ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Պատերազմ` Դիզակի Եւ Վարանդայի Ու Խաչենի Մելիքութիւններուն Միջեւ Եւ Մելիք Միրզախանի Սպանութիւնը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
09 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ: Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Աղազար Լազարեանի Եւ Շահամիր Շահամիրեանի Նամակները`
Արցախցիներու Լուսաւորութեան Եւ Արցախի
Վերապահուած Դերակատարութեան Վերաբերեալ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խանի համաձայնութեամբ Գիւլիստանի մելիք Յովսէփ եւ Ջրաբերդի մելիք Հաթամ վերադարձած էին իրենց տիրոյթները: Խանը երդումով հաստատուած դաշինքներ կնքած էր մելիքներուն հետ:
Մելիքներուն վերադարձով Արցախ քաղաքականօրէն մասամբ կայուն վիճակ ստացած էր:
Իպրահիմ Խալիլ խան նաեւ Գանձասարի Յովհաննէս կաթողիկոսին հովանաւորութիւն շնորհած էր եւ լաւ յարաբերութիւն սկսած էր մշակել Երից Մանկանց վանքի Իսրայէլ հակաթոռ կաթողիկոսին հետ:
Իպրահիմ Խալիլ խան աւարներու Ումմա խանին հետ դաշինք կնքեց ընդդէմ Ղուբայի Ֆաթհ Ալի խանի: Ֆաթհ Ալի խան նուաճած էր Դերբենդը եւ Սամուր գետի աջ ափի բնակավայրերը` Մուշքուր, Նիազոպա, Շապրան, Ռուսթաու եւ Պեշպարմակ, Պաքուի խանութիւնը իրեն ենթարկած էր եւ Շաքիի Մոհամէտ Հիւսէյն խանի հետ դաշնակցելով գրաւած էր Շամախին:
Շամախիի մէջ կ՛իշխէին Աղասի խան եւ Մոհամէտ Սայիտ խան եղբայրները: Կուրացուած Աղասի խան փախաւ Ղարաբաղ եւ Իպրահիմ Խալիլ խանի մօտ ասպնջականութիւն գտաւ:
Իպրահիմ Խալիլ խան եւ Ումմա խան իրենց շուրջ համախմբեցին Գայթաքի Ամիր Համզան, Թապասարանի իշխան Ռուսթամը, Կազիքումուշի խանութեան ուժերը (լաք, Լեզգի, ցախուր, ռութուլ, ակուլ եւ աւար ցեղերէ), ինչպէս նաեւ տաղստանեան այլ ուժեր եւ 1774 յուլիսին, Կաւտուշանի ճակատամարտին նուաճեցին Ֆաթհ Ալի խանը:
Իպրահիմ Խալիլ խան դարձաւ արեւելեան Կովկասի ամէնէն հզօր տիրակալը, որուն իշխանութիւնը կը տարածուէր Կովկասեան լեռներէն մինչեւ Ատրպատական:
* * *
Վարանդայի մելիք Շահնազար, հայրենիքի դաւաճանը, Փանահ Ալիի հող նուիրելով թոյլ տուած էր որ Ջաւանշիրցի խաշնարածը հաստատուի Արցախի սրտին վրայ եւ կառուցէ Շուշի բերդը: Փանահ Ալի խանի մահէն ետք ան իր բարեկամութիւնը կը պահպանէր անոր որդիին` Իպրահիմ Խալիլ խանի հետ:
Իպրահիմ Խալիլ խան շարք մը կիներ ունէր. Խանում աղա, Թութի խանում, Խուրշիտ պեկում, Պիքէ խանում, Ճաւահիր խանում, Շահնիսա խանում, Մուրասսահ խանում եւ Թուպու խանում:
Մելիք Շահնազար, Իպրահիմ Խալիլ խանի հետ բարեկամութիւնը ամրապնդելու համար, իր աղջիկը` գեղեցիկ Հիւրիզատը անոր կնութեան տուաւ:
Հիւրիզատի մայրը Դիզակի մելիք Եսայիի դուստր Սոնան էր: Իր առաջին կին Թագումի մահէն ետք Շահնազար իր ամուսինէն խլած էր գեղեցկուհի Սոնան եւ պսակուած հետը: Սոնայի կողքին ան իրեն կին առած էր Թագումի եղբօր դուստր Մալայիկը:
Հիւրիզատը Իպրահիմ Խալիլ խանի կնութեան տալու մելիք Շահնազարի ամօթալի քայլը սաստիկ վրդովեցուց Դիզակի մելիք Եսային:
Մելիք Եսայի իր ուժերը հաւաքելով 1775¬ին յարձակման անցաւ Վարանդայի վրայ: Մելիք Շահնազարի օգնութեան հասաւ Խաչենի մելիք Միրզախան: Ճակատամարտի մը ընթացքին մելիք Միրզախան գերի բռնուեցաւ: Մելիք Եսայի իր սուրը անոր գլխուն վրայ բռնելով ըսաւ. «Դուն, Միրզախան, շատ նման ես այն դաւաճանին, որ կը կոչուէր Մեհրուժան: Ան ուրացաւ մեր կրօնը, պարսիկներուն ձեռքը գործիք դարձաւ եւ սկսաւ մեր հայրենիքը աւերակ դարձնել: Անոր, իբրեւ վարձատրութիւն իր կատարած չարագործութիւններուն, խոստացած էին Հայաստանի թագը: Ճակատամարտի մը մէջ ան եւս քեզի պէս գերի ինկաւ հայերուն ձեռքը: Այդ միջոցին հայոց զօրավարներէն մէկը` Սմբատ Բագրատունի, կրակի մէջ շիկացած շամփուրին պսակի ձեւ տուաւ եւ դնելով անոր գագաթին վրայ ըսաւ. դուն կը ցանկայիր հայոց թագաւոր ըլլալ. ահա՛ ես, իբրեւ ասպետ եւ թագադիր, կը պսակեմ քեզ: Բայց դուն գոնէ Մեհրուժանի չափ փառասիրութիւն չունէիր. դուն միայն ցած դաւաճան էիր, որ առօրեայ չնչին փառքի համար թուրք խանի եւ մելիք Շահնազար չարագործի արբանեակը դարձար: Քեզի հետ պէտք է վարուիլ ինչպէս կատղած շան մը հետ, որ կը սպաննեն, որպէսզի միւս արարածները անոր կծոտելէն չվարակուին»:
Մելիք Եսայի իր սուրը իջեցնելով սպաննեց դաւաճան մելիք Միրզախանը:
Մելիք Միրզախանի փոխարէն Իպրահիմ Խալիլ խան Խաչենի մելիք նշանակեց անոր որդի Ալլահվերտին, որ հօր նման հաւատարմօրէն ծառայեց Ղարաբաղի թուրք խանին:
Կռիւը աւելի բորբոքեցաւ եւ որովհետեւ սկզբնապատճառը գեղեցիկ Հիւրիզատն էր, Իպրահիմ Խալիլ խան նոյնպէս միջամուխ եղաւ կռիւներուն, բռնելով մելիք Շահնազարի կողմը:
* * *
Ռուս-թրքական 1768-1774¬ի պատերազմը աւարտած էր օսմանցիներու պարտութեամբ, եւ Քիւչիւք Քայնարճըի հաշտութեան դաշինքով օսմանցիք կորսնցուցին Խրիմը եւ հիւսիսային Կովկասը: Օսմանեան սուլթան Մուսթաֆա Գ. մահացաւ 1774¬ին եւ գահ բարձրացաւ Ապտիւլ Համիտ Ա.: Նոյն ժամանակ սպանական եւ իտալական զօրքերը արշաւեցին Ալճերիա:
Պարսկաստանի տիրակալ Քերիմ խան Զանտ կ՛աշխատէր վերջ տալ Պարսից ծոցին մէջ թուրքերու գերիշխանութեան եւ վերահսկել անգլիացիներու ու փորթուգալցիներու կողմէ կատարուող հնդկական առեւտուրը:
Քերիմ խանի եղբայր Սատէգ խանի հրամանատարութեան տակ գործող 30 հազարնոց բանակ մը 1775 ապրիլին պաշարեց Պասրան: Արաբական Մունթեֆիք ցեղը դիմադրութիւն ցոյց չտուաւ, եւ Սատէգ խանի պարսկական զօրքը անցաւ Շաթ էլ Արաբը: Պուշեհրի շրջանի արաբական Պանու Քաապ ցեղը նաւեր տրամադրեց անոր:
Պասրայի օսմանեան կայազօրի հրամանատար Սիւլէյման աղա դիմադրութիւն կազմակերպեց: Սատէգ խանի օգնութեան հասան քրտական Արտալան եւ այլ ցեղեր:
Այս ժամանակ Հնդկաստանէն Պասրա հասաւ Յովսէփ Էմին: Անգլիական հիւպատոս Հենրի Մուր անոր յանձնեց հիւպատոսարանի պաշտպանութիւնը, եւ ան անգլիական երեսուն նաւաստիներով կատարեց այդ յանձնարարութիւնը:
Պասրայի շրջափակումը տեւեց մէկ տարի: Պասրացիներուն օժանդակութեան հասաւ Օմանի սուլթան Ահմէտ պըն Սայիտ:
Սովի մատնուած պասրացիք 16 ապրիլ 1776-ին անձնատուր եղան Սատէգ խանի: Օսմանցիք հաշտութիւն խնդրեցին:
Յովսէփ Էմին Պասրայէն անցաւ Սպահան, ուր հանդիպեցաւ Էջմիածնի նուիրակ Մարկոս վարդապետին, որ Սիմէոն կաթողիկոսին կողմէ նուէրներ բերած էր Քերիմ խան Զանտի: Վարդապետը համոզեց Էմինը հրաժարելու Արցախ անցնելու եւ զօրք կազմելու իր մտքէն, ըսելով որ ոչինչ կարելի է ընել, քանի որ ամենայն հայոց կաթողիկոսը հակառակ է իրեն:
Յովսէփ Էմին համոզուեցաւ վարդապետի փաստարկութիւններուն, եւ այս անգամ` վերջնականապէս:
Էմին նաեւ ընդունեց վարդապետին մէկ այլ խորհուրդը եւ ամուսնացաւ ջուղայեցի աղջկայ մը հետ, որպէսզի ընտանեկան յարկ ունենայ ծերութեան օրերուն: Վեց տարուան մէջ ան ունեցաւ երկու տղայ եւ երկու աղջիկ:
Յովսէփ Էմին 1783-ին մնայուն կերպով բնակութիւն հաստատեց Կալկաթայի մէջ: Ան 1788-ին անգլերէն լեզուով գրեց իր կեանքի ու գործունէութեան պատմութիւնը: Գիրքը 1792-ին հրատարակուեցաւ Լոնտոնի մէջ, «Յովսէփ Էմին հայուն կեանքն ու արկածները» խորագիրով:
Յովսէփ Էմին մահացաւ 83 տարեկանը թեւակոխած օրը` 2 օգոստոս 1809-ին, Կալկաթայի մէջ:
* * *
Լազարեանները բնիկ Նախիջեւանի Դաշտ գիւղէն են: Անոնց նախահայր Ղազարի որդի Խոճա Մանուկ շահ Աբասի բռնագաղթին ժամանակ Սպահան հասած եւ Նոր Ջուղայի Դաշտ թաղին մէջ բնակութիւն հաստատած էր: Խոճա Մանուկի որդի Աղազար Սուրբ Կատարինէ կուսանոցը կառուցած էր: Լազարեանները Պարսկաստանի տնտեսական կեանքին մէջ մեծ դեր ունէին եւ առեւտրական կապեր հաստատած էին Ռուսաստանի հետ:
Նազարէթի որդի Աղազար Լազարեան 1747-ին իր եղբայրներուն` Յարութիւնի եւ Մանուկի հետ տեղափոխուեցաւ Աստրախան, իսկ 1749-ին բնակութիւն հաստատեց Մոսկուայի մէջ:
Լազարեաններ Ռուսիոյ մէջ գնեցին կալուածներ, աղահանքեր, Ֆրիանովոյի մետաքսագործական գործարանը եւ կառուցեցին Կիզէլի եւ Պալաչինոյի գործարանները:
Եկատերինա Բ. կայսրուհի 1774-ին Լազարեաններուն ռուս ժառանգական ազնուականի տիտղոս շնորհեց:
Աղազար Լազարեան 6 նոյեմբեր 1777 թուակիր նամակ գրեց Շահամիր Շահամիրեանի, կեդրոնանալով Հայաստանի ազատագրութեան հարցով արցախցիներու վերապահուած դերակատարութեան վրայ:
Լազարեան կը շեշտէր ըսելով որ Հայաստանի ազատագրութեան գործին մէջ արցախցիներուն վրայ յենելու համար նախ պէտք է կրթել ու լուսաւորել զանոնք:
Նամակին մէջ կ՛ըսուէր. «Նախ պէտք է ազգիս մերոյ, մանաւանդ ի Սղնախ եւ Ղարաբաղ եղելոցն, ունիլ լուսաւորութիւն մտաց, եւ թողեալ զսնոտի ունայնահաւատութիւն իւրեանց եւ գոռոզութիւն, կրթիլ եւ վաստակիլ ի մրցումն գիտութեան, պատմութեան եւ աշխարհածանօթութեան եւ լինիլ հասու մտօք այնմ նիւթոյ եւ բանից»:
Աղազար Լազարեան 1779-ին Մոսկուայի մէջ կառուցել տուաւ Սուրբ Խաչ եկեղեցին:
* * *
Շահամիր Շահամիրեան Մատրասէն, 15 յունուար 1779 թուակիր նամակ ուղարկեց Գանձասար` Յովհաննէս կաթողիկոսին, ուր կ՛ըսէր.
«Երանելի եւ երջանիկ սրբազան տեառն Յօհաննէս Աղուանից հայոց կաթողիկոսին:
Նախ խոնարհաբար մատուցանեմ փառս եւ պատիւս սրբութեանդ ըստ արժանւոյն քոյ որում շարադրել ոչ բաւիմ վասն ռամկութեան շարադրութեանս եւ հայցեմ ի Տեառնէ երկայն աւուրս կենացդ, առողջութիւն անձինդ, ուրախութիւն` պատուական սրտիդ եւ աջողութիւն գործոցդ, առ Տէր խնդալ: … Աշխարհն Արցախ ունի ըստ ինքինեան ամենայն տուրք բարիք եւ ամենայն պատճառ երջանկութեան առ ի մխիթարութիւն ազգիս հայոց»:
Շահամիրեան կաթողիկոսին կը թելադրէր դպիրներ, քահանաներ կամ աշխարհականներ հաւաքել, որոնք պարտականութիւն ունենան լուսաւորելու ժողովուրդը, դպրոցներ բանալ Արցախի գիւղերուն մէջ եւ ժողովուրդին հրամայել որ իրենց որդիները դպրոց ուղարկեն, իսկ քահանաներուն իշխանութիւն չտալ մինչեւ որ անոնք քերականութիւն սորվին:
Շահամիրեան նաեւ կ՛առաջարկէր թուղթի գործարան հիմնել Արցախի մէջ եւ տպարան բանալ: Այդ տպարանէն հարիւրաւոր եւ հազարաւոր օրինակներով պիտի հրատարակուէին հայ թագաւորներու եւ իշխաններու քաջութիւններու պատմութիւնը:
Շահամիրեան կը հաստատէր ըսելով որ այսպիսով կը դաստիարակուի ամբողջ սերունդ մը, որ կը գիտակցի հայրենիքի նշանակութեան, կը միաբանի անոր պաշտպանութեան համար եւ այլեւս Խամսայի երկիրը չի ներկայացներ անմիաբանութեան ու եղբայրասպան անհամաձայնութիւններու օճախ, որուն պատճառով ինկած է օտարի լուծին տակ:
Շահամիրեան կ՛առաջադրէր Արցախի մէջ ընտրեալ ներկայացուցիչներու համագումար կազմակերպել: Այդ համագումարը պիտի դառնար հայկական հանրապետութեան կանոններն ու օրէնքները մշակող ու հաստատող հիմնադիր ժողով:
www.aztagdaily.com/archives/521732