ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – «ՊԱՏՌԵԼ Է ՀԱՐԿԱՒՈՐ ՔԱՐՏԷՍՆԵՐԻ ՎՐԱՅ ԱՅՍ ԿԱՄ ԱՅՆ ԱՒԱԶԱԿԱՊԵՏԻ ԿԱՄՔՈՎ ԳԾՈՒԱԾ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
«ՊԱՏՌԵԼ Է ՀԱՐԿԱՒՈՐ ՔԱՐՏԷՍՆԵՐԻ ՎՐԱՅ ԱՅՍ ԿԱՄ ԱՅՆ ԱՒԱԶԱԿԱՊԵՏԻ ԿԱՄՔՈՎ ԳԾՈՒԱԾ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ»
Ն․ Պէրպէրեան
17 Նոյեմբեր 2020
Բարի լոյս՝ ՔՐԻՍՏԱՓՈՐի ներշնչումով ԱՄԲՈԽԱՅԻՆ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆը յեղափոխականօրէն մերժող բոլոր ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք իրաւատէր հայութեան ՅԱՐԱՏԵՒ ԿՌՈՒԻ խարոյկին վերարծարծման մէջ կը տեսնեն ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԵՐԱՇԽԻՔը Հայոց Ազգն ու Հայրենիքը ծանրօրէն խոցած ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ այս ՊԱՐՏՈՒԹԵՆԷՆ համազգային մեր ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻՆ։
Բարի լոյս՝ Նոյեմբեր 10ի զինադադարին ԽԱՅՏԱՌԱԿ ու ԱՆՁՆԱՏՈՒԱԿԱՆ պայմաններուն դէմ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԸՄԲՈՍՏԱՑՄԱՆ պայքարին նորովի զինուորագրուող ու հայրենի մեր պետական տան սահմաններու պաշտպանութեան ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿի ՎՃՌԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ փութացող ՀԱՅՈՑ ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք Երեւանի հարթակներուն վրայ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ համար ԱԹՈՌԱԿՌՈՒԻ լծուած բոլոր գոյնի ՊԱՏԵՀԱՊԱՇՏՆԵՐԷՆ ՀԵՌՈՒ՝ մեր ժողովուրդին ցաւը, հիասթափութիւնն ու ցասումը կ՚ուղղեն դէպի Հայկական Յեղափոխութեան առաքելատիպ դրօշակիրին ԱՐԻՒՆՈՎ ՆԵՐԿՈՒԱԾ ՈՒՂԻՆ․
– «Պատռել է հարկաւոր քարտէսների վրայ այս կամ այն աւազակապետի կամքով գծուած սահմանները, ջնջել է հարկաւոր այն աշխարհագրական ներկերը, որոնք մեզ բաժանում են իրարից եւ որոնք առհասարակ մշտական չեն, իսկ երբեմն շատ կարճատեւ են լինում։ Ո՛չ մի բռնութիւն, ո՛չ մի հալածանք, ո՛չ մի սահման չէ կարող բաժանել մի ժողովուրդ, եթէ նա տոգորուած է ընդհանուր շահերի գիտակցութեամբ, ունի նաեւ կռուելու անսասան ՎՃՌՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ եւ կապուած, ՄԻԱՑԱԾ է դարերով սնուած ու պահպանուած ընդհանուր բնազդների ու զգացմունքների առողջ զարկերով»։
Բարի լոյս՝ իր զոհերը սգացող, իր վէրքերը դարմանող եւ իր կորուստներէն վերականգնելու ԵԼՔ ու ՃԱՐ որոնող ԻՐԱՒԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, որ ամէն բանէ ԱՌԱՋ եւ ՎԵՐ վաղուան մեր ՅԱՂԹԱՆԱԿԻՆ հանդէպ ՀԱՒԱՏՔի ու ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ, այլեւ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔի եւ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՈՒԺի պէտք ունի։
Բարի լոյս՝ ՄԵԾԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍԱԴՐԱՆՔի նորօրեայ վատոգութեանց ԶՈՀԱՍԵՂԱՆԻՆ ԱՀՌԵԼԻ ԾԱՆՐ ԳԻՆ վճարելով հանդերձ ՊԱՅՔԱՐի իր ՆԵՐՈՒԺը անձեռնմխելի պահելու մարտունակութեամբ ՈԳՈՐՈՂ մեր ժողովուրդին, որ ակռաները սեղմած եւ արցունքը աչքերուն մէջ խեղդած՝ կեանքը արդար եւ ազատ ապրելու իր առօրեայ պայքարով ԿԸ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ վաղուան ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՃԱԿԱՏՈՒՄԻն՝ համաթրքական ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՉԱՐԻՔԻ հակահայ յաջորդ մոլեգնութեան ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԴԻՄԱԳՐԱՒՈՒՄԻՆ։
Բարի լոյս եւ բարի գալուստ Հայաստանի ու Հայութեան վաղուան ՄԵԾ ՅԱՂԹԱՆԱԿի նուաճման պայքարունակ ԵՐԹը ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼՈՒ կոչուած հայոց ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք հայութեան ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԾԱՌԱՑՈՒՄին կը հաւատան եւ հոն կը փնտռեն ԳՐԱՒԱԿԱՆը ամէն ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ եւ ամէն ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ու ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ձեռքբերումին։