Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – Անկախութեան այս անպարտելի սերունդը – Անկախութեան այս անպարտելի սերունդը

Անկախութեան այս անպարտելի սերունդը

Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – Անկախութեան այս անպարտելի սերունդը – Անկախութեան այս անպարտելի սերունդը

09 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Անկախութեան այս անպարտելի սերունդը

Նամակ երկրէն

Պատմողը Արցախի մէջ երկար տարիներ աշխատած լիբանանցի արաբ քրիստոնեայ ծանօթս է, Միշէլը: Թուրք-ադրբեջանական եւ ճիհատիսթ ահաբեկիչներու հայութեան դէմ յայտարարած պատերազմի առաջին քանի մը օրերուն Ստեփանակերտ էր, ուր երկար տարիներ ապրած էր եւ աշխատած իբրեւ հեռահաղորդակցութեանց մասնագէտ: Երկու օր առաջ պատահական հանդիպում մը ունեցայ հետը, ըսաւ, որ վերջերս եկած էր Ստեփանակերտէն եւ կը պատրաստուէր Լիբանան վերադառնալու: Գոհ էր, որ իր ընտանիքին պիտի վերադառնար եւ այդ պատճառով տրամադրութիւնը բաւական լաւ էր: Բայց զիս տեսաւ չափազանց տխուր, անտրամադիր եւ անհաղորդ:

– Գիտեմ, պատերազմ է, բոլորս ալ մտահոգ ենք, բայց ինչո՞ւ այսքան տխուր ես, դուն յաճախ աւելի մարտունակ տրամադրութիւն կ’ունենաս այս տեսակի պայմաններու տակ: Երբեք քեզի այսպէս չեմ տեսած: Ի՞նչ պատահած է, հարցուց Միշէլ, երբ երկար պնդումներէ ետք համաձայնեցայ թէյ մը խմել իր հետ:

Բացատրեցի, որ կէսօրին վատ լուր ստացած եմ: Լաւ էի մինչեւ կէսօր, մանաւանդ երբ Արցախի հարաւը մեր բանակի սխրագործութիւններուն մասին լուրերը ստացայ: Բայց կէսօրէ յետոյ տրամադրութիւնս փճացաւ: Երկու հոգի, որոնց հետ ընկերական կապեր ունեցած եմ, նահատակուեցան Արցախի մէջ: Երկուքն ալ լաւ մարդիկ, ընտանիքի հայր, մէկը՝ Այնճարէն, միւսը՝ Թորոնթոյէն: Երկուքն ալ չկան այսօր, իրենց արիւնը նուիրեցին հայրենիքին, բազմաթիւ այլ զինուորներու եւ կամաւորներու նման, այսօր հպարտութիւնս եւ ցաւս խառնուած են իրար, սիրտս կը ճզմեն, կոկորդս կը սեղմեն…

– Գիտեմ, ըսաւ Միշէլ, Գէորգը Լիբանանի մեր հարեւան գիւղէն է, Այնճարէն… լսեցի ահաւոր լուրը եւ խորապէս կը ցաւակցիմ, բայց ըսեմ, որ դուք հրաշալի ժողովուրդ եք, ես կեանքիս մէջ չեմ մոռնար այստեղ եւ Ստեփանակերտի մէջ տեսածներս ու ապրածներս: Ցաւդ կը հասկնամ, բայց դուք, անկեղծ կ’ըսեմ, հպարտ պէտք է ըլլաք ազգովին: Ես այս ժողովուրդին ուժը հասկցայ հիմա՛, պատերազմի այս օրերուն, եւ միայն կը խոնարհիմ ձեր առջեւ:

Պատմեց, որ Սեպտեմբեր 27-ին Ստեփանակերտի իր բնակարանը հանգիստ կը քնանար, երբ առաջին անօդաչու սարքերն ու ռումբերը պայթեցան քաղաքի տարբեր կառոյցներու վրայ իյնալով:

– Անկողինէս սարսափած վեր թռայ եւ պահ մը տեղս կանգնած մտածեցի, թէ ի՞նչ կը պատահի: Յետոյ անդրադարձայ, որ քաղաքը կը ռմբակոծուի: Մեծ զգուշութեամբ մօտեցայ ննջարանիս պատուհանին եւ ուզեցի տեսնել, թէ ու՞ր ինկած են ռումբերը: Մինչ պատուհանէն աջ-ձախ կը նայէի՝ պայթումի վայրերը գտնելու համար, անդրադարձայ, որ ահագին մեծ շարժ կայ փողոցներուն վրայ: Տղամարդիկ էին, որոնք բոլորն ալ կը վազէին իրենց կամ ընկերներու եւ հարեւաններու ինքնաշարժերուն, զինուորական համազգեստներն ու կոշիկները շալկած: Անոնցմէ ոմանք համազգեստներն ու կոշիկները հագնելու սկսան ճամբուն մէջտեղ կան մեքենաներուն մէջ: Ո՛չ մէկ ընկրկում, ո՛չ մէկ տարակուսանք, ո՛չ մէկ շուարած վիճակ: Քառորդ ժամ չանցած, բոլորն ալ կազմ ու պատրաստ էին կը շտապէին դէպի զօրակայան, կամ հոն, ուր պէտք է ըլլային, պատմեց Միշէլ:

Եւ ապա շարունակեց.

– Յաջորդող օրերուն Ստեփանակերտը սկսաւ ռմբակոծուիլ: Հրթիռներ տեղացին մեր ընկերութեան շէնքին վրայ: Մենք պէտք է ապահովէինք կապը, չէինք կրնար թողել երթալ: Աշխատանքի էինք ռումբերու տակ, ամէն ինչ կ’ընէինք արագ վերականգնելու հաղորդակցութիւնը եւ վերացնելու հրթիռներու հետեւանքները: Կողքիս էր Էդկարը, մեր հին գործընկերը, լաւ մասնագէտ: Կեդրոնացած էր իր աշխատանքին վրայ, օրական 24 ժամ, հրթիռներն ու պայթումի ահեղ ձայները ոչ մէկ ձեւով կը խանգարէին զինք: Զինուորի վերածուած էր՝ իր աշխատավայրին մէջ: Յանկարծ հեռաձայն ստացաւ, կինն էր: Տեղեկացուց, որ իրենց զինուոր զաւակէն օրերէ ի վեր լուր չունի եւ տեղեկութիւններ կան, որ խումբ մը այլ զինուորներու հետ ինկած է պաշարման մէջ եւ օրհասական կռիւներ կը մղեն: Էդկար պահ մը դադրեցուց աշխատանքը, ոտքի կանգնեցաւ, խոր շունչ մը առաւ եւ ապա նստելով, շատ աւելի կեդրոնացած, շատ աւելի բուռն թափով լծուեցաւ իր աշխատանքին: Ոչ մէկ ընկրկում, ոչ մէկ խօսք, ոչ մէկ տատամսում: Զինուոր էր ինքն ալ, իր զաւակին նման: Զաւակը կը կռուէր մարտադաշի վրայ, ինքը՝ իր գործատեղիին:

Միշէլ պահ մը լռեց, ինքն ալ յուզուած էր իր պատմութենէն, եւ շարունակեց.

– Ինչպէս մոռնամ Լեւոնը, մեր լաւագոյն տեխնիկական աշխատողներէն: Մէկ վայրկեան դադար չէր առներ, գիտեր, թէ ինչքան կարեւոր է իր գործը՝ երկրին համար ընդհանրապէս: Առաջին օրը տեղեկացուցին, թէ ռումբերէն ինքնաշարժը ամբողջութեամբ այրած է: Երկրորդ օրը, առաւօտուն, լուռ ստացաւ, թէ հրթիռ ինկած է բնակարանին վրայ: Կէսօրէ յետոյ աւելի վատ լուր, տեղեկացուցին, որ քրոջ ամուսինը նահատակուած է ռազմաճակատին վրա: Ընդամէնը մի քանի ժամ բացակայեցաւ աշխատանքէն: Գնաց կարգադրութիւններ ընելու եւ վերադարձաւ յուզուած, բայց ամուր: Նետուեցաւ իր աշխատանքին, «սա էլ մեր ռազմաճակատն է, մենք իրաւունք չունենք հեռանալու», ըսելով:

– Իսկ երբ Երեւան կը քշէի, շարունակեց Միշէլ, տեսայ թէ ինչպէս մեծ նուիրումով երիտասարդներ եւ տարեցներ, հաւանաբար կամաւորներ, կու գային Արցախ: Նոյնիսկ կ’երգէին իրենց մեքենաներուն մէջ: Կարծես թէ հարսանիքի կ’երթային: Ճանապարհին տեսայ թէ ինչպէս մարդիկ կ’օգնեն ռումբերէն փախած կիներուն եւ երեխաներուն, տեսայ թէ ինչպէս օժանդակութիւն կը հաւաքեն իւրաքանչիւր փողոցի անկիւն: Նոյնն է մթնոլորտը Երեւանի մէջ: Ամէն մարդ, մեծով փոքրով, դարձած է զինուոր, կամ զինուորի համար աշխատող կամաւոր, կամ օգնական… Դուք միայն պէտք է հպարտ զգաք: Դուք արդէն այս պատերազմը յաղթած եք, որովհետեւ այս ոգին, այս նուիրումը, այս հաւատքը, հայրենիքի ու զինուորի հանդէպ այս սէրը ձեր մեծագոյն զէնքն է, որուն ոչ ոք կրնայ յաղթել: Իսկ այս երիտասարդութիւնը, այս նոր սերունդը… Նահատակ ընկերներդ հպարտ պէտք է զգան, որ այսպէս հայրենասէր, այսպէս անկոտրում կամք ունեցող սերունդ է, որ կը յաջորդէ իրենց: Ինծի ըսին, որ սա Հայաստանի անկախութեան սերունդն է: Հալալ է ձեզ, հալալ է այս երիտասարդներու ծնողներուն: Այս սերունդը անպարտելի է…

Միշէլ ինքն ալ հպարտ կը զգար, որ այս տեսակ հերոս մարդոց հետ աշխատած էր, այս նոր սերունդին հետ առնչուած էր, ականատես եղած էր անմոռանալի պատմութիւններու:

– Ես մի քանի օրէն Լիբանան պիտի երթամ: Շատ բան տեսած ու լսած եմ կեանքիս մէջ: Բայց այն ինչ տեսայ այստեղ, այս վերջին օրերուն, անմոռանալի է: Պարզապէս անկարելի է…

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՆՏԱԳԼԵԱՆ

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

The Mountain Lions, The defense army of the Republic Artsakh

Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան

civilnet.am/news/2020/10/09/Անկախութեան-այս-անպարտելի-սերունդը/400327?

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail