Ուրկէ՞ Կու գանք, Ո՞ւր Կ՝երթանք.- Ա. Հրաբուխի Խառնարանին Մէջ – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ուրկէ՞ Կու գանք, Ո՞ւր Կ՝երթանք.- Ա. Հրաբուխի Խառնարանին Մէջ – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

11 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Մասնաւորաբար 44-օրեայ պատերազմի դադրեցումէն ասդին, Հայաստան-Արցախ աշխարhը եւ անոր հետ ամբողջ հայութիւնը կ’ապրի հրաբուխի մը խառնարանին մէջ: Իւրաքանչիւր արեւածագի, եւ անկէ մինչեւ արեւամուտ հասցնող ժամերը մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին արարուող պատմութեան մէջ կ’արձանագրեն դէպքեր եւ ուղղութիւններ, որոնցմէ  դրական զարգացումներու սպասումը կը մնայ անպատասխան, չ’անցնիր խոստումներու եւ բարի կամեցողութեան սահմանը, իսկ բացասական իրականութիւնները, յատկապէս ազերիական թշնամանքներու իրականացման գետնին վրայ, նոր «նուաճումներ» կ’արձանագրեն ի հեճուկս Հայաստանի ու հայութեան:

«Խառնարան»ին խճանկարը կազմուած է բազմաթիւ մասնիկներով, որոնցմէ մաս մը ունի կարճ թել, իսկ ուրիշներ կ’երկարին շաբաթներու, ամիսներու վրայ: Կարելի չէ թուել բոլորը, կանգ առնել քայլափոխ առ քայլափոխ, սակայն եթէ ընտրենք քանի մը օրինակ, ընդհանուր պատկերը կը դառնայ քիչ մը աւելի յստակ ու պարզորոշ:

ՄԱՍՆԱՏՈՒԱԾ ՄԱՅԻՍ 28-Ը

Կարճ թելերէն մէկը կազմեց Մայիս 28-ի յիշատակումը: Լրատու աղբիւրներէ տրուած մանրամասնութիւնները ցոյց տուին, որ Սարդարապատի մէջ կերտուած յաղթանակին եւ դարերու անորոշութենէ ետք հիմնադրուած Հանրապետութեան 103-րդ տարեդարձին յիշատակումը ձեւով մը արտացոլացումը եղաւ իրողական ողբալի (եւ չըլլալիք) վիճակին:

Առաւօտուն, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու խումբ մը հոգեւորականներ Սարդարապատ էին աղօթելու համար: Աւելի ուշ, նախագահը, հրաժարեալ վարչապետն ու հրաժարեալներու փաղանգ մը հասան Սարդարապատ, ոգեկոչական հանդիսութեան մը համար: Յիշեալ երկու «նախաձեռնութիւններէն» մեծագոյն բացական էր մեր ժողովուրդը, բազմութի՛ւնը (եւ ո՛չ թէ միայն մամուլի ներկայացուցիչները. միայն իշխանութեան մօտիկ կայանի մը արտօնուած էր լրագրող ղրկել): Յուշահամալիրին ճամբաները փակուած էին ժողովուրդին եւ մամուլի ներկայացուցիչներուն առջեւ, գործնապէս փաստելով, որ մոռցուած է թէ Սարդարապատն ու Հայաստանի անկախ հանրապետութեան ստեղծումը ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ սխրանքին արդիւնքն էր…: Ալ ի՜նչ խօսք՝ յաղթանակը կերտող զինուժի ժառանգորդներուն՝ հոգ չէ թէ խորհրդանշական տողանցքին մասին: Պարտութեան առաջնորդուած եւ վարկաբեկումէ վարկաբեկում տարուող զինուժը ի՞նչ երեսով պիտի տողանցէր նահանջամոլ իշխանաւորներուն աչքին առջեւ: Սարդարապատին արձագանգ եղող՝ Արցախեան բազմահանգրուան յաղթանակներուն շուքն անգամ ջնջուած էր իշխանաւորներուն «նուաճումներուն» հետեւանքով: Անկախութեան կերտիչներուն հասցէին արձակուած դրուատիքները գացին-ինկան երեսանցութեան թէզին վրայ…

Մայիս 28-ը աւելի՛ արժանաւոր կերպով նշուեցաւ այլուր: «Հայաստան» դաշինքը հանրահաւաք մը կազմակերպած էր Արամ Մանուկեանի յուշարձանին շուրջ, Երեւանի մէջ: Հոն տեղի ունեցաւ հանրապետութեան արարողներուն երթը վերականգնելու ուխտի վերանորոգում, պարտուողականութեան վերջ տալու հաւաստիքներ եւ յոյսեր հնչեցին: Դրական յիշատակումներու շարքին էին նաեւ պատկերասփռուած յայտագիրներ ու վաւերագրական նիւթեր, իբրեւ յուշարար պատգամներ:

Մասնատուած եւ տխուր էր 103-րդ Մայիս 28-ը, նման Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք իրականութիւններուն: Այս «մասնիկները» արձանագրուեցան դառնութեամբ…

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԽԱՌՆԱՐԱՆԸ ԵՒ…

Քաղաքական բեմին վրայ, աւելի երկարաշունչ թելերու խառնարանին մէջ նորագոյն փոթորիկը ստեղծուեցաւ մէկ կողմէ՝ սահմաններուն երկայնքին ազերիական ոտնձգութեանց սաստկացման, իսկ միւս կողմէ՝ ընդդիմադիրներուն կողմէ հրաժարեալ վարչապետին պարտադրուած՝ նորագոյն բացայայտումներուն ու խոստովանութիւններուն հետեւանքով: (Սովորութիւնն է, չէ՞. վարագոյրին ետին բաներ մը ընել, հաւաստել, որ «անանկ բան չկայ», յետոյ ետդարձ ընել եւ խոստովանիլ, երբ ընդդիմադիր մը կամ մամուլը ձախաւերութիւնը հրապարակ հանէ անվիճելի փաստերով, փորձել յանցանքը մեղմացնող պատճառաբանութիւններ որոնել անուղղայ մանուկի պէս…):

Սահմանագիծին վրայ ազերիական թշնամանքը նոր մակարդակ նուաճած է. Սիւնիքի ճամբաներուն վերահսկողութիւնը, ռազմական կարեւորութիւն ունեցող բարձունքներու եւ կարգ մը գիւղերու գրաւումը ունին նոր «մրցակիցներ»՝ Գեղարքունիքի եւ Տաւուշի սահմանային գօտիներէն ներս բազում թափանցումներ. իշխանութիւնները սկզբնապէս մնացին խուսափողական, ճշմարտութիւնները հերքող՝ հաւկուրի կացութեան մէջ, սակայն ճշմարտութիւնները հարկադրեցին խոստովանիլ իրենց անկարողութիւնը (կ’արձանագրենք միայն ցաւով. ո՛չ ոք կ’ուրախանայ նման ընկրկումներու ի տես): Առաջին հերթին, հաստատուեցաւ, որ «մոլորուած» զինուորներուն թիւը 250-ի կը հասնի, հասկցանք, որ ճամբայ չէին կորսնցուցած, այլ եկած ու առօք-փառօք դիրքեր գրաւած են Հայաստանի մայր հողին վրայ, կ’ամրանան: «Թափանցող զիուորներուն մէկ մասը ելման կէտ վերադարձած է» լուրերը ցնծութիւն չբերին, որովհետեւ գրաւուած դիրքերը բազմացան: Իշխանութիւնը խոստովանեցաւ, որ «հիւրերուն» թիւը բարձրացած է 500-600-ի: Հիմա արդէն կը խօսուի «առնուազն հազար»-ի մասին (Աչքը լո՜յս պանդոկ շինել ուզողներուն): Իշխանութիւնը կառչած կը մնայ «խաղաղ լուծում»ի ընտրանքին, որուն համար բազում խրատներ կը տեղան դուրսերէն (10 Նոյեմբերէն ետք ստեղծուած վիճակն ու կրաւորական անգործութիւնը այլընտրանքի ճամբաները մեծ մասամբ խափանած են): Օր ըստ օրէ աւելի պարզ կը դառնայ, թէ Հայաստանի ցլխուն ինչպիսի՛ փոթորիկներ կը կուտակուին (տեսնող կը փնտռուի):

Եւ յանկարծ (նմանապէս ընդդիմադիրներու բացայայտումին ճնշումին տակ), հրաժարեալ վարչապետը հաստատեց, որ բանակցութիւն տեղի կ’ունենայ սահմանագծումի առաջարկի մը շուրջ, զոր պիտի ստորագրէ, եթէ որոշ պայմաններ լրացուին: Փոթորիկը սաստկացաւ, երբ ակնարկութիւն եղաւ, որ Ազրպէյճանը հողատարածքներ ունի (եղեր) Հայաստանի սահմաններէն ներս, Երեւանի հարաւը եւ Տաւուշ, որոնք կրնան ընդգրկուիլ «պիտի ստորագրեմ»ին մէջ, համաձայնութիւն՝ որմէ (ըստ հրաժարեալին) «ո՛չ մէկ վնաս պիտի հասնի Հայաստանին»: Խառնարանին բորբոքումը (պարզ զուգադիպութիւն՝ Քոնկոյի արեւելքը բորբոքած հրաբուխին) սաստկացաւ, երբ հրաժարեալ վարչապետը հրապարակ նետեց «շինիչ առաջարկ» մը եւս. ռուս կամ ՀԱՊԿի անդամներէն խաղաղապահ դէտեր հաստատել Հայաստանի արեւելեան սահկմանին վրայ, Սոթքէն մինչեւ Խոզնավար երկարող գօտիին մէջ:

…ՔԻՉ ՄԸ ՔԱՐՏԷՍ

Չմտնենք այս հաւաստիքներուն եւ առաջարկին ստեղծած մեկնաբանութիւններուն մանրամասնութեանց մէջ, որոնց մեծ մասը անվիճելօրէն ցոյց կու տան անհեթեթութիւններն ու քաղաքական մանկապարտէզի վիճակը (ի դէպ, բանակայիններն ալ դուրս չեն եկած մանկապարտէզէն, երբ ազերիական ոտնձգութեանց դիմաց նահանջողականութիւնը կը փորձեն հազար ու մէկ պատճառաբանութեամբ արդարացնել, առանց հասկցնելու, թէ շուրջ 7 ամիսէ ի վեր ինչո՞ւ անգործուլթիւնը կը մնայ տիրական):

Եթէ աչք մը նետենք կողքի քարտէսին, դժուար չէ տեսնել, որ Սոթքէն Խոզնավար սահմանային գօտին հազիւ 25 առ հարիւրն է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ձեւաւորուող սահմանագիծին: Անիկա կ’ընդգրկէ Վարդենիսի «զգայուն» շրջանը, դրացի է Հայաստանը Արցախին կապող այժմու նրբանցքին: Բնականաբար կը ծագին շարք մը հարցեր, որոնցմէ՝

  1. Սա կը նշանակէ՞, որ Սոթքէն հիւսիս եւ Խոզնավարէն հարաւ երկարող սահմանները ապահով են, անձեռմխելի (խնդալիք չէ):
  2. Ո՞վ պիտի պաշտպանէ Սիւնիքն ու հիւսիս-արեւելեան սահմանները (Ազրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմանին ընդհանուր երկայնքը մօտաւորապէս 500 քլմ. է. իշխանաւորներ կը պատճառաբանեն, որ կարելի չէ ամէն բարձունքի գագաթը զինուոր դնել…): Կառավարութեան վերջին նիստերէն մէկուն, քննարկուած է Սիւնիքի յիշեալ գօտիին մէջ որոշ հողամասեր ռուսական ուժերուն տրամադրելու ծրագիր մը, որուն մասին սկիզբը հրապարակում չեղաւ, բայց ի վերջոյ բացայայտուեցաւ (եւ սա այն իշխանութիւնն է, որ կը յոխորտայ, թէ ժողովուրդէն գաղտնիք չի պահեր, կը կարծէ, թէ մոռցուած է գաղտնօրէն ստորագրուած Նոյեմբեր 9-ը…):
  3. Պէ՞տք է հաւաստի նկատել այն մեկնաբանութիւնները (եւ ինչո՞ւ ոչ), թէ՝ նման սահմանի մը մասին պաշտօնապէս խօսելով, անուղղակի կերպով կ’ընդունինք, որ Ազրպէյճանի հետ «վիճելի» սահմանը այդ փափուկ եւ խնդրայարոյց գօտիին մէջ է միայն, նաեւ կ’ընդունինք, որ անկէ արեւելք տարածուող ԱՄԲՈՂՋ ՇՐՋԱՆԸ (դարձեալ նայինք քարտէսին) Ազրպէյճանի կը պատկանի: Մանրամասնենք. Սոթքէն Խոզնավար երկարող գիծին արեւելքը կը տարածուի Արցախէն հայութեան մնացած փոքր գօտին, որ արդէն դրուած է ռուսական խաղաղապահ ուժերու հսկողութեան տակ:
  4. Սա կը նշանակէ՞, որ Հայաստան գործնապէս կ’ընդառաջէ Ալիեւի այն յայտարարութեան, որ Արցախի հարցը լուծուած է, սահմանագծումի եւ խաղաղութեան պայմաններու շուրջ համաձայնելու համար, Հայաստան պէտք է ընդունի Ազրպէյճանի «հողային ամբողջականութիւնը», ընդունի, որ Արցախը (այսինքն՝ ինչ որ մնացած է տակաւին) Ազրպէյճանի հող է: (Ո՞ւր կը մնան «Արցախը Հայաստան է ու վերջ»ը, Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, մինչեւ իսկ խորհրդային օրերու ԻՆՔՆԱՎԱՐ ՄԱՐԶի հանգամանքը…):
  5. Չնաշխարհիկ առաջարկին ի լուր, այսուհետեւ ինչպէ՞ս հաւատալ, որ «դէտերու գօտի»էն հիւսիս ինկող՝ Տաւուշի «վիճելի կղզեակներ»ու մասին հրաժարեալին ստորագրելիք համաձայնագիրը իսկապէս պիտի ըլլայ ի շահ Հայաստանի: Չէ՞ որ մեր ժողովուրդը տեսած է (թէեւ ոմանք կը փորձեն մոռացկոտ եւ ներողամիտ խաղալ), որ 9 Նոյեմբերի յայտարարութիւնն ալ «ի նպաստ Հայաստանի» էր (իբրեւ թէ 25 հազար զինուորի կեանք փրկելու նպատակով), չէ՞ որ այդ համաձայնագիրին մէջ չէին մտներ Ազրպէյճանին փաստացի նուէր յանձնուած տարածքները, որոնք փոխանցուեցան (դարձեալ յիշեցնենք յուշակորոյսներուն) բերանացի համաձայնութեան մը հիմամբ: Դեռ քանի՞ «օգտակար համաձայնութիւններ», գաղտնի կամ այլ, դառն անակնկալներու պիտի մատնեն մեզ:
  6. Սիւնիքի շրջանին մէջ ռուսական ուժերուն հողեր-կէտեր տրամադրելու ծրագիրը արդեօք նոր տեսակի քողարկո՞ւմ մըն է, մէկ կողմէ՝ մեր հողերը մեր միջոցներով պաշտպանել մերժելու, եւ միւս կողմէ՝ Ազրպէյճանի հետապնդած «Միջանցք»ը իրականացնելու ընտրանքներուն:
  7. Վերջին (բայց ո՛չ վերջնագոյն) հարցում մը: Ինչո՞ւ հայկական կողմը միշտ պիտի ըլլայ տուողը եւ փոխարէնը ոչինչ ստացողը (չմոռնանք, որ մենք շատ աւելի առնելիք-իրաւունքներ ունինք, քան ազերիական-թրքական կողմը): Ինչո՞ւ, օրինակի համար, հարիւրաւոր գերիներու վրայ պիտի աւելնան 6 նորեր, իսկ մենք պիտի մնանք ձեռնածալ, ուրախանանք, որ այս կամ այն երկիր կամ խորհրդարան (այլապէս ողջունելի) պահանջներ պիտի դնէ Ազրպէյճանին:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԻՐԱՒԱՍՈՒԹԻՒՆԸ

Վարչապետն ու կառավարութիւնը հրաժարած են մօտաւորապէս մէկ ու կէս ամիսէ ի վեր: Խորհրդարանը լուծարքի ենթարկուած է մօտաւորապէս մէկ ամիսէ ի վեր: Եւ ահա, Հայաստանի (եւ Արցախի) շուրջ ճակատագրական ծրագիրները հրապարակ կու գան իշխանութեան մակարդակին վրայ իրողական պարապութեան ժամանակաշրջանի մը, այսինքն՝ հրաժարեալ իշխանութիւններու օրով:

Հրաժարեալ-պաշտօնաւարտներու այս «դարաշրջանին», մենք կը մնանք խաղաղասէր, կրաւորական ու ձեռնածալ, իսկ Ազրպէյճան կ’աշխատի կուլ տալ Արցախի մնացեալ մասը, պատառիկներ խլել (ինչո՞ւ չէ նաեւ նուէրներ սպասել) նոյնինքն Հայաստանի հողերէն:

Եւ մենք կ’երթանք դէպի աղբիւրը… ընտրապայքարի (սա արդէն առանձին քննարկելի հարց է. յաջորդիւ):

yerakouyn.com/2021/05/31/ուրկէ՞-կու-գանք-ո՞ւր-կ՝երթանք-ա-հրաբո/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail