Ի՞նչ Է Հայաստանի Իրավիճակը. Պատերազմը Դադրա՞ծ Է, Վերսկսա՞ծ, Հսկումի Նախօրեա՞կ – Յակոբ Պալեան

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Ի՞նչ Է Հայաստանի Իրավիճակը. Պատերազմը Դադրա՞ծ Է, Վերսկսա՞ծ, Հսկումի Նախօրեա՞կ – Յակոբ Պալեան

16 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:

Hagop Balian – ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Յակոբ ՊալեանՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

«Ամէն մարդ կրնայ սխալներ գործել եւ զանոնք
վերագրել ուրիշի. այս քաղաքականութիւն ընել է
»:

ԺՈՐԺ ՔԼԵՄԱՆՍՕ
Ֆրանսացի քաղաքական դէմք, 1841-1929

Ամէն օր հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ կրակոցներ կան` հակառակ երաշխաւորուած զինադադարին, ազրպէյճանցի զինուորները սահման կը հատեն, մարդ կ՛առեւանգեն, անասուն կը գողնան, հայ մարդիկ կը մեռնին, ճամբաներէն անցնողներու վրայ կրակ կը բանան: Թէեւ կացութեան մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ կը պակսին, ոչ ոք յստակութեամբ կրնայ ըսել, թէ ո՞ւր ի՛նչ կը պատահի, ո՞ւր ի՛նչ կրնայ պատահիլ այսօր կամ վաղը: Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեն ազրպէյճանցի սանձարձակ գործող բանակայինները:

Հայաստան պարտուած է թուրք-ազրպէյճանական զինուորական ուժին կողմէ եւ կը գտնուի փակուղիի մէջ: Կացութեան յստակ պատկերացումը չունի ժողովուրդը: Լրատուական թափանցիկութիւն չկայ: Բայց կարծէք կեանքը վերագտած է իր բնականոն ընթացքը:

Այն քիչը, որ կ՛իմանանք, այն է, թէ Հայաստանի սահմաններուն վրայ անտիրութիւն կայ, բանակը կարծէք ի վիճակի չէ կացութիւնը հակակշռելու, եւ երկրի ապահովութիւնը պահելու եւ պաշտպանելու համար կը սպասուի արտաքին ուժերու բարեացակամ միջամտութեան:

Ծաւալած եւ ծաւալող թեր ու դէմ անվերջանալի վերլուծումները, նախատեսութիւնները, մեկնաբանութիւնները այլեւս ոչինչ կը լուսաբանեն եւ կը մթագնեն քաղաքական հորիզոնը: Հետզհետէ կը շեշտուին անտիրութիւնը եւ շփոթները: Հակասական արտայայտութիւնները կը շեշտեն անապահովութեան եւ անորոշութեան զգացումը:

Երկրի կացութիւնը հասկնալու համար իշխանութիւնները յստակ խօսք պէտք է ըսեն, ճշգրիտ տեղեկութիւններ տան: Պէտք է գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս պիտի դիմակայուին նոր նախայարձակումը եւ պատերազմը, որոնց մասին կը խօսուի, եթէ սահմաններու վրայ տեղի ունեցող անընդունելի միջադէպերը շարունակուին:

Քննիչ մասնագիտական յանձնախումբ պէտք է ուսումնասիրէ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքի իրադարձութիւնները եւ արդիւնքները, արձանագրէ մեր անփառունակ պարտութեան իսկական պատճառները, ճշդէ քաղաքական ու ռազմական սխալները եւ պատասխանատուութիւնները, որմէ ետք միայն կարելի է վստահիլ իշխանութիւններուն, որոնք ալ ըլլան իշխանութիւնները, եւ` վերականգնել ժողովուրդին յոյսը, առաջքը առնել պարտութեան հետեւող լքումներու, վերջ տալ փոխադարձ ամբաստանութիւններու եւ մանաւանդ յուսալքման հետեւանք` նախատեսուող զանգուածային արտագաղթի, որուն հետեւանքները ճակատագրական կ՛ըլլան մեր անկախութեան եւ պետականութեան պահպանման համար:

Իշխանութիւնները կ՛ըսեն, որ Ազրպէյճանը կ՛ուզէ պատերազմ հրահրել, պատերազմը վերսկսիլ: Ազրպէյճան արդէն Հայաստանի տարածքներուն նկատմամբ նուաճողական յայտարարութիւններ կ՛ընէ անզսպելի դարձած յաւակնութիւններով, մինչեւ` Էրիվան… Պարտուած իշխանութիւններու պատասխանը այն է, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն պահպանուի: Ինչպէ՞ս: Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան երաշխաւոր եւ դաշնակից Ռուսիան կը տեսնէ եւ կը լսէ, բայց կը լռէ: Հայաստան խաղաղութիւն կ՛ուզէ պահպանել: Բնական է, որ պարտուած իշխանութիւն եւ բանակ չեն կրնար մտածել պատերազմի մասին, չեն ունենար ժողովուրդին նեցուկը:

Այս իրադրութեան մէջ նոյն իշխանութեան վերարտադրութիւնը, ինչպէս կ՛ըսեն, նախաձեռնութիւններու առջեւ բաց դուռ չի ձգեր: Հանրային կարծիքը դեռ կը գտնուի անորոշութեան մէջ 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան ամբողջական բովանդակութեան հարցով:

Քաղաքական մեծ վերլուծաբան ըլլալու կարիք չկայ կացութեան բարդութեան մասին մտածելու համար: Խորհրդային Միութիւնը չկայ, բայց Արեւմուտք-Արեւելք մրցակցութիւն-հակամարտութիւնը նոր տարազ հագած` կը շարունակուի: «Խորհրդային-Ազատ Աշխարհ»-ի զինեալ սահմանագիծ էր Հայաստանը: Հիմա այդ սահմանը «Արեւմուտք-Արեւելք» է: Ռուսական ազդեցութեան գօտիին դէմ կռուեցան Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, նաեւ` Իսրայէլը, իսկ Եւրոմիութիւնը եւ Ամերիկան, հետեւելով անցեալի աւանդութեան, ո՛չ քաղաքական եւ ո՛չ զինուորական օժանդակութիւն բերին Հայաստանի, գոհացած էին եւ կը գոհանան բարեսիրութեամբ, կրնան մատակարարել դեղ եւ սնունդ, յատկացումներ ընել` քանդուած տուներ եւ ճամբաներ վերանորոգելու: Կացութիւնը անցեալէն կը տարբերի անով, որ որբախնամի կարիք չէ զգացուած մինչեւ հիմա: Որպէս գոհունակ նպաստընկալ` կրնանք աղմուկով ծափահարել:

Իսկ Ռուսիոյ դիրքորոշումը կարծէք դաստիարակչական է, պատասխան է Հայաստանի մէջ բացայայտ կերպով եւ աղմկարարութեամբ դրսեւորուած հակառուսական յայտարարութիւններու եւ «արեւմտասիրական» պատեհապաշտական խարխափումներու: Անցեալի եւ ներկայի փորձերը բաւարար չափով ուսուցողական չեն եղած, որպէսզի, ներսը եւ դուրսը, հասկցած ըլլանք, որ Հայաստանը Արեւմուտք չէ, Արեւելք է, որքան ալ ոմանց այդ հաճելի թուի Արեւմուտք ըլլալ:

Արեւմուտքը, նեղմտութեամբ, առանց նկատի առնելու համաշխարհային քաղաքական-գաղափարական նոր դասաւորումները եւ նոր ուժերը, ուրուագծուող քաղաքակրթական-կրօնական գալիք հակադրութիւնները, կը շարունակէ, մեկնելով իր դասական հինցած քաղաքական վերլուծումէն, Ռուսիան տեսնել որպէս մրցակից-թշնամի, ինչ որ յառաջիկայ տասնամեակներուն պիտի ըլլայ ժամանակավրէպ քաղաքականութիւն: Անդրադարձը ցաւոտ կրնայ ըլլալ: Անհեռատեսութիւն է Հայաստանի արեւմտականացման ցանկութիւնը, ինչպէս նաեւ` ռուսական զինուորական ներկայութեան Հայաստանէն հեռացումը: Քաղաքական ողջմտութիւնը պէտք է պարզ հաստատում մը ընէ. եթէ ռուսական զինուորական ուժը հեռանայ Հայաստանէն, ան պիտի չփոխարինուի ո՛չ ֆրանսական եւ ո՛չ ալ ամերիկեան ուժով: Մարգարէ ըլլալու կարիք չկայ. այդ ուժը պիտի փոխարինուի թրքականով` ճամբայ հարթելու համար այլեւս անթաքոյց դարձած համաթրքական կայսրութիւն ստեղծելու երազին, ինչպէս անցեալին ըսուած էր` «Եգէականէն մինչեւ Չինաստան»: Նաեւ` Չինաստան:

Արեւմտականացման խաղի մանիթուները, խաղը տնօրինողները, բացարձակապէս չեն հետաքրքրուած ո՛չ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեամբ, ո՛չ Արցախով, արդէն կատարուած իրողութիւն է իրենց համար Արեւմտահայաստանի կորուստը, հիմա կատարուած իրողութիւն է Արցախի երեք չորրորդին կորուստը: Այդ կորուստները իրենց չեն վերաբերիր, հետեւաբար չեն մտահոգուիր:

Հայ ժողովուրդ, հայու ինքնութիւն, հայու պետութիւն, հայու մշակոյթ` մեծերու քաղաքական ճատրակի տախտակին վրայ տեղ չունին:

Հայ ժողովուրդը, ներսը` Հայաստանի մէջ, եւ դուրսը` սփիւռք, խարխափող եւ իր հայրենահանումը մոռցող, ողջախոհութեամբ պէտք է գիտնան, թէ ո՛ւր են իրենց ազգային շահերը, գիտնան, թէ ո՛ւր կ՛երթան եւ ո՛ւր պէտք չէ երթալ:

Այս ընտրանքը ո՛չ անհատական է, ո՛չ եսական, ո՛չ սնափառական, ո՛չ տեղական, ո՛չ ընկերատնտեսական. ան պատմութեան առջեւ լինել-չլինելու պատասխանատուութիւն է, զոր պէտք է ստանձնել` հակասիրողական (anti-amateurisme) մօտեցումով, պատմաքաղաքական բարձրորակ գիտակցութեամբ, ողջախոհութեամբ, յանդգնութեամբ եւ անձին օրինակի յանձնառութեամբ:

Այսինքն` չսպասել, որ երկինքէն մանանայ տեղայ:

Եւ հեռանալ Ժորժ Քլեմանսոյի դիպուկ արտայայտութեամբ բանաձեւուած քաղաքական որձեւէգ արդարացման փորձերէ. «Ամէն մարդ կրնայ սխալներ գործել եւ զանոնք վերագրել ուրիշի. այս քաղաքականութիւն ընել է»:

22 յուլիս 2021, Նուազի-լը-Կրան

www.aztagdaily.com/archives/522683

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail