ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ – Զրոյց աղանդաւորներու հետ – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ

ARMENIA-Gumri

ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ – Զրոյց աղանդաւորներու հետ – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ

08 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Զրոյց աղանդաւորներու հետ

Սովորաբար կանտեսեմ աղանդաւորներուն եւ չեմ պատասխաներ իրենց հարցերուն երբ ճամբու ընթացքիս մայթի վրայ փորձէն մօտենալ եւ քարոզել սակայն նոյնը չեղաւ երբ հանգստանալու համար նստած էի քաղաքապետարանի կողմէ տեղադրուած նստարանի մը վրայ, մօտեցան երեք հոգի երկու տիկին եւ մէկ պարոն, ժպտալով բարեւեցին բնականաբար պատասխանեցի բարեւին, ժպիտէս եւ կիրթ բարեւելու ոճէս խանդավառուեցան եւ սկսան հետս խօսիլ, աւելի ճիշդ այսպէս ըսաւ անոնցմէ մէկը, «կարելի՞ է երկու երեք հարցով ձեր ժամանակէն խլենք», արդէն ինձ համար պարզ էր թէ ովքեր էին եւ ինչ կուզէին, ըսի «խնդրեմ», մնացին ոտքի առանց նստելու կողքիս չնայած բոլորիս տեղ կար այդտեղ, երկրորդը ով աւելի երիտասարդ էր քան առաջին հարց տուողը առանց նախաբաններու, առանց որեւէ այլ խօսքերու հարցուց «Ինչ՞ է եկեղեցին քեզ համար»

Ժպտացի եւ անիծուած լեզուով ըսի «քէօր Ալահտան իստիյօր պիր կյոզ Ալահ քէօրա վերտը իքի կյոզ», այստեղ միջամտեց երրորդը «եւ ինչ կը նշանակէ այդ ձեր ըսածը», պատասխանեցի «Կոյրը Աստուծմէ խնդրած է մէկ աչք իսկ Աստուած կոյրին շնորհած է երկու աչք» այս ըսի եւ շարունակեցի , «հիմա պատասխանեմ ձեր հարցին թէ ինչ՞ է եկեղեցին ինձ համար․

Նկատեցի թէ 6 աչքեր ուղիղ ինձ կը նային եւ 6 ականջներ ուշադիր լսելու պատրաստ են

– Եկեղեցին ինձ համար Լցակայան է

– Ինչ՞

– Լցակայան, հասարակ լցակայան, ինչ՞ կայ զարմանալիք

– Մենք քեզ լուրջ բան կը հարցնենք իսկ դուն մեզ մեզ հետ կատակ՞ կընես

– Կատակ չեմ ընէր, լսեցէք մինչեւ վերջ

– Եկեղեցին իմ լցակայանն է Հաւատքի, Յոյսի, եւ Սիրոյ, ինքնաշարժիս նման ես ունիմ երեք ժամացոյց որոնք ցոյց կուտան Հաւատքիս, Յոյսիս եւ Սիրոյ սլաքները եւ երբ որ նկատեմ անոնցմէ որեւէ մէկը նուազած է, ես կերթամ լցակայան որպէսզի լիցքաւորեմ, երբեմն լցակայանի գործակատարը այնքան քաղցրութեամբ կը մօտենայ եւ սահուն, առանց խոչընդոտի full կընեմ շտեմարանս, երբեմն կը պատահի որ այդքան բանիմաց չըլլար այդտեղի գործակատարը եւ դժուարութեամբ կը լիցքաւորուիմ իսկ երբեմն ալ ոչ ոք չի ըլլար այդտեղ եւ ես առանցին, մենակ կստանամ այդ բոլոր սնուցող եւոյթները, Ահա ինձ համար այդ է Եկեղեցին

– Մենք եւս նոյն տեսակի խօսքեր կըսենք

– Այո կըսէք սակայն անոնք իմ ինքնաշարժիս համար չեն նախատեսուած, անոնք կեղծ են եւ ոչ մաքուր․․․

առաջին խօսողը խօսեցաւ նաեւ վերջին բառը ու ըսաւ Ցտեսութիւն․․․

Բարեւս տուի անցայ գնացի

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail