ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Յովսէփ Արքեպիսկոպոս Արղութեանի Բանակցութիւնները Զօրավար Փոթեմքինի Հետ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
06 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ: Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Գանձասարի Ժողովը Եւ Ռուսաստանի
Հպատակութեան Ու Հաւատարմութեան Խոստում
Ջրաբերդի Մելիք Հաթամի Մահը Եւ
Մելիք Մեջլումի Իշխանութիւնը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայաստանի ազատագրութեան նպատակով Ղուկաս Ա. Կարնեցի կաթողիկոս պաշտօնապէս դիմած էր ռուսական կառավարութեան: Բանակցութիւնները կը շարունակուէին ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանի եւ Յովհաննէս Լազարեանի միջոցով: Զօրավար Փաւէլ Սերգէեւիչ Փոթեմքին իր ազգական իշխան Գրիգորի Ալեքսանդրովիչ Փոթեմքինի կողմէ հիւսիսային Կովկասի կառավարիչ եւ զօրքերու հրամանատար նշանակուած էր, հայերուն հետ սերտ յարաբերութիւններ հաստատելու յանձնարարութեամբ:
Զօրավար Փաւէլ Փոթեմքին ռազմական անուանի գործիչ էր: Ան կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր 1762 յուլիսի պալատական յեղաշրջման մէջ, որուն շնորհիւ գահ բարձրացած էր Եկատերինա Բ. կայսրուհի: Մեծապէս օգնած էր կայսրուհիին` բացարձակ միապետութեան ամրապնդման գործին մէջ: Ռուս-թրքական 1768-1774-ի պատերազմի հերոսներէն էր: Եղած էր Նովոռոսիայի, Ազովի եւ Աստրախանի նահանգներու զինուորական կառավարիչ եւ նահանգապետ:
Զօրավար Փոթեմքին իր նոր պաշտօնատեղին հասաւ 1782-ի աշնան եւ անմիջապէս բանակցութեան մէջ մտաւ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանի հետ:
Զօրավար Փոթեմքին պատրաստած էր Անդրկովկասի մէջ ռուսական արբանեակ վրացական, հայկական եւ աղուանական պետութիւններ ստեղծելու նախագիծ եւ Հայաստանի թագաւոր դառնալու նպատակ կը փայփայէր մտքին մէջ:
***
Զօրավար Փոթեմքին Յովսէփ արքեպիսկոպոսին նամակ ուղարկեց եւ խնդրեց հետեւեալ հարցերուն պատասխանները.
«Մեծ Հայաստանի երկիրը, օրէնքով անմաքուր թուրքերու եւ պարսիկներու ձեռքը գտնուելով, այնքան երկարատեւ գերութենէ ետք ալ կը պահէ՞ արդեօք ոգիի այնքան ուժ, որ կարեւոր է ազատ հոգիի համար: Գերութիւնը եւ զանազան ճնշումները արդեօք չե՞ն ոչնչացուցած սիրտերու մէջ ազնիւ զգացումները: Բանականութեան ուժը, օրէնքը եւ հաւատքի ամրութիւնը այնքա՞ն արդեօք ներգործութիւն ունին, որ սիրտերու ներքին տրամադրութիւնը հակած ըլլար խորտակելու զանոնք ճնշող լուծը: Ընդհանրապէս դիտուած է, որ բոլոր այն մարդիկ, որոնք առեւտուրով կը զբաղին, իրենց մէջ կը խլացնեն ամէն զգացում, պահպանելով միայն ագահութիւն դէպի իրենց շահն ու վաստակը: Կը ցանկա՞ն առեւտրական հայերը իրենց ներկան փոխել աւելի լաւ ապագայի հետ: Հաւատքը ուժե՞ղ կերպով արդեօք կ՛ազդէ հայ ժողովուրդին վրայ եւ բարեպաշտութիւնը կրնա՞յ ժողովուրդը դրդելու առիթ դառնալ: Կաթողիկոսի աստիճանը ի՞նչ յարգ ունի հայերուն մէջ: Մելիքները անոր սրբազան աստիճանին պատշաճ յարգանք կը մատուցե՞ն, իսկ ժողովուրդը հնազա՞նդ է մելիքներուն: Եւ, վերջապէս, ի՞նչ միջոցներ կան ժողովուրդին հաճոյանալու, մելիքներուն հաւատարմութիւնը ապահովելու եւ հոգեւորականութիւնը գրաւելու համար:
Կը խնդրեմ ձեր սրբազնութեան յայտնել, որքա՞ն հեռու կը տարածուի վրաց Հերակլ թագաւորի դաշնակցութիւնը հայերու հետ եւ ի՞նչ դիրք ունի Հերակլ այն խաներու վերաբերմամբ, որոնք անոր երկրի սահմանակիցներն են: Հայերուն պատկանող երկիրը այժմ որո՞ւ տիրապետութեան տակ կը գտնուի: Քանի՞ մելիքներ կան Ղարաբաղի մէջ եւ որքա՞ն ժողովուրդ կարելի է ենթադրել այնտեղ: Որքա՞ն շատ յոյս կարելի է դնել այդ տեղերու իշխաններու, տիրողներու եւ ժողովուրդին վրայ»:
Շարունակելով, զօրավար Փոթեմքին ցոյց կու տար ապագայ արշաւանքի հնարաւոր ճանապարհները` Թիֆլիսէն Երեւան եւ Դերբենդէն, Շամախիի վրայով Նախիջեւան, եւ կը հարցնէր. «Կրնա՞նք պաշար ստանալ զօրքերուն համար, հաց, անասուններու կեր: Ի՞նչ նաւարկելի գետեր կան, որոնց վրայէն կարելի ըլլար դիւրութեամբ պարէն փոխադրել: Ո՞ր գաւառին մէջ շատ պաշար կայ, ո՞ր գաւառին մէջ` քիչ, ո՞ր տեղերը ի՞նչ տեսակ հաց կայ, որովհետեւ ատիկա բոլոր գործերուն հիմքն է. ուր որ զօրքը կուշտ է, հոն ան գործունեայ է: Վա՜յ այն զօրավարին, որ զօրքերը կերակրելու մասին չի մտածեր»:
***
Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան, ստանալով Փոթեմքինի նամակը, բաւական մանրամասն տեղեկութիւններ պարունակող պատասխան նամակ ուղարկեց զօրավարին:
Պատասխան նամակը ստանալէն ետք Փոթեմքին Եկատերինա Բ. կայսրուհիին անունով ռուսահայոց առաջնորդին առաջարկեց յուսադրել Ղարաբաղի մելիքները:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս մեծ հաճութեամբ կատարեց այդ առաջարկը եւ նամակներ ուղարկեց Գանձասար, Յովհաննէս կաթողիկոսին:
***
Յովհաննէս կաթողիկոս Իպրահիմ Խալիլ խանին կողմէ խիստ հսկողութեան տակ առնուած էր, եւ Գանձասարի վանքը լրտեսներով շրջապատուած էր:
Հասան Ջալալեան տոհմի ներկայացուցիչ եւ նահապետ Յովհաննէս կաթողիկոս, անտեսելով Ղարաբաղի թուրք խանէն գալիք ամէն վտանգ եւ հակազդեցութիւն, մելիքներն ու իւզպաշիները իր մօտ խորհրդակցութիւններու հրաւիրեց: Որոշուեցաւ մելիքներու, իւզպաշիներու, հոգեւորականութեան եւ ժողովուրդի երեւելիներու մասնակցութեամբ ժողով գումարել Գանձասարի մէջ, ինչպէս նաեւ զգուշանալ դաւաճան մելիք Շահնազարէն:
Յովհաննէս կաթողիկոս 22 յունուար 1783-ին Եկատերինա Բ. կայսրուհիին նամակ ուղարկեց եւ Արցախի հայութեան անունով խնդրեց Ռուսաստանի հովանաւորութեան տակ առնել անհաւատներու ձեռքէն տառապող քրիստոնեաները եւ յատկապէս հայերը:
***
Ջրաբերդի մելիք Հաթամ Մելիք իսրայէլեան մահացաւ 1783-ին եւ Եղիշէ առաքեալի վանքին մէջ թաղուեցաւ:
Մելիք Հաթամի մահուան առիթով Ղուկաս Ա. կաթողիկոս ցաւակցական եւ մխիթարական գիրեր ուղարկեց անոր եղբայր Յովսէփ բէկի եւ որդի մելիք Մեջլումի: Կաթողիկոսը կ՛ըսէր. «Եւ ընդ զսիրաձիր եւ ողջունառաք օրհնութեան նամակիս` ծանուցումն լիցի սիրելեացդ մերոց եւ հարազատ որդւոցդ սրբոյ Աթոռոյս Էջմիածնի: … Լինիմ ձեզ լացակից, քանզի ի ներկայումս լուաք զփոխումն ի կենցաղոյս ազնիւ սիրելոյն մերոյ եւ հօրն ձերոյ պարոն Մէլիք Ադամին: … Արդ` այնպիսի պիտանի այր եւ անձն բարեշուք ահա ի մէնջ պակասեցաւ եւ առ Աստուած յաւելաւ: … Տէր լուսաւորեսցէ զհոգի նորին եւ շնորհեսցէ զթողութիւն ամենից սխալանացն: … Փրկեսցէ յամենայն չարէ, եւ զսուգ եւ զտրտմութիւնս ձեր ի ձէնջ փարատեսցէ, եւ երկնային ուրախութեամբ զձեզ զամենեսին զուարճացուցանէ»:
Իբրեւ Ջրաբերդի տէր մելիք Հաթամի յաջորդեց որդին` մելիք Մեջլում: Ան քաջ էր ու հայրենասէր, բայց բնաւորութեամբ չափազանց դիւրագրգիռ էր եւ բարկացկոտ:
***
Աղուանից Յովհաննէս կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ եւ Դիզակի մելիք Բախտամի, Գիւլիստանի մելիք Աբովի, Ջրաբերդի մելիք Մեջլումի եւ հոգեւորականութեան ու ժողովուրդի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ 1783 մարտի սկիզբը Գանձասարի վանքին մէջ ժողով գումարուեցաւ: Վարանդայի մելիք Շահնազարի հրաւէր իսկ չէր ուղարկուած:
Ժողովը հանդիսաւոր կերպով հպատակութիւն յայտնեց Ռուսաստանի եւ իր հաւատարմութիւնը հաստատեց համբուրելով խաչն ու Աւետարանը, որմէ ետք գրաւոր խոստում ստորագրուեցաւ:
Ժողովը ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանը լիազօրեց արցախահայութեան անունով բանակցելու ռուսական կառավարութեան հետ:
Ժողովը նաեւ իշխան Գրիգորի Փոթեմքինի շնորհակալական թուղթ գրեց, իբրեւ գործի հովանաւոր ու ղեկավար:
Իսկ զօրավար Փաւէլ Փոթեմքինի հասցէագրուած 4 մարտ 1783 թուակիր նամակին մէջ մելիքները կը խնդրէին ռուսական բանակէն որքան կարելի է արագ սկսիլ արշաւանքը, որուն միանալու բոլոր պատրաստութիւնները արդէն տեսնուած են Ղարաբաղի, ինչպէս նաեւ Զանգեզուրի, Շամախիի եւ Շամքորի մէջ, եւ քսանէն երեսուն հազար սպառազէն այրեր ու զօրք հրամանի կը սպասեն:
Մինչ այդ Գանձասար հասան Ղարադաղի հայութեան ներկայացուցիչները:
Գանձասարի ժողովը Ղարաբաղի եւ Ղարադաղի հայութեան անունով ռուսական կառավարութեան ուղղուած 5 մարտ 1783 թուակիր հաւաքական աղերսագիր պատրաստեց: Աղերսագիրը ստորագրեցին Յովհաննէս կաթողիկոս, վեց եպիսկոպոս եւ վեց մելիք:
***
Իշխան Գրիգորի Փոթեմքին 6 ապրիլ 1783-ին հրամանագիր ուղարկեց զօրավար Փաւէլ Փոթեմքինի, ուր կ՛ըսէր:
«Շուշիի Իպրահիմ խանը անհրաժեշտ է տապալել, որմէ ետք Ղարաբաղ կը կազմէ անկախ, բացի Ռուսաստանէն ոչ ոքի չենթարկուած երկիր մը: Ամէն ջանք գործադրեցէք, որ այս նոր երկիրը կազմակերպուի ժողովուրդին համար լաւագոյն կերպով: Այս միջոցով նաեւ հայկական միւս նահանգները կը հետեւին անոր օրինակին, կամ մեծ թիւով (հայեր) կու գան Ղարաբաղ»:
Ռուսական կառավարութիւնը հայկական պետականութեան վերականգնման գործին մէջ յատուկ նշանակութիւն կու տար Արցախի, եւ այդ հիմամբ հարց կը բարձրացնէր Հայաստանի այլ շրջաններէ տեղափոխուող հայերը ոչ թէ Ռուսաստանի, այլ Արցախի մէջ բնակեցնելու մասին:
Ղարաբաղը իրեն ենթարկելու եւ Անդրկովկասի մէջ ամրապնդուելու համար ռուսական կառավարութիւնը որոշեց գրաւել նաեւ Դերբենդը եւ ձերբակալել անոր խանը: Այնուհետեւ հայկական ծրագիրի գործադրութիւնը ընթացք պիտի առնէր:
Ղարաբաղի մէջ պիտի կազմուէր հայկական իշխանութիւն` տեղացի մելիքներէն մէկուն գլխաւորութեամբ, պիտի ապահովուէր այդ նոր անկախութեան դրութիւնը եւ անոր լաւ ժողովրդական կառավարութիւն պիտի տրուէր, որպէսզի միւս շրջաններու հայերն ալ գրաւուին եւ հետզհետէ միանան այդ իշխանութեան, մինչեւ որ Ասիոյ մէջ Ռուսիոյ արբանեակ հայկական քրիստոնէական ուժեղ պետութիւն մը գոյանայ, որուն կորիզը պիտի դառնար Ղարաբաղ:
***
Ղուկաս Ա. Կարենցի ամենայն հայոց կաթողիկոս 25 ապրիլ 1783 թուակիր նամակ գրեց իշխան Գրիգորի Փոթեմքինի, հայերու նկատմամբ բարի մտադրութիւններուն համար շնորհակալութիւն յայտնելով:
Կաթողիկոսը նաեւ նամակներ ուղարկեց վրաց Հերակլ Բ. թագաւորին, Անտոն կաթողիկոս-պատրիարքին եւ Ամբակում եպիսկոպոսին, խնդրելով բարեացակամօրէն վարուիլ Վրաստանի եւ վրացական թագաւորութեան կապուած հիւսիսային Հայաստանի հայերուն հետ:
Հերակլ Բ. կ՛աշխատէր վերահսկել Թիֆլիսի թեմը եւ անոր միջոցով ներգործել կաթողիկոսին վրայ: Իսկ Հաղբատի թեմը, որուն կապուած էին վրացահպատակ հայկական տարածքներու մէջ բնակող հայերը, անմիջականօրէն կախում ունէր թագաւորէն: Վրացական կողմը նաեւ կը ձգտէր հայկական վանքերուն մէջ իրեն ձեռնտու վանահայրեր հաստատել, անոնց միջոցով վերահսկելու համար հայ համայնքի հոգեւոր գործերը:
Ղուկաս Ա. միաժամանակ հայ ազգի մեծամեծներուն խոհեմութիւն թելադրեց եւ զգուշացուց արկածախնդրական ձեռնարկներու մասնակցելէ:
www.aztagdaily.com/archives/524797