«Պումըրանկ»-ի Պէս Վերադարձող Ըսուած Եւ Գրուած Խօսքեր.– Յակոբ Պալեան
04 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Այսօր տխրութեամբ կարդացի ինչ որ գրած էի 18 Մարտ 2012-ին: Չեմ յիշեր, թէ ո՞ր թերթին մէջ լոյս տեսաւ այդ էջը: Քսանամեակ մը առաջ գիտէինք, ըսուած էր, թէ ի՞նչ էին նորանկախ Հայաստանի եւ Արցախի սպառնացող վտանգները:
Յօդուածը մաս առ մաս պիտի արտագրեմ, կատարելով մեր անմիջական ներկայէն թելադրուած յաւելումներ:
Կ’արտագրեմ.
«Հայաստանի ԱԶԳ օրաթերթին մէջ, Թաթուլ Յակոբեան կը յիշեցնէ 1994ին, Իգդիրի մէջ, Սուլէյման Տեմիրէլի արտասանած յստակ խօսքերը. ՛՛Եթէ կը փափաքիք հոս ապրիլ, ապա պէտք է բարելաւէք ձեր յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ: Քանի դեռ Ատրպէյճանի հետ հակամարտութեան մէջ էք հակամարտութեան մէջ պիտի ըլլաք նաեւ Թուրքիոյ հետ: Աւելին. եթէ դուք հակամարտութեան մէջ էք թէ Ատրպէյճանի եւ թէ Թուրքիոյ հետ, ապա դուք չէք կրնար հոս ապրիլ՛՛: Ապահովաբար հայեւթուրք հաշտեցման վիժած բայց չմեռած յանձնախումբին եւ վաղն ալ նոր անդամները գիտնալու են Տեմիրէլի այս խօսքերը: Սպառնալիք… Դուք չէք կրնար հոս ապրիլ, եթէ իրաւունք պիտի պահանջէք, եթէ պիտի ներշնչուիք ձեր պատմութենէն, այսինքն եթէ հարա քիրի չընէք, հոս ձեզի տեղ չկայ»:
Թրքամէտներ, այն օրերուն իրենք զիրենք կոչած էին հայեւթուրք հաշտեցման դերին, հին եւ կրկնուող երգ, որուն դաշնաւորումը ո՞վ կը կատարէ եւ ուրկէ՞, նաեւ՝ այսօր, գաղտնիք է եւ չէ:
Կը շարունակեմ արտագրել.
«Հաշտեցման յանձնախումբի անդամները եւ անդամութեան թեկնածուները ի՞նչ կը խորհին Տեմիրէլի ոչ-ժամանակավրէպ խօսքերուն մասին, ի՞նչ կը խորհէին եւ կը խորհին բոլոր անոնք, որոնք կրկնուած ծեծեքումներով, Թուրքիոյ հետ զանազան ձեւի յարաբերութիւններ կը մշակեն: Հայաստան եւ արտասահման: Վերջինը արտառոցութեան գլուխ գործոց է: Երեւանի լրագրողներու ակումբի նախաձեռնութեամբ քաղաքականօրէն մեկուսացած եւ Թուրքիոյ զինուորական կամայականութեամբ ստեղծուած Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ, որ գոյութիւն ունի շնորհիւ թրքական քառասուն հազարնոց բանակին, հայ, թուրք եւ aտրպէյճանցի լրագրողներու հանդիպում պիտի կայանայ: Մե՜ծ իմաստութեան կարիք կա՞յ ենթադրելու համար, թէ ի՞նչ պիտի խորհին եւ ընեն Հայաստանի եւ հայութեան բարեկամ Կիպրոսի եւ Յունաստանի իշխանութիւնները: Միթէ՞ շատ բարեկամներ ունինք: Մոռցած ըլլալու չեն, որ Թուրքիոյ այժմու վարչապետն էր, Էճեւիտը, որ 1974ին, բանակ ղրկեց եւ զինուորապէս գրաւեց Կիպրոսի հիւսիսային շրջանը, եւ հակառակ միջազգային համայնքի որոշումներուն, կը շարունակուի գրաւումը, թէեւ նոյն միջազգային համայնքը երբեք չըսաւ, որ չգործադրելով այդ որոշումները, Թուրքիա ասպարէզ կը կարդայ բոլորին»:
Այդ օրերուն ուղղած էի հարցումը. «Միթէ՞ շատ բարեկամներ ունինք»: Մեր աժան խանդավառութիւններու եւ սիրողական (ամաթէօր) վերաբերումներու, անհատական բնոյթով եւ խարխափումի դիւանագիտական ճապկումներու հետեւանքով դաշնակից չունինք: Այսօր ալ նոյն ուղիով կը շարունակենք. ոմանք թշնամի կը համարեն Ռուսիան, այդ մասին բարձրաղաղակ կը խօսին, ուրիշներ թշնամի կը համարեն Արեւմուտքը, արդիւնքը կ’ըլլայ այն՝ որ ե՛ւ մէկը ե՛ւ միւսը կը դադրին բարեկամ ըլլալէ: 44 օրեայ պատերազմի ընթացքին իսրայէլեան թռչող սարքեր հարուածեցին հայկական դիրքերը եւ բնակավայրերը, եւ զարմացանք: Այսօր հարց պէտք է տանք մենք մեզի, թէ ի՞նչ վերաբերումներ կային Հայաստանի եւ հայութեան նկատմամբ, զորս կը դիմաւորէինք հաւկուրութեամբ, եւ այդպէս կը շարունակենք ընել:
Կը շարունակեմ արտագրել յօդուածը: 20 տարի առաջ ըսուածներու եւ վերաբերումներու կողքով անցած ենք, չենք տեսած եւ չենք լսած:
«Ի՞նչ կը բանինք ազգովին: Իսրայէլի դեսպանը, Երեւանի մէջ, կը ժխտէ հայկական ցեղասպանութիւնը, թուրք պատուիրակը, Երեւանի մէջ, ամենայն հանդարտութեամբ կը յայտարարէ, որ Հայաստան շրջափակման ենթակայ չէ, խօսած էր Տեմիրէլ, իսկ մենք կը մտնենք հաշտեցման յանձնախումբ ստեղծելու խաղին մէջ, կամ կը նախաձեռնենք թրքական զինուորական գրաւման սեւ պատկերը պայծառացնելու փորձին, Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ լրագրողներու հանդիպում կազմակերպելով, կամ կ’ուրախանանք ու կ’աղմկենք, որ վերջապէս Թուրքիոյ մէջ կը ստեղծուի առաջին հայկական ներկայացուցչութիւնը, հոգ չէ թէ այդ դեսպանութիւն չըլլայ: Ի՞նչ բան կը սակարկենք: Ո՞վ ինչ բանի սակարկութեան մէջ կը ներքաշէ Հայաստանը, հայութիւնը, Հայ Դատը: Ո՞վ եւ որո՞նք են տեսողութեամբ մեզ ասդին-անդին տանող նաւավարները, փիլոթաժ ա վիւի աշկերտ-կախարդները, փորձարկութիւններ՝ որոնց ասպետներն էին երէկ մի ոմն Եսայի Ստեփանեան եւ Վահան Փափազեան, առաջինը Լեւոն Տէր Պետրոսեանի արտաքին առեւտուրի նախարարն էր՝ որ փախաւ երկրէն, երկրորդը՝ արտաքին գործոց նախարարը: Հիմա հերթը հասած է լրագրողներու ակումբին»:
Հայաստան շատ կը սիրեն գիտական եզրերով բանաձեւել կացութիւնները, նպատակները, նախաձեռնութիւնները: Այս խարխափումները եւ փիլոթաժ ա վիւն կը վկայեն այն մասին, որ Հայաստանի պակսած է եւ կը պակսի ներազգային եւ մօտի ու հեռուի երկիրներուն հետ անմիջականի կողքին ունենալու նաեւ քաղաքական հեռանկարին դոկտրին, որ հիմնուած ըլլայ պատմութեան մեկնաբանութեան եւ ժամանակակից ուժերու յարաբերութեան վրայ: Օրին, վարդապետականօրէն յայտարարուեցաւ, որ համաթրքական-համաթուրանական (փանթուրքիստ) վտանգը «խրտուիլակ մըն էր» զոր կը կանգնէինք եւ անկէ մենք կը վախնայինք: Վտանգին գիտակցութիւնը չ’ենթադրեր, որ պէտք է մեկուսանալ, այլ գիտնալ՝ թէ ի՞նչ կ’ուզենք, ինչպէ՞ս պիտի ուզենք, ե՞րբ եւ որոնցմով: Քաղաքականութիւնը թատրոն չէ, ուր կարելի ըլլայ improviser ընել, ինչպէս կ’ըսէ բառարանը՝ յանկարծաբանել: Օրին լսած էինք Տեմիրէլը եւ Իսրայէլի դեսպանի խօսքերը, այն ատեն Էրտողան չկար, բայց միայն լսած էինք:
Կը շարունակեմ նշուած յօդուածը արտագրել.
«Կամ հրեշտակային բարեմտութիւն ունին մեր ժողովուրդի զաւակները եւ կամ մեր կարծածէն աւելի ճկուն են միջազգային քաղաքականութեան մէջ, ուր ճկունութիւն եւ իմաստութիւն կը պայմանաւորուին ուժով, տնտեսական թէ ռազմական, ինչ որ կը բացատրէ Տեմիրէլի առարկութիւն չընդունող սպառնական յայտարարութիւնը: Չունենալով ռազմական եւ տնտեսական ուժը, երէկ եւ այսօր, ճկունութեան ո՞ր խաղին անձնատուր կ’ըլլանք: Կամ ո՞վ կայ այս բեմադրութեան ետին: Մեր ժողովուրդը, ե՛ւ Հայաստան ե՛ւ արտասահման, գիտնալու իրաւունք ունի, որպէսզի ճկունութեան մշուշին մէջ զինք չառաջնորդեն տեղատուութեան, պարտութեան եւ կորստեան: Ի վերջոյ, պէտք է հասկնալ նաեւ, որ լրագրողները ինչպէ՞ս կրնան իրենք իրենց ուղղակի կամ անուղղակի դեր տալ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան վրայ ազդելու, զայն կանգնեցնելու իր բարեկամներուն հետ դժուարութեանց դիմաց»:
«Մեծերու քաղաքական ակումբին» ոչ թէ մաս կազմելու, այլ անոր գէթ մօտենալու եւ անկէ լսուելու համար, Հայաստան չյաջողեցաւ եւ այսօր չի փորձեր յաջողիլ ներքին միութիւն եւ ամրութիւն ստեղծել, տեւաբար կը պառակտուի: Ուժականութիւն ստեղծելու համար չօգտագործուեցան համայն հայ ժողովուրդի կարելիութիւնները, սփիւռքի տասը միլիոնը իր հնարաւորութիւններով չօգտագործուեցաւ, անոնք մնացին մասնակիի եւ բարեսիրականի սահմաններուն մէջ: Եւ ի հարկէ, խարխափումներու եւ ապաշնորհ կողմնորոշումներու ետին, երէկ եւ այսօր, ո՞ր ուժերը կային եւ կան: Իսկ լրագրողներու ակումբ մը կրնա՞յ ճակատագրական քաղաքական խաղի մէջ մտնել: Լրագրողի պարտականութիւնը տեղեկատուութիւնն է, երկրի մը քաղաքական կողմնորոշումը պետութեան գործն է:
Օրին եզրակացուցած էի հետեւեալ ձեւով.
«Այս բոլոր երեւոյթները դադրած են հայկական զանգուածներու ուշադրութիւնը գրաւելէ: Հազուագիւտ են այն լրագրողները եւ հրապարակագիրները, որոնք տեղեկատուութիւն ընելու պահուն ունին նաեւ ազգային գաղափարախօսութենէ թելադրուած կեցուածք: Ի վերջոյ, հայ լրագրողը կամ քաղաքագէտը, դիւանագէտը, ո՛չ Զուլուլէնտի եւ ո՛չ ալ Հրոյ Երկրի դիւանագէտ կամ լրագրող է: Հարցեր կան, որոնք սոսկ առեւտուրէ եւ գործարարներէ անդին կը գտնուին»:
Երէկ չէինք հասկցած, այսօր կարծէք չենք ուզեր հասկնալ, խարխափելով եւ սիրողականութեամբ քաղաքականութիւն կարելի չէ խաղալ: Պէտք է գիտնալ թէ ի՞նչ կ’ուզենք, ո՞ւր կ’ուզենք հասնիլ եւ ինչպէս պիտի օգտագործուի համայն ազգի կարողականութիւնը, պոտենցիալը: Այս ընել ոչ փառասէրի, ոչ փերեզակի եւ ոչ ալ պոռչտացող դերասանի գործ է, այլ՝ վաւերական ղեկավարութեան:
Թմբիրէ արթնցած եւ իր ողջախութիւնը գտած զանգուածն է, որ պիտի գտնէ իր իրաւ առաջնորդը:
Ֆրանսացի իմաստասէր Հանրի Պերկսոն կ’ըսէր. «Ինչ որ յոյսը կը դարձնէ այնքան ուժգին հաճոյք, այն է, որ ապագան, որուն կը վերաբերինք ըստ կամս, կը տեսնուի բազմաթիւ ձեւերու մէջ, հաւասարապէս ժպտուն, հաւասարապէս կարելի»*:
Բայց ապագան կը կառուցուի այն յանձնառութեամբ՝ որ գիտէ թէ ո՞ւր պէտք է երթալ, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ: Հարցումներ, որոնց պատասխանը յանկարծաբանութիւն չէ, improvisation չէ:
Երէկ, այսօր, վաղը եւ միշտ, ըսողին լսող պէտք է, նոյնիսկ եթէ լսողը ամենագէտ է եւ ըսողը՝ շարքային քաղաքացի: Այդպէս կը ստեղծուին հաւաքական կամքը եւ գիտակցութիւնը:
«Ապա թէ ոչ հոս չէք կրնար ապրիլ»… Հայը, տասը թէ տասնըհինգ միլիոն, բանիւ եւ գործով պիտի ըսէ, ըսած պիտի ըլլար, ընդդէմ բոլորին, «որ հոս կրնանք եւ հոս պիտի ապրինք ապրինք»: Այս ազգային քաղաքականութիւն է:
yerakouyn.com/2021/09/29/պումըրանկ-ի-պէս-վերադարձող-ըսուած-ե/