Այսօր ինչ՞ կընէիր Սիմօն, կը գրեմ Սիմօն որովհետեւ դուն անունդ Օ-ով կը գրէիր – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ

Յուլիս 20 1983

Այսօր ինչ՞ կընէիր Սիմօն, կը գրեմ Սիմօն որովհետեւ դուն անունդ Օ-ով կը գրէիր․

22 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Ամէն Տարուայ Յուլիս ամիսը ինձ համար ամէնօրեայ մտածելու, հազար ու մի հարցումներու պատասխաններու ակնկալիքով ամիս է․

Արդեօք այս օրը ինչ՞ կընէր եղբայրս երբ արդէն տունէն անվերադարձ գացած էր, արդեօք ուր՞ էր այս օրը, տակաւին Լիբանան էր թէ արդէն Իտալիա մեկնած որովհետեւ նախքան գնացքով Լիզպոն հասնիլը ինք (Alitalia) ընկերութեան ճամբով գացած էր Հռոմ, ինչի՞ մասին կը մտածէր արդեօք, հեռագիրներով ինքնաշարժ կը վարձէր, հիւրանոցի սենեակ կապահովէր, արդեօք այդ օրն՞ էր, որովհետեւ Փորթուգալական ոստիկանութիւնը հրապարակեց որ ինքնաշարժները եւ հիւրանոցի սենեակները ապահովուած են հեռագիրով Սիմօն խաչեր Եահնիեան անունը կրող անձի մը կողմէ, միայն Աստուած գիտէ թէ ինչի մասին կը մտածէիր, իմ առողջութեան՞ մասին, կը յիշեմ երբ ինձ հիւանդանոցէն տուն բերիր քու նոր գնած Pontiac Gto ինքնաշարժով եւ ճամբին մի քանի անգամ ըսիր թէ ես ինձ լաւ հոգ տանեմ եւ զգոյշ ըլլամ որովհետեւ ես պէտք եմ մեր տան, Մեր տան, մեր ընտանիքին, գիտէիր որ մեր Հօր հիւանդութեան պատճառաւ ամբողջ ընտանիքի բեռը քու եւ իմ ուսերուն էր եւ գիտէիր որ դուն այլեւս չես վերադառնար իսկ այդ ամբողջ բեռը ես էի վերցնելու , արդեօք այդ՞ մասին կը մտածէիր, թէ կը պատկերացնէիր մեր դէմքերը երբ մեզ պիտի փոխանցէին նահատակութեանդ լուռը, կը մտածէիր թէ մարմինէդ մաս պիտի մնար՞ թէ ոչ, կը մտածէիր թէ պիտի յուղարկաւորուիս՞ թէ ոչ բայց ինչ՞ կըսեմ այդ բոլորը քեզ համար առաջնային չէին քեզ համար կար միայն մէկ առաջնային երեւոյթ, «Ազգ, Հայաստան, Հայրենիք, Հայ դատ» մնացածը ուզեցիր որ ես մտածեմ, ես պայքարիմ, ես շարունակեմ իսկ դուն Սիմոն դուն ուզեցիր մեռնիլ որ ես ապրիմ, դուն չուզեցիր ժառանգ որ իմ ժառանգները ապրին ապահով եւ անկախ Հայաստանի մէջ, ամէն ամէն ինչէդ հրաժարեցար, հրաժարեցար ընկերուհիէդ, ինքնաշարժէդ, աշխատանքէդ, զէնքերէդ որոնք քեզ համար նոյնքան սրբութիւն էին որքան միւռոնը եւ խաչը, հրաժարեցար երկրային բոլոր բարիքներէն եւ գացիր անմահութեան ճամբով․․․

Ինչ՞ կընէիր այսօր Սիմօն Յուլիսի 20-ին հեռացել էիր 4 օր առաջ տունէն, տակաւին ունէիր 7 օրուայ կեանք, ինչպէս՞ կապրէիր, ինչ՞ զգացումներով, Հաւատայ որ ինձ ամէն օր միտքս սիրտս, հոգիս կրծողը այդ հարցումն է, ամենէ դժուարը այդ է ինձ համար, ֆիզիկական մահուանդ հետ հաշտուիլը այդքան դժուար չէ որքան այն մտքերը որ կը տանջեն ինձ, Դուն ինչպէս՞ ապրեցար այդ ժամերը երբ հաշուըւուած էին կեանքիդ օրերը, երբ գիտէիր թէ Մայրդ պատշգամը քամուած կսպասէ որ փողոցին անկիւնէն տեսնէ քեզ այն անկիւնէն որ աչքը սառած մնաց մինչեւ տեսադաշտէն հեռանալդ ամսի 16-ին․

Արդեօք օր մը կստանամ ՞այդ հարցիս պատասխանը թէ դուն ինչպէս՞ ապրեցար․

Կատարեցիր քո խոստումը, տէր եղար Դաշնակցականի երդմանդ, ետին թողեցիր Հիւանդ Ընկեր խաչերը, հոգեպէս մահացած տիկին Անահիտը, սգակիր քոյրդ եւ շուարած եղբայրդ, շարունակեցինք ապրիլ, վերցուցի բեռը քո բաժինի եւ ահա իմ ժառանգները որոնցմէ անդրանիկը կը կրէ քու անունը կապրի Հայաստանի մէջ բայց ոչ քու երազած Հայաստանի այլ այնպիսի Հայաստանի մը ուր երկիրը կը ղեկավարուի այլանդակներու կողմէ, Հայաստանի մը մէջ որու գոյութեան համար ինկար դուն եւ 4 ընկերներդ, Հայաստանի մը մէջ որու սահմանները օրէ օր ընդարձակուելու փոխարէն կը փոքրանայ․․․

38 տարի առաջ այս օրը սիրտդ դեռ եւս կը բաբախեր, ինչ՞ կընէիր եղբայրս․․․

35 years ago, a group of five young Armenians from the Armenian Revolutionary Army known as “The Lisbon five” attacked the Turkish embassy in Lisbon, Portugal

– ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail