Անդրադարձ – Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը – Բ. – Յարութ Չէքիճեան
25 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – Անդրադարձ – Յարութ Չէքիճեան –haroutchekijian.wordpress.com
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Ստորեւ կ՛ամփոփեմ Մանօ Չիլինկիրեանի 2011-ի հարցազրոյցը (Մ. տառով)` Հայկազեան քոլեճի բնագիտութեան եւ ուսողութեան 1960-1966 տարիներու դասախօս (1963-ին մէկ տարի բացակայած` մագիստրոսի ուսումին համար), հրթիռներու ակումբի հիմնադիր, այժմ փրոֆեսէօր Մանուկ Մանուկեանին եւ ակումբի առաջին անդամներէն, այժմ 30-է աւելի դեղերու հեղինակ Համբար Գարակէօզեանին հետ, երկուքն ալ` Երուսաղէմ ծնած* (1), (2), (3): Նաեւ` «Սէուտական Արամքօ Ուըրլտ» երկամսաթերթի «Լիբանանեան հրթիռներուն մոռցուած գագաթնակէտը» խորագիրով Շելտըն Չատի 2013-ի յօդուածէն («The forgotten apogee of Lebanese rocketry, Sheldon Chad») տեղեկութիւններ (4), ան կապ հաստատած է ակումբի առաջին անդամներէն գրեթէ բոլորին հետ (Շ. տառով):
Չակերտներէն դուրս, իմ կողմէս, իբրեւ 1966-1971 Հայկազեանի բնագիտութեան ուսանող, լուսաբանութիւններ կ՛աւելցնեմ այդ օրերուն տիրող ընդհանուր գիտական, արհեստագիտական եւ օգտակար խաղերուն ու զբաղումներուն միջավայրին մասին:
Ուսանողական ակումբներու դրութիւնը պարտադիր սովորութիւն է ամերիկեան ուսումնական ուղղութեամբ համալսարաններուն մէջ: 1960-ի Հայկազեան քոլեճի «Գիտական Ակումբ»-ը, որուն խորհրդատուն էր նորանշանակ դասախօս Մանուկեան, «Հայկազեան քոլեճի հրթիռներու ակումբ» (ՀԳՀԱ, HCRS) կը կոչէ զայն. հրթիռը այդ օրերու գիտական աշխարհին հետաքրքրութեան գլխաւոր առարկաներէն էր:
«Հրթիռներու մասին խանդավառութիւնս կանուխ տարիքիս սկսաւ, երբ Երուսաղէմի Ս. Գէորգ վարժարանի աշակերտ էի, իմ գրասեղանս փորագրած էի դէպի լուսին թռչող հրթիռներով», կ՛ըսէ Մանուկեան: Զարմանալի զուգադիպութեամբ մը, երէց եղբայրս, կամ` իր ընկերները, 1960-ականներուն, Պէյրութի մեր Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի գրասեղաններուն, նստարաններուն եւ իր տետրակներուն վրայ հրթիռներ գծած էր, որոնց քով գլխագիր սկզբնատառեր կային, իրենք ալ ընկերներով հրթիռի ակումբ մը հիմնած էին: Այս մասին` աւելի ուշ:
«Առաջին անդամներն էին Սիմոն` Աբրահամեան, Կարապետ Պասմաճեան, Համբարձում Գարակէօզեան, Հրայր Քէլէշեան եւ Միշէլ Լատահ: Ապա ակումբին միացան` Ճոն Թիլքեան, Հրայր Այնթապլեան, Ժիրայր Զենեան, Ժան Ժաք Կէօվլեքճեան եւ Հրայր Սահակեան»: Հրայր Սահակեանը 1966-էն ետք ակումբին միակ ու վերջին պատասխանատուն` ներկայացուցիչն էր, որ 1968-ին իմ բնագիտութեան ելեկտրոնային նիւթի դասախօսս եղաւ, այս մասին` աւելի ուշ:
«Ակումբը երկու նպատակ ունէր. 1. Ուսանողներուն գիտական մեթոտներ սորվեցնել, եւ 2. Քաջալերել զանոնք, որպէսզի ուսողութեան, ճարտարագիտութեան եւ գիտական ասպարէզ ընտրեն: Սկիզբէն յստակացուցի, որ մեր նպատակը զինուորական չէր, այլ` գիտական: Մեր կանոնաւոր հաւաքներուն կը զրուցէինք հրթիռներու ուրուագիծերուն եւ թռիչքի ուսողութեան մասին», կ՛ըսէ Մանուկեան:
Մ.- «Յաջորդը յարմար վառելանիւթ գտնելն էր, եւ գտանք: Վառելանիւթերուն բնորոշ վտանգին պատճառով այս փորձերը կը կատարէինք քոլեճէն դուրս, մեր անդամներէն Հրայր Քէլէշեանենց ագարակին մէջ: Քանի մը արկածներէ ետք կատարելագործեցինք մղիչ վառելանիւթը եւ արձակեցինք փոքր` 45 սմ երկայնքով առաջին հրթիռը»:
Միջանկեալ*– Հրայրին, որ նաեւ մեր դպրոցէն էր, ամենակրտսեր եղբայրը` Գեղամը դասընկերս էր եւ այդ տարիներուն ընկերներով ձմեռնային արկածախնդրական շաբաթավերջ մը անցուցած ենք Մըրուժի իրենց այս ընդարձակ ագարակին մէջ: Այս գիտական յաջողութիւններուն մէջ իրենց պատուոյ բաժինը ունին նաեւ Քէլէշեանները եւ բոլոր այն ծնողները, որոնք արտօնած եւ քաջալերած են իրենց զաւակները` տան մէջ գիտական, արհեստի, արուեստի, կամ այլ պիտանի զբաղումներ կիրարկել, հոգ չէ, թէ «տունը կ՛աղտոտի», կամ «աղմուկ» կը պատճառէ եւ «աւելորդ» ծախսեր կ՛ենթադրէ:
Շ.- Հիմնադիր անդամ Կարօ Պասմաճեան կը բացատրէ. «Շատ տեղեկութիւն չունէինք, ուրեմն կը փորձէինք հրթիռներուն մղիչ ուժը զօրացնել քիմիական տարբեր նիւթերով` բացի վառօդէն, զինկի եւ ծծումբի փոշիներու խառնուրդով»: Անոնք կը հաւաքուէին Մանուկեանի հինցած «Օլտզմոպիլ» ինքնաշարժին մէջ ու կ՛ուղղուէին անդամներէն Հրայր Քէլէշեանենց ընտանեկան ագարակը, ուր իրենց ալումինիոմէ խողովակներով ամէն տեսակ փորձեր կը կատարէին: «Շատ ձախողութիւններ ունեցած ենք», կ՛ըսէ Պասմաճեան: Բայց շուտով յաջողեցանք որոշ հեռաւորութիւն նուաճել», կ՛աւելցնէ Մանուկեան:
Մ.- «Հայկազեանի մէջ խանդավառութիւն տիրեց, եւ 1961-ի ապրիլին 175 սմ երկարութեամբ հրթիռ մը պատրաստեցինք եւ ամբողջ ուսանողութիւնը հրաւիրեցինք (շուրջ 200 անձ*) արձակումը դիտելու, Այն Սաատէյի Հայ աւետարանական ՔՋԱԿ ամարանոցին մէջ: Հրթիռը յաջողութեամբ թռիչք առաւ եւ հասաւ շուրջ 1000 մեթր բարձրութիւն, սակայն նախնական միջոցներով պատրաստուած, թերի արձակիչին պատճառով հրթիռը ծրագրուածէն դէպի այլ ուղղութիւն գնաց (փոխանակ դէպի ամայի ձորը ուղղուելու` բարձրացաւ բլուրէն վեր):
Շ.- «Չէինք գիտեր, թէ այդ ուղղութեամբ ի՛նչ կար: Գիտնալու համար ուսանողներ մագլցեցան բլուրը եւ գտան երկու յոյն օրթոտոքս վարդապետներ, որոնք շուարած` հրթիռին մնացորդներուն կը նայէին: Հրթիռը ինկած էր եկեղեցւոյ դրան մօտ` առանց որեւէ նիւթական վնաս պատճառելու», կ՛ըսէ Մանուկեան: Ըստ իր հաշիւներուն, հրթիռը շուրջ 1000 մեթր կը բարձրանայ, եւ այս կ՛ըլլայ Միջին Արեւելքի առաջին արձակուած արդիական հրթիռը:
Շ.- Յաջորդ օրը Մանուկեան լիբանանեան բանակէն, այն ատեն հարիւրապետ` Եուսեֆ Ուէհպէէն հեռաձայն մը կը ստանայ, որ կ՛ըսէ, թէ կարելի չէ որեւէ վայրէ հրթիռներ արձակել, սակայն բանակին Սաննին լերան հրետանային փորձերու դաշտին մէջ կարելի էր ուզած քանակով հրթիռներ արձակել:
Մ.- «Այս պատճառով Լիբանանի կառավարութիւնը իր հակակշիռին տակ առաւ արձակման վայրերը: 1961 մայիսին Սաննին լեռէն նոյնպիսի հրթիռ մը արձակեցինք, որ հասաւ շուրջ 2300 մեթր բարձրութեան` զարմացնելով Ուէհպէն, որ այդ օրէն սկսեալ մեր մօտ բանակին մնայուն ներկայացուցիչը դարձաւ*:
«Միջանկեալ, 1961 յուլիսին էր, որ Իսրայէլ արձակեց իր առաջին հրթիռը: Ուստի, Հայկազեան քոլեճը եւ Լիբանանն էին Միջին Արեւելքի առաջին հրթիռ արձակողները», կ՛աւելցնէ Մանուկեան:
Մ.- «1960-ին ՀԳՀԱ-ին ուսանողներուն մեծամասնութիւնը առաջին տարուան ֆրեշմեն էին: Սկզբնաւորութեան հիասթափութիւնը տիրական էր, քանի որ վառելանիւթի համար պէտք ունէինք պայթուցիկ նիւթերու, որոնք շուկայէն կարելի չէր գնել, անոնք արգիլուած նիւթեր էին: Սակայն, գործակցելով լիբանանեան բանակին հետ, իրենց միջոցով կարելի եղաւ ապահովել զանոնք: Նմանապէս` հրթիռներու մարմնին համար կարելի չէր պողպատէ խողովակներ գնել շուկայէն, որոնք նաեւ բանակը կ՛ապահովէր, առաւել, անոնք շողարձակ գործիքով կը ստուգէին հրթիռներուն մարմինը, որպէսզի տկար կէտեր չըլլային, որոնք կրնային պայթումի պատճառ դառնալ արձակման իսկ ժամանակ: Եւ վերջապէս, շատ կարեւոր փողածայրերու (nozzle) ճշգրիտ պատրաստութիւնը` խառատի հաստոցով, բանակին աշխատանոցը կը պատրաստէր զանոնք, ըստ մեր ակումբին կատարած հաշիւներուն եւ ուրուագիծին», կ՛ըսէ Գարակէօզեան:
«ՀԳՀԱ-ին նպատակը ուսանողութիւնը մղելն էր դէպի գիտութեան խրթին բնագաւառները` բարձրացնելով անոնց կարողութիւնը եւ գիտութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնը: Սակայն ՀԳՀԱ-ին յաջողութիւնները այլ համալսարաններու եւ գիտական հաստատութիւններու ուշադրութեան կիզակէտը դարձան, յատկապէս` անոր պատճառած հմայքը եւ համբաւը», կ՛աւելցնէ ան:
Մ.- «Այս հրթիռներուն մասին լիբանանեան հետաքրքրութեան պատճառով «Լիբանանեան հրթիռներու ընկերակցութիւն»-ը (Lebanese Rocket Society, LRS) կազմուեցաւ (պետական միջամտութեամբ, հաւանաբար որպէսզի հոլովոյթը զուտ հայկականէն դուրս գայ, սակայն շատ ուշ էր, քանի որ ժողովուրդը Հայկազեանը հրթիռներու քոլեճ կը կոչէր արդէն*): Վերահսկող յանձնախումբի անդամներն էին` Մանուկ Մանուկեան, Լեւոն Գարամանուկեան (Հայկազեանի քիմիագիտութեան դասախօս*), դոկտ. Փիեր Մըրատ (Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն, ջերմագիտութիւն*), հազարապետ Ժոզեֆ Սֆէյր (սկիզբը լիբանանեան բանակէն, ապա` ազատ ասպարէզ, ելեկտրոնային ճարտարագէտ*), Էլի Քաաի (աշխարհագրական չափագրական մասնագէտ*) եւ հազարապետ Ժոզեֆ Ուէհպէ (Եուսեֆ, 1961-էն սկսեալ, իբրեւ բանակին մնայուն ներկայացուցիչը, հրետանային մասնագէտ*):
Մ.- Գարակէօզեան կը միջամտէ. «Չեմ յիշեր որեւէ այլ համալսարանէ ուսանողներու մասնակցութիւնը ակումբի աշխատանքներուն: Նաեւ` ՀԳՀԱ-ին LRS կոչուիլը: Կը յիշեմ, որ 1962-ին լիբանանեան բանակը աւելի խորացուց իր մասնակցութիւնը, սակայն այս հրթիռներու պատմութեան ամբողջ տեւողութեան ՀԳՀԱ-ի տղաքն էին, որ բանալի աշխատանքը կատարեցին (պիտի աւելցնեմ, մանաւանդ վառելանիւթին բաղադրութիւնը, որ հարիւր տոկոս Հայկազեանի հայ տղոց ձեռքբերումն էր*)»:
Շատ տեղին հաստատում մըն է այս: 2013-ին Ճոանա Հաճիթոմասի եւ Խալիլ Ժըրէյժի «The Lebanese Rocket Society» հետաքրքրաշարժ վաւերագրական ժապաւէնէն ետք (5), որ աշխարհին յիշեցնել տուաւ այս իրագործումը, լիբանանեան մամուլը հարցազրոյցներ ունեցաւ նաեւ տեղացի, մեզի անծանօթ քանի մը անձերու հետ, իբր թէ անոնք ՀԳՀԱ-ի կամ LRS ակումբի անդամներ եղած էին…
20 ապրիլ 2021
(Շար. 2/3)
—————–
*Լուսաբանութիւնները իմս:
(1) http://www.chanitz.org/2011/03/rising-of-rocket.html
(2) http://www.chanitz.org/2011/03/rising-of-rocket-part-2.html
(3) http://www.chanitz.org/2011/05/rising-of-rocket-part-3.html
(4) «The forgotten apogee of Lebanese rocketry», Sheldon Chad, Saudi Aramco World, vol, 64, No. 3, may/june 2013, էջ 18:
https://archive.aramcoworld.com/issue/201303/the.forgotten.apogee.of.lebanese.rocketry.htm
(5) https://youtu.be/ZNvwu0JD6ro 2013-ի Ամփոփ ժապաւէնը