Երգի Մը Պատմութիւնը. «Կելիեկիւզան Տուման Է» Սրտառուչ Երգին Անժամանցելի Պատգամը – ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Երգի Մը Պատմութիւնը. «Կելիեկիւզան Տուման Է» Սրտառուչ Երգին Անժամանցելի Պատգամը – ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

10 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Հայ ժողովուրդը Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան ընթացքին դարեր շարունակ ենթարկուած է ճնշումի, կոտորածի, ջարդի ու բռնագաղթի քաղաքականութեան: Թրքական լուծին տակ ճնշուած հայը, երբ ուզեց ազատագրուիլ անգութ թշնամիին գերութենէն, բահը մէկ կողմ դրած` զէնքը գրկեց ինքնապաշտպանութեան համար: Ազգային ազատագրական պայքարի իրերայաջորդ իրադարձութիւնները իրենց բոլոր մանրամասնութիւններով բնականաբար արձանագրուեցան հայոց նորագոյն պատմութեան էջերուն: Այս պատմութիւնները, դէպքերը, դրուագներն ու թուականները մեզի փոխանցուած են յաճախ երգերու միջոցով նաեւ: Իբրեւ իրաւազրկուած ազգ` հայերս վստահաբար առաջնահերթ տեղ կը գրաւենք եւ այդ պատճառով ալ ունեցած ենք բազմահարիւր ազգային ու յեղափոխական երգեր:

Այս ուսումնասիրութեամբ լուսարձակի տակ կ՛առնենք Սասունի ու յատկապէս Կելիեկիւզան գիւղի հայ բնակչութեան պարտադրուած դժբախտ ճակատագրին լուծը, որ եղաւ ծանր, եւ այդ պատմութիւնը մեկնաբանուեցաւ երգով նաեւ:

Կելիեկիւզան գիւղը իր պատմական, աշխարհագրական, ռազմական ու մանաւանդ ազատագրական պայքարի մէջ ունեցած է մեծ դերակատարութիւն:

Կելիեկիւզան-(Ընկուզաձոր) գիւղէն այժմու հատուած մը

Գիւղին անունը քրտերէն է (Geliyê Gûzan) եւ կը նշանակէ ընկուզենիներու պուրակ: Կելիեկիւզանը հարուստ եղած է ընկուզենիներով: Այժմ թրքերէն` Ճեւիզլիտերէ (Cevizlidere) Ընկուզաձոր: Գիւղին անունը արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն գրուած եւ հնչուած է տարբեր-տարբեր ձեւերով, օրինակ` Կելիեկուզան, Գելիեգուզան, Գալէ կուզան, Գեալեգուզան, Գալիեգոզան, Գելի, Գելիգոզան, Գելիգուզան, Գելիեկուզան, Գիլեգուզան, Գուղ Կելեյկիւզան, Կելիկուզան: Այստեղ յարմար նկատած ենք օգտագործել ամէնէն ընդհանրացած ու աւելի ճիշդ նկատուած անուանումը` Կելիեկիւզան:

Կելիեկիւզանը կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի Բաղէշի (Պիթլիս) նահանգի Շատախի գաւառակին մէջ, Մուշ քաղաքէն 20-22 քմ հարաւ-արեւմուտք, Անտոք լերան փէշերուն, Շենիկ եւ Սեմալ գիւղերու մօտ ու կը համարուէր Սասունի սիրտը, քանի որ ան հայկական ամենամեծ գիւղն էր, եւ անոր իշխաններու խօսքը յարգի էր ամբողջ Սասունի մէջ:

Կելիեկիւզանն իր վարչական տարածքով սահմանակից էր հիւսիսէն` Շենիկ, հիւսիս-արեւելքէն` Սեմալ, հարաւ-արեւմուտքէն` Տալուորիկ, արեւմուտքէն` Իշխանաձոր հայկական գիւղերուն, իսկ հիւսիս-արեւմուտքէն` Վասլնի, Պերեշ քրտական փոքրիկ գիւղերուն:

Կելիեկիւզանցիները աչքի ինկած են իրենց խիզախութեամբ: Անոնք ոչ միայն թուրքերու ու քիւրտերու ոտնայարութիւնէն կը պաշտպանէին իրենց գիւղը, այլեւ օգնութեան կը հասնէին այլ գիւղերու եւս:

Կելիեկիւզանի տարածքը անհարթ էր ու լեռնային: Գիւղին մէջ սկիզբ կ՛առնէ Խուլփի վտակ Կուս գետակը:

1881 թ.-ին գիւղը ուներ 413, իսկ 1890-ականներուն 1000 հայ բնակիչ:

Կելիեկիւզանը ունէր մէկ հայկական եկեղեցի` Սուրբ Կարմրաւոր եւ` աւերուած բերդ ամրոց մը:

Տարածքի լեռնային ըլլալու հանգամանքի պատճառով տուները իրարմէ հեռու էին կառուցուած` առանձին բարձունքներու վրայ: Այդ պատճառով ալ բնակիչներուն համար գիւղը պաշտպանական լաւ հնարաւորութիւններ կ՛ընձեռէր:

Կելիեկիւզանն ունէր 17 թաղ` Խարձնգոմ, Տաւըրնի, Ղարիբջան, Մխիթար, Մզէրսան, Հոսըլներ, Հիւսէյնցիք, Խազոյի Մզրէ, Կավըրտիք, Դօհոլնին, Ռաշըքներ, Ամբարներ, Խոշոքներ, Մերկեր, Հարմոյի գոմեր, Փալի գոմեր, Ալուչաք, բուն գիւղ1:

Կելիեկիւզանի իշխանները յաճախ շրջակայ հայկական գիւղերու իշխանները կը հրաւիրէին ժողովներու ու անոնց հետ կը գումարէին նիստեր, որպէսզի միասնական ըլլան թուրքերու ու քիւրտերու յարձակումներու դէպքերուն:

Այդ գիւղէն էին նշանաւոր ֆետայիներ Մօրուք Կարոն, Տէր Քաջի Ադամը եւ այլոք:

1899-ին Կելիեկիւզանի մէջ դաւադրութեան զոհ դարձաւ Աղբիւր Սերոբը: Հակառակ անոր որ ան թունաւորուած էր, ան մինչեւ վերջին ուժը իր ընտանիքի հետ միասին պայքարեցաւ թշնամիին դէմ: Աղբիւր Սերոբը գլխատած են:

Սասունի Կելիեկիւզան գիւղին մէջ 1903-ի աշնան տեղի ունեցաւ ինքնապաշտպանութեան կազմակերպիչներու եւ շարք մը գիւղերու աւագներու ու քահանաներու ժողով: Ընտրուեցաւ զինուորական խորհուրդ: Ինքնապաշտպանութեան ղեկավար ընտրուեցաւ Անդրանիկը:

Զինուորական խորհուրդը սկսաւ նախապատրաստուիլ դիմադրութեան: Ամէն կողմէ շշուկներ կը լսուէին` «գարնան կոտորած կայ»:

1904-ին արդէն անհնար կը դառնայ այլեւս խուսափիլ կռիւներէ: Յունուար ամսուն կառավարութիւնը մեծաքանակ զօրքերով կը փակէ Սասնոյ բոլոր ճանապարհները: Սասունը բոլոր կողմերէ ենթակայ էր խստագոյն պաշարման: Ընդհանուր հրամանատարն էր Սալիհ փաշան, իսկ ճնշման վատոգին ու կազմակերպողը Պիթլիսի կուսակալ Ֆերիտ2 փաշան էր: Նոյնպէս գործի վրայ էր Ալայ պէյը Մշոյ մէջ: Իսկ քիւրտ ցեղապետներէն ամէնէն եռանդուն գործողն էր բալակցի Հաճի Ֆերոն: Վերջապէս այս բոլոր ուժերուն վրայ հսկելու եւ գործողութիւնները ղեկավարելու եւ հրաման արձակելու կոչուած էր համիտիէ չորրորդ գունդի հրամանատար Զեքի փաշան (Mehmed Zeki Paşa (1846-1929)3:

Քէօսէ Պինպաշիի զօրագունդը հիւսիսէն, Սեմալի եւ Ղզըլաղաճի ուղղութիւններով յառաջանալով` մտաւ Ալիանք եւ Շենիկ: Այդ գիծին պաշտպանութիւնը ստանձնած էր Հրայր Դժոխք: Տափըկ գիւղին մէջ կեդրոնացած Անդրանիկին ջոկատը կը խանգարէր դէպի Կելիեկիւզան շարժող թշնամիի յառաջխաղացքը: Իշխանձորի եւ Տալուորիկի պաշտպանական ուժերը կը գլխաւորէր Գէորգ Չաւուշ: Չայի գլուխ կոչուող շրջանը կը պաշտպանէին Հաճի Յակոբ Կոտոյեանը, Սեբաստացի Մուրատը եւ Սպաղանաց Մակարը:

ԿԵԼԻԵԿԻՒԶԱՆ

10 ապրիլ 1904-ին քիւրտերը անակնկալօրէն կը յարձակին Կելիեկիւզանի վրայ: Ապրիլ 12-ին քիւրտերը ետ կը մղուին` սասունցիներէ մեծ կորուստներով4:

13 ապրիլ 1904-ին թրքական եւ քրտական գերակշռող զօրքը յարձակեցաւ Կելիեկիւզանի վրայ: Հրայր իր ընկերներով փորձեց փակել անոնց ճանապարհը: Անհաւասար պայքարին մէջ վիրաւորուեցաւ Սեպուհը: Թշնամիին ձեռքը չիյնալու համար իր կեանքին փորձեց վերջ տալ Սեպուհը, բայց օգնութեան հասած Հրայր Դժոխքը իր կեանքի գնով փրկեց Սեպուհը: Օգնութեան հասան Անդրանիկի զինուորները, որոնք Հրայրն ու միւս զոհերը թաղեցին Կելիեկիւզանի Սուրբ Կարմրաւոր եկեղեցւոյ բակին մէջ, Աղբիւր Սերոբի կողքին:

Ապրիլ 15-ին թշնամին նոր յարձակում շղթայազերծեց եւ մօտեցաւ Կելիեկիւզանին:

Ապրիլ 19-ին թնդանօթային կրակի տակ թշնամի զօրքերը նոր գրոհի անցան:

Ապրիլի 20-ին վալին կը հասնի այդ շրջանը եւ անմիջապէս կը պահանջէ երեւելիները, եպիսկոպոսներն ու բարեկեցիկ հայերը5:

Քէօսէ պինպաշին որոշած էր ամէն գնով գրաւել Սասունի վերջին յենակէտը` Կելիեկիւզանը: 20 ապրիլ 1904-ին թրքական 40.000-անոց բանակը շրջափակեց Կելիեկիւզանը: Թուրքերը կը կարողանան առաջ շարժիլ միմիայն թնդանօթները գործի դնելով, կ՛արձակեն 125 ռումբ, իսկ ապրիլ 21-ին` 230-էն աւելի ռումբ:

Սասունի ողջ բնակչութիւնը Կելիեկիւզանի մէջ համախմբուած շուրջ 20.000 կիներու, երեխաներու, ծերերու եւ հիւանդներու լացն ու կոծը թնդանօթային ռումբերու տարափին տակ սիրտ կը կտրատէր: Շարունակել կռիւը` ըսել էր անխուսափելի բնաջնջման մատնել այդ ահագին բազմութիւնը, որ Սասնոյ 45 գիւղերու ժողովուրդն էր6:

Հայերը` ծերեր, կանայք, ֆետայիներու օգնութեամբ երեք օր քաջաբար կը դիմադրեն, մինչեւ որ տեղի բնակչութիւնը կարողանայ մաս առ մաս տեղաշարժիլ դէպի Դաշտ գիւղ: Գիւղացիներու տեղափոխութեան հարցին օգնած են 115 հայդուկներ, որոնց կը գլխաւորէին` Մուրատը, Սմբատը, Ֆահրատը եւ Աւետիսը: 20.000-անոց բնակչութիւնէն կը յաջողուի փրկել ընդամէնը 1500-2000 հոգի:

Ապրիլ 22-ին թշնամիի թնդանօթները չեն դադրիր կրակելէ, բայց դեռ անոնք չեն կրնար մտնել գիւղ: Միմիայն ապրիլ 23-ին անոնք կը յաջողին գիւղ մտնել: Սակայն տեղի հայ ազգաբնակչութիւնը անակնկալի կը բերէ թշնամին եւ զայն կոտորելով` ետ կը շպրտէ: Թշնամիէն կը զոհուի 136 մարդ, եւ բազմաթիւ ուրիշներ կը վիրաւորուին: Հայերը կու տան ընդամէնը 7 զոհ:

28 ապրիլ 1904-ին թուրքերը կը գրաւեն Կելիեկիւզանը, ուր հայերը խմբովին կեդրոնացած էին` թէ՛ կռուողներ եւ թէ՛ խաղաղ ազգաբնակչութիւն: Թուրքերը կը յարձակին Կելիեկիւզանի վրայ 12.000 կանոնաւոր զօրքերով, 26.000 քիւրտերով եւ 15 թնդանօթներով7:

Մշոյ դաշտի Կէլիեկիւզան

Հայերը մինչեւ մայիս 14-ը յամառութեամբ կը դիմադրեն: Անոնք հասցուցին կամուրջ կցել, որու միջոցով 150 հայ ընտանիք փրկուեցաւ կոտորածէ: Անհաւասար մարտեր մղելով` ֆետայիները ապահովեցին անզէն ժողովուրդին նահանջը դէպի Մշոյ դաշտ: Մնացած 300 ընտանիքները ինկան թուրքերուն ձեռքը: Միայն 22 ընտանիք կարողացաւ մազապուրծ ըլլալ կոտորածներէ: Մնացած բոլոր ծերերը, կիներ եւ երեխաները անխնայ կոտորուեցան:

Թրքական բանակը եւ քրտական զինուած ջոկատները կոտորեցին եօթէն ութ հազար հայ եւ աւերեցին ու կողոպտեցին 42 գիւղ:

Անգլիա, Ֆրանսա եւ ապա Ռուսիա միջամտեցին այն ժամանակ, երբ արդէն Սասունը ինկած եւ հազարաւոր հայեր ջարդուած էին: Սուլթան Համիտ ընդունեց հաշտարար քննիչներ ղրկելու առաջարկը: Եւ երբ երեք պետութեանց ներկայացուցիչները Մուշ հասան, իրենք զիրենք կատարուած իրողութեան առջեւ գտան:

Արդարեւ, Կելիեկիւզան գիւղը մասնակցած է Սասունի 1894 եւ 1904 թուականներու ապստամբութիւններուն եւ 1915թ. Սասունի ինքնապաշտպանութեան:

Այդ եւ շարք մը այլ կռիւներուն զոհուած են գիւղի իշխան Պետոն (Գելու Պետօ` Պետրոս Սրգէեան, 1894թ), Աղբիւր Սերոբն ու Տէր Քաջ քահանան (1899թ), Հրայր Դժոխքը (1904թ):

Կելիեկիւզանի եկեղեցւոյ տարածքին թաղուած են Աղբիւր Սերոբը, Հրայր Դժոխքը եւ Սպաղանաց Մակարը:

Գիւղը հիմնայատակ աւերուած է 1915 թուականի Մեծ եղեռնի ժամանակ: Բնակչութեան մեծամասնութիւնը զոհուած է: Ողջ մնացածները տեղափոխուած են Արեւելեան Հայաստան:

Կելիեկիւզան գիւղին մասին հետաքրքրական եւ սահմռկեցուցիչ վկայութիւններ կան Վատիկանի գաղտնի արխիւներուն մէջ: Անոնցմէ մէկն է 1896-ին թուագրուած Հռոմի պապ Լեւոն 13-րդին նամակը` ուղղուած սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ին, որուն մէջ կոչ կ՛ըլլայ դադրեցնելու հայերուն ջարդերը:

Վատիկանի փաստաթուղթերէն հատուած մը` Մուսթաֆա Սուլէյման անունով թուրք զինուորականին վկայութիւնը, որ թուրքերու կողմէ Կելիեկիւզան գիւղին դէմ կիրարկուած անմարդկային գործողութիւններու մասին է, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Մենք մուտք գործեցինք հայկական գիւղեր ու քաղաքներ եւ բոլորին սպաննեցինք` առանց հաշուի առնելու անոնց սեռն ու տարիքը: Մեզի հետ գիւղեր եկած քիւրտերը կը թալանէին հայերուն տուները: Բազմաթիւ տարեց հայեր, նաեւ հաշմանդամներ կը պահուըտէին դպրոցին մէջ, որ կը գտնուէր քաղաքին կեդրոնը, սակայն մենք ունէինք հրաման եւ զանոնք կը սպաննէինք: Կելիեկիւզան գիւղին մէջ սպաննուած եւ այրուած են 800 հայեր: Հայր Յովհաննէսին աչքերը հանեցինք, իսկ մօրուքը, քիթը եւ ականջները կտրեցինք: Ես չեմ սպաննած ոեւէ երեխայ, այլ երկու երեխայ փրկած եմ եւ երեք օր զանոնք պահած եմ իմ վրանիս մէջ, սակայն օր մը վրանս մտնելով` տեսայ անոնց թլփատուած դիակները»: Այս եւ այլ փաստաթուղթերը կը վկայեն թրքական զօրքերուն կողմէ հայերու նկատմամբ իրականացուած ոճիրներուն մասին:

Հայաբնակ Կելիեկիւզան գիւղին եւ անոր բնակչութեան կողմէ մղուած ինքնապաշտպանական կռիւներուն ու մանաւանդ հայոց կոտորածի մասին վերոնշեալ բնութագրումներէն ետք կը ներկայացնենք անոր նուիրուած «Կելիեկիւզան տուման է» երգին մասին մեր կատարած ուսումնասիրական ու հետազօտական աշխատութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք` կը կատարենք կարգ մը սրբագրութիւններ ու յայտնաբերումներ: Այս երգը տարիներ շարունակ ժողովրդային մեծ ճանաչում գտած է, սակայն սփիւռքի մէջ երգուած ու առաւել ճանչցուած է իր աղաւաղուած ձեւով` «Էս ի՞նչ կիւզել տուման է» վիճակով: Քանի որ երգիչներու մեծ բաժինը երգը սկսած են երգել «Էս ի՞նչ կիւզել տուման է» աղաւաղուած ձեւով ու շարունակած «տունիա բոլոր տուման է», տակաւին չենք նշեր մնացեալ բառերը: Միւս կողմէ, բարեբախտութիւն է, որ ընդհանրապէս երգարաններու մէջ չէ տպուած աղաւաղուած տարբերակով:

Անհրաժեշտ է ըսել, որ մեր ազգային-յեղափոխական երգերուն մեծամասնութիւնը յօրինուած է մեզի ոչ յայտնի հեղինակներու կողմէ, այս երգին հեղինակն ալ մեզի համար դժբախտաբար անգտանելի եղաւ: Իսկ ե՞րբ ծագում առած է ան, ե՞րբ յօրինուած, մեզի համար ուղղակի թուական մը չի յայտնուիր, սակայն ակնյայտ է, որ ան ստեղծուած է հետեւողութեամբ Կելիեկիւզան գիւղի շուրջ թուրք-օսմանցիին կողմէ շղթայազերծուած յարձակումներուն պատճառով բնաջնջման ենթարկուած ու բռնի տեղահանուած հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին:

«Կելիեկիւզան տուման է» երգը իր աղաւաղուած առաջին տողով` «Էս ի՞նչ կիւզել տուման է» ու բոլոր բառերը լաւ մը կարդալէ ետք իսկապէս տրամաբանականօրէն պիտի տեսնենք, որ միտքը չի համընկնիր առաջին տողին հետ: Անկարելի կը թուի ըլլալ, որ հեղինակ մը տուեալ երգին մէջ տումանին (թրք.` մուխ, ծուխ) լաւ ըլլալը գովերգէ, երբ յաջորդող բառերը արդէն կը հակասեն երգին մէջ ներկայացուած պատմութեան:

Մեր աշխատութեան իբրեւ արդիւնք` կրցանք ձեռք ձգել իսկական երկու երգերու տարբերակ, որոնց բառերը փոքր փոփոխութիւն կրած են: Առաջին երգը «Ելիր, ելիր, Սերոբ ջան» վերնագրուած է, իսկ երկրորդը` «Սօսէի երգը»:

«Ելիր, ելիր, Սերոբ ջան» երգը երաժշտական խանդավառ ծանր կշռոյթով եւ ոգեւորիչ մեղեդիով մեզի ծանօթ է Պելլա Դարբինեանի երգեցողութեամբ: Պէտք է ըսել, որ շատ մը երգիչներ, յատկապէս սփիւռքահայ, աղաւաղած են երաժշտութիւնն ալ:

Ելիր, Ելիր, Սերոբ Ջան

Աման էս ինչ տուման է,
Երկիր չորս կողմ տուշման է: -2 անգամ
Հայ ազգի սիրտը քար էր,
Փաշի աչքը խաւար էր: -2 անգ.

Ելիր, ելիր, Սերոբ ջան,
Վեր կաց կանգնիր, փաշա ջան: -2 անգ.
Ձեռքդ առ սուր, հրացան
Հայեր չերթան գերութեան: -2 անգ.

Սերոբ ելաւ կանգնաւ դուռ,
Զօրք հաւաքուեց ժամուդուռ: -2 անգ.
Սօսէն ըսաւ` զէնքս տուր,
Սերոբն ըսաւ` սուրս տուր: -2 անգ.

Ելիր, ելիր, Սերոբ ջան
Վեր կաց կանգնիր, փաշա ջան: -2 անգ.
Ձեռքդ առ սուր, հրացան
Հայեր չերթան գերութեան: -2 անգ.

Արեւ դիպաւ սարերուն,
Սերոբ տարան թաղելու: -2 անգ
Սօսէն ընկաւ չոքերուն,
Աղի արցունքն աչքերուն: -2 անգ

Ելիր, ելիր, Սերոբ ջան,
Վեր կաց կանգնիր, փաշա ջան: -2 անգ.
Ձեռքդ առ սուր, հրացան,
Սօսէն չերթայ գերութեան:
Ձեռքդ առ սուր հրացան
Հայեր չերթան գերութեան:

Երբ Սերոբին թաղեցին,
Հայ մայրեր սեւ կապեցին:
Երբ Սերոբին թաղեցին,
Հայ զօրքեր սեւ կապեցին:
Շատ ողբացին ու լացին,
Աղի արտասուք թափին: -2 անգ.

Ելիր, ելիր, Սերոբ ջան,
Վեր կաց կանգնիր, փաշա ջան: -2 անգ.
Ձեռքդ առ սուր, հրացան
Հայեր չերթան գերութեան: -4 անգ.

Երկրորդ երգը` «Սօսէի երգը»-ին բնագիրը կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան ԳԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի բանահիւսութեան արխիւին մէջ (ՀԱԻԲԱ): Երգած է 69 տարեկան Ղ. Սահակեանը, յուլիս 1964-ին, Սպիտակի շրջանի Սարամէջ գիւղին մէջ: Գրի առած է բանահաւաք Արտիւշա Կարապետեանը:

Երգին առաջին համարի առաջին երեք տողերը թրքերէն են. «Կելակիւզան տումանի, Հալըմ եոխտուր եամանի, Ասկեար կեալտի տումանի», այսինքն Կելակիւզան տուման է, վիճակ չունիմ` արասովոր է, զինուորը (թուրք զինուորի կ՛ակնարկէ) եկաւ, տուման է (հրկիզուած է):

Հերոսուհի «Սօսէի երգը»-ին մէջ հեղինակը մեզի դիտել կու տայ Սօսէ Մայրիկին տեսած տառապանքն ու կոչը: 1899-ին իր ամուսնոյն` նշանաւոր հայդուկապետ Սերոբ Աղբիւրի դաւադրաբար թունաւորուիլն ու գլխատուիլը եւ իր զաւակին` 12-13 տարեկան Յակոբիկին մորթուիլը տեսած դիւցազուն հայուհիի յարատեւ պայքարի ու մարտնչումի ոգին:

Սօսէի Երգը
Կելակիւզան տումանի,
Հալըմ եոխտուր եամանի,
Ասկեար կեալտի տումանի,
Վեր կաց, դու տես, Սերոբ ջան:

Էլ չեմ ասում, Սերոբ ջան,
Գլխիդ մատաղ, հերոս ջան,
Վեր կաց, վերցրու հրացան,
Ինձ կը տանեն գերութեան:

Ասկեար էկաւ ժամու դուռ,
Սօսէն ասեց` տուրպին8 տուր,
Հայերի վիզ մնաց ծուռ,
Վեր կաց, դու տես, Սերոբ ջան:

Էլ չեմ ասում, Սերոբ ջան,
Բաւ է կանչեմ, հերոս ջան,
Վեր կաց, վերցրու հրացան,
Ինձ մի թողնի գերութեան:

Աղջօ, քու տուն քանդեցիր,
Ինչո՞ւ Սերոբին մատնեցիր,
Հայերուն գերի տուեցիր,
Վեր կաց, ղատ ես9, Սերոբ ջան:

Բաւ է կանչեմ, հերոս ջան:
[Էլ չեմ ասում, հերոս ջան],
Վեր կաց վերցրու հրացան,
Ազգդ մի՛ թող գերութեան:

Այս սրտառուչ եւ քաջութիւն ներշնչող երգը կը նկարագրէ մօտիկ անցեալի հայոց պատմութիւնը: Երգը պատումն է Կելիեկիւզան գիւղի կործանման ու անոր բնակչութեան բնաջնջման, յատկապէս` սպաննուած եւ այրուած 800 հայերու սրտաճմլիկ ողբերգութիւնը, որ «Կելակիւզան տումանի» բառերուն մէջ խտացած է:

Հեղինակը, այդ դէպքերուն իրադարձութիւնները ներկայացնելէ ետք, երգին վերջին երկու տողերուն մէջ կ՛եզրափակէ. «Վեր կաց վերցրու հրացան, Ազգդ մի՛ թող գերութեան» պատգամը:

Վերջապէս, վերոյիշեալ դէպքերու ու դէմքերու յուզիչ ու խորիմաստ տեսարանով մեզի հասած երգը իր բառի, երաժշտութեան, մեկնաբանութեան ու աւանդութիւններով փորձեցինք ցոյց տալ, թէ ինչպէ՛ս ազգային-յեղափոխական երգերը, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, մեր ինքնութեան մաս կը կազմեն: Անոնք անարդարութեան փակ դռներուն առջեւ կը հանդիսանան իբրեւ բողոքի ճիչ:

Կելիեկիւզան գիւղին աղէտալի պատմութիւնն ու անմոռանալիներուն յիշատակը կը պանծացուի անոնց նահատակութեան ձօնուած ու պատմագրուած այս երգով, եւ մանաւանդ երբ կը հնչէ ցարդ պատանիին, երիտասարդին, ծերունիին թէ կիներու շուրթերուն:

Հարկ է ըլլալ արթուն, զգօն եւ զգուշ. այս տեսակի երգերու բառերուն եւ երաժշտութեան նկատմամբ խստապահանջ պէտք է ըլլալ, որպէսզի չաղաւաղենք մեզի հասած մասունքները` ազգային-յեղափոխական երգերը: Միւս կողմէ, մեզմէ կը պահանջուի, որ տուեալ երգին պատմութիւնն ու անոր նախընթաց տուող բոլոր տուեալներուն գիտակ ըլլանք: Այն ատեն է, որ մեր հերոսներու ու նահատակներու ոսկորները կ՛ապրին հանգիստ հողին տակ, եւ անոնց հոգիները կը սաւառնին մեր հայրենիքի յաւերժութեան մէջ:

1 Ռուբէն, «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», 3-րդ հատոր (1974), Բ. հրատարակութիւն, Պէյրութ, էջ 264:
2 Կարգ մը աղբիւրներու մէջ` Ֆերիք փաշա: Տե՛ս Ռուբէն, «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», 3-րդ հատոր (1974), Բ. հրատարակութիւն, Պէյրութ, էջ 263: Ինչպէս նաեւ` Աւօ, «Գէորգ Չաւուշ», Պէյրութ, 1972, էջ 204:
3 Ռուբէն, «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», 3-րդ հատոր (1974), Բ. հրատարակութիւն, Պէյրութ, էջ 263:
4 «Դրօշակ», Գ. հատոր, (1902, 1903, 1904), Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրկան, վերհրատարակութիւն ՀՅԴ-ի, 1984, Պէյրութ, էջ 461:
5 Նոյն տեղը, էջ 461:
6 Վարանդեան Միքայէլ, «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն», Առաջին հատոր, Փարիզ, 1932, էջ 280:
7 «Դրօշակ», Գ. հատոր, (1902, 1903, 1904), Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրկան, վերհրատարակութիւն ՀՅԴ-ի, 1984, Պէյրութ, էջ 461:
8 Թրքերէն` հեռադիտակ:
9 Բարբառ, արաբերէն` դատաւոր:

Օգտագործուած աղբիւրներ

– Աւօ, «Գէորգ Չաւուշ», Պէյրութ, 1972:
– «Դրօշակ», Գ. հատոր, (1902, 1903, 1904), Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրկան, վերհրատարակութիւն ՀՅԴ-ի, 1984, Պէյրութ:
– Ռուբէն, «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», 3-րդ հատոր (1974), Բ. հրատարակութիւն, Պէյրութ:
– Ռուբէն, «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», 3-րդ հատոր (1974), Բ. հրատարակութիւն, Պէյրութ, էջ 285-288: «Կելիեկուզանի մեծ կռիւը» (Ապրիլ 20-22):
– Վարանդեան Միքայէլ, «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն», առաջին հատոր, Փարիզ, 1932, էջ 265-284:

www.aztagdaily.com/archives/518396

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail