Նամակ երկրէն – ԿԵՂԾԱՒՈՐ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ, ԹՈՒԼԱՑԱԾ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ – Սակայն մեր ճակատագրի տէրը մե՛նք ենք, ուրիշ ոչ ոք
19 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Նամակ երկրէն
ԿԵՂԾԱՒՈՐ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ, ԹՈՒԼԱՑԱԾ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ
Եթէ ուզենք ոչ անպայման նոր, բայց կրկնուող դասեր քաղել հայ ժողովուրդի դէմ շղթայազերծուած թուրք-ադրբեջանական պատերազմէն եւ այս առիթով՝ շրջանային եւ միջազգային արձագանքներէն (կամ անոնց բացակայութենէն), անվարան կրնանք հաստատել հետեւեալը.
1. Արեւմուտքը, ինչպէս միշտ, եթէ շահ չունի, ուրեմն թքած ունի իր յայտարարած արժէքներուն վրայ, ինչպիսին օրինակ՝ ժողովրդավարութիւն, մարդկային իրաւունքներ, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի յարգում, պատերազմական ոճիրներու արգելում եւ պատիժ, եւայլն:
Արեւմուտքին այս բոլորը ընդունելի են միայն իրենց երկիրներուն մէջ եւ իրենց շահերուն համար: Ատկէ անդին, եթէ շահ չկայ, եթէ վտանգուածութիւն չկայ, ով ինչ կ’ուզէ թող ըլլայ…
Կրնան կարեկցանքի թովիչ խօսքեր ըսել, բայց ատկէ անդին չեն անցնիր:
Ուրեմն, իրենց դաւանած արժէքները լաւ են ու կարեւոր են միայն իրենց համար, իրենց շահերուն համար: Սա նորութիւն չէ ի հարկէ, սա պարզապէս վերահաստատումն է տիեզերական յայտնի ճշմարտութեան, սակայն մենք պէտք է յիշենք, որ թէ՛ ժողովրդավարական, թէ՛ մարդկային իրաւանց եւ թէ արդարադատական բարեփոխումները կը կատարենք եւ այդ ճանապարհով կ’երթանք ոչ թէ արեւմուտքէն «բրաւօ»ներ լսելու, այլ՝ մեր սեփական ժողովուրդի եւ մեր սեփական հայրենիքի բարօրութեան, զարգացման եւ հզօրացման համար:
Մէկ-մէկ արեւմուտքին պէտք է յիշեցնենք, որ 1918-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը աշխարհի առաջին երկիրներէն էր, որ կիներուն քուէարկելու իրաւունք տուաւ, անջատեց եկեղեցին պետութենէն եւ ժողովրդավարական արժէքներու կիրառումը օրինակելի կերպով իրականացուց տնտեսական մեծ դժուարութիւններ եւ մարդկային մեծ ողբերգութիւն դիմագրաւող նորանկախ երկրին մէջ:
2. Ռուսաստանը իբրեւ գերտէրութիւն՝ օրէ օր իր դիրքը կը զիջի կայսերական ձգտումներ ունեցող Թուրքիոյ պէս երկրի մը առջեւ:
Ռուսաստանը այսօր ոչ միայն համաշխարհային, այլ նոյնիսկ շրջանային առումով չունի ինքն իր կամքը, ինքն իր քաղաքականութիւնը եւ ինքն իր երբեմնի անդիմադրելի ազդեցութիւնը հարիւր տոկոսով պարտադրելու հնարաւորութիւն:
Թուրքիա այսօր ոչ միայն կը դիմադրէ Ռուսաստանին, այլեւ իր կամքը ինչ որ չափով կը պարտադրէ Սուրիոյ, Լիպիայի եւ Անդրկովկասի մէջ, ի հեճուկս ռուսական դժգոհութեան եւ նոյնիսկ անոր ռազմական միջամտութիւններուն:
Ռուսական ազդեցութեան աւանդական գօտիին մէջ Թուրքիա իր քիթը օրէ օր աւելի կը մխրճէ, նոյնիսկ տարածաշրջանի ռազմական հաւասարակշռութիւնը ի նպաստ իրեն թեքելու յստակ մտադրութեամբ եւ նպատակով:
Ադրբեջանի մէջ թրքական ազդեցութիւնը համարձակօրէն տարածելու եւ ռազմական ու քաղաքական ամբողջական տիրակալութիւն հաստատելու կողքին, Թուրքիա այսօր Ուքրանիոյ հետ ճակատ կը բանայ Ռուսաստանի դէմ՝ աննախընթաց մարտահրաւէրի մը առջեւ դնելով Քրեմլինը կամ Ռուսաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:
Ռուսաստան փաստօրէն կորսնցուցած է տարածաշրջանային գերակշիռ ուժ ըլլալու իր հանգամանքը եւ չունի Թուրքիան զսպելու մեխանիզմներ:
Հաւանաբար, կրնան պնդել շատեր, Ռուսաստան դեռ եւս չի տեսներ թրքական ծաւալապաշտութեան վտանգը եւ զօրաւոր հակազդեցութիւն ցուցադրելու կարիք չըզգար, մանաւանդ երբ ան տնտեսական բազմատեսակ շահեր ունի Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի հետ:
Եթէ Թուրքիան իր տնտեսական շահերը վտանգելով հանդերձ, Ուքրանիոյ եւ Ադրբեջանի հետ զինակցութիւն կը ստեղծէ ի հեճուկս Ռուսաստանին, ուրեմն պարզ է, որ ոչ թէ տնտեսական շահերն են Ռուսաստանի ձեռքերը կապողը, այլ՝ այդ վտագաւոր դաշինքը կանխելու անկարողութիւնը:
Այս իրականութիւնները տեսնելով է, որ հայութիւնը այսօր իր յոյսը կը դնէ նախ եւ առաջ ինքն իր վրայ, առանց անտեսելու, սակայն, իր շրջանային եւ միջազգային յարաբերութիւններն ու դաշնակցային կապերը:
Ի վերջոյ, դաս քաղել չի նշանակեր հայհոյել արեւմուտքին եւ անոր քարոզած արժէքներուն (որոնք, իմաստակներուն յատուկ յիշեցնեմ, արեւմուտքինը չեն ընդհանրապէս, այլ համամարդկային են), ոչ ալ կը նշանակէ ողբալ մեր ռազմավարական դաշնակիցի պահուածքին կամ սահմանափակ կարողութիւններուն համար:
Մեզմէ զատ ոչ ոք պատրաստ է գալու եւ կռուելու Հայաստանի սահմաններուն վրայ: Այդպէս էր անցեալին, այդպէս է այսօր: Թէ՛ արեւմուտքի, թէ Ռուսաստանի եւ թէ թուրքադրբեջանական ճակատի կեցուածքը կախեալ է ոչ միայն իրենց շահերէն, հնարաւորութիւններէն կամ սահմանափակումներէն, այլ նաեւ հայկական կողմի վճռակամութենէն՝ ռազմադաշտի վրայ, եւ քաղաքական ճիշդ հաշուարկներէն ու կողմնորոշումէն:
Ռուսաստանը, իր բոլոր խնդիրներով հանդերձ, կը մնայ մեր ռազմավարական դաշնակիցը, արեւմուտքը իր կեղծաւորութեամբ ու շահադիտական քաղաքականութեամբ հանդերձ՝ կը մնայ մեր բարեկամը, Իրանն ու Վրաստանը կը մնան մեր հարեւանները:
Սակայն մեր ճակատագրի տէրը մե՛նք ենք, ուրիշ ոչ ոք:
Րաֆֆի Տուտագլեան
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com