Հայոց ցեղասպանութիւն – Ինքնավստահութիւն Վերագտնել Վերանուաճելով Հայանուանումները (Յ.Պալեան)
16 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ: (Կարդալ նաեւ՝)
Տասնամեակներէ ի վեր, աւելի քան մէկ դար, հայու անունները փոխարինած ենք եւ կը փոխարինենք օտար անուններով. Ռոպէր եւ Թինա, Տայանա եւ Ֆրէտ, Սվետլանա եւ Վլատիմիր, Կլատիս եւ Հանրի, Ճիուլետտա եւ Ռիչըրտ, Էվալինա եւ Ժան-Պաթիստ… Հազարաւորներ: Ի՞նչ ուզած ենք փաստել: Գեղեցկանա՞լ, թէ՞ թաքնուիլ, անճանաչ դառնալ:
Աւելի պարզ ախտաճանաչում. ստորակայութեան բարդոյթ:
Օտարի տիրապետութեան տակ, մեր ազգանունները օտարացած են, յաճախ արմատները, տոհմական անունները փոխարինելով արհեստի կոչումով. Տեմիրճեան եւ Ալթունեան, Սապունճեան եւ Թէնէքէճեան, Պաքալեան եւ Էթիէմէզեան,, Աթաշեան եւ Տէօքմէճեան, Սամանճեան եւ Գասապեան, Սողանեէմէզեան եւ Ալթըմարքեան, դեռ չեմ խօսիր Օղլուներու մասին… Հազարաւորներ:
Իր անունը չըսող եւ չընդվզեցնող ստրկացում:
Այս՝ Սփիւռք(ներ) եւ Հայաստան, մինչեւ հայկական գաւառներու խորքերը, վանքերու շուքին տակ ապրող գիւղերը:
Կը սիրենք նորարարութիւնը:
Այսօրուան մեր հոգեկան-քաղաքական ընկճուածութեան դէմ հոգեբանական ազդու դարման կ’ըլլայ զէնք եւ արիւն չպահանջող մեր անուանակոչումներու հայացումը: Ճիշդ է, անհրաժեշտ է դատարան դիմել, մեր ունեցած բոլոր թուղթերը (կալուածագրեր, վկայականներ) սրբագրելու համար: Այս ընելով կրնանք ձեւով մը հարազատութիւն նուաճել, մանաւանդ՝ արմատներու հանդէպ հաւատարմութիւն զգալ: Նաեւ վերջ տալ պատշաճեցման կեղծիքին, երբ օտարին կը ներկայանանք օտար անունով, իսկ հայկական միջավայրի մէջ կը գործածենք հայկական անուն:
Այս մասին խորհիլ աժան ինքնատպութեան մարմաջ չէ, այլ մենք մեզ զգալ մեր տարբերութեամբ: Այս ընելու համար ոչ ուշ է ոչ կանուխ: Երբ խօսուի այս մասին, երբ առաջին քայլերը ձեռնարկուին, այն ատեն կ’ըլլայ պահը:
Ի հարկէ մէկ օրէն հրաշք պիտի չպատահի: Պէտք է տարածել վերանուանման գիտակցութիւնը՝ նահանջներու դէմ թումբ կանգնելու որպէս առաջին ճիգ: Սեփական արմատներու տիրութեան գիտակցութիւն նուաճելու առանց փողի եւ թմբուկի քայլ է ասիկա:
Կը յիշեմ հայ երիտաարդ հօր մը պարագան: Ան որոշած էր իր զաւակը կոչել Արմէնիա, ան ըլլար մանչ թէ աղջիկ: Զաւակի ծնունդէն ետք, կը ներկայանայ պատկան գրասենեակ, արձանագրելու համար իր զաւակը: Պաշտօնեան կը հարցնէ թէ ինչպէ՞ս պիտի կոչուի նորածինը: Հայրը կ’ըսէ՝ «Արմէնիա»: Պաշտօնեան կ’ըսէ, այս երկրորդ անունն է, ի՞նչ պիտի ըլլայ առաջին անունը, հայրը կրկին կ’ըսէ «Արմէնիա»:
Քանի մը անգամ կը կրկնուի այս հարց-պատասխանը: Ի վերջոյ, հայ հայրը կ’ըսէ. «Եթէ ձեր զաւակը Չինաստան ծնէր, միթէ՞ դուք զայն «Չանկ-Չինկ-Թոնկ» պիտի կոչէիք»: Պաշտօնեան կանգ կ’առնէ եւ կ’ըսէ. «Հասկցայ»: Եւ նորածին հայ մանուկը կ’արձանգրուի պետական տոմարին մէջ՝ «Արմէնիա»:
Այս գիտակից վերաբերումը զոհողութիւն եւ դրամ չի պահանջեր:
Հայերը չեն ըլլար ո՛չ Ալեքսիա, ո՛չ Ժընեւեւ, ո՛չ Ճոն եւ ո՛չ Ժիւլ…
Կը շարունակեն Հայկը եւ Արամը, Փառանձեմը եւ Նուարդը…
Վերականգնումը կ’ըլլայ նաեւ պզտիկ քայլերով:
Տասը օր ետք Ապրիլ 24 է:
Վերականգնում եւ յաղթանակ հրաշք չեն: Կը պատրաստուին իւրաքանչիւրի եւ բոլորի ամէնօրեայ պզտիկ քայլերու գումարումով:
Սովորութիւն ունինք Միութիւններ ստեղծելու: Հարազատի փառասիրութեամբ այս նպատակին համար ինչո՞ւ Միութիւն մը չստեղծել:
yerakouyn.com/2021/04/15/ինքնավստահութիւն-վերագտնել-վերանուա/