Անդրադարձ – Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Ողբամ Զքեզ, Հայո՛ց Աշխարհ» – ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Անդրադարձ – Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Ողբամ Զքեզ, Հայո՛ց Աշխարհ» – ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

25 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝ :

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Ուրկէ՞ սկսիլ, երբ ամէն բան յստակ ու պայծառ պարզուած է մեր աչքերուն դիմաց:

Երեքհազարամեայ կեանք ունեցող ազգ, որ միայն քանի մը հարիւր տարի վայելած է անկախութիւն, որովհետեւ անհամար թիւով թշնամի զօրքեր արշաւած եւ ոտնակոխ են ըրած մեր պատմական հայրենիքի հողերը` թալանելով, սրբապղծելով, սպաննելով եւ կարմիր ներկելով մեր հայոց աշխարհը:

Որքան սպանդ, տառապանք, արիւն ու տանջանք, ապա` ժամանակաւոր խաղաղութիւն, վերածնունդ եւ գաղթականութիւն: Կարծես ըլլար անէծքը յունական դիցաբանութեան, ուր Սիզիփոս ստիպուած էր իր ամբողջ կեանքի ընթացքին շատ մեծ ժայռ մը հրելով հասցնել ու ցից լերան գագաթին, ապա ժայռը կրկին պիտի գլորի վար, եւ ան անգամ մը եւս պիտի դատապարտուի ժայռը գագաթ բարձրացնելու, եւ այսպէս` շարունակաբար:

Դժուար չէ հասկնալ պատմահայր Մովսէս Խորենացին, որ սգալով` ըսած է` «Ողբա՜մ զքեզ, հայո՛ց աշխարհ»:

Բայց դէպի ո՞ւր, ո՞ր կողմ նայիլ, որո՞ւ յենիլ, որմէ՞ օգնութիւն սպասել, երբ շրջապատուած էինք ու տակաւին ե՛նք բարբարոս, արիւնարբու, վայրագ ու գազան ժողովուրդներով: Արեւմուտքը միշտ եղած է խոստումներով ու յորդորներով լի, բայց գործնականօրէն եղած է կրաւորական եւ ոչ` ներգործական: Իսկ Արեւմո՞ւտքը, որո՞ւ մասին խօսինք` Ռուսիո՞յ, թէ՞ Իրանի:

Արդեօք ցարական Ռուսիան չէ՞ր, որ կը պահանջէր Հայաստան մը առանց հայու, արդեօք Խորհրդային Ռուսիան չէ՞ր, որ մեր առաջին հանրապետութեան վերջ դրաւ. ապա իրենք չէի՞ն, որ բաժնեցին մեր անկախացած հայրենիքը` Թուրքիոյ, Վրաստանի, Ազրպէյճանի մեծ բաժիններ հանելով: Արդեօք նոյն Ռուսիան չէ՞ր, որ սփիւռքէն հայրենիք ներգաղթած ազնուական ընտանիքները լեցուց շոգեկառքի վակոններու մէջ եւ զանոնք Սիպերիա ուղարկեց: Նոյն ռուսը չէ՞ր, որ ազգայնասէր Խորհրդային Հայաստանի հոյլ մը պայծառ ու փայլուն դէմքեր թաքուն պայմաններու մէջ ոչնչացուց (յիշենք Պարոյր Սեւակը, Եղիշէ Չարենցը, Ակսել Բակունցը եւ այլն):

Շատ յստակ եւ պարզ է. եթէ թուրքը կ՛ուզէ հայութեան ճիւղերը կտրել, ռուսն ալ կ՛ուզէ հայութեան արմատները չորցնել:

Իսկ ի՞նչ ըսել Իրանի մասին, երբ հայոց պատմութեան էջերը լեցուն են խօսուն փաստերով այն մասին, որ Պարսկաստան միշտ ի՛նք եղած է վերջին խօսքը ըսողը այս փոխյարաբերութեան մէջ:

Ընտրանքը յստակ էր եւ տակաւին նոյնն է` ուժը գտնել մեր անխորտակելի միասնականութեան մէջ: Բայց ափսո՜ս, որ չսորվեցանք: Իսկ երբ քանի մը «խենթեր», տոգորուած` ազգային բիւրեղ ազատատենչ գաղափարներով, կը նուիրեն իրենց կեանքը հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն, յաւերժ յարգանքի եւ խոնարհումի արժանանալու փոխարէն, անոնք դարձան քննադատութեան եւ ծիծաղի առարկայ կարգ մը կազմակերպութիւններու կամ խմբակցութիւններու կողմէ: Այո՛, դժուար է հաւատալը, բայց արդեօք այդ ճակատագիրին չմատնուեցա՞ն Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը կերտող հերոսները` շատ մը «հայերու» կողմէ:

Աւելի վատը այն է, որ մեր օրերուն (2020-ի արցախեան պատերազմին), երբ աւելի քան հինգ հազար մատղաշ երիտասարդներ պատերազմի դաշտին վրայ իրենց կեանքը կը զոհաբերէին հայրենիքին, օրուան իշխանութիւնը կ՛որոշէ դաւադրաբար համաձայնիլ թշնամիին հետ` «լքելով» արցախեան հսկայական տարածքներ եւ զանոնք յանձնելով Ազրպէյճանին: Աւելի զարմանալին այն է, որ այս բոլորին ականատես եղած, սակայն կոյր ժողովուրդը քուէարկեց դասալիք ղեկավարութեան:

Երբեք չեմ զարմանար, երբ կը կարդամ Գարեգին Նժդեհի խօսքերը, որոնք կ՛ըսեն. «Հայոց պատմութիւնը մեզ մի բան է սովորեցնում, այն է, որ հայն իր պատմութիւնից բնաւ չի սովորում»: Ա՜խ, անզուգական հերոս Նժդե՛հ, Զանգեզուրի եւ Սիւնիքի առիւծ Նժդեհ, միայն տեսնէիր դաւադրութիւններն ու դաւաճանութիւնը, զորս կը նիւթուէր «հայ» իշխանաւորներուն կողմէ այս շրջաններու ճակատագիրին նկատմամբ:

Սիրելի՛ հանգուցեալ հայր,

Դուն եւ քեզի պէս հայեր մեզի սորվեցուցիք ըլլալ բիւրեղ, ընտիր, նուիրեալ հայորդիներ, ուրախ եմ, որ չապրեցաք ու չտեսաք հայութեան այս ողբալի վիճակը: Ուրախ եմ, սիրելի՛ հայրիկ, որ քեզի նման Մեծ եղեռնէն վերապրած առաջին սերունդը չվկայեց մեր հայրենիքի այսօրուան դժկամ եւ դժխեմ իրականութիւնը: Այդքան փորձանքներէ եւ փորձութիւններէ ետք, տակաւին շատեր կը հաւատան, որ օտարը մեր փրկութեան միակ երաշխիքն է, որ` զիրար քարկոծելը շինիչ քննադատութեան միակ կերպն է, որ` քանդելը անպայմանօրէն վերաշինելու նախապայման է, աւելի՛ն, որ` երէկուան ցեղասպան թուրքը կրնայ ըլլալ վաղուան մեր դաշնակիցը, պայմանաւ որ մենք ուրանանք եւ մոռնանք Հայոց ցեղասպանութիւնը, պահանջատիրութիւնը մեր սուրբ Դատին` դաւաճանելով մեր սուրբ նահատակներու կտակին:

Թքե՛ր եմ ես այս վատթար «քաղաքականութեան» եւ հայ ազգին հիւանդագին վիճակին:

Յուսալով, որ երեքհազարամեայ հարուստ հայոց պատմութիւնը դաս կ՛ըլլայ, որ օր մը արթննանք այս թմբիրէն, գտնենք մեր ուժը մեր միասնականութեան, սիրոյ, յարգանքի, հայրենասիրութեան, հայասիրութեան եւ փայլուն, արդար, հզօր հայրենիքի տեսլականին մէջ, նախքան շատ ուշ ըլլալը, որովհետեւ կարծէք թէ ա՛յս անգամ թշնամիին սուրը հասած է մեր երակներուն:

www.aztagdaily.com/archives/513360

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail