Լիզպոնի հերոսները Համայն Հայութեան հերոսներն էն, կը խնդրեմ չսեփականացնէք, անոնք չգացին Հ․Յ․Դ․-ի համար այլ Հայաստանի համար, Հայկական պետութեան համար , բոլոր Հայ Ազգի համար․․․
23 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Ծուռ նստինք՞ Շիտակ Խօսինք՞
Վերեւի նախադասութիւնը կը լսենք ոչ Դաշնակցականներու բերնէ երբ ըլլայ խօսակցութիւն, զրոյց, քննարկում կամ այլ երեւոյթ կապուած Լիզպոնի գործողութեան հետ․
Յարգելիներ՝, ոչ ոք կը ժխտէ այդ փաստը, Ի հարկէ որ անոնք նահատակուեցան յանուն Ազգի, իրենց կեանքը զոհաբերեցին յանուն Հայաստանի բայց եկէք այսօր ժողովուրդի ըսածին պէս ծուռ նստինք եւ շիտակ խօսինք․
38 տարուայ մէջ բացի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէ որ՞ Կուսակցութիւնը, որ կազմակերպութիւնը, որ՞ միութիւնը յարգեց Լիզպոնի տղոց Յիշատակը Յուլիս ամսու 27-ին եւ կամ ուրիշ թուականի․
30 տարի անկախ Հայաստանի որ՞ նախագահը, որ՞ վարչապետը որ՞ նախարարը եւ նախարարութիւնը պաշտօնապէս յիշեցին եւ յարգեցին Լիզպոնի զոհերուն, բազմաթիւ օրացոյցներ կը տպուին եւ Յուլիս 27 թուականի տակ կը գրուին ինչեր ասես, օտարի ծնունդներ եւ այլ տեղեկութիւններ իսկ Լիզպոնի տղոց նահատակութեան ոչ մէկ գիր․․․
Մի յոգնիք եւ արխիւներ պրպտէք ոչ մէկ բան չէք կրնար գտնել որովհետեւ չկայ այդպիսի երեւոյթ, միայն Արցախի մէջ նախարարութիւն մը չեմ յիշեր որ մէկը տարիներ առաջ Լիզպոնի նահատակներու Մայրերուն շնորհեց արիութեան մետալ իսկ այդ կատարուեցաւ Արցախի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ջանքերու շնորհիւ․․․
Եթէ կը հաւատաք որ Լիզպոնի տղաքը ամբողջ Հայութեան կը պատկանի ինչու՞ չէք յիշեր անոնց․
Այդ Տղաքը թաղուած են Պէյրութի, Պուրճ Համուտի գերեզմանատան մէջ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Պանթէոնէն հեռու, իրենց վայել յուշարձանի կողքին որտեղ չկայ Դաշնակցական բառ անգամ, ինչու՞ 38 տարուայ մէջ ոչ մէկ կուսակցութիւն, դեսպան կամ այլ պաշտօնական ոչ դաշնակցական անհատ ծաղկեպսակ չդրաւ, մոմ չվարեց, չաղօթեց․․․
Շատ կարճ եւ շատ դիւրին հարցում մըն է հարցուցածս ոչ Դաշնակցականներուն
Ինչու՞
Միայն թէ չասէք չիմանալու, տեղեկութիւն չունենալու արդիւնք է․
– ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ