու, հսկայական տարածքներ գրաւելու, քաղաքներն ու գիւղերը քար ու քանդ ընելով Արցախը հայաթափելու, եւ այդ ճամբով Հայաստանն ու հայութիւնը ծունկի բերելու իրենց ցեղասպանական ծրագրին, այսօր իրենց դէմ ժայռի պէս կանգնած կը տեսնեն ոչ միայն հայկական երկու պետութիւնները, այլեւ հայ ժողովուրդը ամբողջութեամբ, հայրենիքի ամենածայրամասային գիւղերէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր անկիւնները:

Թուրքիան եւ Ադրբեջանը կատղած են, որովհետեւ մասսայական բնաջնջման իրենց զէնքերուն, իրենց ամենաահեղ ռումբերուն, իրենց անօդաչու կործանիչներուն, իրենց ճիհատիսթ ահաբեկիչներուն, իրենց լաւագոյն զինուորներուն ու մասնագէտներուն դիմաց յայտնուեցաւ հայկական ամենահզօր, ամենադիմացկուն եւ երբեք չընկրկող ու չպարտուող զէնքը՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ: Այսօր, հայութիւնը դարձած է մէկ հզօր բռունցք, ու Հայաստանի եւ Արցախի ռազմաքաղաքական իշխանութիւններուն հետ՝ մէկ հոգի ու մէկ մարմին: Եւ այս ուժը անխորտակելի է: Այս ուժը ծունկի չի գար ոչ ռուսական Սմերչով, ոչ իսրայէլեան Հարոբով, ոչ թրքական պայրաքտարով եւ ոչ ալ ամերիկեան F-16 տիպի օդանաւերով:

Ալիեւն ու Էրտողանը կատղած են, ճիշդ է, բայց դեռ չեն հրաժարած Հայաստան աշխարհի այս վերջին կտորը ՀԱՅԱԹԱՓԵԼՈՒ իրենց ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ծրագրէն: Եւ իրենց ունեցած ամբողջ կարողականութիւնը, ռազմական ամբողջ հզօրութիւնը, իրենց մարդուժն ու տնտեսական կարողութիւնը լարած են մի բուռ հայութեան դէմ:

Կատղած են, եւ ի տես հայկական միասնական ուժի հզօրութեան, ամէն օր աւելի մեծ ուժեր, աւելի մեծ ռազմական տեխնիկա, աւելի մեծ բանակ, աւելի մեծ թիւով ահաբեկիչներ կ’ուղարկեն ռազմաճակատ, եւ միջազգայնօրէն արգիլուած հրթիռներով կը ռմբակոծեն Ստեփանակերտն ու հայկական այլ գիւղեր ու քաղաքներ:

Հայ ժողովուրդի այս գոյամարտը, Հայաստան աշխարհի կենաց-մահու այս պատերազմը օրէ օր աւելի վայրագ կը դառնայ, հայ երիտասարդ տղաքն ու աղջիկները ռազմադաշտ կը նետուին մէկ թիզ հող թշնամիին չտալու, արեան մինչեւ վերջին կաթիլ առիւծի կռիւ մղելու անխորտակ ոգիով եւ վճռակամութեամբ:

Իսկ անդին, Բաքուի եւ Անգարայի բորենիները, Արցախեան ճակատի վրայ իրենց պարտութիւններէն յետոյ, աւելի եւս կ’ընդարձակեն կրակի գօտին, եւ ոեւէ պահու կրնան բռնկեցնել Հայաստան-Ադրբեջան, Հայաստան-Նախիջեւան սահամանային բոլոր ռազմաճակատները, Հայաստանը քամելու, մաշեցնելու եւ ի վերջոյ ծունկի բերելու յստակ մտադրութեամբ:

Այս պատերազմը իրապէս մեր ՆՈՐ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏՆ է: Այս պատերազմը ոչ թէ Արցախի խնդիր է այլեւս, այլ հայ ժողովուրդի ու Հայաստան աշխարհի լինելութեան խնդիր: Այս պատերազմը իւրաքանչիւր հայու պատերազմն է, աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուի ան:

Ուրեմն ոտքի՛, Շիրակէն մինչե Սիտնի, Մարտակերտէն մինչեւ Լոս Անճելըս, Վարդենիսէն մինչեւ Թորոնթօ, Հադրութէն մինչեւ Փարիզ եւ Լոնտոն: Ոտքի՛, յանուն հայրենիքի փրկութեան: Իւրաքանչիւրս կռուող ենք այսօր:

Զինուոր ենք՝ ռազմաճակատին վրայ թուրք բարբարոս գրոհայինները ոչնչացնելով, զինուոր ենք՝ հիւանդանոցներուն մէջ վիրաւորներուն բուժելով, զինուոր ենք՝ փլատակ տուներու բնակիչներուն օգնութիւն հասցնելով, զինուոր ենք՝ հիւանդանոցներուն արիւն նուիրելով, զինուոր ենք՝ եղբայր, ամուսին կամ հայր կորսնցուցած ընտանիքի մը օգնելով եւ մխիթարելով, զինուոր ենք՝ դեսպանատուներու առջեւ ցոյցերու մասնակցելով, զինուոր ենք՝ լոպպիստական աշխատանքներուն մասնակցելով, զինուոր ենք՝ այս գոյամարտին նուիրած մեր գումարներով:

Եւ եթէ կաթիլ մը հայկական արիւն, հայկական շունչ, հայկական ոգի ունինք մեր մէջ, ուրեմն բոլորս ոտքի՛, բոլորս՝ զինուորական մեր պարտականութիւնը կատարելու, աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուինք:

Այս պատերազմը մենք պիտի յաղթենք պատիւով: Մենք այլ տարբերակ, մենք այլ ճար չունինք: Յաղթանակը մեր արիւնով կերտուող ճակատագիրն է պարզապէս: Եւ վստահաբար, մեր բոլորիս համատեղ ճիգերով, մեր միասնական պայքարով՝ ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ:

Րաֆֆի Տուտագլեան
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com

Րաֆֆի Տուտագլեան
Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail