Ակնարկ.- Որքա՞ն Կարելի Է Լուռ Մնալ… – Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Ակնարկ.- Որքա՞ն Կարելի Է Լուռ Մնալ… – Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

29 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Դարձեալ ազերիական յարձակումներ Հայաստանի վրայ, այս անգամ՝ Գեղարքունիքի սահմանին, Սոթք-Կութ-Վերին ու Վարին Շորժա գօտիին մէջ: Զոհեր, վիրաւորներ:

Հայկական սահմանային դիրքի մը գրաւում: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ խրախուսիչ լուր մը. մեր ուժերը ետ շպրտած են ազերիական ուժերը, բաժանման գիծին վրայ փոփոխութիւն չկայ:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դարձեալ դատապարտանք կ’արձակէ, կարգ մը երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչները խորհրդակցութեան կը հրաւիրուին, իրավիճակը կը բացատրուի:

Վիրաւոր զինուորները կը պատմեն դէպքերը, կը հաւաստեն, որ դարմանուելէ ետք, պիտի վերադառնան դիրքերը պաշտպանելու…: Սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներն ալ վճռած են հաստատ մնալ եւ պատրաստ են, ազգ-բանակի հասկացութեամբ, զօրակից ըլլալու բանակայիններուն (ո՞վ պիտի զինէ այդ արիները, երբ Սիւնիքի ինքնապաշտպաններէն զէնք կը գրաւուի, զէնք ունեցողը բանտ-դատարան կը տարուի…):

Քարտէսին աչք մը նետողը պիտի տեսնէ, թէ ի՛նչ նաշանակութիւն ունին եղեր Քարվաճառը, մինչեւ Խոզաւան երկարող «սահմանագիծ»ը, նոյնինքն Արցախը…

***

Այս դէպքերը տեղի կ’ունենան Երասխի գօտիին վրայ յարձակումներէն, թափանցումի փորձերէն հազիւ շաբաթ մը ետք:

Քանի մը օր առաջ, Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Գեղարքունիքի սահմանային գօտին այցելեց, հաստատեց, որ «սահմանային հարցերը պէտք չէ ուժի միջոցով լուծել փորձել»…: Ֆրանսա եւ այլ երկիրներ ալ մտահոգութիւն կ’արտայայտեն սահմանային այս ու նման դէպքերու մասին: Մոսկուայի մէջ բանակցութեան սեղանը կը զարդարուի կրկին:

***

Իշխանութեան մօտիկ լրատու աղբիւրները, տեղեկագրական հաղորդումներուն ընթացքին, կը պահեն «հանդարտութեան» տրամաբանութիւնը: Նախ, արձագանգներ՝ պաշտպանութեան նախարարութեան այն հաւաստիքներուն, թէ շրջանը ըստ ամենայնի խաղաղ է, գիւղացիները խուճապի մէջ չեն (սա լաւ երեսն է անկասկած), առօրեան կը շարունակուի անշեղ, մինչեւ իսկ մանկապարտէզները կը գործեն, երկրագործները դաշտերն են…: «Յարձակողը մենք չենք»-ի պարտադրեալ (չըսելու համար՝ ինքնախաբէութեան) «խաղաղասիրական ոգի»-ն շատ տեղ չի տար աւելի՛ ազդու ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին:

Մարդս կը մտածէ, թէ «ի՞նչ լաւ. չար ազերիները ետ շպրտուած են, ամէն բան լաւ է հիմա, մտահոգուելու պէտք չունինք» (խաղաղապահներն ալ արդէն նման լաւ լուրերու սպասումը ունին):

Այս հոգեվիճակին մէկ տարբեր արտայայտութիւնը կը լսուի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահէն, որ կը հաւաստէ, որ Հայաստան ամէն միջոցի պիտի դիմէ իր դատը ծանուցելու եւ պաշտպանելու համար, թէ՝ ՀԱՊԿը լաւ բեմ մըն է եւ, վերջապէս Հայաստանի ՀԱՊԿի նախագահութիւնը պիտի ստանձնէ… 16 Սեպտեմբերին (մօտաւորապէս 2 ամիս ետք): Ան չ’աճապարեր մտածել Մ.Ա.Կ.-ի Ապահովութեան խորհուրդին դիմելու ընտրանքին մասին, ընդունելով՝ որ հոն հասնելու համար որոշ նախապայմաններ կան, ու անուղղակիօրէն խոստովանութիւն մը կը կատարէ իշխանութեան ու դիւանագիտական համակարգի անփութութեան մասին. կ’ըսէ, թէ այդ քայլէն առաջ, «անհրաժեշտ են նախնական աշխատանքներ» (պարզ լեզուով՝ տնային աշխատանք, որուն մէջ աղաղակող կերպով թերացած է իշխանութիւնը եւ յայտնապէս վճռած է շարունակել թերացումը: Դեսպաններու հետ տեսացութիւնները երես չեն ճերմկցներ… ):

Նոյն աղբիւրէն մեկնաբան մը բառերը չի ծամծմեր հաստատելու, որ Ատրպէյճան, նման յաճախակի յարձակումներով, կը հետապնդէ քանի մը նպատակ. նուիրականացնել Հայաստան-Ատրպէյճան շինծու եւ պարտադրեալ սահմանը, մոռացնութեան մատնել Արցախի կարգավիճակն ու սահմաններու հարցը, ենթահող պատրաստել Սիւնիքէն ալ պատառներ խլելու եւ իրականացնելու «Զանգեզուրի միջանցքը»: (Կը մոռնայ յիշեցնել, թէ կան սահմաններու եւ ճամբաներու բացումն ու շահաբեր առեւտուրի պատրանքներ հետապնդողներ):

Անդին, կը թուի, որ նսեմացած են գերիներու հարցը (Պաքուի մէջ վերջին օրերուն քանի մը գերիներ երկարատեւ բանտարկութեան վճիռներ ստացան, ուրիշներու դատավարութիւնը կը շարունակուի), լուսանցքի վրայ քշուած են յետ-պատերազմեան բազում հրատապ հարցեր (իսկ թէ 44-օրեայ պատերազմին ծալքերը բացայայտելու նպատակով, յատուկ յանձնախումբ մը կազմելու եւ ԱՐՏԱԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐ, կարգ մը թափթփուքներ անոր մէջ առնելու իշխանութեան առաջադրանքը ի՞նչ արժէք կրնայ ունենալ կամ նպատակի ծառայել՝ կը մնայ անշքացող հարցականներու տակ):

Այլ աղբիւներէ հաղորդուած տեղեկութիւններ ցոյց կու տան, որ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան կազմակերպութեան (պետական կառոյց է, սակայն բացայայտօրէն ոչ-հաճելի՝ իշխանաւորներուն համար), շատ աւելի գործունեայ է, որոշած է մանրամասն տեղեկագիրներ ներկայացնել միջազգային կառոյցներուն: Արդար ու տեղին աշխատանք, որ սակայն, ըստ այս կազմակերպութեան բնոյթի՛ն իսկ, սահմանափակուած է սահմանային գօտիներու բնակիչներուն ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ պաշտպանութեան դիտանկիւնին մէջ:

***

Որքա՞ն պէտք է համբերել, քանի՞ զոհ ու վիրաւոր տալ, որպէսզի Հայաստան, իր դիւանագիտական ամբողջական կարողութիւններով, շա՛տ աւելի տարածուն եւ ազդու գործի լծուի (միշտ ալ հարցական է թէ մեր լաւագոյնն իսկ կրնայ բաւարար չըլլալ՝ ազդու ուժերուն ծանօթ «տրամաբանութեան» բախելով…): Ինչո՞ւ շարունակել տասնամեակներու մասնակի եւ իրողական այն կրաւորականութիւնը, որ կը կիրարկուէր Արցախի սահմաններուն վրայ ազերիական այնքա՜ն յաճախակի յարձակումներուն, զոհեր ու վիրաւորներ խլող ոտնձգութիւններուն օրերուն (խօսքը կ’երթայ 27 Սեպտեմբեր 2020-ը կանխած ժամանակաշրջանին): Ինչո՞ւ պէտք է սպասել, որ Ատրպէյճան դարձեալ լայնածաւալ յարձակումներ գործէ, այս անգամ՝ ուղղակի Հայաստանի հողերուն վրայ, որպէսզի տեղ մը բան մը շարժի աւելի՛ ազդու եւ քաղաքակա՛ն լայնածիր տրամաբանութեամբ:

Իշխանութեան ինքնակրաւորականութիւնը, պարտեալի հոգեվիճակին պատանդ մնալը (եւ այդ հոգեվիճակով ալ նոր Ազգային ժողովին մէջ մեծամասնութիւն ունենալը) պատճառ չեն, որ ընդդիմադիրները, աւելի՛ն՝ նոյնինքն բանակն ու ապահովութեան այլ կառոյցներ մնան ձեռնածալ: Ըսինք՝ խրախուսիչ էր լսել, թէ բանակը պաշտպանած է իր դիրքերը եւ ետ շպրտած՝ ներխուժող թշնամին, սակայն բոլորն ալ պէտք է անդրադառնան, որ այս ու նման քայլերով, անուղղակի եւ գործնական բաներ Կ’ԻՐԱԿԱՆԱՆԱՆ, ամէնէն կարեւորը՝ նա՛եւ մեր մտածողութեան մէջ կաթիլ-կաթիլ կը հանգչի այն՝ որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի «նոր սահմանները» պէտք է գծել՝ հայկական հողերու շուրջ սակարկութեան նստելով, մոռնալով մինչեւ իսկ Արցախէն մնացած պատառիկը…

***

Իսկ ո՞ւր է Սփիւռքի ներուժը, կարողականութիւնները, որոնք այլապէս կը թուին մնալ կրաւորականութեան որոշ օղակի մէջ:

Այո՛, հոգի ջերմացնող աշխատանք կը տարուի, որպէսզի Ատրպէյճանի դէմ դատապարտանքի արտայայտութիւններ հնչեն, Ատրպէյճան ամերիկեան եւ այլ օժանդակութիւններէ զրկուի, համոզուի, որ պէտք է բանակցութեան սեղան վերադառնայ եւ Արցախի հարցը փակուած չհամարէ…:

Այս բոլորէն անդին, դարձեալ հարց տանք. քանի՞ զոհ ու վիրաւոր պէտք է տանք, որքա՞ն նիւթական վնաս պէտք է կրենք, որպէսզի Աւստրալիայէն մինչեւ Միջին Արեւելք, Եւրոպա եւ Ամերիկաներ շարժման անցնի մեր ժողովուրդը, զօրակցի դիւանագիտական մեքենային, որպէսզի մէկ կողմէ՝ Թուրքիայէն ներշնչում առնող ազերիական ոճիրները հասնին միջազգային մամուլին եւ անոր ճամբով՝ հանրային կարծիքին: Ինչո՞ւ աշխարհը աւելի՛ յաճախ ականջ պիտի տայ ազերիական այն յերիւրանքներուն, իբրեւ թէ հայկական կողմն է նախայարձակը, քան ցաւալի իրականութեան, որուն գլխաւոր եւ միակ զոհն են ու կը մնան Արցախը, Հայաստանը:

…Պատերազմի օրերուն, թէեւ որոշ ուշացումով, համայն հայութիւնը շարժման մէջ էր. փուլ բերուած էին «մենք-դուք»ի, «հին-նոր»ի, հայաստանցի-արցախցի-արտերկրացի պատուարները: Հայութեան բողոքի ձայները լսելի դարձան (թէեւ ոչ բաւարար ազդեցութեամբ), ինչպէս որ լսելի կը դառնան այս կամ այն երկրին մէջ թրքածին ահաբեկչական արարքներու զոհերուն մասին կսկիծի ձայները, ամերիկան, իսրայէլեան, թրքական եւ այլ պետական ոճիրներու արարքներու, ափրիկեան եւ այլ երկիրներու մէջ անմեղ զոհեր հնձող, մանուկներ առեւանգող ծայրայեղական-ահաբեկչական խմբաւորումներու «սխրանքները»:

Մեր մէկ բանաստեղծը 150 տարի առաջ մարտահրաւէր ուղղած է. «Հիմի՞ էլ լռենք…»:

Մարտահրաւէրը հնչեղ է նաեւ այսօ՛ր, անոր դիմաց պէտք է բաց մնան բոլորիս ականջները, իշխանաւորէն մինչեւ ընդդիմադիր, հայկական աշխարհասփիւռ օճախներուն զաւակները, չբաւարարուիլ «որոշ պարտականութիւն ըրինք»ի աշակերտական ինքնաբաւարարութեամբ:

Որովհետեւ՝ մեր ՀԱՅՐԵՆԻՔին ճակատագիրը դրուած է նժարի մէջ, ու համաթուրանական ծրագիրներուն դիմաց, մե՛նք պիտի ըլլանք (դարձեալ) գլխաւոր պատուարը, Հայաստանն ու Արցախը փրկողը (չմոռնանք, թէ «…Սասուն, Մուշն ու Վանը հայկական հող» են):

yerakouyn.com/2021/07/29/ակնարկ-որքա՞ն-կարելի-է-լուռ-մնալ-ս-մահ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail