Քաղաքական (Tele-Market)ը եւ մենք – Մինչեւ երբ՞ պիտի հաւատանք գովազդներուն – Զարեհ Եահնիեան
Քաղաքական (Tele-Market)ը եւ մենք
Մինչեւ երբ՞ պիտի հաւատանք գովազդներուն․
08 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – Բարեւս տուի անցայ գնացի – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
պատկերասփիւռի ալիքներէն յաճախ կը հանդիպինք գովազդներու որոնք կը գովէն ու կը գովէն ապրանքանիշ մը, օրինակի համար դանակ մը, նոյն դանակով հաց կը կտրէ, փայտ կը տաշէ, կարագ կը քսէ, թուղթ կը կտրէ, մէկ խօսքով դանակ մը որ ամէն, ամէն ինչ կընէ եւ եթէ գնես այդ դանակը անհաւանական ցած արժէքով կստանաս բազմաթիւ այլ նուէրներ եւս․ Կը գայթակղուիս, կը հեռաձայնէս, կապսպրես, կստանաս, կը փորձես եւ կը զղջաս որովհետեւ ոչ թէ փայտ այլ մածուն անգամ չէր կտրէր, մէկ կողմ կը շպրտես եւ կանցնիս քու ունեցած անդաւաճան աւանդական դանակին մինչեւ օրերից մի օր նորէն կը լսես ծանուցումը, գովազդը եւ նորէն կիյնաս այն նոյն ծուղակը մտածելով որ կարելի է իրօք այս անգամ ուրիշ պողպատով է պատրաստուած, նորէն կը հայհոյես եւ կրկին դաս չըլլար քեզ․․․
Երէկ, Այսօր եւ Վաղը մենք նոյն գովազդի առաջ ենք կանգնած եւ պիտի կանգնինք, ընտրութիւններ խորհրդարանական, ընտրութիւններ քաղաքապետական, ընտրութիւններ եւ ընտրութիւններ, նկարներ, պաստառներ, լոզունգներ, խոստումներ, խօսքեր եւ խօսքեր, եթէ ընտրէք մեզ դուք կստանաք նաեւ լուսաւորութիւն, կստանաք նաեւ աղբահանութիւն եւ շատ այլ երեւոյթներ ու քաղաքացին ճիշդ այդ դանակի նման կը խաբուի ու կը մտածէ թէ կրնայ ըլլալ այս անգամ փոխուած են եւ ակամայ կիյնայ նոյն փոսին մէջ․․․
ժողովուրդը կըսէ փորձուած թանը աւելի լաւ է քան անփորձ մածունը․․․
Գովազդի կարիք չկայ, լաւ ապրանքանիշը գովազդի կարիք չունի այլ պարզապէս փորձուած պիտի ըլլայ եւ վերջ, փորձուած լաւ ապրանքը բեռնէ բերան կը գովազդուի եւ ոչ թէ պատկերասփիւռի ալիքներէն, փորձուած քաղաքական կուսակցութիւնը իր գործունէութեամբ իր անցեալով կը գովազդուի եւ ոչ նկարներով ու պաստառներով․․․
Որեւէ կողմի Գովազդ չընելով Բարեւս տուի անցայ գնացի