ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Յովսէփ Էմինի Գլխաւորած Լեզգի Կռուող Ուժերուն Արշաւանքը Եւ Քոլանիներուն Գերեվարութիւնը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
29 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ: Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Յովսէփ Էմին մեծ յոյսեր կապած էր արցախցիներուն հետ եւ հաւատացած, որ ապագայ անկախ Հայաստանի պետականութեան հիմնաքարը Արցախի մէջ պիտի դրուէր:
Էմին լեզգի լեռնականներուն կողմէ անպարտելի քաջ նկատուած եւ անոնց կռուող ուժերու հրամանատար հռչակուած էր:
Էմինի շուրջ խմբուած լեզգի կռուողները գլխաւորաբար Միւզքիզ ցեղի մարտիկներ էին: Անոնք իրենց հետ երեք ամսուան ռազմամթերք եւ երկու ամսուան պաշար ունէին, իսկ ձիերուն վրայ եղած պայտերէն զատ` մէյ մէկ զոյգ աւելորդ պայտեր:
Յովսէփ Էմին Մուշի Սուրբ Կարապետի վանքի միաբան Սուքիաս վարդապետը չերքէզ ձիաւորներու ընկերակցութեամբ Արցախ ուղարկած էր եւ ինք եւս իր լեզգի կռուող ուժերով կը պատրաստուէր ճամբայ ելլելու, երբ լուր առաւ որ լեզգի տարբեր ցեղերէ կռուողներ պատրաստութեան մէջ են դէպի Նախիջեւան արշաւելու, գլխաւորաբար հայկական անպաշտպան գիւղերը թալանելու նպատակով:
Արդարեւ լեզգիներ նախապէս Գանձակի Շահվերտի խանին կողմէ օգնութեան կանչուած էին իր թշնամիներուն` Վրաստանի թագաւորութեան եւ Շամախիի ու Ղարաբաղի խանութիւններուն դէմ կռուելու համար: Բայց յետոյ հաշտութիւն կնքուած էր եւ լեզգիներ իբրեւ վարձատրութիւն Շահվերտի խանէն առաջարկ ստացած էին Երեւանի եւ Նախիջեւանի կողմերը երթալու եւ հայկական գիւղերը թալանելու:
***
Յովսէփ Էմին իր կռուողներուն հրամայեց պատրաստ ըլլալ եւ սպասել իր ազդանշանին: Այնուհետեւ ան իր հետ խումբ մը լեզգիներ առնելով ճամբայ ելաւ դէպի Խունզախ, Աւարիոյ մայրաքաղաքը, Մոհամէտ խանի հետ խորհրդակցելու եւ անոր աջակցութիւնը ստանալու համար: Ճամբան անցաւ չեչէն գիւղերէ եւ երկու շաբաթ հիւր եղաւ ցեղապետ Ալի Սուլթանի մօտ: Ալի Սուլթանի կինն ու անոր երկու քոյրերը Էմինի համար նոր հագուստներ կարեցին:
Աւարներու նուցալ (թագաւոր) Մոհամէտ խան մեծ պատիւներով ընդունեց Յովսէփ Էմինը:
Մոհամէտ խան եւ կինը` իշխանուհի Պաքր Խունզախի իրենց ապարանքին մէջ հիւրընկալեցին Յովսէփ Էմինը: Պաքր ամէն օր իր սենեկապանուհին կը ղրկէր հարցնելու թէ Էմին ինչպէս էր, եւ սովորական երեք ճաշերէն զատ պտուղներ կը ղրկէր անոր:
Մոհամէտ խան եւ իշխանուհի Պաքր իրենց երեք դուստրերէն մէկը Էմինի ամուսնութեան առաջարկեցին: Էմին ըսաւ, որ ինք Եահիա փիղամպարի (Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի) գերեզմանին վրայ երդում ըրած է, որ իսլամ կին պիտի չառնէ:
Ամբողջ չորս ամիս Մոհամէտ խանի եւ իշխանուհի Պաքրի հիւրընկալութիւնը վայելելէ ետք Յովսէփ Էմին անոնց հաղորդեց դէպի Գաթուխ եւ հոնկէ ալ Ղարաբաղ անցնելու իր մտադրութեան մասին:
Մոհամէտ խան քսանհինգ ձիաւորներ Էմինի տրամադրութեան տակ դրաւ եւ հարաւային Տաղստանի հասարակութեան անունով յանձնարարական նամակ տուաւ անոր: Նամակին մէջ Մոհամէտ խան կը գրէր.
«Գրաբերս, Էմին, հայ քրիստոնեայ մը, Ֆրանկստանի կայսրերէն պատշաճ յարգանք եւ օժանդակութիւն վայելած ըլլալով, ռուսաց թագաւորին վեզիրը նամակով մը յանձնարարած է զայն վրաց Հերակլ իշխանին:
Այդ քեաֆիրը, փոխանակ անոր ծառայութիւնները վարձատրելու, իր երկրէն դուրս վանած է զայն:
Այժմ, ան կը վերադառնայ Օսեթիոյ լեռներէն եւ Չերքէզիստանի մէջէն դէպի Բորագան գիւղը:
Չեչէն անտառաշատ նահանգի Միչքիզ ցեղէն հազարաւոր մարդիկ, աւարառութեան տենդէն դրդուած, դիմեցին անոր, որպէսզի արշաւեն Վրաստանի վրայ ու աւերեն զայն:
Սակայն ան, հայ ըլլալով, մերժեց այդ առաջարկը եւ իր հետ վերցնելով իմ ազգական Ալի Սուլթանը եկաւ այստեղ: Մենք զայն ընդունեցինք Աբրահամի հրամայած հիւրասիրութեան օրէնքներուն համաձայն:
Իր ուղղամտութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինք այնքան սիրելի ըրաւ մեզի, եւ այնքան յարգեցինք զինք ու գուրգուրացինք իր վրայ, որ կարծես մեզ հետ մէկ մօրմէ ծնած ըլլար:
Մենք տարակոյս չունինք որ Ջառի ճամաաթը (հաւաքականութիւն) զայն պիտի ընդունի այնպէս բարեկամաբար, ինչպէս մենք ընդունեցինք:
Դուք պէտք չէ ստիպէք անոր, որ ձեզի հետ արշաւէ Վրաստանի վրայ` թալանի ու յափշտակութեան, որովհետեւ ան իր հաւատքին հաւատարիմ հայ է: Սակայն ռեֆզիներուն դէմ ըլլալիք որեւէ արշաւանքի մասնակցելու առարկութիւն չունի:
Գրուած իմ ձեռքով ու կնիքով, Աւարիոյ թագաւորութեան Խունզախ քաղաքին մէջ»:
***
Խունզախէն, իրեն տրամադրուած քսանհինգ ձիաւորներով ճամբայ ելլելով Էմին անցաւ բազմաթիւ գիւղերէ եւ չորեքշաբթի օր մը Գաթուխ հասնելով շրջանի հասարակութեան ներկայացուցիչներուն յանձնեց Աւարիոյ նուցալ Մոհամէտ խանի յանձնարարական նամակը:
Գաթուխի համայնքին անունով Հաճի Մուսթաֆա բարի գալուստ մաղթեց Յովսէփ Էմինի եւ իր տան մէջ հիւրընկալեց զայն:
Ուրբաթ օրուան նամազէն ետք մզկիթին մէջ կարդացուեցաւ նուցալ Մոհամէտ խանի նամակը:
Հաճի Մուսթաֆա պատրաստակամութիւն յայտնեց ընկերակցելու Էմինի մինչեւ Թալլա: Թալլայի մէջ հայ վաճառականներ կային, որոնք կարաւաններ կ՛առաջնորդէին: Էմին կրնար միանալ անոնց եւ նոյն կարաւանով ճամբորդել մինչեւ Ղարաբաղ:
Յովսէփ Էմին յարմար դատեց Հաճի Մուսթաֆայի պաշտպանութեան տակ Գաթուխ մնալ, որպէսզի կարենար Արցախէն եւ Վրաստանէն լուրեր առնել եւ միաժամանակ սիրաշահիլ տեղացի ժողովուրդը` Ջառի ճամաաթը:
Ջառի ճամաաթը հաճութեամբ ընդունեց Աւարիոյ Նուցալին կողմէ յանձնարարուած քաջազուն հայը եւ քառասուն թիկնապահ տուաւ անոր:
Գաթուխէն քիչ հեռու Վրաստանի արեւելեան` Կախէթի երկրամասին սահմանն էր, իսկ մինչեւ Արցախ չորս օրուան ճանապարհ էր:
***
Լեզգի կռուող ուժերը պատրաստ էին արշաւանքի սկսելու: Անոնք առաջին հերթին պիտի յարձակէին Շամշադին ցեղախումբին վրայ եւ այնուհետեւ պիտի շարունակէին իրենց յառաջխաղացքը: Անոնց գլխաւոր նպատակը աւարառութիւն էր, բայց կրօնական գունաւորում տուած էին, այն հիմամբ որ իրենք սիւննիներ ըլլալով, շիիներուն դէմ պատերազմի կ՛երթային:
Յովսէփ Էմին լեզգի յառաջապահ գունդին հրամանատարութիւնը ստանձնեց: Անոր նպատակն էր թոյլ չտալ որ լեզգիներ հայկական անպաշտպան գիւղերուն վրայ յարձակումներ գործեն:
Լեզգի չորս հազար կռուողներու Գանձակի խանութեան սահմաններ հասնելու պայմաններուն տակ Շամշադին ցեղը Շահվերտի խանին հպատակութիւն յայտնեց:
Նոյն ժամանակ Ճահար լեռներէն երկու հազար կռուողներ Գանձակ հասան:
Յովսէփ Էմինի հրամանին վրայ լեզգի կռուող ուժերը շարունակեցին յառաջխաղացքը եւ մօտեցան Ղարաբաղի խանութեան սահմաններուն: Նոյն ժամանակ լուր հասաւ, որ Քոլանի թափառաշրջիկները Արարատեան դաշտէն ճամբայ ելած են դէպի Գեղարքունիք եւ հիւսիսային Արցախ:
***
Քոլանիները քրտական կամ իրանական ցեղ են: Աւանդութեան համաձայն անոնց օրրանը Խորասանն է: Ունէին անհամար խաշինքներ: Գեղարքունիքի եւ Ծարի լեռները անոնց եայլաներն էին: Անոնք այնքան զօրացան, որ ժամանակ մը Ծար կոչուեցաւ Քէօլանու երկիր: Ձմեռները կը քաշուէին Արարատեան դաշտ: Երեւանի Հիւսէյն Ալի խան աջակցեցաւ անոնց վերաբնակեցման եւ Վաղարշապատի մօտ Իլխճիքենդ գիւղը հիմնեցին, բայց յետոյ, Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսի պահանջին վրայ անոնք հեռացուեցան:
Քոլանիները տակաւին նոր հասած էին Սեւանայ լիճի ափերը, Թարթառ գետի վերին ակունքներու լեռնաստանը անցնելու համար, երբ հանդիպեցան լեզգիներուն:
Յովսէփ Էմին լեզգի յառաջապահ ուժերուն հրամայեց իրենց ձիերը քառասմբակ քշել Քոլանիներուն վրայ:
Կարճ սուինամարտէ մը ետք շատ մը Քոլանիներ սպաննուեցան, իսկ անպաշտպան կիներ ու մանուկներ գերի ինկան: Անոնց կռուող ուժերը նահանջեցին եւ սկսան ուժգնօրէն կրակել:
Լեզգիներ գրոհի անցան եւ Քոլանի շուրջ երկու հարիւր յիսուն կռուողներ սպաննելէ ետք ութ հարիւր տասնչորս այր, կին ու երեխայ գերի բռնեցին:
Անոնք նաեւ աւարի տուին շուրջ ութ հազար ոչխար, երկու հազար կով եւ վեց հարիւր զամբիկ: Իսկ ձեռք ձգուած հնչուն դրամը, ոսկի ու արծաթ, տասներկու հազար թումանի կը հասնէր:
Լեզգի կռուողները դրամը իրենց միջեւ բաժնուեցան. ամէն մէկուն ինկաւ վեցական թուման: Վաթսուն թուման ալ բաժին ինկաւ Էմինի, բայց ան իր բաժինը իր մարդոց բաժնեց. իրեն պահեց միայն քիչ մը կարագ, նախաճաշի համար:
Քոլանի կին մը եւ անոր տասնհինգամեայ աղջիկը, իրենց պատիւը պահելու համար տէգերով դիմադրեցին, երկու լեզգի սպաննեցին եւ քանի մը հոգի ալ վիրաւորեցին, բայց ի վերջոյ դիտապաստ ինկան:
Քոլանի քանի մը կռուողներ ալ յաջողեցան փախուստ տալ եւ քարայրի մը մէջ ապաստան գտան:
Լեզգիներ յափշտակեցին քոչուորներուն բոլոր ունեցուածքը` կաթսաներ, ամաններ, փռոցներ եւ մետաքսեայ կտորեղէններ, ինչպէս նաեւ այր մարդոց, կիներու ու երեխաներու հագուստները:
Գերեվարուածներուն մէջ կը գտնուէին նաեւ Քոլանիներուն մօտ ծառայող քանի մը հայեր:
Լեզգիներ գերիներն ու աւարը վերցնելով երեկոյեան հասան Սեւանայ լիճի ափերուն փռուած մարգագետին մը:
Լեզգիներ սկսան չարչարել գերիները եւ բռնաբարել կիներն ու աղջիկները: Ողբագին հեծկլտանքները կ՛արձագանգէին սար ու ձոր, ամբողջ գիշերը, մինչեւ լուսաբաց:
Առաւօտուն լեզգիներ գերիները եւ աւարը վերցնելով ճամբայ ելան: Դէպի արեւելք Ղարաբաղի խանութեան սահման էր, իսկ դէպի արեւմուտք` Գանձակի ճանապարհը:
Յովսէփ Էմին լեզգիներուն ըսաւ, որ գերեվարուածները Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խանին հպատակներն են, եւ աւելցուց. «Գանձակի Շահվերտի խանը ոչ թէ պիտի զայրանայ ձեզի դէմ, այլ մեծապէս ալ գոհ պիտի մնայ ձեզմէ, … պիտի ուզէ վարձատրել ձեզ` մեծամեծ նուէրներով»:
Էմին թելադրեց ճամբան շարունակել մինչեւ որ յարմար վայր մը հասնէին, ուր զօրքերը կարենային առատ խոտ եւ ջուր գտնել:
Երբ լեռներով շրջապատուած բացատ մը հասան Էմին թելադրեց կանգ առնել եւ վրաններ լարել:
Քիչ ետք գերութենէ փախած խումբ մը հայեր, այր, կին ու երեխայ եւ քահանայ մը հասան Էմինի մօտ եւ պաղատեցան, որ ազատէ զիրենք:
***
Լեզգիներու գերեվարութենէն ազատած Քոլանիները գացին Գիւլիստանի մելիք Յովսէփի մօտ եւ արտասուելով աղաչեցին որ իր զօրքով օգնութեան հասնի իրենց:
Մելիք Յովսէփ Շամշադին ցեղին ասպնջականութիւնը կը վայելէր եւ իր տրամադրութեան տակ վրացական զօրք ունէր:
Քոլանիները հայ քրիստոնեաներուն թշնամի կը նկատուէին եւ արցախցիներուն համար վտանգաւոր տարր էին, որովհետեւ գրաւած էին Գիւլիստանի թիկունքը բռնող Ծարի ամուր լեռնաստանը:
Մելիք Յովսէփ որոշեց օգնել Քոլանիներուն, այն մտածումով, որ անոնց զինակցութեամբ իր առջեւ կրնար բացուիլ Գիւլիստան վերադարձի ճանապարհը:
Մելիք Յովսէփի զօրքերը եւ Շամշադին ցեղի կռուողները առաւօտ կանուխ յանկարծակիի բերին լեզգիներու բանակատեղին, երբ անոնք նամազ կ՛ընէին, եւ բոլոր կողմերէն համազարկ բացին: Լեգզիներ շուրջ հարիւր զոհ տալէ եւ գերիներն ու աւարը ձգելէ ետք փախուստի դիմեցին:
Յովսէփ Էմին եւ գերութենէ ազատուած հայերը հետեւեցան լեզգիներուն:
Դէպքերու հետագայ ընթացքը այնպէս դասաւորուեցաւ, որ Արցախի ազատագրութեան նպատակով ճամբայ ելած Էմին վերադառնայ լեզգիներուն մօտ, իսկ մելիք Յովսէփի առջեւ բացուեցաւ դէպի Գետաշէն ճանապարհը, որ յետոյ անոր միացաւ Յովսէփ Էմին:
www.aztagdaily.com/archives/518550