Ակնարկ. Պէ՞տք Է Մտահոգուինք Իրան-Ազրպէյճան Լարուածութեամբ – Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ակնարկ. Պէ՞տք Է Մտահոգուինք Իրան-Ազրպէյճան Լարուածութեամբ – Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

06 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Վերջին օրերուն Հայաստանի հարաւային սահմանին մերձակայքը տեղի կ՛ունենան վտանգաւոր զարգացումներ, որոնց նկատմամբ զգայնութիւն յառաջացած է նաե՛ւ Հայաստանի մէջ, սակայն յայտնապէս այդ բոլորը չեն ընկալուիր պահանջուած լրջութեամբ, շրջահայեացութեամբ եւ… յարմար ձեւով հակազդելու տրամաբանութեամբ: Կէս պատասխաններ կը հասնին այն հարցումին դիմաց, թէ արդեօք այդ շրջանին մէջ լարուածութեան բարձրացումը պէ՞տք է մտահոգէ մեզ:

Խօսքը կը վերաբերի Իրանի կազմնակերպած ռազմափորձերուն եւ անոնցմէ բխած «պատգամներուն»: Կարճ խօսքով, Իրան մօտաւորապէս շաբաթ մը առաջ ռազմափորձեր կատարեց Ազրպէյճանի հետ սահմանին մօտ, Կասպից ծովուն մերձակայ գօտիին մէջ (թալիշներու շրջանին մօտ), իսկ հիմա ռազմափորձերուն դաշտը տարածուած է Նախիջեւանի սահմանամերձ գօտիին մէջ (որ նաեւ մերձ է Թուրքիոյ): Զուգահեռաբար, սաստկացում կրած է Թեհրան-Պաքու հակաճառութիւնը: Ազրպէյճանի նախագահը դժգոհ է, որ նման ռազմափորձեր տեղի կ’ունենան այս հանգրուանին (ան խորքին մէջ ի մտի ունի այն փուլը, որ կ՛ընդգրկէ Հայաստանի դէմ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ իր վարած պատերազմը, Հայաստանի հայաւային գօտիին մէջ ազերիական ոտնձգութիւնները, «միջանցք»-ին հետապնդումը եւ Սիւնիքի ճամբաներուն վրայ իրանեան բեռնատարներու դէմ ծանօթ բռնամիջոցները): Իրան հակադարձեց` ըսելով, որ ռազմափորձ ընելը եւ անոր վայրը ինք կ՛որոշէ եւ ոեւէ մէկէն թելադրանք չի սպասեր, նաեւ ակնարկեց այն իրողութեան, որ տարի մը առաջ «շրջանի մէջ ուժին կողմէ» (յստակ ակնարկութիւն` Թուրքիոյ) Արցախ բերուած ահաբեկիչները տակաւին կը մնան այդ գօտիին մէջ, Իրան չի կրնար հանդուրժել, որ իսրայէլեան ազդեցութիւնը յաւելեալ սպառնալիքի վերածուի Իրանի դէմ (այլ մանրամասնութիւններով չծանրաբեռնենք այս սիւնակը):

Հայաստանի մէջ իշխանութեան մօտիկ աղբիւրներ այս իրադարձութիւններուն արձագանգ կ՛ըլլան այնպիսի ոճով, որ ընդհանրապէս կ՛օգտագործուի հեռաւոր շրջաններու մէջ ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններու խօսելու պահուն: Միակ տեսանելի երեսը այն է, որ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ վերջին օրերուն աւելի յաճախակի կերպով տեսակցութիւններ կ՛ունենան Իրանի դեսպանին հետ (նման պայմաններու մէջ խորհրդապահութիւնը ունի յարգելի ըլլալու պատճառ, եթէ…):

Ընդդիմադիր աղբիւրներ ու անաչառ մեկնաբաններ աւելի զգայուն են ու կ՛արձագանգեն, ի միջի այլոց, իրանեան մամուլէն արձակուած այն մեկնաբանութիւններուն (եւ գիտենք, որ իրանեան մամուլը այս կամ այն համեմատութեամբ թարգմանն է պետական մտածողութեան), թէ Հայաստան կը թուի միացած ըլլալ Իրանի դէմ կազմաւորուող Ազրպէյճան-Թուրքիա-Իսրայէլ-Միացեալ Նահանգներ ճակատին (իրանցիք վաղուց «չեն կլլեր» այն քարոզչութիւնները, որոնք բանաւոր կերպով կամ որոշ արարքներով իրարու դէմ կը հանեն Թուրքիան ու Իսրայէլը, երբ Անգարա կը փորձէ պաշտպան կանգնիլ պաղեստինցիներուն եւ անոնց ճամբով տպաւորութիւն ստեղծել արաբական աշխարհին մէջ):

***

Այս զարգացումները նոր բարձրակէտի մը կը տանին այն ճնշումները, որոնք տասնամեակներէ ի վեր ի գործ կը դրուին Իրանի վրայ, Արեւմուտքին եւ միջինարեւելեան անոր գործակից-դաշնակիցներուն` Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջոցով: Այս ճնշումին համար գործածուած են «կրօնական ծայրայեղութիւն», «կորիզային ուժանիւթ», «Ռուսիոյ ու Չինաստանի հետ մտերմական կապեր» եւ շարք մը այլ խորագիրներ (որոնց ճիշդ կամ սխալ ըլլալը այլապէս քննարկելի եւ վիճելի է), սակայն երբ հարցերը կու գան բախելու նա՛եւ Հայաստանի դռները, կը կարծենք, որ մեր աշխարհահայեացքին մէջ բեկումնային տարբերութիւն պէտք է ըլլայ:

Հայաստան որքան ալ որ հաւասարակշիռ քաղաքականութիւն վարէ (կամ, դրսեցիին աչքով, ձեւացնէ վարել), կան կարգ մը իրականութիւններ, որոնց անտեսումը արտօնելի չէ: Եւ հարցերը չեն բխիր միայն 44-օրեայ պատերազմէն եւ հետեւած իրադարձութիւններէն, այլ ունին աւելի երկար պատմութիւն, որուն կը հետեւին մեր բարեկամներն ու թշնամիները:

Երթանք քիչ մը ետ: Խորհրդային առաջին տարիներուն, մօտաւորապէս 100 տարի առաջ, Մոսկուայի «բարեմիտ միջամտութեամբ» Իրան հողաշերտ մը զիջեցաւ Թուրքիոյ, որպէսզի Ազրպէյճանին «նուէր տրուած» Նախիջեւանին հետ ունենայ մօտաւորապէս 15 քմ երկարութեամբ սահման մը: Համաթուրանական ծրագիրը կ՛ապրէր իր առաջին տասնամեակները (չմտնենք Մոսկուա-Անգարա սիրաբանութիւններու եւ հակադրութիւններու պատմութեան ծալքերուն մէջ, որոնք նորանոր ելեւէջներ կ՛ապրին մեր օրերուն):

Համաթուրանականութեան հեռանկարները ձեւով մը սառնարան մտած էին մինչեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումը, իսկ երբ Հայաստան վերստին անկախ պետութիւն դարձաւ, առաջին իսկ օրերէն դարձեալ սկսաւ բախել Հայաստանի դռները: Այդ օրերուն էր, որ Թուրքիա պատկառելի կամուրջ մը կառուցեց Արաքի վրայ` կապուելով Նախիջեւանի հետ, յետոյ սովորութեան վերածեց ազերիական «եղբայրական» բանակներուն հետ Նախիջեւանի մէջ ռազմափորձերը:

(Յիշեցման կարգով արձանագրենք նաեւ, որ Սիւնիքէն մաս մը Ազրպէյճանին յանձնելու եւ փոխարէնը արցախեան որոշ շրջաններ ունենալու` ամերիկեան «ներշնչում»-ով ընտրանքը սեղան նետուած էր 90-ականներու սկիզբը, յետոյ վիժեցաւ` արցախեան պատերազմին մէջ հայկական կողմին անվիճելի յաղթանակին շնորհիւ): Աւելի ուշ այս հարցը (նաեւ` արեւմտեան աշխարհի շահերուն համապատասխան Հայաստան մը ունենալու ընտրանքը) անուղղակիօրէն սեղան բերուեցաւ փրոթոգոլներու խորագիրին տակ, այդ փուլին ալ առաջադրանքը ճամբայ չկտրեց:

Վերջին տարիներուն, եւ ո՛չ միայն կովկասեան գօտին աչքի առջեւ ունենալով (այլ` աչքի առջեւ ունենալով գոնէ Սեւ ծովու հիւսիսային ընդարձակ տարածքը, որ կ՛ընդգրկէ Ուքրանիան, Պիելոռուսիան եւ պալթեան կարգ մը երկիրներ), Արեւմուտքին հետ Ռուսիոյ բարեկամութիւն-հակադրութիւն ընթացքը ապրեցաւ բազում փուլեր, ու այս ծիրին մէջ ստեղծուեցաւ Թուրքիա-Ռուսիա նորագոյն «սիրաբանութիւն»-ը, որ, յամենայն դէպս, բոլորովին չի ծածկեր բացայայտ հակադրութիւնները (որքան ալ երեւոյթները թափանցիկ կամ անթափանց վարագոյրներով սքողեն զանոնք): Հիմա ալ Վրաստանի ճամբով փորձեր ի յայտ կու գան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի միջեւ հարցերը լուծելու «բարի նպատակ»-ով:

***

Հայաստանի տարածքին ճամբով Իրանի դէմ արեւմտեան ճնշումներուն նորագոյն փուլը բացուեցաւ աւելի քան երեք տարի առաջ, «թաւշեայ յեղափոխութենէն» կարճ ատեն մը ետք, երբ այդ օրերու նախագահ Թրամփի բարձրաստիճան պատուիրակը` հռչակաւոր Ճոն Պոլթընը (որ յետոյ իր երկրին մէջ վարկաբեկուեցաւ դարձալ) Հայաստան եկաւ եւ բացայայտօրէն պատգամեց, որ Հայաստան պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ Իրանի հետ իր յարաբերութիւնները (այսինքն` խզուի անկէ): Հայաստան բնականաբար չէր կրնար ընդառաջել նման «բարի բաղձանք»-ի մը, որովհետեւ, գիտենք, կան պատմական կապեր, բայց մանաւանդ` տնտեսական կենսական եւ փոխադարձ շահեր: Իրանի հետ խզում` կը նշանակէ Հայաստանի յաւելեալ շնչահեղձութիւնը (որո՞ւ հոգը` Արեւմուտքի մէջ), իսկ Իրանի համար կը նշանակէ դէպի հիւսիս կենսական ճամբու մը կորուստը (որքան ալ որ Ազրպէյճան փորձէ Իրանն ու աշխարհը համոզել, որ իր հողերը փոխընտրանք մըն են):

***

Այս ընդհանուր խորապատկերի շրջագիծին մէջ դիտելով նորագոյն զարգացումները (առանց բոլորովին անտեսելու շատ աւելի տարածուն գօտիներ եւ գործօններ) աւելի՛ յստակօրէն կարելի է տեսնել, որ եթէ Արցախի դէմ տարի մը առաջ շղթայազերծուած յարձակողականը անմիջականօրէն առանցք ունէր հայկական հողերու խլումը, անիկա միաժամանակ մաս կը կազմէր շատ աւելի ընդարձակ ռազմավարութեան մը, որուն կիզակէտներէն մէկն ալ Իրանն է, իսկ մէկ այլ կիզակէտը` նոյնինքն Ռուսիան: Այլ խօսքով, պէտք է աւելի բացայայտ ըլլայ, որ Արցախի զարգացումները որքա՛ն խոր կապերով զօդուած են ամբողջ շրջանն ու միջազգային բեմը յուզող հարցերու: (Նորութիւններ չենք ըսեր, բայց տեսնելը բաւարար չէ…)

Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկիչներու Արցախ բերուիլը օրին ալ մտահոգութիւն պատճառած էր Իրանի (նաեւ այլոց), սակայն ո՛չ ոք գործնական քայլ առաւ աղաղակող այդ փաստը հակակշիռի տակ բերելու համար: Ու վաղը, եթէ ներկայի ազդանշանները նոր զարգացումներու դուռ բանան, տագնապը վերածուի Ազրպէյճան-Իրան եւ այդ ճամբով` նաեւ Թուրքիա-Իրան, ապա նաեւ Իսրայէլը ներգրաւող աւելի տարածուն ռազմական գործողութիւններու (իսկ գաղտնիք չէ, որ Իսրայէլ տասնամեակներէ ի վեր կը նուագէ Իրանի վրայ արեւմտեան յարձակումի մը լարին վրայ), մենք` ի Հայաստան եւ աշխարհով մէկ տարածուած հայերս, մտահոգուելու ինչպիսի՛ պատճառներ պէտք է ունենանք: Այս բովանդակութեան մէջ ալ կարելի է տեսնել, թէ մանկունակ ինչպիսի՜ տրամաբանութեան մը արտայայտութիւններն են (այլապէս` ցանկալի)` խաղաղասիրութիւնը, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ սահմաններ բանալու երազները, առեւտուր ընելով տնտեսական բարօրութեան հասնելու պատրանքները:

Ու դեռ չխօսինք միւս դառն ու դաժան իրականութեանց մասին, որ պատերազմին ամէնէն տարրական մուրհակները կը մնան բաց (գերիներ, բռնագրաւուած հողեր, մշակութային ժառանգութեանց փճացում, ըստ էութեան հայուն պատկանող բնական հարստութեանց իւրացում, «Պայրաքտար»-ներով եւ իսրայէլեան անօդաչու սաւառնակներով հազարաւորներու սպանդ ու շէներու կործանում, արգիլեալ այլ զէնքերու օգտագործում եւ այլն):

Բարենպատակ այդ ծրագիրները կարծէք թէ երբեք ալ նկատի չունին գործնապէս բացասական այս իրականութիւնները, ու որոշ մեկնաբաններ կը բաւականան հրճուելով, որ Իրանը դժգոհ է Ազրպէյճանի ընթացքէն, վաղը կրնայ «անոր հախէն գալ»: Անդին, բնական է, որ Իրան կամ այլ բարեկամներ զարմանքով կը հետեւին ըստ էութեան ինքնալքում մատնող եւ ցնորքներ հետապնդող Երեւանի իշխանութեան վարքագիծին, կամ մինչեւ իսկ հակաիրանեան տրամադրութիւններ փնտռեն անոնց մէջ…

***

… Տարի մը առաջ, այս օրերուն, 44-օրեայ պատերազմը սկզբնական փուլին մէջ էր: Նախօրեակին Հայաստան իրողապէս անտեսած էր թշնամիներէն եկած նշանները (ռազմափորձեր, քարոզչական արշաւներ…), իշխանաւորները հաւատացած էին (եւ կը փորձէին համոզել), որ պատերազմ պիտի չըլլայ, իսկ ըլլալու պարագային` Թուրքիա մասնակից պիտի չըլլայ (այդ «մարգարէութիւնը» քարոզողներէն: Մակունց խանումը հիմա Ուաշինկթընի մէջ դեսպան է): Այլ խօսքով, անկարող էին «ճիշդ կարդալու» ռազմաքաղաքական իրականութիւններն ու անոնց ընթացքը (ուրիշ մեկնաբանութիւն չընենք), առաւելաբար տարուած էին «ներքին հաշուարկներ»-ով:

Այսօր ալ իշխանութեան մակարդակին վրայ տեսանելի է որոշ կրաւորականութիւն եւ «մեզի բան պիտի չըլլայ»-ի տրամաբանութիւն մը` հաւատալով, որ 9 նոյեմբերի յայտարարութիւնը փրկարար փաստաթուղթ մըն է: Անդին, ո՛չ Ազրպէյճանի եւ ո՛չ ալ Թուրքիոյ քաղաքական ընթացքին ռազմավարութեան ու մարտավարութեան մէջ փոփոխութիւն եղած է, չեն փոխուած նախապայմանները, պահանջները, աւելի՛ն. կը տեսնենք, թէ «արկածախնդրական» որակուող անոնց քայլերը ինչպիսի՛ մութ հորիզոններ կը ստեղծեն:

Չի բաւեր մտածել, որ Իրան եւ Ռուսիա ստիպուած են ռազմական եւ քաղաքական այնպիսի վարմունք ունենալ, որ մէկ կողմէ պաշտպանեն իրենց շահերը, միւս կողմէ` խուսափին պատերազմէ (Ռուսիա կը պաշտպանէ Արցախի եւ Սիւնիքի ընդհանուր ապահովութիւնը, Իրանն ալ թող իր գլխուն ճարը տեսնէ` առեւանգուած մեքենավարները ազատելու համար), իսկ մենք բարի կամեցողութեան… հանդիսատեսը մնանք, չմտածենք ինքնապաշտպանութեան, մեր հողերուն եւ իրաւունքներուն պահպանման միջոցներուն մասին: Հասկցանք, որ Շուշին մեզի պէտք չէր, նոյն տրամաբանութեամբ ալ, որո՞ւ է պէտք բանակ վերակազմելը` պատերազմէն տարի մը ետք…

Այսօր ալ իշխանութիւնները տարուած են` ներքին հաշուարկներով (տեղական ընտրութիւններ եւ համայնքներու «խոշորացում», ընդդիմադիրներու բանտարկութիւն, հետապնդում, տնտեսութեան բարելաւման մասին ցանկալի քարոզներ…): Իշխանութեան մօտիկ աղբիւրները մինչեւ անգամ չեն հաստատեր կամ հերքեր այն լուրերը (որոնք ծագեցան մեր այս տողերուն արձանագրումէն երկու օր առաջ), թէ նախկին պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եւ բարձրաստիճան զինուորականներ ձերբակալուած են չարաշահութիւններու մեղադրանքով, անոնց բնակարանները կը խուզարկուին (ամիսներ առաջ պաշտօնական աղբիւները նման «դանդաղկոտութիւն» ունեցան ազերիական բանակներուն Հայաստան թափանցումի լուրերուն առիթով ալ, յետոյ ստիպուեցան հաստատումներ եւ հերքումներ տալ):

Իշխանութեան դիմաց, ընդդիմադիր ճակատէն շատ աւելի լուրջ մտահոգութիւններ կը հնչեն, սակայն փաստը այն է, որ իշխանութիւնը, յաչս աշխարհին ու հանրութեան, կ՛ընդունուի իբրեւ վճռորոշ խօսք ըսողը (իշխանութիւն` անկախ անձերէ եւ որակումներէ): Այս ոլորապտոյտին մէջ դարձեալ ու դարձեալ կը կորսուի կամ յետին բեմ կը հրուի այն հարցումը, թէ իսկապէս ո՞վ էր պատերազմին եւ ահաւոր հետեւանքներուն պատասխանատուն, ռազմական եւ քաղաքական-դիւանագիտական գետիններու մէջ ձախող նիշեր ստացած գլխաւոր պոսը, որո՞նք էին գործակից դերակատարները: (Դէմ չենք չարաշահներու հետապնդման եւ հաշուետուութեան բերման, սակայն ատոնք պէտք չէ մատնուին սոսկական քաւութեան նոխազի. հաշուետուութեան բերելը չի կրնար ցատկել ԲՈԼՈՐ պատասխանատուներուն վրայէն` Արցախի ու Հայաստանի իշխանութեանց բարձրագոյն վարիչներէն սկսեալ):

***

Կ՛արժէ՛ յոյս ունենալ, որ իշխանութիւն եւ ընդդիմադիրներ` նորագոյն այս փորձութիւնները դիմակալեն առնուազն վերջին մէկ տարուան փորձառութիւններուն դրամագլուխով, մանաւանդ անհրաժեշտ զգայնութիւնը ցուցաբերեն մեր շուրջը անցած-դարձածներուն նկատմամբ:

27 սեպտեմբեր 2021

/www.aztagdaily.com/archives/524831

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail