Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Յովսէփ Էմին Հրամանատար Լեզգի Կռուող Ուժերուն Եւ Արցախի Ազատագրական Շարժման Պատրաստութիւններ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Յովսէփ Էմին Հրամանատար Լեզգի Կռուող Ուժերուն Եւ Արցախի Ազատագրական Շարժման Պատրաստութիւններ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

29 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ: Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

 

Յովսէփ Էմինի բարեկամ Նորթհըմպըրլէնտի դուքս Հուկ Փըրսի

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Յովսէփ Էմին վրաց Հերակլ Բ. թագաւորէն 1764 յուլիսին հրաման ստացած էր հեռանալու իր թագաւորութեան սահմաններէն:

Մինչ այդ մելիք Ստեփանի ձեռամբ Մուշի Սուրբ Կարապետի վանքի վանահայր Յովնան եպիսկոպոսէն նամակ հասաւ Յովսէփ Էմինի: Վանահայրը վեց հարիւր ոսկի ուղարկելով Էմինի կը խնդրէր որքան կարելի է արագ ճամբայ ելլել դէպի Մուշ:

Նամակին մէջ Յովնան եպիսկոպոս կ՛ըսէր. «Թուրքերը այլեւս այն չեն, ինչ որ էին հարիւր տարի առաջ: Առանց մեծ դիմադրութեան` անոնք անձնատուր պիտի ըլլան: Անոնց քաղաքները ամրացուած չեն, ուստի եւ շատ հեշտ պիտի ըլլայ անոնց գրաւումը: Նախապաշարուած գուշակութիւն մը անոնց մէջ խոր արմատներ ձգած է, որ անոնց վերջը մօտեցած է եւ այլեւս պիտի չկարենան յաղթել քրիստոնեաներուն»:

Հերակլ Բ., իմանալով որ Էմին Մուշէն դրամ ստացած է, փորձեց այդ գումարը խլել իրմէ եւ խուզարկել տուաւ անոր տունը, բայց ոչինչ գտաւ:

Յովսէփ Էմին թագաւորին հրամանով երեսուն օր բանտ մնալէն ետք վտարուեցաւ Վրաստանէն:

* * *

Վրաստանէն վտարուելէն ետք Յովսէփ Էմին ճամբայ ելաւ դէպի Կովկասեան լեռներ եւ հասաւ Ղզլարի շրջակայ Բորագան չերքէզական գիւղը:

Բորագանի մէջ բնակող վեց տուն հայերը հիւրընկալեցին Էմինը: Էմին հոն տենդէ բռնուած հիւանդացաւ. ջերմը քանի մը ամիս վրան մնաց: Հայ ընտանիքները խնամեցին զինք:

Հիւանդութենէն կազդուրուելէն ետք Էմին նամակ գրեց Աւան իւզպաշիի կնոջ` Գոհար խանումի եւ իր խոստումին համաձայն թոռնուհիին` «սիրուն իշխանուհի» Մարիամի (Մարիան) ձեռքը խնդրեց:

Նամակին մէջ Էմին կը գրէր. «Իմացուցէք ինձ, խնդրեմ, ձեր կամքը. կը համաձայնի՞նք գալ հոս, բերելով հետերնիդ իմ բարեկամուհիս, թէ կը նախընտրէք, որ ես ինքս ձեզի գամ: Երկու տողը բաւական է, միայն թէ անոնք թող պարունակեն սա երկուքէն մէկը – ժխտական կամ հաստատական ¬ որոնք հաւասարապէս գոհ պիտի ձգեն զիս: Մէկ բան ալ կ՛ուզէի ըսել ձեզի: Հոս կամ Աստրախանի մէջ ամուսնութիւնը կատարուելէ յետոյ, ես պիտի վերադառնամ Հայաստան, բախտս փորձելու համար: Եթէ ծրագրիս մէջ յաջողիմ, ինչ որ ձեր գլխաւոր փափաքը եղած է, ձեզ երկուքդ հոն բերել տալը շատ դիւրին պիտի ըլլայ: Սակայն, եթէ ձախողիմ (ինչ որ Աստուծոյ ձեռքն է), այն ատեն պատուով կրնամ դառնալ ձեզի, իմ կարողութեան չափով աշխատած ըլլալով: Յետոյ Ռուսաստանի կայսերական ծառայութեան մէջ կրնամ մտնել, ուր ինչպէս ձեր բարձրութիւնը գիտէ, շատ բարեկամներ ունիմ, որոնք, վստահ եմ թէ իմ նկարագրիս ծանօթ ըլլալով եւ ապագայ վարմունքս նկատի ունենալով ըստ այնմ պաշտօնի բարձրացում պիտի տան ինծի: Ձեզ առողջութիւն եւ երջանկութիւն կը մաղթեմ: Իմ սէրս հաղորդեցէք իշխանուհի Մարիանի: Յաւէտ ձերդ»:

Գոհար խանում նամակին չպատասխանեց, բայց ճանապարհորդներու միջոցով, բերանացի, մերժեց Էմինի առաջակը:

Ժամանակ մը ետք Մարիան նամակ ուղարկեց Էմինի, յայտնելով որ թիւրիմացութիւն տեղի ունեցած է իր եւ մեծ մօր միջեւ:

Նամակին մէջ Մարիան կ՛ըսէր. «Մենք ամէն տեսակէտով շատ սխալ գործած ենք. արհամարհանքով, ոչ վեհանձնօրէն, եւ խիստ անխոհեմութեամբ: … Համոզուեցէք եւ վստահ եղէք թէ հէք Մարիանը ձերն է եւ կատարելապէս համոզուած է որ չէ կարող երջանիկ ըլլալ առանց ձեզի: … Խեղճ մեծ մայրս իր աղօթքները եւ օրհնութիւնները կը ղրկէ ձեզի. նա այնքա՛ն վշտացած է, որքան ձեր խեղճ Մարիանը ապերջանիկ է: Եթէ չզիջէք նէրա մօտ գալու, հաճեցէք գոնէ մէկ տող գրել, որպէսզի նէ գոնէ գոհունակութիւնը ունենայ զայն իր հետ տանելու մինչեւ գերեզման: Մնաք բարով»:

Էմին պատասխանեց. «Սիրելի Մարիան. ստացայ ձեր նամակը, որուն մէջ այնքան պարկեշտութեամբ կ՛ընդունէիք ձեր յանցանքը, որ ես արդէն մոռցեր էի: Սակայն կը ցաւիմ ըսելու որ ձեր ղրկած բալասանը խիստ ուշ կու գայ բուժելու վէրքերը սրտի մը, որ բոլոր աշխարհէն աւելի գերադասած էր զձեզ: Մտածեցէք թէ եղբայր մը ունիք որ իր հայրենիքի սիրոյն համար պիտի մեռնի. հանգիստ եղէք: Ամուսնացէք որու հետ որ կ՛ուզէք եւ երջանիկ եղէք: Երբ չէք կարող չխորհիլ թէ ուրիշ ոչ ոք կրնայ ունենալ նոյն քաջութիւնը, կամ վարուիլ այսքան պատուով, ինչ որ Էմինը ըրած է ձեզի հանդէպ – յիշեցէք թէ ինչ մարդու կորուստ կ՛ողբաք ¬ ճշմարիտ սիրողի մը – գոհացէք, սակայն, գտած էք եղբայր մը որ իր ամբողջ կեանքին մէջ պիտի շարունակէ այդպէս ըլլալ: Մնաք բարով»:

Յովսէփ Էմին այլեւս չէր կրնար ամուսնանալ արցախցի գեղուհիին հետ: Անոր նպատակն էր Արցախ ուղեւորուիլ եւ մելիքներուն հետ միասին թափ տալ ազատագրական պայքարին: Ան արդէն նամակագրական կապ հաստատած էր արցախցի երեւելիներուն հետ:

* * *

Լեզգիներ

Շամախիի Հիւսէյն խանի զօրքերը, Շամշադին ցեղախումբը եւ վրացական բանակը` Գիւլիստանի մելիք Յովսէփի հրամանատարութեան տակ, եւ անոնց միացած Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խանի ուժերը 1766¬ին յարձակման անցած էին Գանձակի խանութեան վրայ եւ բոլոր կողմերէն պաշարած զայն:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ Գանձակի Շահվերտի խան բանակցութեան մէջ մտաւ լեզգիներուն հետ, միացեալ ուժերով արշաւելու համար Ղարաբաղի խանութիւն: Արշաւանքին ժամանակ լեզգիներ իրաւունք պիտի ունենային կողոպտելու իրենց գրաւած գիւղերը:

Սակայն շուտով Շահվերտի, Հիւսէյն եւ Իպրահիմ Խալիլ խաներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ եւ հաշտութիւն կնքուեցաւ: Լեզգիները, որոնք արդէն օգնութեան հասած էին Գանձակ, վարձատրութիւն պահանջեցին: Շահվերտի խան խաբեբայութեան միջոցին դիմեց եւ լեզգի առաջնորդներուն առաջարկեց երթալ Երեւանի կողմերը թալանել, իսկ իրեն ցեղակից Երեւանի Հիւսէյն Ալի խանին լուր ղրկեց որ լեզգիները գործ պիտի ունենան ոչ թէ Երեւանի, այլ Նախիջեւանի խանութեան հետ:

* * *

Լեզգի ջաղացպան Աչախան Բորագանիէն անցած ժամանակ տան մը առջեւ նստած տեսաւ Յովսէփ Էմինը եւ ճանչցաւ զայն: Աչախան նախապէս ձիաւորներու խումբով մը յարձակած էր Էմինի վրայ, բայց դիմադրութեան հանդիպած էր. լեզգի ձիաւորները ծանր վնասներ կրելով փախուստի դիմած էին:

Աչախան Էմինի մօտենալով իր յարգանքը մատուցեց քաջին, որ այնքան լաւ կռուած էր իր եւ ցեղակիցներուն դէմ: Էմին անոր պատմեց որ ինք վռնտուած է Վրաստանէն: Աչախան անոր առաջարկեց միանալ իրեն եւ միասնաբար վրէժ լուծել Հերակլէն:

Էմին եւ Աչախան միասին սեղան նստան եւ օղի խմեցին: Էմին ըսաւ որ ինք դրամ չունի, եւ իրենք կրօնքով տարբեր են, եւ թելադրեց հրաժարիլ զինակցութեան առաջարկէն:

Աչախան պատասխանեց. «Զինուորի մը կրօնը իր սուրն է. անգամ մը որ միասին աղով հաց ուտեն, անոնք այլեւս յաւիտենապէս եղբայր են, կարծես մէկ հօրմէ եւ մէկ մօրմէ ծնած ըլլային: Այդ մտքով թող մոլլաները եւ քահանաները տարբերին, սակայն մեր գործն է հաւատարմութիւն եւ բարեկամութիւն»:

Աչախան հրաժեշտ առաւ Էմինէն եւ իր ցեղակիցներուն մօտ երթալով անոնց խօսեցաւ նոր յայտնուած անպարտելի քաջ մարդու մասին:

Լեզգի բնակավայր

Աչախան Միւզքիզ տոհմէն էր: Լեռնալանջերուն փռուած անոնց բնակավայրը (հուր) բաժնուած էր թաղերու. թաղի վերի քարաշէն, հարթ տանիքով տուները բերդանման էին` փակ բակով եւ ցանկապատով: Մզկիթին մօտ հրապարակն էր` քիմը, որ հաւաքատեղի էր: Անոնք բազմանդամ նահապետական ընտանիքներով կ՛ապրէին: Կը մշակէին ցորեն, գարի, եգիպտացորեն եւ ընդեղէններ. կը պահէին ոչխար, այծ, կով, եզ, էշ եւ ձի. ունէին մինչեւ ձիւնապատ գագաթներ հասնող հեռաւոր արօտավայրեր: Կանայք կտորեղէն, զգեստ եւ գորգ, իսկ տղամարդիկ դանակ, սուր, զէնք եւ վառօդ կը պատրաստէին: Կին թէ տղամարդ արխալուղ (վերնազգեստ-թիկնոց) կը հագուէին: Անոնց կերակուրներն էին թոնիրի հաց, գաթայ, եփած հաւ, հաւկիթ, խորոված, ձաւարով փիլաւ, խաւիծ, տոլմա, կաթ, մածուն, կարագ, պանիր, չորթան եւ հալվա: Մեծ շուքով եւ խարոյկներ վառելով կը տօնէին գարնանամուտը, եւ բալի տօնը` այգիներուն մէջ, եւ իսլամական Ֆիթրի ու Ատհայի տօները:

Նշենք, որ լեզգի մեծ ու փոքր տոհմերու կողքին կան ցեղային գլխաւոր երեք համադաշնակցութիւններ` Ախթի փարա, Ալթա փարա եւ Տոքուզ փարա: Անոնց լեզուն բաժնուած է բարբառներու:

Աչախան հազարաւոր ձիաւոր կռուողներ հաւաքելով վերադարձաւ Էմինի մօտ: Լեզգիներ, հրացանները ուսերնին, եւ իրենց աջ ձեռքով թուր եւ ձախով ձիերուն սանձերը բռնած, զոյգ զոյգ մօտեցան Էմինի, անոր օրհնութիւնը առին եւ ընդունեցին զայն իբրեւ իրենց հրամանատարը:

Իր կարգին Աչախանի կինը իբրեւ յարգանքի արտայայտութիւն պարկ մը ընկոյզ ղրկած էր Էմինի:

Մէկ ամսուան ընթացքին Յովսէփ Էմինի շուրջ խմբուած լեզգի կռուողներուն թիւը հասաւ տասներկու հազարի:

Նոյն ժամանակ Պետերբուրգէն ժամանած Թարխան (որ Թիֆլիսի մէջ ժամանակ մը Էմինի մօտ ծառայած էր) Էմինի յանձնեց Անգլիայէն, իր բարեկամ Նորթհըմպըրլէնտի դուքս Հուկ Փըրսիի ուղարկած հարիւր ոսկին, երեք կտոր անգլիական զգեստը եւ տասը ոսկինոց ժամացոյց մը, ինչպէս նաեւ Յովհաննէս Լազարեանի ուղարկած նուէրները:

* * *

Մուշի Սուրբ Կարապետի վանքի միաբան Սուքիաս վարդապետ Ռուսաստան մեկնած էր ժողովարարութեան համար, եւ այժմ կը վերադառնար Մուշ: Վարդապետը իր վանահայր Յովնան եպիսկոպոսէն գրաւոր հրաման ստացած էր անպատճառ տեսնուիլ Յովսէփ Էմինի հետ եւ Ռուսիոյ հայերէն հաւաքած իր բոլոր դրամը անոր յանձնել:

Սուքիաս վարդապետ Բորագան հասնելով գտաւ Յովսէփ Էմինը, եւ անոր մատուցեց իր հաւաքած ամբողջ դրամը` 646 թուման:

Էմին ըսաւ որ ինք նոր ստացած է Անգլիայէն ղրկուած հարիւր ոսկին, եւ ատիկա ժամանակի մը համար կը բաւէ իրեն: Հետեւաբար ան վարդապետին թելադրեց իր մօտ պահել դրամը:

Սուքիաս վարդապետ ըսաւ, որ ինք Աստրախանի մէջ տեսած է իշխանուհի Մարիանը, որ արիւն արցունք կը թափէ եւ կ՛ողբայ իր անխորհուրդ վարմունքը, որով կորսնցուցած է իր սիրահարը:

Այնուհետեւ վարդապետը Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի գերեզմանով եւ Սուրբ Ստեփանոսի երկրորդ մարտիրոսութեամբ երդում ընել տուաւ Էմինի, որ այս օտար երկրին մէջ իսլամ աղջկայ մը հետ չամուսնանայ: Էմին երդում ըրաւ եւ ըսաւ որ ինք քրիստոնեայ ծնած եւ քրիստոնեայ ալ պիտի մահանայ, նոյնիսկ եթէ ամբողջ աշխարհ իսլամ դառնայ:

Յովսէփ Էմին Սուքիաս վարդապետը չերքէզ ձիաւորներու ուղեկցութեամբ ճամբու դրաւ դէպի Արցախ:

Հայրենիքի ազատագրութեան պայքարը Արցախի անառիկ լեռներէն պիտի սկսէր, եւ զինուորական պատրաստութիւնները աւարտելէն ետք Յովսէփ Էմին ինք եւս պիտի ուղեւորուէր Արցախ:

www.aztagdaily.com/archives/517040

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail