Խօսքէն Անդին՝ Ծրագիր եւ Գործ- Դ. – ԼՐՋԱԳՈՅՆԸ՝ ԱՐՏԱՔԻՆ ԴԱՇՏԵՐՈՒ ՄԷՋ – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԵՃԵԱՆ
10 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԼՐՋԱԳՈՅՆԸ՝ ԱՐՏԱՔԻՆ ԴԱՇՏԵՐՈՒ ՄԷՋ
Մեռածին (զոհուածին), որբին ու անտունին համար ի՞նչ տարբերութիւն կ’ընէ,
թէ խելագար աւերումը կատարուած է ամբողջատիրութեա՞ն,
թէ՞ սրբազան ազատութեան ու ժողովրդավարութեան անունով:
Մահաթմա Կանտի
Հայաստանի մէջ, կարող ու հաւասարակշիռներու յառաջիկայ կառավարութեան դիմաց կանգնող լրջագոյն մարտահրաւէրները կուտակուած են արտաքին բեմերուն վրայ, առանց անտեսելու այն իրականութիւնը, թէ երկրին ու ժողովուրդին կեանքի ներքին ու արտաքին ոլորտները իրարմէ անջատ, իրարու հետ աղերս չունեցող տիեզերքներ չեն, այլ փոխազդեցութիւն ունին իրարու վրայ:
Նախորդ սիւնակով, կանգ առինք առաւելաբար հայրենիքի ներքին բեմը յուզող տագնապներուն եւ անոնց դարմանումի միջոցներուն վրայ: Նոյն՝ հպանցիկ մօտեցումով, փորձենք առանձնացնել այն հարցերն ու մարտահրաւէրները, որոնք կու գան սահմաններէն անդին զարգացող դէպքերէ եւ ազդակներէ:
Արտաքին ոլորտը կարելի է դիտել երկու բաժինով. Արցախի պատերազմին հետեւանքները եւ անոր «նեղ սահանէն» անդին տարածուող հարցերը: Այստեղ պէտք է քովընտի արձանագրենք նաեւ ժամանակաւոր, ոչ-քաղաքական հարց մըն ալ, որ կը կոչուի Պսակաւոր ճահրի համաճարակ. անիկա մէկ տարիէ ի վեր իր դաժան «կայսրութեան» տակ առած է ո՛չ միայն մեր հայրենիքը, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհը: Անիկա ունի տեղական եւ արտաքին «թելեր», սակայն անով ստեղծուած փապուղիին միւս ծայրէն լոյսը սկսած է երեւիլ:
Ինչ կը վերաբերի Արցախով ներկայացող մարտահրաւէրին, յառաջիկայ կառավարութենէն սպասուող գործ(եր)ը իբրեւ գլխաւոր խորագիր ունին 44-օրեայ պատերազմը, նախընթաց զարգացումները, իսկ աւելի՛ կարեւորը՝ յառաջիկայ փուլին ընելիքները:
ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՀԵՏՔԵՐԸ
Ահաւոր պատերազմին մասին շատ բան ըսուած է ու գրուած, մասնաւորաբար այն օրէն, երբ իշխանութեան (իբրեւ թէ բարի միտքով) սուտերու փուլը վերջ գտաւ եւ դաժան իրականութեան՝ պատմական յաղթանակներէ ետք՝ պատմական պարտութեան ծալքերը սկսան բացուիլ իրարու ետեւէ: Հայութիւնը ակնթարթի մը մէջ ինքզինք դէմ յանդիման գտաւ գաղտնօրէն ստորագրուած համաձայնագիրի մը (թէ անիկա յայտարարութիւն է, եւ ո՛չ՝ աւելի, բան չի փոխեր առարկայական իմաստով), յետոյ, ծալք առ ծալք սկսան ի յայտ գալ նաեւ բերանացի համաձայնութիւններ, իսկ ամէնէն ահաւորը՝ համաձայնութեան ծիրէն դուրս տեղի ունեցող զարգացումներն են, որոնք բացառապէս ի վնաս հայկական կողմին են անոնք կը կոչուին համաձայնութեան մէջ հաշուի չա’նուած հողերու յանձնում, գերիներ, Մեղրիի վրայով անցքի հարց եւ անոր կապուած խաբուսիկ պատրանքներ, նոյնինքն Հայաստանի սահմանային գօտիներէ պատառիկներու կորուստ, վտանգում…: Այս բոլորը զուտ ներ-հայկական հարցեր չեն, այլ անմիջականօրէն առնչուած են մէկ կողմէ՝ թուրք-ազերիական ծաւալապաշտ քայլերու եւ ծրագիրներու, իսկ միւս կողմէ՝ Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ Կովկասի մէջ մրցակցութեան եւ գործակցական ընտրանքներու:
Առաջին ամիսներու յիշեալ անակնկալներէն ետք, ծագեցան նաեւ «մանր» զարգացումներ (ռուսական զէնքերու «անգործնականութեան» յայտարարութիւնը, հայկական օդանաւի մը Իրան «ապաստանումը» եւ այլ), որոնք նոր ամպեր կուտակեցին մեր հայրենիքի արդէն իսկ մթագնած հորիզոններուն: Այս ու առնչակից իրադրութիւններ մեր դիւանագիտական մեքենան կը դնեն բաւական լուրջ գործի հրամայակնին առջեւ, այնա՛ն լուրջ, ուորն նմանը համտեսած ենք Արցախի առաջին պատերազմի օրերուն եւ անոր վախճանին:
ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ «ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐ»-ՈՒ ԲԱՑՈՒՄ
Յառաջիկայ կառավարութեան առաջնահերթ գործերէն մէկը պիտի ըլլայ, առարկայական, անաչառ եւ քաղաքական բանավէճերու դաշտերէն հեռու՝ քննութիւն բանալ եւ գտնել պաստախանները այն հարցականներուն, որոնք կապուած են պատերազմին դրդապատճառներուն, անծանօթ մնացած երեսներուն եւ գաղտնի պահուած ծալքերուն:
Նոյեմբեր 10-ին լոյս տեսած տխրահռչակ յայտարարութենէն եւ առաջին տխուր բացայայտումներէն անմիջապէս ետք, մենք ալ շեշտած էինք անհրաժեշտութիւնը նման քննութիւններու բացման, ընդծելով, որ անիկա պէտք է տարուի լուսարձակներէ հեռու, հարցին թելադրած խորհրդապահութեան մթնոլորտին մէջ, ո՛չ միայն այս հարցը ձերբազատելու համար խօսքի աճուրդներէ, այլեւ որովհետեւ անոր խորքին կայ մեր հայրենիքի անվտանգութեան էական հարցը (մեր խօսքը չի վերաբերիր այնպիսի գաղտնապահութեան մը, որ մեր ժողովուրդի հասողութենէն հեռու կը պահէ այնպիսի «գաղտնիքներ», որոնք ամենայն մանրամասնութեամբ ծանօթ են թշնամիին եւ մեզի առնչակից երկիրներուն): Անհրաժեշտ է անվիճելի եւ վերջնական պատասխաններ գտնել այն հարցերուն, թէ այս պատերազմը իսկապէս անխուսափելի՞ էր, եթէ այո՝ որքա՞ն ճիշդ է այն, որ մեր իշխանութիւնները անտեսած են վտանգները, ձեռք չեն առած դիւանագիտական զէնքերը, անհրաժեշտ սպառազինութիւնը չենք ունեցած (անոր մէջ «նախկիններ»ուն յանցանքի բաժինը որքա՞ն է՝ եթէ կայ), պատերազմը չենք կրցած վարել հմտօրէն եւ առիթ տուած ենք, որ թշնամին խորտակէ մեր պաշտպանական որոշ դիրքերը եւ բացուած «նեղ դուռներէն» կատարած է այնպիսի թափանցում, որ այլապէս կանխելի էր. որքա՞ն ճիշդ են դաւաճանութեան մասին զրոյցներն ու փոխանակուող մեղադրանքները (որոնք վերջերս հասան նաեւ սպայակոյտին ու անոր պետին):
Քննութիւններն ու ստուգումները պիտի չընդգրկեն միայն պատերազմին զինուորական երեսը, այլ նոյնքան կարեւոր է քաղաքական-դիւանագիտական աշխատանքներու մարզը: Զինուորականին զուգահեռ գիծի վրայ, պատասխաններ պէտք է գտնել այն հարցումներուն, թէ մեր դիւանագիտութիւնը որքանո՞վ կատարած է իրմէ սպասուածը, ինչպիսի՞ թերութիւններ ու բացթողումներ արձանագրուած են…: Այս ծիրին մէջ, շատ կարեւոր հարց է այն, որ դիւանագիտական ձեռքը որքանո՞վ գործունեայ էր համատարած կերպով, թէ՝ արդեօք սփիւռքեան այս կամ այն գաղութին մէջ կազմակերպուած եւ բաւական ազդու ցուցական քայլերը (բազմամարդ ցոյցեր, ճամբաներու փակում, տեղեկատուական աղբիւրնեու կեդրոններու առջեւ բողոքի եւ պահանջատիրական ներկայութիւններ…) արդեօք իրենց կողքին ունեցա՞ն իշխանութեան ներկայացուցիչներու յենարանը, թէ դիւանագիտական ցանցը նախընտրեց պահպանողական մնալ:
Հարցականները հսկայական լեռ մը կը կազմեն: Այս բոլորին պատասխաններուն որոնումն ու ընդհանուր պատկերին յստակացումը պիտի կատարուի ո՛չ միայն յանցաւորներու հասցէները ճշդելու եւ զանոնք պատասխանատուութեան բերելու մտասեւեռումով (այդ պիտի նշանակէր կամովին պատանդ մնալ անյեղլի անցեալին), այլ մանաւանդ վերակազմակերպելու մեր ռազմական-մարտավարական-դիւանագիտական աշխատանքներու ոլորտները:
ՄՈՒՐՀԱԿՆԵՐ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
Պատերազմի ծալքերուն եւ արձանագրուած պարտութեան բոլոր պատճառներուն բացայայտման զուգահեռաբար, յառաջիկայ կառավարութիւնը ունի նոյնքան կարեւոր այլ առաքելութիւն մը. կազմել այն պարտամուրհակները, որոնք Հայաստան եւ Արցախ պիտի ներկայացնեն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ Արցախի տագնապին լուծման նպաստելու կոչուած կողմերուն, սկսելով Մինսքի խումբէն մինչեւ միջազգային այլ ատեաններ:
Այդ պարտամուրհակներուն մէջ յստակօրէն պիտի արձանագրուին, թէ պատերազմին պատասխանատուութիւնը բացարձակապէս կ’իյնայ Ատրպէյճանի ուսերուն, որ ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿ եղաւ, մինչդեռ ազերի-թրքական քարոզչութիւնը այս գետնի վրայ բազմաթիւ անարդար կէտեր շահած է: Յիշեցում պիտի կատարուի, որ նախորդ պատերազմներուն ալ Ատրպէյճանը եղած էր նախայարձակ, իսկ ոչ-պատերազմ, ոչ-խաղաղութիւն երկար փուլերուն, ազերիական կողմն էր որ մանր յարձակումներով, արձակազէններու փամփուշտներով եւ թափանցումի անհաշիւ փորձերով, բազմաթիւ զոհեր, վիրաւորներ ու նիւթական մեծ վնսաներ պատճառած է հայկական բանակին ու խաղաղ բնակչութեան, առաւելաբար Արցախի, սակայն նաեւ Հայաստանի սահմանամերձ գօտիներու մէջ: Տարիներ շարունակ թափուած արիւնը չի կրնար մնալ անհատոյց:
Մուրհակին այլ գլուխները կը կազմեն Արցախի ուժերուն եւ խաղաղ բնակչութեան դէմ գործածուած արգիլեալ զէնքերը (տարանջատուող, ֆոսֆորային…): Տակաւին՝ Թուրքիոյ ուղղակի մասնակցութիւնը՝ հակահայ գործողութիւններուն, մասնաւորաբար անոր կողմէ ահաբեկչական խմբաւորումներու ճակատ բերուիլը: Այս բոլորը օրին ունեցան տեսնող աչքեր, միջազգային մամուլն ու քաղաքական-պետական շրջանակներ ունեցան դատապարտանքի արտայայտութիւններ: Այս ու նմանօրինակ թշնամական արարքներ, որոնք կ’իյնան ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ցուցակին տակ, չեն կրնար աննկատ եւ անհատոյց թողուիլ ու մոռցուիլ պարզ… ինքնախաբէութեամբ, որ այս արարքներուն հեղինակներուն հետ կրնանք առեւտուր ընել, սահմաններ բանալ եւ դիւանագիտական կապեր հաստատել, իբրեւ թէ բազմահազար զոհերն ու վիրաւորները, կորսուածներն ու գերիները ոչինչ կը նշանակեն:
Մէկ խօսքով, եւ ինչպէս տեղ մը շեշտեցինք այս սիւնակներուն սկզբնաւորութեան, պէտք է ճամբայ ելլել այն կէտէն, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանն են ու կը մնան մեր հիմնական թշնամին, անոնք վար չեն դրած համաթուրանականութեան, այսինքն՝ Հայաստանը եւս քարտէսէն ջնջելու իրենց դրօշը, իսկ Հայաստանի պարտուած եւ սողոսկող իշխանութեան նեցուկ կանգնելու թրքական-ազերիական արտայայտութիւնները կը հետապնդեն ՆԱԵՒ ներ-հայկական կաթսան նոր եռքի հասցնելու դաւադիր նպատակը: (Անցեալին ալ, Թուրքիա յաճախ փորձած է ներ-հայկական տարակարծութիւններ շահագործել, հիմա կը փորձէ նոր գագաթներ նուաճել. Հայաստանի իշխանութիւնը, որ ցարդ կրաւորական ու տկարի տրամաբանութեամբ կը դիտէ այս բոլորը, չի կրնար նոյն հոգեվիճակն ու տրամաբանութիւնը ժառանգ թողուլ յաջորդ կառավարութեան):
yerakouyn.com/2021/03/11/խօսքէն-անդին՝-ծրագիր-եւ-գործ-դ-ս-մահսէ/