ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Տեսակէտ. Բանապաշտութիւնը` Ընդդէմ Զգացականութեան

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Տեսակէտ. Բանապաշտութիւնը` Ընդդէմ Զգացականութեան

2O ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Ամբողջովին համաձայն ենք յօդուածագիրին` բանականութիւնը զգացականութեան գերադասելու սկզբունքին: Մեր վերապահութիւնը կը վերաբերի այսօրուան ներհայկական իրականութեան մէջ արձանագրուող քաղաքական պայքարին կողմերու պատասխանատուութեան հաւասարեցման: Մանաւանդ` իրավիճակի փոփոխութեան համար բովանդակային բանավէճ ստեղծելու ընդդիմադիր առողջ տարրի փորձերու ծրագրուած չէզոքացման:

«Ա.»

Եղափոխութեան հոլովոյթին մէջ` մարդակապիկէն արդի մարդ անհատի ձեւաւորման բովին մէջ, մարդկութիւնը ոչ միայն ֆիզիքական առումով փոփոխութիւն կրեց` յարմարելով կենսոլորտային եւ բնական նոր պայմաններուն, այլեւ եղափոխութեան հոլովոյթը նաեւ շեղում մը կատարեց` մարդը բանական էակ դարձնելով:

Այսպիսով, այսօր բնագիտական փաստ է, որ մենք բանական էակներ ենք եւ մեր նախնիներէն (որոնցմէ եղափոխուեցանք եւ որոնց հետ կը բաժնեկցինք ընդհանուր ծագումով) կը տարբերինք մեր բանականութեամբ:

Մարդ անհատը իր բանականութեամբ է, որ կերտեց քաղաքակրթութիւններ, հարթեց ճամբան փոխադրութեան միջոցներուն, որոնք զարգացուցին առեւտուրը, ստեղծեց նաւեր, որպէսզի ովկիանոսէ ովկիանոս փոխադրութիւններ կատարուին, կերտեց գիւղատնտեսութիւն, ապա` ճարտարարուեստ,եւ այսպիսով հազարաւոր տարիներու ընթացքին դարձաւ հարուստ քաղաքակրթութիւններու, գիտական գիւտերու եւ զանազան մարզերու մէջ հանճարեղ նուաճումներու տէր:

Իբրեւ հայեր` մենք ալ մեր անժխտելի ներդրումը ունեցած ենք մարդկային քաղաքակրթութեան կերտման հոլովոյթին մէջ: Ունեցանք Երուանդունիներու, Արտաշիսեաններու եւ Արշակունիներու թագաւորութիւնները, որոնք ամէն մէկը իր կարգին նուաճում կատարեց` համաձայն իր ժամանակաշրջանի մարտահրաւէրներուն:

Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը վկայ, երբ միջին դարերուն այսօրուան քաղաքակրթութեան առաջնորդող աշխարհը կը խարխափէր մութի մէջ, հայերս աշխարհին տուինք Արտաշիսեաններու, Արշակունիներու, Բագրատունիներու, Ռուբինեաններու թագաւորութիւնները եւ շարունակեցինք մարդկային քաղաքակրթութեան հոլովոյթի ճամբան` մեր հանճարեղ եւ տաղանդաւոր մտքով:

Իսկ այսօր միայն բաւարարուի՞նք անցեալի նուաճումներով, գիշեր-ցերեկ միայն բանաստեղծութիւննե՞ր գրենք, երգե՞ր յօրինենք կամ, ձեռնարկներու պարագային, կեդրոնանանք միայն պատմական հերոսութիւններուն եւ յաղթանակներո՞ւն վրայ:

Հայաստանի Ազգային ժողովի (մանաւանդ վերջին ժամանակաշրջանի) խեղկատակութիւնները, մեր հասարակութեան բեւեռացած մթնոլորտը, մեր դիմագրաւած ճգնաժամային իրավիճակը, մեր կրթական հաստատութիւնները աւարտած սերունդներուն ապաքաղաքականացումն ու ազգային կեանքէն հեռանալը, եւ, վերջապէս, մեր քաղաքական գործիչներուն գործածած հռետորաբանութիւնը կը փաստեն, որ մենք այսօր տարբեր ուղղութեան վրայ ենք:

Ինչպէ՞ս հպարտանալ անցեալի փառքերով, երբ, անդին, ներկայիս նոյնիսկ այս դժուար ու մարտահրաւէրային պայմաններուն մէջ չենք կրնար պահել մեր ազգային միասնականութիւնը: Ինչպէ՞ս հպարտանալ Տիգրան Մեծով, երբ, անդին, ներկայիս մենք նոյնիսկ ազդեցիկ դիւանագիտութիւն չունինք: Ինչպէ՞ս հպարտանալ Մեսրոպ Մաշտոցով, երբ, անդին, ներկայիս մենք գրագէտներու եւ մտաւորականներու պակասը ունինք: Ինչպէ՞ս տօնել Թարգմանչացը, երբ, անդին, մենք ներկայիս հեռու ենք ազդեցիկ գիտական, քաղաքական եւ փիլիսոփայական գիրքերու թարգմանութիւններէն: Ինչպէ՞ս հպարտանալ, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը իգական սեռին շնորհեց քուէարկելու իրաւունք, երբ, անդին, ներկայիս կիներու նկատմամբ բռնութիւնն ու խտրականութեան զանազան ձեւերը տեղ գրաւած են Հայաստանի մէջ, իսկ այս բոլորին զուգահեռ, պետական մարմիններուն մէջ կիներու ներկայութեան պակաս կայ: Ինչպէ՞ս հպարտանալ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեամբ, երբ անդին, ներկայիս մեր քաղաքական միտքը սնանկացման մէջ է: Ինչպէ՞ս հպարտանալ Արարատեան դաշտով, երբ, անդին, ներկայ Հայաստանի տարածքներուն մէջ` Ամուլսարի մէջ կենսոլորտային աղէտ տեղի պիտի ունենայ:

Այս բոլոր հարցադրումները պարզապէս մէկ պատասխան ունին` զգացականութեան վրայ հիմնուած հռետորաբանութիւնները որեւէ արդիւնք չունին մեր իրական կեանքին մէջ, այլ ճիշդ հակառակը` կը փորձեն ծածկել մեր ձախողութիւնները, ժամանակաւորապէս հոգեկանօրէն անուշ հռետորաբանական ճառախօսութիւններով ոգեւորել ժողովուրդը անցեալի փառքերով, որպէսզի ան միշտ անցեալին մէջ ապրի:

Այսօր մեր քաղաքական իրականութիւնը կը նմանի աքլորամարտի մը, ուր մրցազպարէզին վրայ երկու աքլորներ զիրար կը բզկտեն եւ երկուքն ալ պարտուած կ՛ըլլան: Եւ ո՞վ կը տուժէ այս մրցապայքարէն` մեր ազգը, մանաւանդ երբ իր պատմական հոլովոյթին մէջ կը հանդիպի նմանօրինակ եսասիրական ընթացքի:

Ամէն անկիւնէ հնչող աժան եւ զգացումներու վրայ հիմնուած հռետորաբանութիւն մը, որ մեր հասարակական կեանքին մէջ կը սերմանէ բեւեռացում, եւ որուն պատճառով հասարակութեան անդամները զիրար կը սկսին դիտել ոչ թէ իբրեւ տարբեր կարծիք ունեցող անհատներէ բաղկացած մէկ հասարակութեան մը անդամ, այլ` թշնամի:

Այս աժան հռետորաբանութիւնը թերեւս հոգեբանականօրէն որոշ ժամանակ մը հանգչեցնէ մեր միտքը եւ պատրանքը ստեղծէ դրական, բայց միեւնոյն ժամանակ` երեւակայական զգացումներու վրայ (երբ իրական կեանքին հանդէպ կը դառնանք ոչ բանական), բայց երբ վերադառնանք բանականութեան կարգավիճակին, պիտի տեսնենք, որ բան մը չփոխուեցաւ:

Ինչպէս փիլիսոփայ Պարուխ Սփինոզա կ՛ըսէ. «Այնքան ատեն որ մարդիկ դեռ կ՛ապրին հնազանդելով բանականութեան, անպայման կ՛ընեն միայն այնպիսի բաներ, որոնք անհրաժեշտօրէն լաւ են մարդկային բնութեան համար, հետեւաբար նաեւ` իւրաքանչիւր մարդ անհատի համար»: Հայկական հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ քաղաքական այն գործիչները, որոնք կեցուածքներ պիտի որդեգրեն տարբեր քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական հարցերու շուրջ, լաւ կ՛ըլլայ, որ այդ կեցուածքը որդեգրեն եւ զայն արտայայտեն բանականօրէն ու թափանցիկութեամբ եւ ոչ թէ` հանրութեան մէջ ժամանակաւոր խանդավառութիւն ստեղծող աժան հռետորաբանութեան ազդեցութեան տակ:

Բանապաշտութիւնը հայ քաղաքական միտքին մէջ առաջին հիմնաքարը պիտի ըլլայ ներկայ պատմական կացութեան բարելաւման ու մարդկային քաղաքակրթութեան յառաջդիմական հոլովոյթին մէջ հայկական տարրի վերամասնակցութեան:

Հետեւաբար ազգովին մաս կազմենք «Բանապաշտութիւնը ընդդէմ զգացականութեան» ռազմակոչին, փշրենք զգացական-երեւակայական մոլորութիւններու վրայ մեր ազգի յառաջդիմութեան ճամբան շրջափակած շղթան եւ փրկենք մեր ազգի լուսաւոր պատմութեան էջը` ներկայ վիճակէն:

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ – ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

www.aztagdaily.com/archives/523116

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail