ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – Երկիրը երկիր է – Ոչ՝, Երկիրը երկիր չէր եղած, այսօր չէ եւ վաղը եւս չի կրնար ըլլալ եթէ մենք շարունակենք զոյգ աչքերս փակելով չտեսնել կատարուածը․․․
28 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Երկիրը երկիր է
Այսպիսի հաղորդում մը կար Երկիր մետիա պատկերասփիւռի կայանէն որու հաղորդավարը կը շրջագայէր գիւղէ գիւղ քաղաքէ քաղաք մանաւանդ երկրի սահմանակից գիւղերը եւ ցոյց կուտար գիւղացիներու ան-կոտրում կամքը եւ հաղորդման վերջում կը յայտարարէր որ Երկիրը երկիր է սակայն այսօր Յարգելի հաղորդավար Վարդան Օնանեանը ով Սեպտեմբերի պատերազմին առաջին օրէն իսկ նետուեցաւ կրակներու մէջ եւ առաջին վիրաւորներէն եղաւ եթէ փորձէ երթալ սահմանակից գիւղեր շարունակելու իր հաղորդումները պարզապէս չի կրնար ընել այդ մէկը որովհետեւ ոչ թէ Գիւղացիներու կամքը փոխուեցաւ, ոչ թէ գիւղացիները չկան այդտեղ, այլ ԳԻՒՂԸ չկայ ՏԱՐԱԾՔԸ չկայ ԵՐԿԻՐԸ չկայ․․․
Հաղորդումի պատասխանատուները թող ներէն ինձ եթէ փոխեմ հաղորդման անունը
Երկիրը երկիր՞ է
Ոչ՝, Երկիրը երկիր չէր եղած, այսօր չէ եւ վաղը եւս չի կրնար ըլլալ եթէ մենք շարունակենք զոյգ աչքերս փակելով չտեսնել կատարուածը․․․
Ուզեցին՞ երկիրը երկիր դարձնել
Այո՝, ամբողջ ազգ մը յայտնեց այդ ցանկութիւնը
Եւ Ինչ՞ էր պատճառը որ չդարձաւ
Երկիրը երկիր դառնալու համար պէտք էր երկու ճանապարհ, առաջինը ազատագրել հողը թշնամու ձեռքէն իսկ երկրորդը ամրագրել այդ ազատագրուածը, առաջինը Հայ Մարտիկները, ազատամարտիկները կատարեցին իրենց պարտքը եւ բազում զոհերու գնով ազատագրեցին հողը սակայն երկրորդ բաժինը որը այսպէս կոչուած իմաստուններուն գործն էր, դիւանագէտներու գործն էր, իրաւաբաններու, օրէնքի մարդոց գործն էր մատի մատի չզարկին եւ կարգին Սահմանադրութիւն մը չգրեցին եւ ահա դրա արդիւնքով մենք կորսնցուցինք Արեան գնով ձեռք բերուածը․
Այսօր Երկիրը երկիր չէ, մենք մեր վրայ չխնդանք, այսօր երկիրը ախոռ անգամ չէ իր կառավարութիւնով ու ազգային ժողովով․․․
Վերադարձած ենք Հայոց պատմութեան դարաշրջան, բոլորս ալ դպրոցի մէջ կարդացած ենք Հայոց պատմութիւն, իսկ ինչի՞ համար է այդ պատմութիւնը եթէ պիտի դաս չքաղենք այդտեղէն, որու՞ համար պէտք է այդ առարկան, այդտեղ կը կարդայինք այսինչ թագաւորի օրօք Հայաստանը ծաղկեցաւ եւ ժողովուրդը հանգիստ ապրեցաւ սակայն նոյնը չէր անոր որդու ժամանակ ով Հօր նման խելացի չէր եւ մենք կորսնցուցինք եւ մեր հողերը եւ ժողովուրդը գաղթեց Հայաստանէն․․․
Սրա օրով լաւ ապրեցաւ նրա օրով լաւ չապրեցաւ, եւ այս միայն Հայաստանի չէր վերաբերուէր այլ ամբողջ աշխարհի երբ մարդիկ զգացին սխալը եւ վերջ տուին թագաւորութիւններու ստեղծելով Հանրապետութիւններ որտեղ ժողովուրդը ինք պիտի ընտրէ իր թագաւորը եւ ոչ թէ ժառանգական բնոյթ ունենայ եւ ստեղծուեցան սահմանադրութիւններ որոնցմով պիտի ղեկավարուէին երկիրները․
Մենք 700 տարի չենք ունեցած Սահմանադրութիւն, եղածը յիմարութիւն է եւ ոչ սահմանադրութիւն․․․
Խելքի գանք ժողովուրդ, մինչեւ երբ պահուըտինք մեր մատի ետեւ, բոլորս տեսնում ենք որ այսօրուայ թագաւորը երբեւիցէ եղածներուն մէջ ամենէ վատն է, ամենէ փոքրը, ամենէ ապուշը, բայց ինչ արած տապալենք բերենք մէկ ուրիշի ամեն ինչ շտկէ հողերը ետ բերէ կեանքը զարգացնէ յետոյ կրկին ապուշ մը գայ միանձնեայ որոշումներով կրկին տանուլ տայ ամէն ինչ եւ պատմութիւնը գրէ սրա օրով լաւ էր նրա օրով լաւ չէր․․․
Յարգելի Հայեր ես ոչ Օրէնքներէ կը հասկնամ ոչ կանոններէ սակայն կրնամ տրամաբանել, հասկցողները թող նոր սահմանադրութիւն գրէն որտեղ երկիրը չի կառավարուիր մէկ անձի կողմէ, որտեղ կըլլան վերի պալատ թէ վարի, հիւսիսի թէ հարաւի, արեւելքի թէ արեւմուտքի, ետեւի թէ առջեւի միայն թէ ըլլան որոշ պալատներ որպէսզի զսպող օղակ ըլլան յիմար թագաւորին, մեզ պէտք է այնպիսի սահմանադրութիւն որը կարիք չզգացուի սահմանադրական դատարանի որու առաջին էջը չհակասի երկրորդ էջին․․․
Ականջդ կանչէ Վարդան Օնանեան եւ ներիր ինձ եթէ ըսեմ Երկիրը միայն Հող, Տուն, Քար, Պարտէզ, Գետ, Լիճ, Անտառ չէ այլ Երկիրը նաեւ մէջը ապրող հասարակութիւնն ու անոր Սահմանադրութիւնն է հետեւաբար այսօր Երկիրը երկիր չէ
Բարեւս տուի անցայ գնացի
Զարեհ Եահնիեան