Ուշադրութիւն – Կուտը չուտէք Հայաստանցիներ եւրոպայի եւ միջազգային ընտանիքի շռայլած գումարներով – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Ուշադրութիւն – Կուտը չուտէք Հայաստանցիներ եւրոպայի եւ միջազգային ընտանիքի շռայլած գումարներով – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ

18 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Զարէհ Եահնիեան

Ուշադրութիւն

Կուտը մի ուտէք

Սիրելի եւ յարգելի Հայաստանի քաղաքացիներ, որոշ ղեկավարներ եւ ընդդիմադիրներ մի ուտէք այն կուտը որը այսօր ձեր առջեւ կը նետէն, մի Ըլլաք Լիբանանի կառավարութեան եւ հասարակութեան պէս անձնասէր, միամիտ եւ կաշառակեր․․․

Այսօր երբ կարդամ թէ եւրոպան, թէ այս, թէ այն կողմը Հայաստանին կը տրամադրէ միլիառներ ուղղակի կը յիշեմ ծննդավայրս Լիբանանը, Լիբանան ուր քաղաքացիական 15 տարուայ պատերազմին ժողովուրդը ծունկի չեկաւ, Իսրայէլը մի քանի անգամ քանդեց եւ նուաճեց Լիբանանը բայց ժողովուրդը ծունկի չեկաւ, Սուրիական բանակը Լիբանանը պատանդ պահեց աւելի քան 20 տարի բայց դարձեալ ծունկի չեկաւ, Ամերիկեան Ֆրանսական Իտալական բանակները մտան լիբանան զոհեր եւ վիրաւորներ թողելով հեռացան մէկ խօսքով Լիբանանցին ծունկի չեկաւ․

Ինչպէս՞ կարելի էր ծունկի բերել Լիբանանցիին, լուծումը գտան եւ յղացան եւ կազմակերպեցին նաեւ գործադրեցին, այսօր Լիբանանցին ոչ թէ ծունկի եկած է այլ հազիւ թէ կը սողայ․․․

30 տարի առաջ Լիբանանին տուին պարտք, տուին առանց տոկոսի գումարներ, տուին ու տուին, Լիբանանի արտաքին պարտքը հասցնելով 9 միլիառ տոլարէն աւելի քան 100 միլիառի, մի քանի տարին անգամ մը Լիբանանի կառավարութիւնը կստանար մի քանի տասնեակ միլիառ տոլար գումար, իսկ ինչի՞ կը ծախսէին այդ գումարը, բնականաբար կառավարութիւնը եւ երեսփոխանները վերարտադրուելու համար ինչքան ըսես կը ծախսէին, կաշառակերութիւնը սահման չունէր, պետական պաշտօնեաները պարգեւավճարներ կստանային, ամէն ոք ուրախ էր, դրամատուները իրենց գումարները պետութեան կուտային բարձր տոկոսի դիմաց իսկ հասարակութիւնը ունեցած չունեցածը դրամատուն կը դներ դարձեալ բարձր տոկոսի դիմաց եւ ուրախ զուարթ այսպէս օրեր-ամիսներ եւ տարիներ կանցնէին, երբ կը հալէր գումարը ողջ ըլլար միջազգային կառոյցները որոնք պատրաստ էին կրկին անգամ միլիառներ տալու, վերջին անգամ Զուիցերիայի մէջ երբ տուին աւելի քան 10 միլիառ տոլար միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարները այսինքն գումար տուողները Զուիցերիա հասան հասարակ օդանաւի տոմսերով իսկ լիբանանի ղեկավարները որոնք մուրացկաններն էին որոնք կը մուրային այդ գումարը Զուիցերիա հասան իրենց անձնական օդանաւերով․․․

յետոյ ինչ եղաւ՞

2 տարի առաջ կրկին անգամ գումարը վերջացաւ դիմեցին պարտքի սակայն 30 տարի պարտք տուողները այս անգամ ըսին STOP, ձեզ գումար չկայ․․․

Արդիւնք։ Լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկում

Դրամատուներու սնանկացում

Սղութիւն

Սնունդի, վառելանիւթի, դեղորայքի չգոյութիւն եւ հազար ու մի նեղութիւն աղքատութիւն եւ սով․․․

Բազում բանակներ տեսած, պատերազմներ տեսած, արհաւիրքներ տեսած բայց ծունկի չեկած Լիբանանցին կքեցաւ պարտքի դիմաց․․․

Թէ՞ ինչու՞ չտուին այս անգամ գումար, թէ գումարի դիմաց ինչ՞ կը պահանջէն արդէն ուրիշ նիւթ է․․․

Կուտը չուտէք Հայաստանցիներ եւրոպայի եւ միջազգային ընտանիքի շռայլած գումարներով եւ կամ նուազագոյնը նպատակայարմար ծախսեցէք որպէսզի կարենաք վերադարձնել, չնայած նպատակայարմար ծախսելու պարագային կրնան դրամաշնորհներ չտրամադրել․․․

Բարեւս տուի անցայ գնացի

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»
ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Զարեհ Եահնիեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail