Թուրքիոյ Ծաւալապաշտական Լայնածիր Նկրտումները – Յակոբ Պալեան

Wilsonian-Armenia-Միակ եւ անբեկանելի քայլը ՝շախը , որին կհետեվի անառարկելի մատը` հաղթանակը

Թուրքիոյ Ծաւալապաշտական Լայնածիր Նկրտումները – Յակոբ Պալեան

15 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:

Hagop Balian – ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Յ. ՊԱԼԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Արդէն անդրադարձայ Ժան-Ֆրանսուա Գոլիսիմոյի «Թուրը եւ Փաթթոց»-ը գիրքի արծարծած հարցերուն, «Կովկաս, Եւրոպա, Ամերիկա, Ասիա եւ Այլուր» խորագրով յօդուածով: Կրկին կը մէջբերեմ այդ գիրքի կողքի չորրորդ էջին վրայ գրուածը. «Աթաթիւրքէն Էրտողան, զօրանոցէն մզկիթ, իսլամիազգայնացումէն ազգի իսլամացում, Եւրոպայէն Ումմա, ՆԱԹՕ–էն խալիֆայութիւն, ահաւասիկ Թուրքիոյ թաքուն դէմքը»:

            Հայկական կացութեան բացատրութիւնը եւ հասկացողութիւնը իրենք իրենցմով չեն սահմանափակուիր: Թուրքիոյ ծաւալապաշտական փառասիրութիւններուն մէջ Հայաստան առանձին չէ: Թիրախաւորուած են բազմաթիւ երկիրներ: Հետեւաբար՝ Թուրքիոյ ծաւալապաշտութիւնը կ’ընդգրկէ ցամաքամասեր, բազմաթիւ երկիրներ, նպատակ ունենալով համաթուրանական-համիսլամական կայսրութեան մը ստեղծումը, որ պիտի փոխէ մոլորակի քարտէսները, հաւասարակշռութիւնները, սպառնալով ժողովուրդներու ինքնուրոյնութեան, ազատութեան, հաստատելու համար թուրք-իսլամ ցեղակրօն ամբողջութիւն մը, որ իր մէջ պիտի առնէ նաեւ արաբական աշխարհը, վերջ տալով արաբական տարբեր երկիրներու որպէս այդպիսին գոյութեան: Իմաստութիւն կը բերէ Ժան-Ֆրանսուա Գոլիսիմոյի գիրքի ընթերցումը:

            Ուշադրութեամբ պէտք է հետեւիլ քաղաքական իրադարձութիւններուն: Օրինակ, Թուրքիոյ ծաւալապաշտական ուղղութիւններէն մին Իրաքն է, նաւթով հարուստ երկիր մը, որ պատերազմի աւերներէն ետք կը փորձէ իր հաւասարակշռութիւնը գտնել եւ վերականգնիլ: Թուրքիա իր կիզակէտին ունի Իրաքը երկու հիմնական պատճառներով. ա. չեզոքացումը եւ քանդումը հոն գտնուող քրտական ինքնավար շրջանին, բ. Մուսուլի նաւթահորերուն տիրացումը, քանի որ ինք վառելանիւթի անկախութիւն չունի:

            Թուրք քաղաքական ծաւալապաշտական միտքին մէջ Իրաքը իւրայատուկ տեղ ունի: Թուրքիա-Իրաք հասարակաց սահմանին երկու կողմը կան քիւրտերը, որոնք միշտ կը դիտուին որպէս սպառնալիք: Միաժամանակ, սահմանին միւս կողմը, իրաքեան հողամասի վրայ քրտական ներկայութիւնը Թուրքիոյ համար պատճառ-պատրուակ է ենթադրելու, որ այդ հողամասը նաեւ Թուրքիոյ շարունակութիւն է: 1923ին, երբ նոր Թուրքիան կը կազմաւորուէր, ան կը պահանջէր Մուսուլի վիլայէթը: Հակառակ 1926ին կնքուած թուրք-բրիտանական համաձայնութեան, Թուրքիա կը շարունակէ հիւսիսային Իրաքը համարել իրմէ խլուած հողամաս, ինչ որ կը բացատրէ իր անխնայ պայքարը Քիւրտ Աշխատաւորական Կուսակցութեան մարտիկներուն դէմ: Թուրքիա միշտ ունի այն վախը, որ Թուրքիոյ եւ Իրաքի քիւրտերու միացեալ պայքարը կրնայ յանգեցնել Թուրքիոյ տարածքային կորուստին, քրտական պետութեան մը ստեղծումով, իրաքի մէջ արդէն գոյութիւն ունեցող քրտական ինքնավարութեան լրացումով:

            Թուրքիա Իրաքի հետ ունի հակամարտութեան այլ պատճառներ ալ: Տիգրիսի եւ Եփրատի վրայ կառուցուած ամբարտակները կը սպառնան Իրաքի ջրային կարիքներու բաւարարման: Թուրքիա Սատտամ Հիւսէյնի դէմ ամերիկեան բոլոր նախաձեռնութիւններուն մէջ ներկայ եղած է, եւ ամէն առիթով ուզած է իրաւունքներ ձեռք բերել Իրաքի մէջ: Իրաքեան հողամասին վրայ գտնուող քիւրտերը միշտ կը համարուին սպառնալիք եւ միաժամանակ պատրուակ, այդ շրջանին մէջ տարածելու համար թրքական ազդեցութիւնը, եւ… իշխանութիւնը: Հետեւաբար մնայուն նպատակ է Քրտական Շարժման դէմ պայքարը, քանի որ Քրտական ինքնավար շրջանը, սահմանին վրայ, Իրաքի դէմ թրքական նախաձեռնութիւններու դէմ պատուանդան է: Իսկ Իրաքի համար կարեւոր է շրջանը, ուր կը գտնուի իրաքեան նաւթի 13%ը: Այդ նաւթը մեծ նպաստ է քրտական պայքարին, ընծայելով նիւթական միջոցներ կազմակերպուելու եւ զինուելու: Իսկ Թուրքիա Իրաքի մէջ կ’ուզէ գլխաւոր դերակատար ըլլալ, Իրանի եւ Ամերիկայի հետ: Միշտ նոյն ցանկութիւնը. մաս կազմել մեծերու ակումբին:

            Թուրքիա փառասիրութիւնները աւելին հեռուն կ’երթան: Իրաքի մէջ իր յաջողութեամբ, աւելի դիւրին կ’ըլլայ հետապնդել իր Միջին-Արեւելքի կայսերական ծրագիրները:

            Իրողութիւնը այն է, որ Ինքնավար Իրաքեան Քիւրտիտանի գոյութիւնը ընդունուած է, նոյնիսկ Թուրքիա առայժմ հաշտուած է ստեղծուած կացութեան հետ, բայց ամէն ձեւով դէմ է Անկախ Քիւրտիստանի մը ստեղծման: 2003ին քիւրտ մարտիկները, փեշմերկաները, ամերիկացիներէն առաջ մտան Քիրքուք, ապա 100.000 քիւրտեր հաստատուեցան հոն: Իրաքի 2005ի Սահմանադրութեամբ երկիրը կը դառնար դաշնակցային (fédéral): Թուրքիա դէպի Իրաք ամերիկեան բանակի անցքը չթոյլատրեց եւ Ուշաշինկթըն իրաքեան հարցերէն հեռու պահեց Անգարան, որ իր կարգին Ամերիկան ամբաստանեց Քիւրտերուն օժանդակելու մեղադրանքով, որուն որպէս պատասխան թրքական ուժեր ղրկուեցան Իրաք: Նոյնիսկ ամերիկեան բանակը ձերբակալեց թրքական յատուկ ուժերու 11 անդամներ, որոնք ամբաստանուեցան Մուսուլի քիւրտ կառավարիչը սպաննելու մեղադրանքով: Հետագային լարուածութիւնը նուազեցաւ եւ Ամերիկա թոյլատրեց, որ թրքական բանակը ռմբակոծէ հիւսիսային Իրաքի քրտական դիրքերը: Թուրքիա կը հանդուրժէ իրաքեան Քիւրտիստանի գոյութիւնը, կարենալ կռուելու համար Քիւրտ Աշխատաւորական կուսակցութեան ուժերուն դէմ:

            Քիւրտերը միաժամանակ կարեւոր ներկայութիւն են իրաքեան ներքաղաքական կեանքի մէջ, նաեւ՝ Պաղտատ: Քիւրտ առաջնորդ Թալապանի եղաւ երկրի նախագահ: Քիւրտերը 2005ի երեսփոխանական ընտրութեան ստացան ձայներու 26 տոկոսը:Թուրքիա կամայ ակամայ հաշտուած է Քիւրտիստանի շրջանային կառավարութեան գոյութեան հետ: Էրպիլ հաստատուած իշխանութիւնը անշրջանցելի է: Քիւրտերու ազատագրական պայքարը յաջողութիւններ արձանագրած է ընդդէմ Թուրքիոյ:

            Թուրքիա կը փորձէ իր դիրքերը ամրացնել, կռթնելով Իրաքի Թիւրքմէններուն վրայ, որոնց թիւը կը գնահատուի 500.000-էն 3.000.000: Հակառակ Թուրքիոյ ճիգերուն, Թիւրքմէնները այդքան ալ խանդավառ չեն եղած հետեւելու Անգարայի: Իսկ անոնց ընտրական յաջողութիւնը ոչ իսկ 1% եղած է, այսինքն՝ մրցակից չեն քիւրտերու, չունին նկատառելի ուժ, որուն վրայ կրնայ կռթնիլ Անգարան:

            Անգարա կը հետապնդէ դաշնակիցներ գտնելու քաղաքականութիւն, որպէսզի պայքարի Քիւրտ Աշխատաւորական Կուսակցութեան դէմ: Ինչ որ դժուար է, քանի որ Թուրքիա Ամերիկայի լաւագոյն եւ վստահելի դաշնակիցը չէ այլեւս, իր ոտքին մէկը Ատլանտեան Զինակցութեան մէջ է, միւսը՝ դուրս: Այս իրողութիւնը չգիտցող չկայ:

            Բացորոշ է Էրտողանեան Թուրքիոյ քաղաքական միտումը. մաս կազմել աշխարհի մեծերու ակումբին: Ոչ ոք պէտք է զարմանայ, եթէ վաղը Թուրքիա պահանջէ ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդին մէջ մնայուն աթոռ մը, գտնուելու համար հինգ մեծերու շարքին: Այս փառասիրութեան համար յենակէտեր ունի: Ինչպէս դիտել կու տայ Ժան Ֆրանսուա Գոլիսիմօ իր գիրքին մէջ,- Թուրը եւ Փաթթոցը, Le Sabre et le Turban,- ինչ որ չէր կրցած ընել Մուսթաֆա Քեմալ, «գերսպառազինուած Էրտողանի Թուրքիան 2020ին կը պարտադրէ իր օրէնքը ապազինուած Եւրոպայի մը», անցնելով Իրաքէն, Սուրիայէն, Կովկասէն մինչեւ Միջերկրական: Ճկոյթի ետին պէտք չէ թաքնուիլ. աննախատեսելի հետեւանքներով համաշխարհային վտանգի մը դիմաց կանգնեցնելով մեծերը եւ օսմանեան լուծէն ազատագրուած ժողովուրդները, ոչ միայն հայերը, քիւրտերը, յոյները, այլ մանաւանդ արաբները, որոնց դէմ զէնքի ուժին Թուրքիա կ’ընկերացնէ կրօնական մոլեռանդութեան ազդակը, զանոնք ներքնապէս հպատակեցնելու համար:

            Էրտողան ամենաթողութիւնը դարձուցած է քաղաքական վարքագիծ: Հայերէն ետք, ոչնչացնել քիւրտերը, եւ այդ նպատակը կը հետապնդէ Քիւրտ Աշխատաւորական Կուսակցութեան դէմ, միջոցներու միջեւ խտրութիւն չդնող անխնայ պայքարը: Ան միաժամանակ Թուրքիոյ մէջ «կ’ոտնակոխէ ամենատարրական իրաւունքները, կը բանտարկէ գրողները եւ լրագրողները, կը ճնշէ փոքրամասնութիւնները, քանի որ անոնք չեն աճապարեր բռնելու աքսորի ճամբան, կը հալածէ իր երէկի արմատական դաշնակիցները, պատրուակելով որ այսօր անոնք կը դաւադրեն ժողովրդավարութեան մը դէմ, որուն համար ինք միայն արհամարհանք ունեցած է» (Ժան Ֆրանսուա Գոլիսիմօ,- Թուրը եւ Փաթթոցը, Le Sabre et le Turban գիրքին մէջ, էջ 188):

            Օսմանի կայսրութեան վերստեղծման ճամբուն վրայ, հայերը, քիւրտերը, ալեւիները, յոյները, ասորիները, արաբները, Էրտողանի ծաւալապաշտութեան առջեւ խոչնդոտներ են, որոնցմէ պէտք է ազատուիլ, վաղը նաեւ՝ Եւրոպայէն: Այսքանը գիտեն բոլոր ժողովուրդները, որոնք անմիջական ապահովութեան եւ հանգիստի համար կը վտանգեն իրենց հայրենիքները, իրենց անկախութիւնը եւ ազատութիւնները:

            Եթէ Էրտողանի սպառնալիքներուն եւ մարտահրաւէրներուն այսօր պատասխան չտրուի, վաղը, ինչպէս միշտ եղած է, ուշ կ’ըլլայ:

            Աշխարհի անվտանգութեան իրենք զիրենք երաշխաւոր դարձուցած ՄԵԾԵՐը, առանց ճապկումներու, պիտի ստանձնե՞ն իրենց պատմական պատասխանատուութիւնը:

            Մեծ քաղաքագէտ ըլլալու կարիք չկայ նախատեսելու համար հետեւանքները ամէն կարգի մսկոտութիւններու:

yerakouyn.com/2021/08/13/թուրքիոյ-ծաւալապաշտական-լայնածիր-նկ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail