ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – Երեւանի խաղաղ բնակչութիւն՝, պարզապէս կուզեմ ձեզ մի փոքր յիշողութեան թարմացում ընել ոչ աւելի եւ ոչ պակաս․․․

ՄԵՆՔ ԵՒ ՄԵՐ ԼԵՌՆԵՐԸ – «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – Երեւանի խաղաղ բնակչութիւն՝, պարզապէս կուզեմ ձեզ մի փոքր յիշողութեան թարմացում ընել ոչ աւելի եւ ոչ պակաս․․․

26 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Զարէհ Եահնիեան

Երեւանի խաղաղ բնակչութիւն՝, պարզապէս կուզեմ ձեզ մի փոքր յիշողութեան թարմացում ընել ոչ աւելի եւ ոչ պակաս․․․

1915 թուականին Մարաշի, Ատանայի, Ուրֆայի, Այնթապի, Սասունի եւ այլ քաղաքներու ու գաւառներու Հայ բնակչութիւնը կըսէր թուրքը փոխուած է, առաջուանը չէ, սուլթանը չկայ, ասոնք քաղաքակիրթ են, կարիք չկայ զինուելու եւ կռուելու երբ իրենց կըսէին թէ ամէն տուն թող հրացան ունենայ, եւ ինչ՞ էր այդ քաղաքակրթութեան արդիւնքը, աւելի քան 1.500.000 Հայի կոտորում ամենէ անմարդկային ձեւերով․․․

1988 թուական Պաքուի, Սումկայիթի եւ այլ քաղաքի Հայ բնակչութիւնը քնած էին խաղաղ եւ կըսէին թէ ազերին այն հին թուրքի ժառանգը չէ, մենք միասին ապրած ենք 70 տարի, եւ ինչ՞ էր այդ համերաշխութեան արդիւնքը, աւելի քան 500 խաղաղ բնակիչ ողջ ողջ այրեցին, աչքերը հանեցին, եւ այլ անմարդկային ձեւերով սպանեցին․․․

2016 թուական Ապրիլ 2 տակաւին բոլորս կը յիշենք այն տարեց քաղաքացիները որոնք չհեռացան իրենց տունէն եւ անմարդկային ձեւով սպաննուեցան նոյն թուրքին կողմէ․․․

Արժէ՞ յիշել 2020 թուականին Հատրութի կամ այլ քաղաքի մէջ մայթի վրայ նստած տարեցներու գնդակահարումը, արժէ՞ յիշել սաֆարովին, Գերիներուն, Արժէ յիշել այսօր Սիւնիքի բռնաբարումը․․․

Այս բոլորը լսելէ, կարդալէ, եւ փաստելէ ետք տակաւին խօսիլ խաղաղութեան մասին թուրքին հետ կը նշանակէ մեղուին փեթակը խառնել եւ ըսել եկուր խայթէ ինձ․․․

Խաղաղութիւնը չեն մուրար, չեն պաղատիր, չեն խնդրեր, խաղաղութիւնը կը պարտադրեն եթէ մուրաս քեզ կուտան ժամանակաւոր խաղաղութիւն ապա քեզ կը վերացնեն այն նոյն ձեւերով ինչպիսին էր 1915-ին 1988-ին 2016-ին եւ աւելին․․․

իսկ եթէ կրկին յոյսը դնես օտարի վրայ եւ ըսես մեր դաշնակիցը մեզ կը պաշտպանէ եւ անհոգ անկողին մտնես յիշէ որ տակաւին մի քանի տարի առաջ Գիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու 7 հոգանոց ընտանիքը մտաւ անկողին խաղաղ քնելու իսկ դաշնակիցը անոնց չտուաւ արթննալու հնարաւորութիւն․․․

Խաղաղութիւն մուրացողներ կրկնակի մտածեցէք․․․

Բարեւս տուի անցայ գնացի

– ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail