ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Անկախութեան Հանրաքուէն Նուիրագործեց Արցախի Ազատագրումը

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Անկախութեան Հանրաքուէն Նուիրագործեց Արցախի Ազատագրումը

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Անկախութեան Հանրաքուէն Նուիրագործեց Արցախի Ազատագրումը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Յուշատետր 10 Դեկտեմբեր 1991

Ն. Պէրպէրեան

10 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020

Դեկտեմբեր 10 ին, 29 տարի առաջ, Արցախի հայութեան հետ ամբողջ մեր ժողովուրդը պատմութեան կտակեց – իբրեւ ազգային-քաղաքական անկորնչելի աւանդ – Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութեան հանրաքուէն։

Հայկական երկրորդ հանրապետութեան ճակատագիրը վճռուեցաւ 1991ի Դեկտեմբեր 10ի օրը, երբ Արցախի հայութիւնը միահամուռ շարքերով դիմեց քուէատուփ, որպէսզի միասնական իր ձայնով «Այո՛» պատասխանէ Անկախութեան հանրաքուէին։

Այդ օրերուն Խորհրդային Միութիւնը դեռ չէր լուծարուած պաշտօնապէս։ Իսկ խորհրդային գործող սահմանադրութեամբ ու օրէնքներով, համաժողովրդական քուէարկութեամբ կատարուած հանրաքուէն իրաւական միակ երաշխիքն էր հաւաքական կամքի ազատ արտայայտութեան։

Եւ Արցախի հայութիւնը, ընտրելով ազգային ինքնորոշման իր իրաւունքը նուաճելու իրաւական ուղին, օտարերկրեայ դիտորդներու ներկայութեան իրագործեց աննախընթաց հանրաքուէ մը։

Քուէարկութեան մասնակցեցաւ բնակչութեան 82,2 տոկոսը, որուն 99,9% տոկոսը կողմ քուէարկեց Անկախութեան՝ վճռելով Ատրպէյճանի կազմէն դուրս գալ, համաձայն 1990-04-03 թուակիր խորհրդային օրէնքին, որ այդ ժամանակ ուժի մէջ էր եւ միջազգային ճանաչում ունէր:Անկախութեան հանրաքուէին արդիւնքով՝ Արցախը 1992ի Յունուար 6ին Լ.Ղ. Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ հռչակուեցաւ անկախ պետութիւն:

Ծանր եւ արիւնոտ ճանապարհ կտրելով, այլեւ գերագոյն զոհաբերութեան գնով էր, որ Արցախն ու ողջ հայութիւնը նուաճեցին Անկախութեան հանրաքուէն։

1988ի Փետրուարին թափ առած Արցախեան պահանջատիրութիւնը, հակառակ առաջին իսկ քայլերէն իրաւական ուղիով յառաջանալու իր նախանձախնդրութեան եւ հաստատակամութեան, շարունակ հարուածի եւ ծանրագոյն բռնաճնշումի տակ առնուեցաւ ատրպէյճանական համաթրքական իշխանութեանց կողմէ։

Արցախի հայութեան խաղաղ բողոքի հաւաքներուն՝ Ատրպէյճան պատասխանեց անօրինակ վայրագութիւններով։

Մայր Հայաստանին վերամիանալու Արցախի իրաւական՝ քաղաքական պահանջներուն Ատրպէյճան պատասխանեց հայոց շղթայազերծած Արդարութեան եւ Իրաւունքի շարժումը արեան մէջ խեղդելու բարբարոսութեամբ։

Բայց որքան ալ խոր վէրքեր բացաւ թշնամիին հարուածը եւ որքան ալ համատարած բնոյթ ստացան մեր ժողովուրդին ընդվզումն ու ցասումը, Արցախը դարձեալ եւ միշտ կառչած մնաց պահանջատիրական իր պայքարը խորհրդային գործող Օրէնքներուն եւ միջազգային Իրաւունքին սահմանած շրջագիծին մէջ պահելու ռազմավարութեան։

Արցախը բնականաբար նաեւ զէնք բարձրացուց իր պահանջատիրական ձայնը արեան մէջ խեղդելու ատրպէյճանական հայասպան բռնակալութեան դէմ։ Բայց Արցախի հայութեան բարձրացուցած զէնքը ոչ մէկ պարագայի անդին անցաւ ինքնապաշտպանութեան օրինական եւ իրաւական սահմանէն։ Արցախեան պահանջատիրութիւնը հետեւողականօրէն պահպանեց Օրէնքի եւ Իրաւունքի հունով յառաջանալու իր ողջմտութիւնը։

Իր կրած ծանրագոյն կորուստներու ճնշման տակ, պարզապէս թա՛փ առաւ եւ ներքնապէս կազմակերպուեցաւ արցախահայութեան ինքնապաշտպանութիւնը ամրապնդող ազգային-ազատագրական պայքարը։

Ատրպէյճանի գործադրած հակահայ կոտորածները ոչ միայն կռանեցին արցախահայութեան պայքարունակութիւնը, այլեւ ընդհանուր զօրակցութեան ալիք բարձրացուցին աշխարհով մէկ՝ ի նպաստ Արցախի հայութեան արդարագոյն դատին։

Աւելի քան երկու տարուան ատրպէյճանական եւ խորհրդային ճնշումներէ ու հալածանքներէ ետք, 1990ի Ապրիլ 3ին ընդունուեցաւ Խ.Ս.Հ.Մ. այն օրէնքը, որուն համաձայն՝ այսպէս կոչուած «ինքնավար միավորներ» ունեցող «միութենական հանրապետութիւն» մը, Խորհրդային Միութենէն դուրս գալու իրաւունք ունենալու համար, պարտաւոր էր հանրաքուէ կազմակերպել իր կազմին մէջ գտնուող միաւորներէն իւրաքանչիւրին մէջ՝ առանձին-առանձին:

Այդ օրէնքին վրայ հիմնուելով եւ տեսնելով, որ առանց Լ.Ղ.Ի.Մ.ի հայութեան կամքն ու ձայնը նկատի ունենալու՝ Ատրպէյճան դուրս կու գար Խորհրդային Միութեան կազմէն, Արցախը որոշեց տէր կանգնիլ Օրէնքով ճշդուած իր իրաւունքին։

Ատրպէյճան 1991ի Հոկտեմբերին դուրս եկաւ Խ.Ս.Հ.Մ. կազմէն: Ատրպէյճանի այդ քայլին պատասխանելով էր, ահա, որ 1991ի Դեկտեմբեր 10ին` Մարդկային Իրաւանց Պաշտպանութեան Միջազգային Օրը, Արցախի մէջ կայացաւ Անկախութեան հանրաքուէն։Եւ այդպէ՛ս Արցախի հայութիւնը միաձայնութեամբ վճռեց իր վրայէն մէկանգամընդմիշտ թօթափել ատրպէյճանական լուծը։

Անկախութեան հանրաքուէին հետեւեցաւ մօտ 40 հոգինոց օտարերկրեայ պատգամաւորական ու դիտորդական խումբ մը, որուն մաս կը կազմէին Խ.Ս.Հ.Մ. Գերագոյն Խորհուրդի ներկայացուցիչներ, Միութենական Հանրապետութիւններու լիազօր ներկայացուցիչներ, արտասահմանեան երկիրներու եւ միջազգային տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Հանրաքուէին արձանագրած ժողովրդական մասնակցութեան աշխուժութիւնը խորապէս տպաւորեց դիտորդները: Հանրաքուէին օրը Լ.Ղ.Հ. ողջ տարածքը, յատկապէս մայրաքաղաք Ստեփանակերտը ենթարկուեցաւ հրթիռա-հրետակոծութեան՝ խլելով 10 զոհ: Սակայն այդ բոլորը չկրցան խոչընդոտել Արցախի հայութեան ազատ կամքին միասնական արտայայտութիւնը։ Հանրաքուէին մասնակցելու իրաւունք ունէին 132.328 ընտրողներ, որոնց 108.736ը մասնակցեցան (այսինքն՝ ընտրական իրաւունք ունեցողներու 82,2 տոկոսը): Հանրաքուէին չմասնակցեցան Լ.Ղ.Հ. տարածքին վրայ բնակող ու ընտրական իրաւունք ունեցող ատրպէյճանցիները` 22.747 հոգի։

Հանրաքուէի դրուած հարցը մէկն ու միակն էր.- «Համաձա՞յն էք արդեօք, որ հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը լինի այլ պետութիւնների եւ հանրութիւնների հետ իր յարաբերութիւնները ինքնուրոյն որոշող անկախ պետութիւն»:

Հանրաքուէի մասնակիցներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը, շուրջ 99,9 տոկոսը (108.615 մասնակից) հարցադրումին յստակ ու կտրուկ «Այո՛» պատասխանեց. 24 մասնակից պատասխանեց՝ «Ո՛չ», իսկ 95 քուէաթերթիկ անվաւեր ճանչցուեցան։

10 Դեկտեմբեր 1991ի հանրաքուէին տրուած միահամուռ այդ «Այո՛»ն հանդիսացաւ օրինական եւ իրաւական գերագոյն արտայայտութիւնը Արցախի հայութեան ինքնավստահութեան եւ վճռականութեան, որոնք մինչեւ մեր օրերը թափ կու տան Արցախի իրողական ազատագրումը միջազգային իրաւական ճանաչումով պսակելու համազգային մեր պայքարին։

Արցախի հայոց անկախ պետականութիւնը այնուհետեւ ամրագրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայր օրէնքով` սահմանադրութեամբ, որ ընդունուեցաւ Դեկտեմբեր 10ին, 2006 թուին, դարձեալ հանրաքուէով` համաժողովրդային քուէարկութեան միջոցով:Արցախի Սահմանադրութիւնը ունի 12 գլուխ, որուն առաջին յօդուածը վճռահատած է`

«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ինքնիշխան, ժողովրդավարական, իրաւական, սոցիալական պետութիւն է»:Այսպէ՛ս, իրաւականօրէն եւս, նուիրագործուեցաւ 10 Դեկտեմբեր 1991ի Անկախութեան հանրաքուէով հաստատագրուած Արցախի իրողական ազատագրումը։

ՄԵՆՔ ԱՐՑԱԽՆ ԵՆՔ
Վերը աստուած, վարը Հայկական Բանակ – Լեռնային առիւծները, Արցախի Պաշպանութեան Բանակ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail