ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Մեր պարտութիւններուն գլխաւոր պատճառը թշնամիին ուժերու առաւելութիւնը չճանչնալուն մէջ կը գտնուի: Աւելի՛ն, անոր միայն տկարութիւնները ճանչնալուն մէջ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
«Մեր պարտութիւններուն գլխաւոր պատճառը թշնամիին ուժերու առաւելութիւնը չճանչնալուն մէջ կը գտնուի: Աւելի՛ն, անոր միայն տկարութիւնները ճանչնալուն մէջ»․․․
Ն․ Պէրպէրեան
20 Նոյեմբեր 2020
Բարի լոյս ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆԵՄԵՍԻՍի անզուգական ԱՌԱՔԵԱԼԻՆ՝ ՇԱՀԱՆ ՆԱԹԱԼԻ անունով անմահացած ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿԻՆ, որ ոչ միայն յանդուգն կազմակերպիչն ու յառաջապահ դրօշակիրը եղաւ թրքական ՀԱՅԱՍՊԱՆ պետութեան գլխաւոր ներկայացուցիչները ԱՀԱԲԵԿԱԾ հայոց վրիժառուներու ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ՓԱՂԱՆԳԻՆ, այլեւ ռազմաքաղաքական իր ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ հայոց սերունդներուն ԿՏԱԿԵՑ, թէ Ազգի ու Հայրենիքի ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ բոլոր պահերուն հարկ է ՍԹԱՓՕՐԷՆ ունկնդիր մնալ դարերու ԽՈՐԷՆ եկող ԱՀԱԶԱՆԳին․
– «Մեր պարտութիւններուն գլխաւոր պատճառը թշնամիին ուժերու առաւելութիւնը չճանչնալուն մէջ կը գտնուի: Աւելի՛ն, անոր միայն տկարութիւնները ճանչնալուն մէջ: Այս է պատճառը, որ մենք յաճախ մղած ենք պայքարներ սխալ ռազմավարութիւնով եւ ճանչնալով միայն մեզ դիմաւորող թուրք հետեւակը, բաց դաշտ ենք նետուեր` անգիտակ թշնամի թնդանօթին, որ բլուրին ետեւ մեր դիրքը ճշդած ռմբակոծեր է մեզ: Եւ արդիւնքը ճակատագրօրէն պիտի ըլլար մեր պարտութիւնը, որքան ալ հերոսական ըլլային մեր ճիգերը» (ՇԱՀԱՆ ՆԱԹԱԼԻ, «Թուրքերը եւ մենք»):
Արցախեան Հերոսամարտի ռազմաճակատին վրայ ԱԶԳՈՎԻՆ մեր կրած ԾԱՆՐ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ առաջացուցած համազգային ՅՈՒՍԱԼՔՈՒՄի եւ ԸՆԿՐԿՈՒՄի ջլատիչ մթնոլորտին դէմ յանդիման, ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԻՑ ընկեր մը երկու օր առաջ ուշադրութեանս յանձնեց Նաթալիի ՆԵՄԵՍԻՍԵԱՆ այս ՊԱՏԳԱՄը՝ յուշելով եւ յուսալով, որ ՄԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆը Հայ Քաղաքական Մտքի ԲՈԼՈՐ ՈՒԺԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԼԱՐՈՒՄՈՎ կը նախապատրաստուի ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ՈՍՈԽի գալիք անարգ հարուածներու ԱՆՎՐԷՊ ԴԻՄԱԳՐԱՒՈՒՄին եւ ՅԱՂԹԱՔԱՅԼ ՎԻԺԵՑՄԱՆ։
Բարի լոյս՝ ՀԱՅՈՒ ԱՐԻՒՆ եւ ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂ կորսնցնելով հանդերձ ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆ ԼՈՒԾԻՆ ԱՆՁՆԱՏՈՒՐ ՉԸԼԼԱԼՈՒ հայ ժողովուրդի ԱՆՎԵՀԵՐ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ու ԱՆԴԵԴԵՒ ԴԻՄԱԴՐԱԿԱՆ ՆԵՐՈՒԺին, որ այսօր թէեւ դարձեալ մոխիրներու տակ ԱՆԹԵՂՈՒԱԾ՝ այդուհանդերձ փլատակներու մէջէն ՅԱՌՆԵԼ կը փորձէ ու ելքեր կ՚որոնէ Հայաստանի ու Հայութեան ԽՈՑԸ ԴԱՐՄԱՆԵԼՈՒ եւ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻԻՆ ՎԵՐԱՏԻՐԱՆԱԼՈՒ։
Բարի լոյս՝ Հայոց Պետականութեան եւ Ազգային Բանակին կրած ԾԱՆՐ ՀԱՐՈՒԱԾն ու արձանագրած ՄԵԾ ԿՈՐՈՒՍՏը օրակարգային ԿԻԶԱԿԷՏի վերածելու, այլեւ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ եւ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳը հետեւողականօրէն հանրային ու պետական ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ եւ ՎՃՌԱՀԱՏՄԱՆ լուսարձակին տակ պահելու ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ, որուն յաջողութեան ՄԻԱԿ ԳՐԱՒԱԿԱՆը ԴՈՒՐՍ ԳԱԼՆ Է «ներքին թշնամիներու» եւ «դաւաճաններու» հակադարձ ցեխարձակումներու ԱՄԷՆ ԻՆՉ ԿՈՒԼ ՏՈՒՈՂ․․․ ԱՒԱԶԱԽՐՈՒՄԷՆ։
Պարտութեան այս ՊԱՀը Ճիշդ ժամանակը չէ իրարու ճակտին «ներքին թշնամի»ի կամ «դաւաճան»ի ԱՄՕԹԱՆՔ ԽԱՐԱՆԵԼՈՒ․․․
Մանաւանդ որ Ո՛Չ ՈՔ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻ ՄՏԱՀԱՆ ԸՆԵԼՈՒ, թէ 1989ի Դեկտեմբեր 1էն սկսեալ ԱԶԳՈՎԻՆ ու ՄԻԱԲԵՐԱՆ ՄԷԿ ու ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ հռչակեցինք Հայաստանի Սովետական Սոցիալիստական Հանրապետութիւնն ու Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը, առանց որ միաժամանակ որոշած ու մշակած ըլլայինք ՃԱՆԱՊԱՐՀԱՅԻՆ ՔԱՐՏԷՍը մեր ՄԵԾ ԵՐԱԶԻՆ ոչ միայն նուաճումին, այլեւ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԻՆ՝ դիմագրաւելու կամ շրջանցելու համար թէ՛ համաթրքական ԹՇՆԱՄԻԻՆ մեր ուժերէն անհամեմատօրէն ՀԶՕՐ հարուածները, թէ՛ մեծապետական ճնշումներու եւ միջազգային դիւանագիտութեան ԱՆՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼԻ ԿԱՇԿԱՆԴՈՒՄՆԵՐը։
Բարի լոյս՝ ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ, ԻՆՔՆԱՍՐԲԱԳՐՄԱՆ ու ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԻՆ այսօր հաւատարմագրուած բոլոր ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք կը գիտակցին հայ ժողովուրդի ԱԶԳԱՅԻՆ ու ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ մարտունակութիւնը ԽՈՑՈՂ «պատմական չարիք»ը յաղթահարելու անհրաժեշտութեան, ինչպէս որ Մեծն Քրիստափոր կ՚ազդարարէր 119 տարի առաջ․
– «Մենք կարող ենք, ի հարկէ, նոյն մեր ԱՆՁՆԱՊԱՇՏ արեան հետեւելով՝ անիծել երկրագնդիս բոլոր քաղաքակիրթ ազգերին էլ, որ այն ժամանակ, երբ մենք անասնական թէ սրիկայական, վաշխառուական թէ ստրկական ժպիտներով վերաբերուեցինք դէպի օրաւուր մեր առաջը գտնուող խնդիրները, նրանք – այդ ժողովուրդները – գլխապատառ – ոտի տակ չտուին իրենց բոլոր շահերը եւ հայկական կռուի դաշտը չգրաւեցին․․․
Այո՛, կարող ենք այդ էլ անել, ուրիշ շատ բաներ էլ անել, բայց ե՞րբ քաղաքացիական համարձակութիւն պիտի ունենանք մի քիչ էլ մեզ վրայ անդրադառնալու եւ մեր բարոյական պակասութիւններին, մեր վատառողջ բնազդներին, մեր ազգային ախտերին՝ «պատմական այդ չարիքին» եւս՝ որոշ տեղ տալու մեր կրած տառապանքների ու մեր ներկայ ծանր կացութեան մէջ»։ (Քրիստափոր, «Պատմական Չարիք», «ԴՐՕՇԱԿ», 1901)։
Բարի լոյս՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆ թրքական պետութիւնը ՃԻՇԴ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ եւ ըստ այնմ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԵԼՈՒ եւ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ, այլեւ մեր ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆՑ պատճառներուն մէջ նաեւ սեփական «ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՉԱՐԻՔ»ին պատասխանատուութիւնը ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒ եւ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼՈՒ համազգային ՍԹԱՓՈՒԹԵԱՆ ու գաղափարական ՀԱՄԱՐՁԱԿՈՒԹԵԱՆ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ