Օրուան Սլաք – ՆՇՄԱՐ. Ոճիրներ Հրահրողը Անպա՞րտ – Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Օրուան Սլաք – ՆՇՄԱՐ. Ոճիրներ Հրահրողը Անպա՞րտ – Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 –

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Writers-Sarkis-Mahseredjian-1Աչքը լո՜յս բոլոր անուղղայ իշխանաւորներուն, որոնք անձնական ու մասնակի շահերու հետամուտ ըլլալով՝ ոճիրներ կը հրահրեն, դաւադիր ծրագիրներ կ՛իրականացնեն, մինչեւ անգամ իրենց երկրի հողերը այս կամ այն ձեւով ձեռքէ կը հանեն, որովհետեւ իրենց արարքներուն շուրջ քննութիւնները, որքան ալ որ փաստացի ամբաստանագիրներ ի յայտ բերեն, պիտի որսան բաւարար թիւով «հեղինակութիւններ», որոնք անպարտութեան վկայականին պիտի արժանացնեն զիրենք…

Փա՞ստ կը փնտռէք: Ահա՛ նորագոյնը. Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը, հապճեպ դատավարութենէ մը ետք, անպարտ հռչակեց Տանըլտ Թրամփը:

Դեմոկրատներուն եւ անոնց ձայնակցող հանրապետականներուն, ժողովուրդի մեծամասնութեան կարծիքը, ցուցակագրած անվիճելի մեղադրանքները ջուրը ինկան, որովհետեւ Ծերակոյտին մէջ անոնք չկրցան ապահովել պէտք եղած՝ 67 քուէները: Եւ ահա, Շաբաթ, 13 Փետրուարին, Թրամփ անգամ մը եւս փրկուեցաւ… փոքրաթիւ հաւատարիմներու քուէներով:

 

***

Քուէարկնութեան արդիւնքը՝ 57 մեղադրող եւ 43 դէմ՝ հազիւ թէ կրնայ գոհացնել արդարութեան եւ ճշմարտութեանց համակիրները: Ճիշդ է, որ մեղադրողները լոկ մէկ-երկու քուէի առաւելութիւնը չունէին, այլ 7 հանրապետականներ միացան ամբաստանագիրին՝ Միացեալ Նահանգներու վերջին տարիներու պատմութեան մէջ ի յայտ բերելով հազուադէպ միասնութիւն մը (նախընթաց բազմաթիւ քաղաքական քուէարկութիւններ վճռուած էին կուսակցութեանց յստակ «սահմաններով»), սակայն եղած խայտառկութիւնը չունի թզենիի տերեւի մը ծածկոյթն իսկ: Փաստօրէն, երբ 6 Յունուարի ծանօթ դէպքերուն՝ օրուան նախագահին ուղղակի թելադրանքով՝ խորհրդարանի շէնքին վրայ խուժանային յարձակման մարդկային եւ նիւթական վնասներուն բոլոր փաստերը ներկայացուեցան ծերակուտականներուն, ու անոնց ճամբով՝ ամբողջ ժողովուրդին, մեղադրագիրին դէմ քուէարկողները կրնան ինքնարդարացումի դիմել միայն… «անձնական շահ կը հետապնդենք»ի չքմեղանքով: Հանրապետական ծերակուտականներու երգիծանկարային պոսը՝ Միչ Մաքանըլ, որ միացած էր Թրամփը անպարտ արձակողներուն, թէ՛ այս դատավարութենէն առաջ եւ թէ անկէ ետք, չծածկեց իր դժգոհութիւնը՝ Թրամփի անընդունելի արարքներուն մասին, սակայն կառչեցաւ նման դատավարութեան «սահմանադրական չըլլալու» վարկածին: Սա այն ծերակուտականն է, որ մերժեց Ծերակոյտը ժողովի հրաւիրել Թրամփի պաշտօնավարութեան վերջին օրերուն, երբ դեմոկրատները մեղադրագիրը հասցուցին Ծերակոյտ (այդ օրերուն, հանրապետականներն էին քուէներուն տիրապետողը): Եւ ահա, ան կը կախուի պաշտօնաւարտ նախագահ մը նման դատավարութենէ զերծ կացուցանելու վարկածին, մինչդեռ դատավարութեան չորս օրերուն, մեղադրող կողմը բազմաթիւ փաստեր բերաւ, թէ պաշտօնաւարտ նախագահ մը կամ ոեւէ այլ իշխանաւոր չի կրնար անպարտ նկատուիլ՝ պաշտօնավարութեան օրերուն իր գործած ծանր յանցանքներուն համար: Իսկ Թրամփ ամբաստանուած էր կանխամտածուած՝ շաբաթներու վրայ բացայայտօրէն կազմակերպուած խուժանային ցոյցեր, խափանարարութիւն հրահրած ըլլալու յանցանքներով, ուղղակի հրահրողն էր արարքներու՝ որոնց զոհ գացին ոստիկաններ եւ քաղաքայիններ, խորհրդարանի շէնքը կրեց ծանր վնասներ, նոյնինքն դէմ քուէարկողներուն կեանքերը քանի մը ժամ վտանգի տակ էին, երբ Թրամփ կը դիտէր ձեռնածալ, իսկ այդ բոլորին համար, հիմա արդէն պաշտօնաթող նախագահը ափսոսանքի արտայայտութիւն չունեցաւ (եթէ պարզ մահկանացու մը նման արարքներու միայն շուքի՛ն պատասխանատու գտնուի, արդեօք քանի՞ տարի կը մաշի բանտի մէջ, եթէ փրկուի… մահապատիժէ): Ուրեմն, նման յանցապարտներ, նաեւ ծանր յանցանքներու հակամէտներ կրնան այսուհետեւ հանգիստ անկողին մտնել, վստահ ըլլալով, որ նման նախընթացներ երաշխիք են իրենց կաշին փրկելու…

01 Trump-McConnell-

***

Բնականաբար պէտք չէ անտեսել միւս իրականութիւնը, թէ՝ այս դատավարութիւնը ի սկզբանէ ունէր կանխորոշուած ելք. ո՛չ ոքի համար անակնկալ էր, որ Ծերակոյտին մէջ չգոյացաւ երկու-երրորդի այն մեծամասնութիւնը, որ ըստ օրինի անհրաժեշտ էր Թրամփը դատապարտելու համար: Փաստօրէն, այս ու նմանօրինակ կացութիւններու պարագային, անձնական գրպանի եւ այլ մասնակի հաշիւներն են որ կ՛ուղղորդեն քուէարկողներուն ա՛յն հատուածը, որ բաւարար է… անարդարութիւնը շարունակելու համար (մենք՝ հայերս, բազմիցս ճաշակած ենք նման կացութիւններու դառն պտուղները…): Ո՛չ ոքի համար գաղտիք է, թէ Թրամփի ի նպաստ քուէարկողներէն շատեր, օրինակի համար, կը հետապնդեն ընտրական հաշիւներ. շատեր, երկու տարի ետք տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն, իրենց յոյսերը պիտի կախեն թրամփեան ընտրազանգուածի ձայներուն, իսկ ուրիշներ գերի են նիւթական ու քաղաքական «պարտամուրհակենրու»: Հանրապետական կուսակցութիւնն ալ վստահաբար գրաւ կը դնէ այն իրողութեան վրայ, թէ քուէարկողներուն յիշողութիւնը երկու տարուան երկարութիւն չունի, իսկ չորս տարի ետք ալ, կրնան մտածել Թրամփը դարձեալ նախագահութեան թեկնածու նշանակելու մասին, մինչդեռ, պարզ տրամաբանութիւնը կ՛ըսէ, որ անպարտութեան այս վկայագիրը պէտք է ծանր, շա՛տ ծանր հարուած հասցնէ այս (եւ ընդհանրապէս նման կօշիկի մէջ գտնուող որեւէ) կուսակցութեան:

Ահա թէ ինչպիսի՜ հաշիւներու իրողական պատանդն է ամերիկեան ժողովրդավարութիւնը, որ յաճախ իբրեւ լաւագոյն բնորդ կը ծախուի աշխարհին:

 

***

Եթէ պահ մը մոռնանք, թէ եղածը կանխորոշուած բեմադրութիւն մըն էր, կարելի չէ անտեսել, որ ժամը ժամուն պատկերասփռուած դատավարութիւնը ունէր դրական երես մըն ալ: Մարդիկ հասկցան, որ իշխանութեան մը գերագոյն պատասխանատուն ինքնաբերաբար չի կրնար խուսափիլ լուրջ հաշուեքննութենէ, անոր գործած ծանր յանցնաքները ի վերջոյ երեսին տուող եւ մեղադրող պիտի ըլլայ արդարօրէն: Աւելին, մեղադրականները հնչեցնողները արդարադատութեան եւ պատմական իրականութեանց մասին մանր դասախօսութիւններ տուին թէ՛ անտարբեր ծերակուտականներուն եւ թէ պատկերասփիւռի պաստառէն հետեւող ժողովուրդին: Մարդիկ յիշեցին ու սորվեցան, թէ մօտիկ ու հեռաւոր անցեալին, եղած են իշխանաւորներ, որոնք նմանօրինակ ծանր յանցնանքներով մեղադրուած են եւ պաշտօնազրկուած, անոնց անունները իբրեւ ծանր յանցագործներ արձանագրուած են պատմութեան մէջ: Սակայն նոյնքան պարզ իրականութիւն է, որ նման նախընթացներ բաւարար չեն, որպէսզի մասնակի հաշիւներ չգերակշռեն նաեւ այսօր:

Բարոյականութիւնը յաճախ եղած է ու ապագային ալ կրնայ ըլլալ մեծ պարտեալը, ինչպէս որ յաճախ պարտութեան եւ անտեսումի կը մատնուի ԳԱՂԱՓԱՐը: Եւ տեղ մը, դժբախտաբար, կ՛արդարանայ տեսութիւնը այն «իմաստուններուն», որոնք կ՛ըսեն, թէ պատմութիւնը լաւագոյն դասատուն չէ, թէ՝ բարոյականութիւն եւ արդարամտութիւն կապ չունին քաղաքական մարդոց վարմունքին հետ:

 

***

Ի դէպ, Հայաստան եւս զերծ չէ նման դժբախտութենէ: Երբ հող կորսնցուցած ենք եւ ունեցած՝ մարդկային եւ նիւթական անհաշուելի կորուստներ, կրած ենք քաղաքական-դիւանագիտական ահաւոր նահանջներ, մեր խորհրդարանին մէջ ալ կայ խմբակ մը, որ կը մտածէ ամերիկացի 43 ծերակուտականներուն «տրամաբանութեամբ»…

 

15 Փետրուար 2021

asbarez.com/arm/384791/նշմար-ոճիրներ-հրահրողը-անպա՞րտ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail