Նոր Հայաստան Նոր ոստիկանութիւն – Տարօրինակ ծանուցումի մը ականատէս եղայ Հայկական պատկերասփիւռի կայանէ մը – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ

Նոր Հայաստան Նոր ոստիկանութիւն

Տարօրինակ ծանուցումի մը ականատէս եղայ Հայկական պատկերասփիւռի կայանէ մը․

25 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Գիտեմ թէ ապրանքանիշ մը ծանուցում կընէ որպէսզի գայթակղէ յաճախորդներուն որոնք կրնան օգտուիլ տուեալ ապրանքանիշէն ինչպէս Coca Cola, Fanta, եւ այլ ապրանքներ որոնք կը ծանուցեն որպէս նոր համ, նոր գոյն, նոր որակ, եւայլն
Բայց չեմ կրնար հասկնալ Նոր Հայաստանը որն՞ է, նոր ոստիկանութիւնը որն՞ է եւ ինչու համար է այս ծանուցումը եթէ ոստիկանութիւնը ապրանքանիշ չէ ․․․

Հետաքրքրական է տեսնել Fanta-ի ծանուցում յաջորդը Toto Gaming, յաջորդէ Grand Candy ապա Նոր Հայաստան նոր Ոստիկանութիւն շարունակուի Vivaro, Beeline ու այսպէս երկար ծանուցման շարան, կարելի է հասկնալ բոլորը բացի Ոստիկանութեան ծանուցումէն․․․

Այս ծանուցումով աւելի եւս յստակ կը դառնայ որ Հայաստանի հանրապետութեան Ոստիկանութիւնը ապրանքանիշի նման սեփականութիւն է եւ ոչ թէ հասարակութեան ծառայող կառոյց․․․

Հաւանաբար յաջորդ ծանուցումը պատրաստուի Նոր Հայաստան նոր դատախազներ եւ տեսնենք դատախազներ թոխմախները բռնած կը պարէն․․․

Յետոյ՞․․․

Նոր Հայաստան նոր տէրտէրներ․․․

Յո՞ երթանք Ազգ իմ Հայոց

Բարեւս տուի անցայ գնացի

ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail