Ժամանակը Չէ՞ Եկած Խօսելու Նաեւ Սփիւռքի Լինելութեան Մասին. – Յակոբ Պալեան

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Ժամանակը Չէ՞ Եկած Խօսելու Նաեւ Սփիւռքի Լինելութեան Մասին. – Յակոբ Պալեան

07 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:

Յակոբ ՊալեանՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Կը թուի թէ միջոցներու կատարելագործումը եւ առաջադրանքներու շփոթը մեր գլխաւոր խնդիրն են:

Ալպէր Այնշթայն, գիտնական, Ի Դար

Սփիւռքը համացանցի եւ ընկերային ցանցերու խճողումին եւ անիշխանութեան մէջ կրնա՞յ խեղդուիլ, երբ հայկական ընկերութիւն(ներ)ը ինքզիք կը դատապարտէ մանրուելու: Այս մտահոգութենէն թելադրուած է այս արագ վերլուծական փորձը, որպէսզի կատարուած իրողութիւններու ճահիճին մէջ չխեղդուինք:

Երեսուն տարիէ ի վեր դադրած ենք, գրեթէ, սփիւռքի լինելութիւնը որպէս կիզակէտ ունենալէ, ոգի ի բռին տրուելով Հայաստանի վերանկախացման, հզօրացման, զարգացման, նոյնիսկ եթէ պետութեան մը մակարդակով այդ նուիրումը շատ ալ չէր կշռեր, չի կրնար կշռել, բայց քիչ մը կը գօտեպնդէ Հայաստանը, քիչ մը եսեր կը բաւարարէ սփիւռքի մէջ: Ի հարկէ, այդ նուիրումը պէտք է շարունակուի, թերեւս անոր տալով նոր տարողութիւն եւ մանաւանդ՝ նոր որակ: Թէ ինչպէ՞ս այդ կ’իրականանայ, արդէն այլ հարց է: Վստահօրէն՝ խուսափելով խարխափումներէ եւ մանաւանդ սիրողականութենէ (amateurism), որ սփիւռքը աղէտի մատնող ախտ է:

Կը կարծենք ճանչնալ Սփիւռքը, գործել անոր համար, մնալով մեծ շփոթի մը մէջ: Մեր բնակութիւն հաստատած արուարձանի, քաղաքի կամ երկրի համայնքներէն իւրաքանչիւրը համարած ենք առանձին ազգ, գրեթէ առանձին «պետութիւն», նոյնիսկ երբ բարձրաձայն չենք ըսած, մտածած եւ գործած ենք այնպէս, որ անոնք մնայուն երեւոյթներ են, այդպէս պիտի մնան, քսան կամ յիսուն տարի ետք անոնք պիտի մնան անփոփոխ, շարունակութիւն պիտի ըլլան, թէ ինչպէ՞ս, ի՞նչ բանի շարունակութիւն, որոնք պատասխանի կարօտող այլ հարցեր են: Ինչո՞ւ չըսել նաեւ «երկրորդ հայրենիք»-ի մէջ համայնքները դիրքերու հասնելու կը ծառայեցուին :

Համայնքներու ղեկավարութիւնները, բոլոր մակարդակներու, քաղաքական, ընկերաբանական եւ տեսակէտներով չեն առաջնորդուած: Այսինքն, ստեղծուած են թաղային հեղինակութիւններ, ժառանգական կամ տնտեսական-ջոջական չափանիշներու հիման վրայ: Մտածող եւ քննող միտքը նոյնիսկ երբ ծիծաղելի կացութիւններ կը տեսնէ, չի խօսիր, քանի որ լուռ համախոհութեամբ ընդունուած համակարգ-սիստեմը այդպէս է. դրամ, ժառանգականութիւն եւ այլամերժութիւն զիրար լրացուցած են, եւ այդպէս ալ կը շարունակուին, ստեղծելով ջոջականութիւն, էսթէպլիշմընթ, անգիտանալով կարողութիւնները եւ խուսափելով հիմնահարցեր լուսարձակի տակ բռնելէ:

Եթէ հաշուեկշիռ մը ընենք, առարկայական մօտեցումով, եթէ հնարաւորութիւն ունենանք թիւերով եւ բաղդատականներով խօսելու, անցեալի եւ ներկայի իւրաքանչիւր համայնքի համար, ըստ հայկական ըմբռնումի անոնց որակական գնահատումը ընենք, այն ատեն կը հասկնանք, թէ ի՞նչ է Սփիւռքի ազգային ընթացքը, դէպի ո՞ւր, մինչեւ ե՞րբ: Այս պէտք է ընել առանց ինքնահաճոյախօսութեան, որ կը զարդարէ մեր հանդիսութիւններու ամպագոռգոռ ճառերը, որոնք մեր սնափառութիւնները կը հովահարեն, ազգային հպարտութեան լուսանցքին վրայ: Բայց տեղքայլը կը շարունակուի, նոյնիսկ իրատեսներ եւ պայքարողներ ժամանակի ընթացքին կը պատշաճին, պատշաճած են, զինաթափ եղած: Ոչ ոք կը մտահոգուի հեռացողներով, հպարտութիւն եւ յաջողութիւն կը համարուին հետզհետէ նուազող-կծկուող ներկաները:

Ջուրին մէջ լողացողը թրջուելու վախը չ’ունենար: Սփիւռքի լճացումը այդպէս ալ չենք տեսներ, տեսնենք անգամ չենք խոստովանիր, դեռ իրենց գլուխը ջուրէն վեր բռնողներուն յուսահատութիւն չպատճառելու համար: Այս կը համարուի գործնապաշտութիւն, որ ինքնիրեն կը շնորհէ յաջողութեան լուսապսակ:

Այս ինքնաքննադատական փորձը շատախօսութիւն պիտի ըլլայ, առանց յատուկ պարագաներ եւ կացութիւններ յիշելու: Կ’ընդունիմ, որ տակաւին չունինք քաղաքացիական այն հասունութիւնը, որ դէպքերը, կացութիւնները եւ դերակատարները իրենց անուններով յիշենք, այդ ընել լճացումը կը խանգարէ, եղածին ալ վնաս կը պատճառէ, վիրաւորական կը համարուի կամ՝ յուսալքող: Այս պատճառով ալ դէպքեր եւ պարագաներ պիտի յիշեմ, որոնք իրական են, աւելի քան կէս դարու եւ անմիջական ներկայի, ոչ թէ անտեղի քննադատութեան համար, ոչ ալ զոհողութեան ոգին ստորագնահատելու, այլ տասը միլիոն տարտղնուած հայ զանգուածներու ապագային մասին մտածելու, ոչ թէ մնալով գետեզրին նստած ձկնորսին պէս, որ կարթը ջուրին մէջ նետած կը դիտէ ջուրին հոսքը եւ կը սպասէ որ կարթը անցնի ձուկի մը քիմքին:

Առանձին չենք մեր շրջապատին մէջ: Այսպէս կոչուած հիւրընկալ երկրի մարդիկ եւ անոնց մեծ ու պզտիկ առաջնորդները մեզ կը դիտեն եւ կը դատեն: Այսպէս, երկրի մը մէջ տեղի ունեցան քաղաքական եւ ընկերային մեծ փոփոխութիւններ: Այդ երկրին մէջ կար, անցեալին կար, այսօր ալ դեռ կայ հայկական կարեւոր գաղութ մը: Իշխանափոխութենէն առաջ պետութեան հետ յարաբերութիւններ կը վարէր բարի ազգային մը, գաղթական սերունդէն յաջողած ճաշարանատէր մը: Երբ նոր իշխանութեան հետ խօսակցելու կարիք եղած է, ստիպուած եղած են պետական պատասխանատուին հետ տեսակցութեան ղրկելու տեղւոյն համալսարանը աւարտած եւ երկրի լեզուին տիրապետող երիտասարդ մը: Երիտասարդը յաջողած է համայնքի ակնկալութիւններուն դրական լուծում գտնել: Նոր իշխանութեան ներկայացուցիչը, հանդիպման աւարտին, կեցուցած է իր հայ երիտասարդ խօսակիցը, եւ ըսած է հետեւեալը. «Ձեր համայնքը եթէ քեզի պէս մարդիկ ունի, ինչո՞ւ զինք ներկայացնելու համար կը ղրկէ այդ ճաշարանատիրոջ պէս մարդիկ»: Հայ երիտասարդը տեսակցութեան մասին զեկուցած է համայնքի պատասխանատու անձին, աւելցնելով նաեւ ինչ որ քաղաքական ներկայացուցիչը ըսած էր: Պատասխանատուն ըսած է հետեւեալը. «Այս ինծի ըսիր, ուրիշի չըսես»:

Ի՞նչ եզրակացնել: Այսինքն՝ շարունակել էսթէպլիշմընթային լճացումը, որ հակառակ ընդունուած երեւոյթներուն, տոկալու եւ տեւելու յառաջդիմութեան եւ կազմակերպման չէր կրնար առաջնորդել: Այս՝ համայնքային «քաղաքական» համարուած կեանքի պարագային:

Այլ օրինակ՝ կրթական-դպրոցական կեանքէն, որ կրնայ մասամբ բացատրել, թէ ինչո՞ւ հայ ծնողներ հետզհետէ իրենց զաւակները յանձնած են օտար վարժարանի, պատճառ դառնալով հայ դպրոցի աշակերտութեան թիւի նուազման եւ երբեմն ալ՝ դպրոցի փակման: Պետութեան կողմէ ընդունուելու եւ իր պաշտօնին պայմանները չլրացնող բայց իր դիրքին վրայ յաւերժացող տնօրէնը ինքնարդարացման համար կ’ըսէր, որ «հայ դպրոցի տնօրէնի պաշտօնը ազգային առաքելութիւն է»: Միշտ ճառ՝ թերի, թերացում եւ պակաս ծածկելու համար: Բազմաթիւ հայկական վարժարաններ ունեցող երկրի մը մէջ, ուր կային եւ կան բազմաթիւ համալսարաններ, կային միայն մէկուկէս համալսարանական տնօրէններ, մին՝ մայրաքաղաքէն հեռու, միւսը արուարձան:

Ինչպէ՞ս չհասկնալ նահանջը:

Եթէ շարունակենք հետազօտել հայկական կեանքը, կը հասնինք նաեւ մամուլին: Չես գիտեր ի՞նչ հաշիւներով այլապէս պատրաստուած անձ մը կոչուած էր թերթի մը խմբագրութեան, ինք մամուլի հետ կապ չէր ունեցած: Ենթական անկեղծութեամբ կը յայտարարէր, որ երբ գրելու համար սեղանին առջեւ կը նստի, թուղթին հետ կը կռուի: Ինչո՞ւ ընդունած էր խմբագիր ըլլալ, ինչո՞ւ զինք կոչած էին այդ պաշտօնին: Նոստրատամուսը միայն կրնայ բացատրել: Համայնքային կրթական մարմնի անդամութեան կոչուած էր ազնիւ եւ յաջողած արհեստաւոր առեւտրական մը, որուն ընտրութիւնը կ’արդարացուէր անով, որ տունը գրադարան ունէր:

Ուրիշ մը, հրաւիրուած էր ճառ խօսելու, հայերէն ճառը գրած էր ուրիշ մը, երկրորդ մըն ալ այդ ճառը վերստին գրած էր լատինական տառերով, որպէսզի ենթական բեմ բարձրանայ: Ուրիշ մը բանաստեղծի յոբելինական հանդէսին բեմ ուզած էր բարձրանալ, ուրիշի մը ապսպրելով, որ իրեն համար գրէ այդ մասին գրէ: Ուրիշ մըն ալ, այս երեւոյթներու անհեթեթութիւնը արդարացնելու համար կ’ըսէր, որ «նախագահներն ալ ունին իրեն նեկրերը», իրենց ճառերը գրողները:

Այս երկարապատում նշումները կարելի է շարունակել: Բայց այդ նպատակ չէ: Այս նշումները պէտք է թելադրեն այն միտքը, որ կազմակերպական եւ ղեկավարման աշխատանքը երբ չունենայ որակ, անխուսափելի կ’ըլլայ նահանջ:

Արդ, պէտք է պատասխանել նաեւ քանի հարցումներու: Սփիւռքի մէջ լոյս կը տեսնեն տասնեակէ աւելի հայերէն թերթեր: Ո՞վ կրնայ ըսել, թէ սփիւռքի տասը միլիոնէն քանի անձեր կը տեսնեն եւ կը կարդան այդ թերթերը: Կարծեցեալ գործնապաշտութեամբ, հայերէն թերթերու կողքին կամ զանոնք փոխարինելով, օտարալեզու թերթեր կը հրատարակուին: Կրկնենք հարցումը. ո՞վ կրնայ ըսել թէ սփիւռքի տասը միլիոնէն քանի անձեր կը տեսնեն եւ կը կարդան այդ թերթերը: Եթէ միայն այդ տոկոսը 1/10րդ ըլլար… 1/100րդ ըլլար:

Սփիւռքի հայօրէն գոյատեւման գլխաւոր երաշխիքներէն է հայեցի կրթութիւն տուող հայ դպրոցը (լեզու, պատմութիւն, աւանդութիւններ): Հոս ալ պէտք է խօսիլ թիւերու լեզուով: Ի՞նչ տոկոս կը ներկայացնեն հայ դպրոցի աշակերտները համայնքի իրենց տարեկիցներու թիւին բաղդատած: Եթէ այդ տոկոսը չնչին է, այդ կ’ըլլայ համեմ, իրապէս չի ծառայեր հետապնդուած նպատակներուն: Սերունդ չի հայացներ:

Այս արագօրէն նշուած իրողութիւնները պիտի կարենա՞ն առաջնորդել մտածելու սփիւռքի լինելութեան մասին, որ չըլլայ շաբաթավերջի հոգեպարար ճառ, այլ վերանորոգ կամքով, իրատեսութեամբ, տոկալու եւ տեւելու որոշումով նախաձեռնութիւն եւ գործ տասը միլիոն հայերու լինելութեան մտահոգութեամբ, որպէսզի անոնք չդառնան ծագումով հայեր, օր մըն ալ վերջնականապէս անհետանալու համար հայ ժողովուրդին յարաբերաբար:

Այսպէս մտածել եւ ըստ այնմ գործել թաղային ջոջի փքուածութենէ տարբեր որակ է, տարբեր հեռանկարով: Կատարելագործուած միջոցներու օգտագործումը ինքնանպատակ պէտք չէ ըլլայ, էսթէպլիլիշմընթային մարզանք, այլ ծառայէ ազգային հիմնական առաջադրանքներու իրականացման:

Այսինքն՝ ունենալ ազգի տասը միլիոնը իր մտածման եւ գործի կիզակէտին ունեցող ազգային ղեկավարում: Եթէ կ’ուզէք՝ համազգային ղեկավարում, ճիշդ սահմանելով դերերը, նախաձեռնութիւնները եւ հեռանկարները, աւեր գործած եւ գործող հաճոյախօսական եւ ամբոխահաճական ճապկումներէ, դասական խնամի-ծանօթ-բարեկամի թատրոնէն հրաժարելով:

Կրկնելով՝ որ ծուռ քանակէն շիտակ գիծ դուրս չի գար:

Նոր որակի առաջնորդող հազմակերպական եւ ղեկավարական յեղափոխութիւն մը անհրաժեշտ է, սփիւռքի տասը միլիոնը գիտակից եւ յանձնառու հաւաքականութիւն դարձնելու համար, որպէսզի ան ըլլայ իրապէս հայրենատէր եւ սփիւռքը չհամարէ վերջնական կացութիւն:

Այլ խօսքով, սփիւռքը, իր կազմակերպութիւններով եւ միջոցներով, ապագային նայող յեղափոխութեան կարիք ունի:

Այս ընելու համար էսթէպլիշմընթները, շահակցութիւնները եւ եսերը պէտք է գերանցել:

Կրկնենք. վաղը միշտ ուշ է:

yeakouyn.com/2021/10/07/ժամանակը-չէ՞-եկած-խօսելու-նաեւ-սփիւռք/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail