Մեծապետական Շահերու Սարդոստայնը Մոսկուայի Մէջ Եւ Մեր Յաղթանակի Բանալին – ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
11 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
– Կարօ Արմենեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Երկու օրէ ի վեր միջազգային մամուլի հարթակները կը խօսին համաշխարհային վերնախաւի ֆինանսական շիլ գործառնութիւններուն մասին: Անձնական մեծ հարստութեանց խորհրդաւոր տեղաշարժն է, որ քննարկման նիւթ դարձուցած է ICIJ անուամբ ծանօթ լրագողներու միջազգային կազմակերպութիւնը (International Consortium of Investigative Journalists) եւ ի մի բերած` ծաւալուն մէկ թղթածրար, զոր կը կոչեն Pandora Papers: Թղթածրարը կը բաղկանայ 11,9 միլիոն գաղտնի փաստաթուղթերէ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս կը գործէ օֆշորային հաշիւներու ստորերկրեայ համակարգը համաշխարհային հանրութեան աչքերէն հեռու` մշտապէս սնուցանելով եւ ապահովելով գոյութիւնը բազմամիլիառ փոխանցումներով ձեւաւորուող արտաօրինական այս գաղտնաշխարհին:
Օֆշոր (offshore) եզրոյթին բառացի իմաստն է` «արտափնեայ»…Այսինքն` երկրի մը օրինականութեան սահմաններէն դուրս գտնուող տարածք: Ասոնք դրամատնային հաշիւներ են, որոնք կը գտնուին այնպիսի երկիրներու մէջ, որոնք ունին ֆինանսական յատուկ օրինակարգ` հնարաւոր դարձնելով օտարերկրացիներու պատկանող հաշիւներու գաղտնիացումը: Անոնց «անանձնականացումը»: Կարելի կը դարձնէ այս նոր կարգավիճակով տեղադրուած գումարներու ազատ տեղաշարժը տեղէ տեղ եւ անձէ անձ` առանց գործող անձանց ինքնութիւնը բացայայտելու եւ առանց հնարաւոր դարձնելու յիշեալ գործառնութեանց օրինականութեան ճշդումը…Ֆինանսական մէկ համաշխարհային Արշակաւան է ասիկա, որ հեռու է որեւէ ուժի հասողութենէն: Եւ ան գոյութիւն ունի, քանի որ ան «ապահովագրուած» է աշխարհի «մեծ»-երու անձնական շահերով: Կարեւոր մէկ մասը այս ֆինանսական գաղտնարաններուն կը գտնուի Քարայիպեան կղզեխումբի երկիրներուն մէջ (British Virgin Islands, Cayman Islands, Dominican Republic եւ այլն):
ICIJ-ի լրագրողներու հետախուզութիւնը ցարդ երեւան բերած է այն, որ այս մութ ջուրերուն մէջ ներկայիս կը նաւարկեն աշխարհակարգի գահերուն վրայ բազմած շարք մը յայտնի պետական դէմքեր` մեծ հարցականներու դուռ բանալով եւ ինքնաբերաբար քաղաքականացնելով այս ամբողջ գործադաշտը: Ըստ յիշեալ թղթածրարի տուեալներուն, այդ դէմքերու կարգին են յատկապէս նախագահ Փութին եւ Ազրպէյճանի Ալիեւները: Պէտք չէ զարմանալ, եթէ ի վերջոյ լուսարձակը սեւեռի նաեւ Թուրքիոյ, Իսրայէլի եւ այլ պետութիւններու վերնախաւի դէմքերուն վրայ. բա՛ն մը, որ նոր լոյսի տակ կը բերէ 44-օրեայ պատերազմի եւ անոր յաջորդող իրադարձութիւններու ողջ պատճառականութիւնը:
Կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ դեռ պատերազմի թէժ բովին մէջ ես քանիցս ակնարկած եմ Մոսկուայի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ անձնական փոխադարձ շահերու հաւանական գործօնին: Այժմ պիտի փորձեմ աւելի մանրամասնօրէն նկարագրել յարաբերութիւններու այս գործընթացը, որ, ըստ իս, վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցաւ իրերու հոլովոյթին վրայ:
Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ արդէն երկար ժամանակէ ի վեր գոյութիւն ունէր, եւ այսօր ունի, նորեւ որակապէս աւելի խորքային յարաբերութիւն մը Ալիեւի եւ Փութինի միջեւ, հիմնուած` փոխադարձ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐՈՒ հետզհետէ ամրագրուող իրականութեան մը վրայ, որ, իմ կարծիքով, իր յստակ անդրադարձը ունեցաւ պատերազմի բնոյթին ու ելքին վրայ եւ կը շարունակէ պայմանաւորել յետպատերազմեան դիւանագիտութեան ընթացքն ու ապագան:
Երկար ժամանակ առաջ Ալիեւ տուաւ ռազմավարական կարեւոր որոշում մը: ԿԵՐՏԵԼ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՌԱԶՄՈՒԺԸ ՌՈՒՍԱԿԱ՛Ն ԶԷՆՔԻ ԿԱՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ:
Հակառակ այն իրողութեան, որ կասպեան քարիւղի եւ Պաքու-Ճէյհան նաւթամուղի ծրագրերու իրականացման համար Ազրպէյճանի գործընկերները արեւմտեան ընկերութիւններն էին, սպառազինումի մարզին մէջ Մոսկուան էր, որ եղաւ Ալիեւի գլխաւոր հայթայթիչը: Եւ շուտով պարզ պիտի դառնար, որ շատ մեծ էր ըլլալու Ալիեւի ծրագիրը գնումներու այս մարզին մէջ: Ալիեւ կը պատրաստուէր հիմնովին յեղաշրջելու ուժերու հաւասարակշռութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ եւ այդ նպատակի իրագործման համար` ստեղծելո՛ւ համապատասխան ռազմական գերակայութիւն, եւ այդ բանին համար ան պէտք ունէր փութինեան Մոսկուայի սերտ համագործակցութեան: Պարզ կը դառնար, որ միլիառաւոր տոլարներ ձեռք պիտի փոխէին այս խոշոր առեւտուրի բովին մէջ` գրգռելով ախորժակը զէնքի միւս մեծապետական հայթայթիչներուն եւ յատկապէս ԱՄՆ-ի…Բայց Ալիեւ պիտի մնար հետեւողական եւ ըսէր բոլորին, որ Մոսկուան էր ըլլալու մենաշնորհեալը այս մարզին մէջ: Եւ այսօր արդէն հասկնալի է, թէ ինչո՞ւ:
Առաջին հերթին, Ալիեւ «հանգստացուց» Մոսկուան` հաւաստիք տալով, որ կասպեան քարիւղի ճակատին վրայ իր հսկայ եկամուտները ռազմական գնումներու խողովակով ինք հոսեցնելու էր Մոսկուա: Ստեղծուեցաւ նոր հաւասարութիւն մը: Քարիւղը` Թուրքիոյ եւ Արեւմուտքի՛ն, քարիւղի եկամուտները` Ազրպէյճանի՛ն, իսկ եկամուտներու երկրորդական հոսքը` Մոսկուայի՛ն` Ալիեւի ռազմանիւթային գնումներու խողովակով…
Չմոռնանք, որ երբ Պաքու կասպեան քարիւղի մեծ գործարքին ձեռնարկեց` արեւմտեան ընկերութիւնները ներգրաւելով իր քարիւղի քաղաքականութեան մէջ, բաւական մեծ անհանգստութիւն ստեղծեց Մոսկուայի մէջ եւ ինկաւ լուրջ ճնշման տակ, որուն որպէս հետեւանք Պաքու եւ իր արեւմտեան գործընկերները ստիպուեցան Մոսկուային զիջիլ գործարքին առաջին պլոքը (Early Oil) եւ առաջին նաւթամուղը ուղղել դէպի Նովոռոսիսկ: Ազրպէյճանի այս քայլը սկզբնական երաշխիք մըն էր տրուած Մոսկուային` հնարաւոր դարձնելու համար մեծ գործարքին անխոչընդոտ իրագործումը: Եւ սակայն այն, ինչ որ տրուեցաւ Մոսկուայի շատ չնչին պատառ մըն էր` բաղդատած գործարքի մնացեալ մասին: Պաքուի յաջորդ քայլը` Ազրպէյճանի ռազմական գնումները ուղղելու դէպի Ռուսաստան, պիտի հայթայթէր հաւասարակշռութեան բանալին…Ասիկա նաեւ այն շրջանն էր, երբ իշխանութիւնը Հայտար Ալիեւի մահուամբ կ՛անցնէր Իլհամ Ալիեւին:
Մոսկուա Իլհամի մէջ պիտի գտնէր «վստահելի» գործընկեր մը, որ ի վիճակի էր Արեւմուտքի հետ Պաքուի յարաբերութիւնները մեծ արդիւնաւէտութեամբ կառավարելու միաժամանակ մնալով հաւատարիմ` Մոսկուայի: Ու նաեւ մեծապէս գիտա՛կ` նախկին խորհրդային միջպետական յարաբերութիւններու ոճին… Ալիեւ զաւակն էր հօր մը, որ մօտէն առնչուած էր խորհրդային ՔԿՊ-ի վերնախաւին, որ նաեւ Փութինի կենսաշխարհն էր: Այս առումով, երիտասարդ Ալիեւ իր հօր գծով բնականօրէն կը պատկանէր ՔԿՊ-ի ներքին «ընտանիք»-ին: Ան մէկն էր, որուն հետ կարելի էր «գործ տեսնել»: Ան փաստած էր նաեւ, որ ունէր մեծ առաւելութիւնը Ազրպէյճանի միահեծան տէրը ըլլալու: Բոլորովին ազա՛տ` «ժողովրդավարական բարդութիւն»-ներէ:
Ես համոզուած եմ նաեւ, որ Մոսկուա Իլհամ Ալիեւի մէջ կը տեսնէր կարեւոր գործօն մը` Թուրքիոյ հետ Ռուսաստանի կնճռոտ յարաբերութիւնները կառավարելու գործին համար:
Իսկ Ալիեւ Փութինի եւ իր վարչակազմին մէջ կը տեսնէր մեծապէս նպատակայարմար ուժ մը, որուն հետ կարելի էր ճամբայ կտրել` առանց բռնուելու օրինական բարդութիւններու մէջ եւ առանց նշաւակ դառնալու, օրինակ, Արեւմուտքի հրապարակայնութեան: Ալիեւ կարիքը ունէր իր դիմաց ունենալու վստահելի տուրեւառ մը (dealmaker): Ինք գիտէր, թէ Փութին ճիշդ անձն էր այդ գործին համար եւ Արեւմուտքի ղեկավարներէն ոչ ոք կրնար հայթայթել այս նոյն առաւելութիւնը: Ո՛չ իսկ` Թրամփը:
Ալիեւ նաեւ գիտէր, որ իր գնումներով պիտի կարենար ստեղծել ֆինանսական շահագրգռութիւններու հզօր խայծ մը Մոսկուայի էսդեպլիշմընթ-ի մեծ «խաղացող»-ներէն ամէն մէկուն համար: Փաստօրէն իր հսկայածաւալ գնումները ֆինանսապէս պարենաւորեցին ռուսական ռազմանիւթի ճարտարարուեստը մինչեւ այսօր եւ անձնական հսկայ համբաւ մը ու տեսողականութիւն (visibility) մը կառուցեցին իրեն համար այդ առանձնաշնորհեալ ոլորտին մէջ: Մեծ եւ առանձնաշնորհեալ ընդունելութի՛ւն մը` Մոսկուայի մեծերու սեմէն ներս:
Ասկէ պէտք է հետեւցնել, որ ազերի նաւթային հարստութեան այս լայնածաւալ եւ մշտական հոսքը դէպի ռուս ռազմարդիւնաբերական գործադաշտ` բազմաթիւ բարդ օֆշորային ներքնուղիներով, պէտք է հասած ըլլայ նաեւ Մոսկուայի էսդեպլիշմընթ-ի տէրերու անձնական շահերու ոլորտին: Այս առումով, Մոսկուայի էսդեպլիշմընթ-ը հետզհետէ դարձաւ Ազրպէյճանի նաւթային գործարքին անուղղակի գործընկերը: Ճակատագրական շրջադա՛րձ մը` Մոսկուայի դիւանագիտական ռազմաբեմին վրայհայ-ազրպէյճանական մրցապայքարի ոլորտին մէջ:
Յայտնի իրողութիւն է նաեւ, որ Ալիեւ եւ Պաքուի շահատիրական վերնախաւը (Մոսկուայի մէջ վաղուց ամրացած ազերի շահատէրերու գործակցութեամբ եւ յատկապէս հրեա՛յ ազերիներու) արդէն վաղուց համատեղ գործակցութեան մէջ է Փութինի էսդեպլիշմընթ-ի ջոջերուն հետ զանազան Մեկա-ծրագրերու ոլորտին մէջ:
Հետեւաբար դժուար չէ պատկերացնել, թէ յարաբերութիւններու այս բարդ հիւսուածքը ինչպիսի՛ մեծ առաւելութիւն մը կ՛ապահովէ Ալիեւին` Ռուսական Դաշնութեան մայրաքաղաքին մէջ: Ընդունուած բան է նաեւ, որ երբ այսքան մեծ գումարներ ձեռք կը փոխեն ռուսական բեմահարթակին վրայ, տեղի կ՛ունենայ «աւար»-ի բաշխում ղեկավար անձանց օֆշորային հաշիւներուն միջեւ եւ նորանոր կապեր ու փոխադարձ պարտաւորութիւններ կը ստեղծուին…ICIJ-ի ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ Մոսկուայի այս մանրաշխարհը կը գործէ Փութինի վերահսկողութեան տակ (ընդհանրապէս `միջնորդաւորուած առէջներով): Ասիկա գործընթաց մըն է, որ այդ աշխարհին մէջ մաս կը կազմէ որեւէ Մեկա-ծրագրի ընդհանուր «փաթեթաւորման» (packaging)` ապահովելով ծրագրի իրագործման հեզասահ ընթացքը:
Հարց տալ, թէ ի՞նչ անուն պէտք է տալ նմանօրինակ փոխադարձութիւններու… ըստ իս ժամավաճառութիւն է: Մոսկուայի բեմահարթակին վրայ եւ այլուր (ներառեա՛լ` Արեւմուտքի) նման համաձայնութիւնները կը ձեւակերպուին օրինական գործողութիւններու այնպիսի շղթայաւորումներով, որ անոնք այլեւս կը դադրին օրինախախտում նկատուելէ եւ կը վերածուին քաղաքականութեան:
Ես համոզուած եմ, որ հիմնուած ֆինանսական իր գերազանց ուժին վրայ եւ Փութինի հետ անձնական շահակցական յարաբերութիւններուն` Ալիեւ պահանջեց եւ ստացաւ Մոսկուայէն վերջին պատերազմի իր յաղթանակը: ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ԿԸ ԿԱՅԱՆԱՐ ԱՅՆ ԲԱՆԻՆ ՄԷՋ, ՈՐ ԱՅՍ ԱՆԳԱՄ, ԸՍՏ ՄԵՐ ՎԱՐԿԱԾԻՆ, ՄՈՍԿՈՒԱ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՐ ՉՄԻՋԱՄՏԵԼ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՍԸ ՕՐԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ` Ի ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆՑԵԱԼԻ ԻՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ…Ալիեւ կրցաւ համոզել Փութինը, որ Ազրպէյճանի յաղթանակէն քաղաքականապէս (եւ ֆինանսապէ՛ս…) ուղիղ նպաստաւորուողը ըլլալու էր Ռուսաստա՛նը` Ազրպէյճանի կողքին: Նաեւ անհաւանական չէ, որ իր պահանջը շատ արագօրէն գրաւիչ դարձնելու համար Ալիեւ ֆինանսական մեծ հատուցում մըն ալ ըրած ըլլայ իր գործընկերոջ արտա-գործարքային որեւէ խողովակով …Այս առումով, Ալիեւ էապէս «գնեց» Արցախը եւ նոյեմբեր 9-ի եւ յունուար 11-ի մեր պարտութեան համաձայնագրերը եւ բոլոր միւս զիջումները Մոսկուայի տէրերէն իր գերազանց ռազմուժը պատերազմի դաշտին վրայ գործածելէ առաջ: Բնական է, որ այս վարկածը ապացուցող որեւէ փաստ առայժմ գոյութիւն չունի եւ չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Այս գործերը կը յաջողին, քանի որ անոնք տեղի կ՛ունենան անթափանցելի քուլիսներու ետին: Բայց անոնք տեղի կ՛ունենա՛ն: Այսպէս կը գործէ իրական աշխարհը:
Պէտք չէ վրիպի ոեւէ վերլուծողի ուշադրութենէն, որ Մոսկուայի կրաւորականութիւնը պատերազմի թէժ փուլերուն մէջ երբեք «չզարմացուց» Ալիեւը…Կը թուի, որ ան գիտէր, թէ ի՛նչ կը պատահէր, իսկ հայկական կողմը բացարձակապէս կ՛անգիտանար: Հայկական կողմը զարմացած էր եւ յայտնօրէն` անիրազեկ: Անցնող բազմաթիւ տարիներու ընթացքին ՀՀ իշխանութիւնները բազմիցս յիշեցուցին նախ. Փութինին, որ մեծ անհաւասարութիւն մը սկսեր էր գոյանալ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջ` ռազմական կարողականութիւններու մարզին մէջ շնորհիւ Ալիեւին տրուած Մոսկուայի ռազմանիւթային գերակշիռ հայթայթումներուն…Կը թուի, թէ Մոսկուա միշտ ալ կը հաւաստիացնէր հայկական կողմը, որ ազրպէյճանական նախայարձակումի մը պարագային Մոսկուա պատրաստ էր միջամտելու եւ վտանգը սահմանափակելու… Առաջին անգամ ըլլալով Մոսկուա զլացաւ իր միջամտութիւնը ամբողջ 44 օր` թոյլ տալով, որ ազրպէյճանական ԱԹՍ-ները մահ սփռեն Ստեփանակերտի մէջ եւ այլուր:
Դժբախտաբար պատերազմի աւարտէն ահաւասիկ տարի մը ետք հանրութիւնը կը շարունակէ մութի մէջ ըլլալ: Փաշինեանի վարչակարգը, թէ՛ գործադիր թէ՛ օրէնսդիր մակարդակներով, ցարդ չէ բացած հանրութեան առջեւ պատերազմի առարկայական փաստերը: Չկայ որեւէ քննիչ յանձանաժողով: Չկայ որեւէ հանգամանաւոր զեկուցագիր: Հետեւաբար ՀՀ քաղաքական ուժերը ներկայիս զրկուած են երկրի վաղուան գործը ծրագրելու անհրաժեշտ տուեալներէն եւ, ռազմավարական տեղեկոյթի առումով, կը գտնուին աննախանձելի դրութեան մէջ:
Վերադառնալով Մոսկուա-Պաքու յարաբերութիւններու ոլորտին` հարց պէտք է տալ, թէ այս երկկողմանի սակարկութեան մէջ ո՞ւր կը մնան Ռուսաստանի հեռահաս շահերը: Հայկական կողմը վաղուց համոզուած էր, որ Ռուսաստանի հեռահաս շահերը կը պահանջէին Մոսկուայի անվերապահ աջակցութիւնը յօգուտ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան… Ի՞նչ պատահեցաւ: Մի՞թէ Փութին առաջնորդուեցաւ իր անձնական շահերով միայն եւ արհամարհեց Ռուսաստանի գերագոյն շահերը: Իմ կարծիքով, բացարձակապէս` ո՛չ:
Ըստ առաջարկուած վարկածին, յաղթանակը Ալիեւին «նուիրելով»` Փութին կ՛առաջնորդուէր ոչ միայն իր անձնական շահերով, այլեւ միաժամանակ կը հետապնդէր Ալիեւը իր մականին տակ առնելու զուգահեռ քաղաքականութիւն: Զայն Թուրքիոյ հպատակութենէն «ազատելու» քաղաքականութի՛ւն: Թուրքիան հակակշռելո՛ւ քաղաքականութիւն: Փանթուրքիզմը ներսէ՛ն գրաւելու քաղաքականութիւն: Եւ վերջապէս, Հարաւային Կովկասի վրայ իր միահեծան իշխանութիւնը վերահաստատելու քաղաքականութիւն: Այս բոլորին մասին ես լայնօրէն խօսած եմ բազմաթիւ յօդուածներով, որոնցմէ յատկապէս երեքը կ՛ուզեմ յիշել այստեղ` «Փանթուրքիզմի գրաւը եւ Արցախի հարցը» (11 փետրուար, 2015), «Հիւսիս-հարաւ առանցքը անդամալուծուած» (25 հոկտեմբեր, 2020), «Հայաստանը կովկասեան տարածաշրջանի Նորօրեայ ջրապտոյտին մէջ» (22 նոյեմբեր, 2020):
Կ՛ուզեմ վերստին յիշեցնել, որ հակառակ Ալիեւի եւ Էրտողանի ցուցամոլ յայտարարութիւններուն` 9 նոյեմբեր, 2020 թուակիր եռակողմանի յայտարարութիւն-համաձայնագիրը զուտ ռուսական փաստաթուղթ մըն է, որ տակաւին լինելութեան մէջ է: Ան նորանոր ձեւափոխումներու եւ ընդլայնումներու պիտի ենթարկուի իրերու յետպատերազմեան հոլովոյթին մէջ` ամէն քայլափոխին բացայայտելով Մոսկուայի ռազմավարութեան նորանոր ծալքերը: Եւ դեռ սկիզբն ենք երկանց: Հաւանականութիւնը մեծ է, որ աշխատանքի այս փուլին մէջ Փութին մարտավարական նոր առաւելութիւններ «շնորհէ» Ազրպէյճանի (անշուշտ` միշտ Հայաստանի գրպանէն)` իր դիրքերու նոր ամրակայումները ապահովելու համար: Եւ բնական է, որ այս փուլին մէջ Փութին ուզէ տկար եւ կամակատար իշխանութիւն մը ունենալ Հայաստանի գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութեանց ղեկին, որպէսզի հեշտօրէն հետապնդէ իր կովկասեան ռազմավարութիւնը:
Այսօր սեղանի վրայ է «միջանցք»-ներու (կոմունիկացիաներ) հարցը: Սեղանի վրայ է Հայաստանի սահմանագծերու հարցը Ազրպէյճանի հետ: Սեղանի վրայ է Արցախի կարգավիճակի հարցը: Սեղանի վրայ է կովկասեան տարածաշրջանէն ներս Արեւմուտքի դերակատարութեան հարցը (ներառեալ` Մինսքի խումբի համանախագահութեան հարցը): Եւ սեղանի վրայ է Իրանի կայունութեան հարցը` Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի միջեւ: Հայաստանը կը գտնուի այս բոլոր առճակատումներու կիզակէտին վրայ, եւ մեծ է վտանգը, որ ան պարտուած եւ քայքայուած դուրս գայ այս բոլորէն, եթէ շարունակէ մնալ պատանդ` Փաշինեանի իշխանութեան: Եւ, անշուշտ, Փաշինեանը ի՛նք շարունակէ պատանդուած մնալ արտաքին ուժերուն` սկսելով Մոսկուայէն:
Հայաստանի լինելիութեան խնդիրը այսօր լայն չափերով կախուած է Մոսկուայի մէջ եւ Մոսկուայի նկատմամբ գործօն լծակներ ունենալու մեր կարողութենէն: Այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Մոսկուայի խաղաբեմին վրայ, լծակային ուժերու առճակատումն է: Անշուշտ պէտք չէ անտեսել Արեւմուտքը եւ Չինաստանը: Բայց կարեւոր է, որ չտարուինք պատրանքներով: Բանալին Մոսկուան է: Մենք հոն է, որ կը հանդիպինք Ալիեւին, եւ այս խաղին բոլոր կարեւոր արարները հոն է, որ կը խաղացուին:
Հարց պէտք է տալ, թէ արդեօ՞ք այդ բեմը բաց է այսօր հայկական կողմին առջեւ: Պարզ խօսքով, Հայաստան այսօր ունի՞ կարելիութիւնը տիրական ձայնով խօսելու Մոսկուայի ժողովասեղաններուն վրայ: Այս հարցումին պատասխանը հայ անկախ պետականութեան առաջնորդներն են, որ պիտի տան: Եւ հոս իսկ է հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան բանալին: Մեր ժողովուրդը իր քուէն տալով որեւէ իշխանութեան` այս հարցումին է, որ կը պատասխանէ: Որմէ նաեւ կը հետեւի, որ ինքնիր ապագան անկեղծօրէն եւ քաջօրէն կերտելու ձգտող ՀՀ քաղաքացին է միայն, որ կրնայ տալ այդ հարցումին ճշգրիտ պատասխանը: Պարտութեան վարչակարգը վերարտադրող քաղաքացին ի վիճակի չէ ոստիւն կատարելու ոչ իր հաշուոյն եւ ոչ ալ ազգին եւ պետութեան հաշուոյն:
Ոչ ոք մեզի զլացաւ համաշխարհային քաղաքականութեան բեմը: Ոչ ոք փակեց Մոսկուայի դռները մեր առջեւ: Ոչ ոք փակեց աշխարհակարգի՛ դռները մեր առջեւ: Բոլոր այդ դռները կը բացուին մեր քաղաքական ձեռնհասութեամբ եւ մեր ամուր ողնայարով: Ի վերջոյ մենք ենք հայ անկախ պետականութեան ճակատագիրը տնօրինողը: Մենք ենք ռազմավարութիւն ձեւաւորողը: Մենք ենք դռները բացողը: Եւ մենք ենք տէրը մեր վաղուան յաղթանակին: Բայց նախ եւ առաջ մեր պետականութեան ղեկը ձեռք պէտք է առնեն այն ուժերը, որոնք եկած են յաղթելու: Չեն եկած թշնամիին առջեւէն փախչելու… ո՛վ ալ որ ըլլայ այդ թշնամին:
Պատերազմի դառն իրականութիւնը ցոյց տուաւ, որ մեր երկիրը պէտք ունի իր գոյութեան նոր յարացոյցը (paradigm) ձեւաւորելու: Փաստօրէն Հայաստան իր տեղը կորսնցուցած է Մոսկուայի մէջ եւ ընդհանրապէս` միջազգային դիւանագիտութեան, քանի որ մենք կը շարունակենք գործել թշնամիի յարացոյցով: Եկած է վայրկեանը, որ երկրի նոր վերելքին պատմական պատասխանատուութիւնը ունեցող ուժերը համարձակօրէն ձեռք առնեն մեր անկախ պետականութեան լինելիութեան բանալին եւ վերջ տան ձգձգումի գործընթացներուն: Եւ մեր ժողովուրդը ոգի ի բռին տէր կանգնի իր ճակատագրին:
5 հոկտեմբեր 2021
Մըքլէյն
www.aztagdaily.com/archives/525317