ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ԸՆԴԴԷՄ ՀԱՅԱԼՔՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԵՂԱԼՈՒԱՑԻՆ, որմէ անդին միայն ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՆԴՈՒՆԴՆ Է․․․ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԻ

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ԸՆԴԴԷՄ ՀԱՅԱԼՔՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԵՂԱԼՈՒԱՑԻՆ, որմէ անդին միայն ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՆԴՈՒՆԴՆ Է․․․ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԻ

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ԸՆԴԴԷՄ ՀԱՅԱԼՔՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԵՂԱԼՈՒԱՑԻՆ, որմէ անդին միայն ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՆԴՈՒՆԴՆ Է․․․ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԻ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

ԸՆԴԴԷՄ ՀԱՅԱԼՔՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԵՂԱԼՈՒԱՑԻՆ, որմէ անդին միայն ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՆԴՈՒՆԴՆ Է․․․ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԻ

Ն․ Պէրպէրեան

6 Դեկտեմբեր 2020

Բարի լոյս՝ ձեռքը սրտին դրած եւ Հայաստանի այսպէս կոչուած ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐՆԵՐՈՒՆ կողմէ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ուղղուած Երեքշաբթի օրուան ՎԵՐՋՆԱԳԻՐԻՆ վիճակուած ՎԱԽՃԱՆԻՆ անձկութեամբ սպասող հայ մարդոց, որոնք ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ՈՍՈԽԻՆ խլած հողերու եւ կեանքերու կորուստին վրայ չեն ուզեր գումարուած տեսնել ու ապրիլ նաեւ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆը հայոց միջեւ եղբայրասպան ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ բախումներու։

Բարի լոյս՝ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԴԱՇՏԻՆ ՎՐԱՅ մեր Ազգի ու Հայրենիքի, Հայաստան Պետութեան եւ Հայոց Բանակի ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ, ԶՈՀԱԲԵՐՄԱՆ ու ԸՆԿՐԿՈՒՄԻՆ Խոցն ու Ցաւը ծայր աստիճան ծանրութեամբ տանող ԻՐԱՒԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, որ գոնէ իր քաղաքական-կուսակցական ուժերէն ԱՐԴԱՐՕՐԷՆ եւ ԻՐԱՒԱՄԲ կը սպասէ ու կը պահանջէ խնայել ՆԵՐՔԻՆ ԱՐԻՒՆԱՔԱՄՈՒԹԵԱՆ ՉԱՐԻՔը եւ Հայաստանն ու Հայութիւնը դուրս հանել ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԱՒԱԶԱԽՐՈՒՄի այս ահաւոր ԱՂԷՏԷՆ։

Բարի լոյս՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՈՎ օրհասական այս ՃԳՆԱԺԱՄին մէջ ամէն կարգի եւ գոյնի ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱԹՈՌԱԿՌԻՒԸ ՄԵՐԺՈՂ Հայ Քաղաքական Մտքի բոլոր ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք ահազանգ կը հնչեցնեն Հայաստանի ու Հայութեան ՋԼԱՏՈՒՄԻՆ միտող, կեղտոտ ջուրի մէջ ձուկ որսալու սադրանքին լծուած գձուձ ու կործանարար ՊԱՏԵՀԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ։ ԱՅՈ՛, ազգովին եւ պետականութեամբ կը դիմագրաւենք հայու ձեռքերով հրահրուած պատեհապաշտ սադրանք մը՝ որ կը նպատակադրէ ՀԱՅԱՍՏԱՆը վերածել իրարու կոկորդ սեղմելու ելած «ԴԱՒԱՃԱՆՆԵՐ» յայտնաբերող, բեմադրող եւ խաղարկող ԱՅԼԱՆԴԱԿ ԿՐԿԷՍի մը, ուր մեր ժողովուրդը դատապարտուած պէտք է ըլլայ միայն դիտելու, իր ՀԱՄԱԿՐԱՆՔը կամ ԹՇՆԱՄԱՆՔը հայհոյանքով գոռալու եւ, ի վերջոյ, այս կան այն «ԴԱՒԱՃԱՆԻՆ» միջեւ ընտրանք կատարելու ՄՂՁԱՒԱՆՋԻՆ։

Բարի լոյս՝ համացանցի եւ դիմատետրի, այլեւ մեր մտքի եւ սրտի բոլոր լուսամուտները ԱՄԲՈԽԱՅԻՆ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ պառակտիչ նետարձակումներուն եւ թունաւոր հրձիգութեանց ԴԷՄ ու ԱՌՋԵՒ ամրօրէն ՓԱԿՈՂ Հայու ՈՂՋԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ։

Ի վերջոյ ՍՈՒՏին ու ՅԵՐԻՒՐԱՆՔին, Պառակտումի Թոյնին եւ Թշնամանքի Լուտանքին դէմ՝ Ազգն ու Հայրենիքը պէտք ունին ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ ղօղանջները անվերջ հնչեցնող Անլռելի Զանգակատուններու։

Ի վերջոյ ոճրային փորձ կը կատարուի մեր ժողովուրդէն խլելու ԱԶԳԱՅԻՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆը՝ յատկապէս նորահաս սերունդները ենթարկելով ՀԱՅԱԼՔՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԵՂԱԼՈՒԱՑԻՆ, որմէ անդին միայն ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՆԴՈՒՆԴՆ Է․․․ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԻ։

Բարի լոյս՝ հայոց ՍՐԲՈՒԹԵԱՆՑ բոլոր ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք ուխտած են եւ կազմ ու պատրաստ ոտքի կանգնած են՝ ՀԱՅ ՄՏՔԻ ՏԱՃԱՐԸ մաքրելու Հայաստանի ու Հայութեան գաղափարական ԱՐԺԷՔՆԵՐՆ ու ԴՐՕՇՆԵՐԸ փերեզակութեան առքուվաճառքի հանած, այլեւ միայն ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԿԱՆԴԱԿի «սրբութեան» հաւատարմագրուած բոլոր մակաբոյծներէն, անխտի՛ր։

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ԸՆԴԴԷՄ ՀԱՅԱԼՔՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԵՂԱԼՈՒԱՑԻՆ, որմէ անդին միայն ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՆԴՈՒՆԴՆ Է․․․ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԻ
God above, down Armenian Army – The Lions of the Mountain – The Republic Artsakh defense army

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail