Օրուան Դէպքերուն Հետ.- Բարի Բաղձանքի եւ Դաժան Իրականութեան Միջեւ – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
19 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Քանի մը հպանցիկ նշմար՝ Հայաստանի օրուան դէպքերէն, առանց երկար… (…մեկնաբանութեան ընթերցողին իրաւունքը չենք խլեր):
***
Հայաստանի կառավարութիւնը կը պատրաստուի 24 Օգոստոսին Ազգային ժողովին ներկայացնելու իր ծրագիրը: Հեռահաս է. կը տարածուի 5 տարուան վրայ: Լրատու աղբիւները լայն տեղ տուին կառավարութեան Չորեքշաբթիի նիստին: Վարչապետը ներկայացուց շատ լաւ ծրագիրներ՝ բանակի արդիականացում, Հայաստանի ապահովութեան ամրակայում, գործակցութիւն՝ Հ.Ա.Պ.Կ.-ի եւ Մինսքի խմբակին հետ, անխուսափելի՝… ապաշրջափակում եւ գործակցական հեռանկարներ (ցանկը երկար է): Այս բոլորը կը թողուն բաղձանքներու ցանկագրման տպաւորութիւն: Ուշագրաւ էր կէտ մը. Հայաստան յառաջիկայ բանակցութիւններուն պիտի չմօտենայ նախապայմաններով, որպէսզի խափանող չըլլայ-չնկատուի: Ուրեմն, Հայաստանի համար նախապայման չե՞ն Արցախէն գրաւուած հողերու վերադարձը, գերիները, ազերիական ուժերու հեռացումը, 44-օրեայ պատերազմի օրերուն գործուած ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՃԻՐՆԵՐՈՒՆ համար հաշիւ պահանջելը…
***
Ազերիական կողմը ամէն առաւօտ իր հնարած նոր խաղը կը կիրարկէ: Կարծէք թէ զինուորական կեդրոնի մը մէջ, մէկը բազմակողմանի խորանարդ մը (զառ, որուն այս կամ այն երեսին վրայ գրուած է «Սիւնիք», «Արմաւիր», «Արարատ», «Տաւուշ»…) օդը կը նետէ, եւ երբ գետին իյնայ՝ ցոյց տալով շրջաններէն մէկը կամ միւսը, յարձակումներ, կրակոցներ, թափանցումի փորձեր կը կատարուին հոն: Վերջերս, հայկական կողմը արժանի հակահարուած կու տայ, սակայն աւելի քան 3 ամիսէ ի վեր Հայաստանի հողերուն վրայ հաստատուած ազերիական ուժերուն հեռացման ուղղութեամբ ո՛չ զինուորական, ո՛չ ալ քաղաքական ազդու գործ կը կատարուի: Կը տեսնե՞նք արդեօք, որ այսպէսով, Ատրպէյճան միակողմանի կերպով շինծու սահման կը գծէ եւ հայկական կողմը սկսած է այս հասկացութեամբ խօսիլ «մեր սահմանները կը պաշտպանենք» ըսելով, երբեմն ալ տեղեկագիր կը ներկայացնենք դաշնակից ռուսական ուժերուն:
…Ինչպէս աշխարհի տարածքին, նոյնպէս ալ Հայաստանի լրատու աղբիւրներու հաղորդումներուն մէջ, Աֆղանիստանի իրադարձութիւնները բաւական լայն տեղ կը գրաւեն քանի մը օրէ ի վեր (բնական երեւոյթ): Աշխարհով մէկ, հազար ու մէկ քննարկում, վերլուծում կը կատարուի ամերիկեան եւ դաշնակից ուժերուն հեռացման եւ Աֆղանիստանին վիճակուած ճակատագիրին մասին: (Հոս տեղը չէ այդ հարցը քննարկելու): Ամերիկեան ուժերու հեռացման իր որոշումը արդարացնելու համար, նախագահ Պայտըն ներկայացուց բազմաթիւ «արդարացուցիչ պատճառներ» (չքննարկենք թէ ո՞րը ճիշդ է, ո՞րը պարտութեան խոստովանանք): Սակայն ականջալուր եղանք ուշագրաւ նախադասութեան մը. «Եթէ աֆղաններու կառավարութիւնը չ’ուզեր ի՛նք կռուիլ եւ պաշտպանել իր դիրքը, ամերիկացի զինուորները ինչո՞ւ պէտք է ընեն անոնց գործը…» (կրկնենք, Պայտընի ըսածներուն իրաւացիութիւնը կամ սնանկութիւնը քննարկելու չենք ելած):
***
Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Երեւան է. Արցախի վիճակին մասին հարցումի մը ի պատասխան՝ կարճ-կտրուկ պատասխանած է. «Նորմալ է…»: Անդին, լրատու աղբիւրներ կ’ըսեն, որ ազերիական նոր ոտնձգութիւն մը կատարուած է սահմանին վրայ, հրդեհի տրուած են հայկական դաշտեր, հայ հրշէջներ չեն յաջողած մարել, որովհետեւ ազերիները կրակած են եւ արգելք եղած: Ուրեմն, նման ոտնձգութիւններ (աննախընթաց չեն, անոնց մասին մտահոգութիւն արտայայտած էին արտաքին գործոց նախարարը, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը եւ ուրիշներ) պէտք է ընկալել իբրեւ «նորմալ»-ութեան ցուցանի՞շ:
***
Ազգային ժողովի երեք խմբաւորումներէն (մէկը՝ իշխանական, երկուքը՝ ընդդիմադիր) ներկայացուցիչներ փակ նիստ ունեցան բանակի ներկայացուցիչին հետ, սահմանային իրադրութիւնները քննարկելու համար: Լաւ էր, որ նիստը փակ էր, որովհետեւ տեղ մը պէտք է զինուորական հարցերու քննարկումը պահել խորհրդապահական, որովհետեւ այդպէս կը պահանջէ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ շահը, «բաց-պատարագ»-ի քարոզչական տրամաբանութիւնը պէտք է տեղ մը սանձուի: Նիստէն ետք, բանակի ներկայացուցիչը փորձեց համոզել, որ նոր ընթացք կայ, ազերիական ոտնձգութիւնները անպատասխան չեն մնար, մեր զոհերուն դիմաց՝ ազերիներն ալ զոհ-վիրաւոր ունին, վնասներ կը կրեն: Շա՛տ բարի. սակայն հարցը միայն մեր կամ թշնամիին զոհերուն թիւի՞ն մէջ է (ընդգծենք, որ մեր իւրաքանչիւր զոհն ու վիրաւորը անհաշուելի կորուստ են ու ցաւ կը պատճառեն մէն մի հայու). Իսկ ի՞նչ ծրագիր կայ թափանցող ազերիները դուրս նետելու, Արցախին վերատիրանալու նպատակով (եթէ կայ ու գաղտնի կը պահուի, քիչ առաջուան տրամաբանութեամբ հասկնալի է եւ կ’արդարանայ խորհրդապահութիւնը), սակայն երբ ընդդիմադիր ներկայացուցիչ մը կը հաստատէ, որ փակ նիստը մտահոգութիւնները չէ փարատած… (ընդդիմադիրները պատերազմի օրերուն ալ, առանց գաղտնազերծումի, քանիցս մտահոգութիւն յայտնեցին իշխանաւորին անկարողութեան եւ սխալներուն մասին):
***
Ազգային ժողովը Երեքշաբթի օր գումարեց արտակարգ նիստ մը եւ երկար բանավէճերէ ետք (ինչպէս սպասելի էր), որդեգրեց մշակուած դաշտերուն Սեւանէն մեծ քանակութեամբ յաւելեալ ջուր տրամադրելու կառավարութեան օրինագիծը: Ընդդիմադիրներուն դէմ քուարկութիւնը իմաստ չունեցաւ: Անոնք պնդեցին, որ երաշտի մատնուած երկրագործներուն ջուր տալու-չտալու հարց չեն տեսներ, ջուրը պէտք է տալ, սակայն հարց կը ստեղծուի՝ երբ ջրամատակարարումը տեղի կ’ունենայ մակերեսային մօտեցումով, առանց յստակ ծրագիրի ու կազմակերպուածութեան (շաբաթներ առաջ մասնագէտներ կրկնելով կրկնեցին, որ գործէ չհասկցողներ պատճառ կ’ըլլան ջուրի վատնումի, մինչեւ իսկ ջրահոսքին… Թուրքիա ուղղուելուն): Ընդդիմադիրներու առարկութիւնները «ասֆալթին փռուեցան» (ընդհանրապէս նոյն վիճակն էր նախորդ խորհրդարանին մէջ), իսկ կառավարութեան ծրագիրը ներկայացնող-պաշտպանող պատասխանատուն, քննադատութիւններուն եւ ձախաւերութեանց բացայայտումին դիմաց, վիրաւորուած զգաց եւ ճառ մը խօսեցաւ 44-օրեայ պատերազմին իր կատարած (այլապէս ողջունելի) յանդուգն գործերուն մասին…
Անկախ անկէ, որ այս քննարկումը նոր նախաճաշակ մը տուաւ Ազգային ժողովի պատերէն ներս տրամաբանականին իշխանականներու «իմաստութեան» մասին (սա պիտի շարունակուի վաղն ալ), հարց կը ծագի, թէ ժողովուրդին ընտրեալները ինչո՞ւ արտակարգ նիստ չեն գումարեր երկրի անվտանգութեան (փակ նիստը խորհրդակցական էր), իսկական սահմաններու ճշդումին, գերիներուն, Արցախի սահմաններուն վերականգնումին, ապա նաեւ՝ տնտեսական-ընկերային եւ կրթական-մշակութային տագնապներուն համար: Ջրաբաշխումի հարցը անշո՛ւշտ որ հրատապ տագնապի մը արդիւնքն էր, կը կարօտի անմիջական դարմանումի: Իսկ գերիներուն, օրինակի համար, որքա՞ն համբերութիւն պէտք է ներշնչել, ըսել՝ «ի՞նչ վնաս, եթէ քանի մը տարի բանտարկութեան կը դատապարտուիք…»:
yerakouyn.com/2021/08/19/օրուան-դէպքերուն-հետ-բարի-բաղձանքի-եւ/