Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հայաստանի Ազատագրութեան Նպատակով Բանակցութիւններ Ռուսական Իշխանութիւններուն Հետ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հայաստանի Ազատագրութեան Նպատակով Բանակցութիւններ Ռուսական Իշխանութիւններուն Հետ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

09 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ: Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Դիզակի Մելիք Եսայիի Եւ Գիւլիստանի Մելիք Բեգլարի
Սպանութիւնները
Ղուկաս Ա. Կարնեցի` Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

        Ղուկաս Ա. Կարնեցի կաթողիկոս ————————————– Զօրավար Ալեքսանդր Սուվորով

Հայաստանի ազատագրութեան հարցով ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանի եւ Յովհաննէս Լազարեանի հետ Պետերբուրգի մէջ կայացած բանակցութիւններէն ետք, 1780¬ին, զօրավար Ալեքսանդր Սուվորով Աստրախանի կայազօրի հրամանատար նշանակուեցաւ:

Սուվորով Եկատերինա Բ. կայսրուհիէն հրահանգ ստացաւ զբաղելու Հայաստանի եւ անդրկովկասեան ժողովուրդներու ազատագրութեան խնդիրներով եւ կազմակերպելու դէպի Անդրկովկաս եւ Կասպիական ափեր նախատեսուող արշաւանքը:

Սուվորով Անդրկովկասի, Պուխարայի եւ այլ շրջաններու մասին առանձին զեկուցումներ ուղարկեց իշխան Փոթեմքինի: Զեկուցումներուն մէջ կարեւոր տեղ յատկացուած էր զանազան ճանապարհներու նկարագրութեան: Նկարագրուած էր նաեւ Ռաշտէն դէպի Երեւան տանող ճանապարհը: Սուվորով առանձին զեկուցում մը պատրաստեց նաեւ Արցախի մելիքներու մասին:

Սուվորով Աստրախանէն բանակցութեան մէջ մտաւ մելիքներուն հետ եւ ցանկութիւն յայտնեց ժամանել Արցախ եւ տեղւոյն վրայ ծանօթանալ գործերու վիճակին: Ան նաեւ Հայաստանի քարտէսը կազմեց, որ կ՛ընդգրկէր գլխաւորաբար Խամսայի մելիքութիւնները:

Իրենց կարգին մելիքները նամակներ ուղարկեցին Պետերբուրգ` ռուսական կառավարութեան: Անոնք իրենք զիրենք կը ներկայացնէին իբրեւ հայոց թագաւորներու ազնիւ զինուորներու ժառանգորդներ, իրենց հպատակութիւնը կը յայտնէին Ռուսաստանի եւ օգնութիւն կը խնդրէին ազատագրելու իրենց հայրենիքը: Մելիքները կը փափաքէին, որ նախատեսուող արշաւանքը գլխաւորէ զօրավար Սուվորով: Անոնք նաեւ կը նշէին որ արշաւանքին համար անհրաժեշտ է մինչեւ տասը հազար զինուոր:

Ռուսական բանակի հետեւակազօրք եւ սպաներ

Ալեքսանդր Սուվորով տաղանդաւոր զօրավար էր, ռազմական հանճար, եւ անոր անուան հետ կապուած են ռուսական բանակի փայլուն յաղթանակներ: Ան զինուորներէն պարզութիւն, ջանասիրութիւն, քաջութիւն եւ խիստ կարգապահութիւն կը պահանջէր եւ յարձակողական մարտեր վարելու տեսութեան կը հետեւէր: Նահանջ բառը լսել անգամ չէր ուզեր: Անոր հրամանատարութեան տակ ծառայող զինուորներու շարքին կային նաեւ հաւատարիմ հայ սպաներ:

Սուվորով, որ ջերմօրէն կապուած էր հայկական շրջանակներու հետ եւ սէր ու սրտցաւ վերաբերմունք ունէր հայութեան հանդէպ, Երուսաղէմի նուիրակ Գաբրիէլ վարդապետի միջոցով Սրբոց Յակոբեանց վանքին ուղարկեց թանկարժէք նկար մը` «նկարեալ ձեռամբ հանճարեղ արուեստատրին, պատուական եւ գոյնզգոյն իրանգօք»: Իր կարգին Յովակիմ Քանաքեռցի պատրիարք շնորհակալական նամակ ուղարկեց զօրավարին:

* * *

Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան, Վարանդայի մելիք Շահնազար եւ Խաչենի մելիք Ալլահվերտի 1781¬ին յարձակման անցան Դիզակի վրայ եւ պաշարեցին մելիք Եսայիի կեդրոն Տողը: Պաշարումը երկար տեւեց եւ անոնց բոլոր փորձերը` գրաւելու գիւղը, անյաջողութեամբ աւարտեցան:

Յուսահատած զէնքի ուժով գրաւելու Տողը, Իպրահիմ Խալիլ խան մտածեց խաբէութեան դիմել: Մելիք Շահնազարի խորհուրդով ան մելիք Եսայիի մօտ ուղարկեց քահանայ մը, երդումով, խաչով ու Աւետարանով հաշտութիւն խնդրելով: Մելիք Եսայի հաւատաց եւ ցած իջնելով հաշտութեան գնաց:

Իպրահիմ Խալիլ խան դրժեց իր երդումը եւ Շուշիի բանտը նետելով խեղդել տուաւ մելիք Եսային, անոր ամբողջ ունեցուածքը յափշտակեց եւ տունը աւերակ դարձուց:

Մելիք Եսայի Մելիք Եգանեան դպրասէր էր, քաջարի զինուորական եւ ազգային աւանդութիւններու ջերմ պաշտպան:

Տողի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ կից գտնուող Մելիք Եգանեաններու ընտանեկան մատրան մէջ ամփոփուած անոր գերեզմանին վրայ արձանագրուած է:

«Այս է տապան քաջ իշխանին, Եսայի անուն մեծ մելիքին. կարգեալ իշխան Նադիր շահին. երեսուն երեք ամ տիրեաց Տիզակ երկրին. զքաջութիւն եւ զյաղթութիւն` արար բազում ձեռամբ նորին: Ընդ անօրինաց էր հակառակ. ի սուր մաշեր զթշնամին: Ինքն պարթեւ եւ զօրաւոր, քան զառաջինսն էր ահաւոր: Մինչ վաթսուն եւ վեց ամաց եղեալ, ի յաշխարհէ վերափոխեալ: Վախճանեցաւ Թիվին ՌՄԼ (1781) հոկտեմբերի Բ. (2)ին երեքշաբթի. որ ընթեռնուք, մէկ Հայր մեղայ ասացէք. ամէն»:

Մելիք Եսայիի սպանութեան լուրը առնելով զօրավար Սուվորով զեկուցագիր ուղարկեց Պետերբուրգ` իշխան Գրիգորի Փոթեմքինի, ուր կ՛ըսէր. «Շուշիի Իպրահիմ խանը չարութիւն գործադրելով որոշ գումար պահանջած է Դիզակի մելիք Եսայիէն եւ չարչարելով սպաննել տուած է զայն»:

Իբրեւ Դիզակի տէր մելիք Եսայիի յաջորդեց անոր եղբօր` մելիք Հաթամի որդի մելիք Բախտամ:

* * *

Գիւլիստանի մելիք Յովսէփ Մելիք Բեգլարեան ունէր երկու որդի. Բեգլար եւ Աբով: Ան իր աւագ որդի Բեգլարի կտակեց սուրը պատեանին մէջ չդնել, մինչեւ որ Արցախ ամբողջութեամբ մաքրուի մահմետականներէն, եւ մահացաւ ծերութեան հասակին:

Մելիք Յովսէփի յաջորդեց աւագ որդին` մելիք Բեգլար: Ան հօր նման քաջ էր ու անպարտելի, մասնակցած էր բազմաթիւ կռիւներու եւ յայտնի էր իր զարմանալի յաղթութիւններով:

Մելիք Բեգլար ամուսնացած էր մելիք Շահնազարի դուստր Ամարնանի հետ: Բացի օրինաւոր կնոջմէն, ան Բալա անունով սիրուհի մը կը պահէր, որուն համար Գիւլիստանէն Խարխափուտ տանող ձորին մէջ անտառներով եւ այգիներով շրջապատուած բնակատեղի շինած էր:

Սակայն մելիք Բեգլարի իշխանութիւնը երկար չտեւեց:

Լեզգիներու յարձակման մը ժամանակ մելիք Բեգլար որոշեց պատերազմի երթալ: Այդ պահուն անոր մայրը` Հերիքնազ արտասուաթոր աչքերով ձեռքէն բռնեց եւ աղաչեց որ գոնէ այս անգամ պատերազմի չերթայ եւ ինքզինք արիւնահեղութենէ հեռու պահէ, որովհետեւ ինք վատ երազ տեսած է եւ տխուր կասկածները կը տանջեն սիրտը: Մելիք Բեգլար մերժեց մօր աղաչանքը եւ ձեռքով հրելով գետին ձգեց զայն:

Մինչ մելիք Բեգլար պատերազմի երթալու վերջին պատրաստութիւնները կը տեսնէր. կինը` Ամարնան, իրենց ծառաներէն Լալան կաշառելով ուղարկեց Բալան սպաննելու համար: Գեղեցկուհի Բալա երկար մազեր ունէր եւ Լալա անոր մազերը պարանոցը փաթթելով խեղդեց զայն եւ մարմինը հորի մը մէջ ձգեց:

Երբ մելիք Բեգլար կը պատրաստուէր ձին հեծնելու, լուր տուին որ Բալա սպաննուած է:

– Երբ վերադառնամ պատերազմէն, ես գիտեմ թէ ի՞նչ պիտի ընեմ սպաննողներուն,- ըսաւ մելիք Բեգլար եւ ճամբայ ելաւ:

Լալա հասկցաւ, որ մելիքը ամէն հնար ի գործ պիտի դնէ սպանութիւնը երեւան հանելու համար, եւ այդ ժամանակ ոչ միայն զինք, այլ նաեւ իր ամբողջ ընտանիքը սուրի պիտի քաշէ:

Լալա իբրեւ թիկնապահ միացաւ մելիք Բեգլարի:

Լեզգիներու դէմ ճակատամարտը տեղի ունեցաւ Գանձակի մօտ, Գորանի գետի ափին: Կռուի ժամանակ թուփերու մէջէն անցած գնդակ մը ցած գլորեց մելիք Բեգլարը: Խառնաշփոթութեան մէջ կարելի չեղաւ ստուգել որ գնդակը լեզգիի հրացանէ մը արձակուեցաւ, թէ մելիքի թիկնապահէն:

Մելիք Բեգլարի յաջորդեց եղբայրը` մելիք Աբով:

* * *

Սիմէոն Ա. Երեւանցի կաթողիկոսի վախճանումէն (26 յուլիս 1780) ետք անոր յաջորդեց Ղուկաս Ա. Կարնեցի:

Ղուկաս Ա. ծնած էր 1722-ին, Կարին գաւառի Կեղի (Քղի) գիւղը: Կրթութիւնը ստացած էր Էջմիածնի հոգեւոր դպրոցին մէջ, իբրեւ ուսուցիչ ունենալով ապագայ կաթողիկոս Սիմէոն Երեւանցին: 1751-ին ձեռնադրուած էր կուսակրօն քահանայ: Եղած էր Ռումելիի թեմի (որ կ՛ընդգրկէր Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Մոլտաւիոյ եւ Խրիմի հայաշատ բնակավայրերը) նուիրակ: 17 յունիս 1763-ին Էջմիածնի մէջ Սիմէոն կաթողիկոսին ձեռամբ եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր: 1764 մարտին Զմիւռնիոյ առաջնորդ ընտրուած էր: 1775 յունիսին դուրս ելած էր Զմիւռնիայէն եւ 1776-ի սկիզբը, տասներկու տարուան բացակայութենէ ետք հասած Էջմիածին:

Վախճանումէն երկու օր առաջ Սիմէոն կաթողիկոս իր մօտ կանչած էր բոլոր եպիսկոպոսները եւ յայտնած, որ ինք Ղուկասը պահած է իր մօտ, որ «յաջորդաբար նա լիցի հայրապետ եւ կառավարեսցէ զսուրբ Աթոռ յայսմ վտանգածին եւ վրդովեալ ժամանակիս»:

Էջմիածնի միաբանները, նկատի ունենալով ստեղծուած պայմանները, ստիպուած էին արտակարգ հապճեպութեամբ, առանց դուրսի հայերու գիտութեան ու համաձայնութեան կատարել նոր կաթողիկոսի ընտրութիւնը: Ղուկաս Ա. Կարնեցի կիրակի, 2 օգոստոս 1780-ին կաթողիկոս օծուած էր:

Ղուկաս Ա. Կարնեցի կաթողիկոս գործնական քայլերու ձեռնարկեց օտար տիրապետութիւններէ Հայաստանի ազատագրութեան ուղղութեամբ:

Կաթողիկոսը, ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանի հետ խորհրդակցաբար կապեր հաստատեց իշխան Գրիգորի Փոթեմքինի եւ ռուս պետական ու եկեղեցական բարձրաստիճան դէմքերու հետ:

Ղուկաս Ա. Կարնեցի 1782-ին դիմեց ռուսական կառավարութեան` հայ ժողովուրդը պարսկական տիրապետութենէն ազատագրելու խնդրանքով:

Ռուսական կառավարութեան յանձնարարութեամբ 1782-ի աշնան Էջմիածին հասաւ տոքթոր Եաքուպ եւ Ղուկաս կաթողիկոսին յանձնեց իշխան Փոթեմքինի նամակը եւ ընծաներ: Եաքուպ խորհրդակցութիւն ունեցաւ կաթողիկոսին հետ եւ հաւանութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդի ազատագրութեան ծրագիրին:

Նոյն օրերուն իշխան Գրիգորի Փոթեմքին հիւսիսային Կովկասի կառավարիչ եւ զօրքերու հրամանատար նշանակեց իր ազգական զօրավար Փաւէլ Փոթեմքինը եւ անոր յանձնարարեց սերտ յարաբերութիւններ մշակել Անդրկովկասի քրիստոնեաներուն հետ:

www.aztagdaily.com/archives/523995

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail