ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Գանձասարի Կաթողիկոսական Տագնապը Եւ Շահվերտի Ու Իպրահիմ Խալիլ Խաներուն Միջամտութիւնները
05 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ: Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան 1763-ին հօր` Փանահ Ալի խանի յաջորդ հռչակուած էր: Աւարներուն եւ Շուշիի բնակիչներու աջակցութեամբ կրտսեր եղբայրը` Մեհրալի բէկը պարտութեան մատնելէ ետք Իպրահիմ Խալիլ յաղթականօրէն մտաւ Շուշի:
Մեհրալի բէկ, որ դաշտային Ղարաբաղի քոչուոր ցեղերուն եւ Ղուբայի Ֆաթհ Ալի խանին հետ դաշնակցած էր, սկիզբը Ասկերանի մէջ կեդրոնացաւ եւ յետոյ փախուստ տուաւ Ղարաբաղի սահմաններէն: Հետագային ան սպաննուեցաւ Շիրվանի շրջանի Խանչոպանի քոչուոր ցեղախումբի պետ Աղասի խանի զինուորներուն կողմէ:
Իպրահիմ Խալիլ խան ծնած էր շուրջ 1730-1732-ին, Արասպար: Նատիր շահի ժամանակ ան ցեղակիցներուն հետ Խորասան աքսորուած էր: Հօր իշխանութեան տարիներուն մասնակից եղած էր խանութեան ներքին քաղաքական կեանքին:
Շուշիի մէջ խանական իշխանութիւն ստանձնելով, Իպրահիմ Խալիլ միաժամանակ Ջաւանշիր ցեղի` էլաթի ցեղապետ` միր-ի իլ հռչակուեցաւ: Անոր առաջին կինը` Խանում, իրեն ցեղակից Նապի Քալանթարի դուստրն էր:
Ջաւանշիրներու ցեղապետութիւնը Սարիջալլու օյմաքին կը պատկանէր, իսկ Մոքատտամ ընտանիքի ներկայացուցիչները Մարաղայի խաներն էին: Մարաղա, Ուրմիոյ լիճէն արեւելք, բերրի հովիտի մը մէջ, պատմական քաղաք է. Էրմանեսթան թաղին մէջ կը գտնուի հայոց Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին:
Իպրահիմ Խալիլ խան հմուտ քաղաքագէտ էր եւ աշխատեցաւ լաւ յարաբերութիւններ հաստատել թէ՛ հայ մելիքներուն եւ թէ շրջակայ խաներուն հետ:
Քաղաքական ուժերու յարաբերակցութիւնը կշռադատելով եւ հանգամանքները իրեն ի նպաստ ծառայեցնելու նպատակով Իպրահիմ Խալիլ խան առաջին հերթին դաշինք կնքեց Աւար Խանութեան հետ: Աւարներու իշխանութիւնը զօրացած էր եւ շրջակայ իշխանութիւններ տուրք կու տային Ումմա խանին: Այսպիսով Ղարաբաղի եւ Աւարական խանութիւնները իրենց ուժերը միացուցին եւ հակակշռեցին Ղուբայի խանութեան հեղինակութիւնը:
Իպրահիմ Խալիլ խան միաժամանակ բանակցութեան մէջ մտաւ Գանձակի Շահվերտի խանին հետ եւ անկէ խնդրեց միջնորդ ըլլալ իր եւ Գիւլիստանի մելիք Յովսէփի եւ Ջրաբերդի մելիք Հաթամի միջեւ:
Մելիք Յովսէփ եւ մելիք Հաթամ Գանձակ հաստատուած էին եւ Շահվերտի խանի հովանաւորութիւնը կը վայելէին:
Իպրահիմ Խալիլ խան մելիքները հրաւիրեց Ղարաբաղ վերադառնալու եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց պահպանելու իր հօր եւ մելիքներուն միջեւ Շահվերտի խանի միջնորդութեամբ կայացած հաշտութեան պայմանները:
Ղարաբաղի խանը նպատակ ունէր մելիքները իր ձեռքին մէջ ունենալ եւ զանոնք գոնէ առ ժամանակ անվնաս դարձնել:
Բայց Շահվերտի խան իր կարգին հաշիւներ ունէր եւ անոր համար ձեռնտու չէր որ մելիքները Ղարաբաղ վերադառնան:
Շահվերտի խան մերժեց մելիքները վերադարձնելու Իպրահիմ Խալիլ խանի առաջարկը:
Մելիքներու վերադարձի հարցը սուր արձագանգ գտաւ եւ Ղարաբաղի ու Գանձակի խանութիւններուն միջեւ գժտութեան պատճառ դարձաւ:
* * *
Գանձասարի Աղուանից կաթողիկոսութիւնը ի հոգեւորս ենթակայ էր Սուրբ Էջմիածնի ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան: Սակայն Երից Մանկանց վանքին մէջ հակաթոռ կաթողիկոսութեան հաստատումէն ետք յարաբերութիւնները լարուած էին, յատկապէս երբ 1706-ին Գանձասարի աթոռին ընտրուած էր Ներսէս Ե. Գանձակեցի հակաթոռ կաթողիկոսը, առանց հայոց կաթողիկոսի համաձայնութեան:
Ներսէս Ե. Գանձակեցի կաթողիկոս մելիք Յովսէփի եւ մելիք Հաթամի հետ Գանձակ տեղափոխուած էր եւ 1763¬ին, 120 տարեկան հասակին, ծանր հիւանդ էր:
Մելիք Յովսէփ, մելիք Հաթամ եւ Գանձակ տեղափոխուած այլ հայեր այցելեցին մահամերձ կաթողիկոսին եւ անկէ լսեցին, որ իրեն յաջորդ կը ձգէ իր եղբօրորդի Իսրայէլ եպիսկոպոսը:
Ներսէս Ե. իր եղբօրորդի Իսրայէլը եպիսկոպոս ձեռնադրած էր, որպէսզի իր մահէն ետք կաթողիկոս օծուէր:
Ներսէս Ե. Գանձակեցի կաթողիկոսի վախճանումէն ետք, 1763-ին, Շահվերտի խանին կամքով եւ առանց Էջմիածնի հաւանութեան Իսրայէլ Գանձակի մէջ Աղուանից կաթողիկոս օծուեցաւ:
Շահվերտի խան, մելիք Յովսէփ, մելիք Հաթամ եւ Գանձակ հաստատուած հայեր դիմեցին Էջմիածին` Սիմէոն Ա. Երեւանցի կաթողիկոսին եւ խնդրեցին հաստատել Իսրայէլը իբրեւ Աղուանից կաթողիկոս:
Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոս պահանջեց, որ Իսրայէլ անձամբ ներկայանայ եւ Էջմիածնի մէջ օրինաւոր կերպով կաթողիկոս օծուի:
Իսրայէլ հակադարձեց` փորձելով իր իշխանութիւնը տարածել Էջմիածնի ենթակայութեան տակ գտնուող թեմերու վրայ: Աստրախան ու Ղզլար նուիրակներ ուղարկելով` ան աշխատեցաւ Էջմիածնի կապուած այդ թեմերը իւրացնել:
Իսրայէլ Շահվերտի խանին միջոցով փորձեց համոզել Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսը, որ Աստրախանի եւ Ղզլարի թեմերը իրեն յանձնուին: Բայց հայոց կաթողիկոսը կտրականապէս մերժեց:
Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոս շատ լաւ կը հասկնար, որ Իսրայէլի ետին կանգնած են արտաքին ուժեր, որոնք նպատակ ունին պառակտել հայ եկեղեցին: Վեհափառը ամէն ջանք թափելով փորձեց լուծել խնդիրը` պահպանելով Մայր աթոռի գերագահութիւնը: Ան չէր կրնար հանդուրժել Սուրբ Էջմիածնի դէմ ուղղուած որեւէ գործողութիւն: Հայոց կաթողիկոսը քանիցս փորձեց համոզել Իսրայէլը, որ Էջմիածին գար եւ օրինաւոր կերպով կաթողիկոս օծուէր: Վեհափառը նաեւ յորդորեց վերջ տալ Էջմիածնի ջլատման ու պառակտման ուղղուած քաղաքականութեան:
Սակայն Իսրայէլի կողքին կանգնած էին արտաքին ուժեր եւ առաջին հերթին Գանձակի խանը, որոնց համար ձեռնտու էր հայ եկեղեցւոյ պառակտումը:
* * *
Արցախի հայութիւնը հաւատարմօրէն կապուած էր Գանձասարի կաթողիկոսութեան եւ անոր սրբութիւններուն, եւ չէր ուզեր որ աթոռը ոչնչանայ:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ արցախցիներու պատուիրակութիւն մը Գանձակ մեկնեցաւ եւ Իսրայէլի ներկայանալով անկէ պահանջեց, որ եթէ կ՛ուզէ ընդունուիլ իբրեւ կաթողիկոս, պէտք է Գանձասարի վանք տեղափոխուի:
Իր կարգին Իպրահիմ Խալիլ խան, որ ուշի ուշով կը հետեւէր կաթողիկոսական տագնապին, քաջալերեց արցախցիները եւ անոնց թելադրեց անպայման պահանջել Իսրայէլի Գանձասար տեղափոխութիւնը:
Իպրահիմ Խալիլ խան իր քաղաքական նկատառումները ունէր եւ կ՛ուզէր, որ Աղուանից աթոռը իր ձեռքերուն մէջ ըլլար:
Բայց Շահվերտի խան որոշեց ամէն գնով Իսրայէլը իր ձեռքերուն մէջ պահել եւ կտրականապէս ընդդիմացաւ անոր Գանձասար տեղափոխուելու պահանջին:
Մելիք Հաթամ եւ մելիք Յովսէփ շատ ծանր կը տանէին Գանձասարի աթոռին շուրջ ստեղծուած տագնապը եւ լաւ կը հասկնային որ թէ՛ իրենք եւ թէ Իսրայէլ պատանդ են Շահվերտի խանին ձեռքը: Հետեւաբար մելիքները դիմեցին Իպրահիմ Խալիլ խանի եւ անկէ խնդրեցին միջնորդել ամենայն հայոց կաթողիկոսին մօտ եւ լուծել կաթողիկոսական տագնապը:
* * *
Յովհաննէս վարդապետ Հասան Ջալալեաններու տոհմէն էր, Եսայի կաթողիկոսի եղբօրորդին: Վարդապետին քոյրը` Ղամար Սոլթան, մելիք Հաթամի կինն էր:
Մելիք Հաթամ, մելիք Յովսէփ եւ իրենց շուրջ խմբուած ժողովուրդի ներկայացուցիչներ, շուրջ յիսուն հոգի, Յովհաննէս վարդապետը Գանձասարի կաթողիկոսութեան թեկնածու ներկայացնելու առաջադրանքով ստորագրութիւն հաւաքեցին:
Իր կարգին Իպրահիմ Խալիլ խան Սիմէոն Ա. Երեւանցի կաթողիկոսին ուղղուած յանձնարարական թուղթ գրեց, թելադրելով բաւարարութիւն տալ ժողովուրդի խնդրանքին:
Յովհաննէս վարդապետ եւ ժողովրդային պատգամաւորութիւնը, ստորագրութիւնները եւ Ղարաբաղի խանին յանձնարարականը առնելով մեկնեցան Էջմիածին:
Պատգամաւորները կաթողիկոսին ներկայանալով խնդրեցին Յովհաննէս վարդապետը Աղուանից կաթողիկոս ձեռնադրել: Անոնք ըսին, որ Իսրայէլ ինքնագլուխ, առանց իրենց գիտութեան կաթողիկոս եղած է եւ Գանձասար չի գար, եւ իրենք չեն ուզեր ճանչնալ զայն:
Սիմէոն Երեւանցի ըսաւ, որ Իսրայէլ Գանձակի մէջ կաթողիկոս օծուած է արդէն եւ յորդորեց անկարգութիւն չընել եւ երկպառակութիւն չսերմանել:
Ամենայն հայոց կաթողիկոսը տակաւին յոյս ունէր, որ կրնայ համոզել Իսրայէլը, որպէսզի ան Էջմիածին գար եւ օրինաւոր կերպով օծուէր:
* * *
Յովհաննէս վարդապետ եւ պատգամաւորները վերադարձան Արցախ:
Գանձասար հասնելէն ետք Յովհաննէս վարդապետ վանքի միաբաններուն կողմէ կաթողիկոս ընտրուեցաւ եւ եպիսկոպոսներուն կողմէ օծուեցաւ:
Այսպիսով Աղուանից աթոռը ունեցաւ երկու կաթողիկոս. Իսրայէլը` Գանձակի մէջ եւ Յովհաննէսը` Գանձասարի մէջ: Բայց, ի տարբերութիւն Իսրայէլի, Յովհաննէս ընտրուած էր Գանձասարի հոգեւորականներուն կողմէ, եւ տեղացի ժողովուրդը համաձայն էր, որ ան ըլլայ կաթողիկոս:
Էջմիածնի հաւանութեան արժանանալու համար Յովհաննէսի եւ Իսրայէլի կողմնակիցները հանգիստ չէին տար հայոց կաթողիկոսին: Անոնց պաշտպանները սկսան բանակցիլ Էջմիածնի հետ, ամէն մէկ կողմը առաջարկելով իր թեկնածուն:
Երեւանի Հիւսէյն Ալի խան, որ Ղաջար ցեղէն էր եւ ցեղակից Գանձակի Շահվերտի խանի, Սիմէոն Երեւանցիէն պահանջեց հաստատել Իսրայէլը իբրեւ Աղուանից կաթողիկոս:
Պայքարը հետզհետէ սաստկացաւ: Թէ՛ Շահվերտի խան եւ թէ Իպրահիմ Խալիլ խան սկսան ճնշումներու եւ սպառնալիքներու միջոցին դիմել:
Իպրահիմ Խալիլ խան խիստ սպառնալիք ուղարկեց Հիւսէյն Ալի խանի եւ յայտարարեց, որ կաթողիկոսական հարցը կրնայ պատերազմի պատճառ դառնալ:
Իպրահիմ Խալիլ խան սկսաւ պատերազմի պատրաստութիւններ տեսնել եւ Սիւնիքի մէջ, Երեւանի խանութեան սահմաններուն վրայ զօրք կեդրոնացուց:
Նոյն օրերուն Գանձակի հայերէն պատուիրակութիւն մը ներկայացաւ Սիմէոն Երեւանցիի եւ յայտնեց, որ եթէ Իսրայէլ մերժուի եւ Յովհաննէս ընդունուի, ապա ատիկա ազգամիջեան պատերազմի պատճառ կը դառնայ եւ շատ արիւն կը թափի:
Էջմիածին պատուիրակութիւն ուղարկեցին նաեւ Շիրվանի եւ Դերբենդի հայերը եւ Սիմէոն Երեւանցիէն խնդրեցին ամէն գնով խաղաղութիւն հաստատել եւ եթէ հարկաւոր ըլլայ երկու կաթողիկոսներն ալ ընդունիլ:
Հարցին լուծում տալու համար Սիմէոն Երեւանցի Իսրայէլէն եւ Յովհաննէսէն պահանջեց գալ Էջմիածին, ուր անոնցմէ մէկը կ՛ընտրուէր Գանձասարի կաթողիկոս:
Յովհաննէս ընդառաջեց եւ անյապաղ ներկայացաւ Մայր աթոռ: Իսրայէլ չընդառաջեց:
Իսրայէլը համոզելու համար Սիմէոն Երեւանցի նամակ գրեց վրաց Հերակլ Բ. թագաւորին, որպէսզի ան հրամայէ Գանձակի խանին` Իսրայէլը անյապաղ Էջմիածին ուղարկելու: Բայց Իսրայէլ մնաց անդրդուելի եւ անարգեց Հերակլ Բ.ի յորդորները եւ Թիֆլիսի առաջնորդ Զաքարիա եպիսկոպոսի բարեխօսութիւնը:
www.aztagdaily.com/archives/514905